ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Երէկ առտու արթննալուս, բջիջայինիս մէջ կարդացի ստացուած գրութիւն մը , Լիբանանի մտաւորական ընկերներէս՝ Համազգայինի վարիչ-տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանէ, որ ինձմէ կ’ուզէր նկարահանուած կենդանի խօսքով վկայութիւն մը՝ Լիբանանի հայօճախին մէջ տարուած ընդհանրական եւ յատկապէս մարդասիրական աշխատանքներու մասին: Խօսքիս համար կը սահմանէր կէս վայրկեանը, այսինքն աչքդ թարթելու չափ, ապա, երեւի բարեկամութեան ,խաթերսե համար կարկինը աւելի ,լայնե բանալով առատաձեռնութեամբ մը կ’աւելցնէր 15 երկվայրկեան եւս, սահմանը հասցնելով առաւելագոյնը 45 երկվայրկեանի: Ոչ իսկ մէկ վայրկեան: 45 երկվայրկեան…:
Շուարած էի: Որքան ալ խտացնէի ըսելիքս, 45 երկվայրկեանի մէջ ինչ վկայութիւն կրնար ըլլալ տալիքս ծաւալուած աշխատանքներու մասին, որոնցմով ամբողջականօրէն կլանուած են համայնքի պատասխանատուները հինգ-վեց ամիսէ ի վեր՝ տենդագի’ն, նուիրուածութեա’մբ, կիրքո’վ: Զարմանալի. Կարելի՞ է Լիբանանի գաղութ ըսել ու անցնիլ: Կարելի՞ բան է սփիւռքի թթխմորը (մայան) հանդիսացող, այսինքն՝ սփիւռքը ուռճացնող համայնք մը տեղաւորել 45 երկվայրկեանի մէջ…:
Ինչ եւ է, ըստ հնարաւորի ընդառաջեցի ընկերոջս, բայց բնականաբար չկրցայ ամբողջացնել մտածումներս , զորս հոս գրի կ’առնեմ ահա:
Պատահեցաւ, որ տագնապի առաջին օրերուն Պէյրութ գտնուիմ եւ ականատես ըլլամ շարքային քաղաքացիներու, գործատէրերու, վաճառականներու եւ ընդհանրապէս օրապահիկով ապրող եւ միջին խաւի մարդոց ջղագարութեան հասնող յուսալքութեան, անոնց դէմքերուն վրայ կարդամ անորոշ ներկայի ու աւելի անորոշ ապագայի մղձաւանջը: Իշխանութեանց դէմ բողոքի ինքնաբուխ, ամէնօրեայ ու բազմամարդ ցոյցեր, ճամբաներու փակում, անիւներու հրկիզում, քաղաքական ու ապահովական անկայունութիւն, անբացատրելի խառնիճաղանչի մատնուած Լիբանան մը, ուր անգործութիւնը անզսպելի դարձած է, երկրի առեւտուրի շարժիչ սիրտը նկատուող տոլարի շրջագայութիւնը կտրուկ դադրած է, դրամատուներու մէջ պահ դրուած քաղաքացիներու գումարները յայտնի չէ գրաւուա՞ծ են, թէ՞ պատանդ բռնուած, սղութիւն, սնունդի պակաս, եւ առօրեայ տարրական սնունդէ զուրկ ընտանիքներ, որոնց կարգին՝ մտահոգիչ թիւով նաեւ հայ ընտանիքներ եւ այլն: Իսկապէս դաժան կացութիւն մը: Եւ այդ կացութեան մէջ, դաժանութիւնը քիչ մը մեղմել կարենալու համար պէտք էր տեսնել Լիբանանի կազմակերպ հայօճախի դրամահաւաքի եւ ընդառաջումի փութաջանութիւնը, որպէսզի իբրեւ հրամայական ու անմիջական պարտականութիւն՝ սննդազուրկ հայ ընտանիքներուն սնունդ հասնի:
Լիբանանեան հայօճախը դպրոց-եկեղեցիներու ցանցով, քահանայական դասով, ուսուցչական անձնակազմերով, մամուլի գործիչներով, հրատարակչատուներով, բարեսիրական ու մշակութային հաստատութիւններով մանրատիպ պետութեան մը պէս իր ուսերուն ունի ծանր հոգը բազմանդամ պաշտօնէութեան մը, որուն վճարումները հայթայթելը լրջագոյն խնդիր մըն է անկասկած:
Մտաբերելով նկարագրուած դաժան կացութիւնը եւ բարդելով վերջին ամիսներուն ամբողջ մարդկութիւնը սարսափի ու մեկուսացման ենթարկած պսակաձեւ ժահրի յարձակումը (ինչ ալ աղուոր որակում անիծեալ ժահրի մը) կը պատկերացնեմ այն անդոհանքը, որուն մատնուած պիտի ըլլայ ամբողջ երկիրը եւ երկրին մէջ՝ մեր համայնքը:
Կը պատկերացնեմ նաեւ ու մամուլէն կը հետեւիմ, թէ ինչպէս Լիբանանի կազմակերպ մեր համայնքը, իր գործիչներու առաջնորդութեամբ եւ Պուրճ Համուտի հայկական քաղաքապետութեան գործօն մասնակցութեամբ, լծուած է տիտանեան ճիգերու, տոկալու աղէտին եւ անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար : Իսկապէս անխնայ ոգորում մը, որ շշմեցնո’ղ է եւ որ գերազա’նց է՝ գաղութի ուժականութենէն ու հնարաւորութիւններէն: Հարկ չկայ գրելու նախաձեռնութիւններու մասին: Ամէն ինչ ըսուած պիտի ըլլայ թերեւս արձանագրելով, թէ ստեղծուած է բազմաճակատ դաշտ մը դժուար մարտերու, որոնց, ըսեմ նաեւ արժանին՝ գլխաւորաբար Հ.Յ.Դ.ի առաջնորդութեամբ է, որ կը դիմադրէ գաղութը՝ նուիրումո’վ, զոհաբերութեա’մբ, վճռականութեա’մբ: Կը բաւէ միայն շեշտը դնել շտապ օգնութեան համար կամաւորներէ կազմուած խումբերու վրայ, որոնք ամէն վտանգ անտեսելով կը փութան հոն, ուրկէ հայու օգնութեան կանչ կը լսուի…:
Այո’, կարելի է միա’յն հիանալ Լիբանահայ համայնքին վրայ ու անով հպարտանալ:
Սակայն… միայն հիացումն ու հպարտանալը չեն բաւեր:
Լիբանանցի հայուն ընտանեկան, դպրոցական, կուսակցական եւ ընդհանուր առումով հայկական շրջապատէն ստացած դաստիարակութիւնը բաւարար ճանչցած ըլլալուվ, գիտեմ, թէ անկէ չի պակսիր կամաւոր աշխատանքի տրամադրուածութիւնը : Բայց կջենթադրեմ, թէ ներկայ պայմանները այնպիսին են, որ անիկա՝ կամաւոր աշխատանքի տրամադրուածութիւնը, մեծմօրս բառբառով, ,չի հերիքերե համայնքի դիմադրականութիւնը եւ տոկալու կամքը ամուր պահելու համար: Այդ ամրութիւնը միայն բեմի վրայ եւ ճառերու մէջ կը դիմանայ, ոչ թէ իրական գետնի վրայ: Բոլորս ալ գիտենք ու կը հասկնանք, թէ ինչ բանի պէտքը կայ՝ հրամայաբա’ր: Ահա թէ ինչու Արամ Ա. վեհափառին պոռթկումը, թէ՝ ,ո՞ւր են մեր ունեւորները…ե: Անձնապէս ,կոչե ուղղելու ոչ հանգամանքը ունիմ, ոչ ալ՝ յաւակնութիւնը: Սակայն տարբեր երկիրներու բնակիչ դարձած լիբանանահայուն կ’ուզեմ ըսել հետեւեալը.
Մեր մեծ հայրերը իրենց ամէնօրեայ պատառէն խնայեցին եւ դպրոց-եկեղեցի կանգնեցին, մամուլ ստեղծեցին ոչ իրենց համար, անոնք շատոնց դպրոցական տարիքը անցուցած էին արդէն, անոնցմէ շատերը կարդալ, նոյնիսկ հայերէն խօսիլ չէին գիտեր: Բայց յամառօրէն լծուեցան հայ կեանքի վերակառուցման՝ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, այսինքն մեր հայրերուն ու մեզի համար: Մեր հայրերն ալ նոյն յամառութեամբ, քանակով ու որակով աշխատեցան հարստացնել հայկական հաստատութունները իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, այսինքն մեզի ու մեր զաւակներուն համար: Կեանքի թոհուբոհը մեզ տարտղնեց ու դարձանք տարբեր երկիրներու բնակիչ: Բայց մտահան չընենք, որ այդ հաստատութիւնները, որ էութեան մէջ կը նշանակէ կազմակերպ համայնքը, մեր մեծհայրերէն կամ հայրերէն մեզի ժառանգ ձգուած է, անոնց տիրութիւնը ընելու կտակը ունինք բոլորս, ամէն մէկս իր չափով ու հնարաւորութիւններով: Օտար երկիր բնակիլը ժառանգէ հրաժարիլ չի նշանակեր: Ահա այդ ժառանգն է, որ տոկալու հարց ունի, չդիմանալու վտանգը կը դիմագրաւէ:
Կա’րճ՝ այո’, հիացումի արժանի’ են , միաժամանակ վարակի’չ՝ Լիբանանի համայնքային ու կուսակցական մեր գործիչներու բարոյական կորովը, եռանդը, նուիրուածութիւնը: Կեցցէ’ք: Բայց…
Աթէնք, 27 Ապրիլ 2020