Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աշխարհի տարածքին չկայ մարդ, որ զգուշաւոր գոհունակութեամբ չհետեւի Պսակաւոր ժահրին մասին տրուած նորագոյն տեղեկութիւններուն, որոնք կարելի է համախմբել մէկ խորագիրի տակ: Շատը գնաց, քիչը մնաց, պայմանով որ…
Այն երկիրներուն մէջ, ուր ուշ կամ կանուխ զգուշացման միջոցներ որդեգրուեցան, պարտադրուեցան, մարդիկ սկսած են քաղել դառնանուշ պտուղները: Դառնը` զոհերուն տարողութիւնն է, անուշը` ալիքին աստիճանական բեկումը, կեանքը դէպի բնականին վերադարձնելու նախաքայլերը: Աւելի՛ն, այս ախտին դէմ նոր դեղերու մասին լուրերը կը բարձրացնեն լաւատեսութեան ալիքը: Չմոռնանք, որ մարդիկ ի բնէ լաւատես են. յոռետես փոքրամասնութիւնն ալ կայ անշուշտ:
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ: Երկիրներու, ցեղերու եւ ցամաքամասերու միջեւ խտրութիւն չդնող վարակին դէմ մարդկութիւնը ցուցաբերեց միացեալ դիմադրութիւն եւ կը յուսայ վերջնական պարտութեան մատնել այս պատուհասը: Երկրորդական են ու անկարեւոր` այս տագնապը քաղաքական հաշիւներու ջաղացքին լծելու փորձերը, Չինաստանի կամ այլ երկիրներու վրայ ճնշումի միջոցի վերածելու ճիգերը: Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ որեւէ երկիր չի կրնար հնարել վարակ մը, որմէ առաջին տուժողը պիտի ըլլար… իր երկրին ժողովուրդը: Հաւաքական ճիգերը արհամարհողները միայն նոր ապացոյցեր կը սփռեն իրենց իմաստակութեան մասին:
***
Շուկաներու, աշխատանքի որոշ ասպարէզներու զգուշաւոր վերաբացումը կը նշանակէ՞, թէ ամէն բան լաւ է:
Բնականաբար` ո՛չ: «Մի՛ վարակուիր, մի՛ վարակեր» պատգամը կը մնայ նո՛յնքան հնչեղ, որքան վարակին տարածման առաջին օրերուն: Փաստօրէն, կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ռուսիա, վարակը նոր սկսած է թափ ստանալ, մինչ այլուր` բարձրակէտը անցած կը նկատուի: Պետական ու առողջապահական պատասխանատուներ, մասնագէտներ կրկին ու կրկին կը յիշեցնեն, որ զգուշութեան միջոցները պէտք չէ մէկդի ձգել, դիմակ-ձեռնոց գործածել հանրային վայրերու մէջ, հականեխիչները ձեռքի հասողութեան տակ պահել, որովհետեւ նոր տարածումի մը մտահոգութիւնը չէ փարատած: Անշուշտ կայ դժբախտ այն երեսը, որ հականեխիչներն ու այլ սպասները, մինչեւ իսկ հիւանդանոցներու մէջ աշխատողներուն անհրաժեշտ զգեստները բաւարար չափով չեն հայթայթուիր: Սա հանելուկ մը կը մնայ, մանաւանդ որ վարակին տարածման առաջին ահազանգերէն ասդին անցած է աւելի քան 2 ամիս (այլ հաշուարկով` շուրջ 4 ամիս): Այլ խօսքով, այսօրուան ու անմիջական ապագային համար, ԶԳՈՒՇԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ը կը մնայ անվիճելի հրամայական: Եւ թող ո՛չ ոք պարծենայ, թէ շուկաներու եւ գործի վայրերու դանդաղ վերաբացումը արդիւնք էր այս կամ այն խմբաւորումի «ազատատենչ» ցոյցերուն, կամ` տնտեսութիւնը փրկելու իմաստուն կամ իմաստակ պետական մարդոց նախաձեռնութիւններուն: Վարակին «Դամոկլեան սուր»-ը կը մնայ բոլորիս գլուխներուն վերեւ, եթէ մարդիկ որոշեն իրենց բանականութիւնը ուտել նախաճաշին կամ ճաշին հետ, առանց բաժին ձգելու ընթրիքին…
***
Զգուշաւորութեամբ զինուած, մարդկութիւնը հրաւիրուած է որդեգրելու նոր կենցաղավարութիւն, աշխատանքի նոր դրութիւններ, «բնական կեանք»-ին տալու նոր սահմանում, այնքան ատեն որ այս ախտին դեղն ու զայն կանխարգիլող պատուաստը չէ գտնուած, փորձարկուող դեղերուն իսկապէս ու անդառնալիօրէն օգտակար ըլլալը չէ փաստուած:
Պէ՞տք է ցնոր տնօրինութիւն մշտապէս օժտուիլ դիմակով ու այլ միջոցներով: Հա՞րկ է ատեն մը եւս զրկուիլ մեծ հաւաքներէ, որոնցմէ մեր կամքէն անկախ` չարիք կրնայ ծագիլ: Անհրաժե՞շտ է ատեն մը եւս որոշ հեռաւորութիւն պահել մանաւանդ անոնցմէ, որոնք կրնան որեւէ պատճառով (հիւանդանոց կամ անստոյգ հաւաքավայր գտնուիլ եւ այլն) կասկածելի թուիլ…: Այո՛, այո՛ եւ մի՛շտ այո: Իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի նո՛յնքան պատասխանատու է իր անձին ու շրջապատին անվտանգութեան, որքան` պետական ու առողջապահութեան պատասխանատուները: Խորքին մէջ, բնականոն կեանքի վերադարձի առաջին քայլերուն հետ, հանրութեան պատասխանատուութեան բաժինը կ՛աւելնայ, որովհետեւ անձն ու իրեն նմաններով բաղկացած հաւաքականութիւնը հրաւիրուած են ըմբռնելու ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան իսկական իմաստն ու արժէքը: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի – ուրեմն նաեւ ազատ չէ – վարակակիր մը դառնալու եւ ընտանիքն ու շրջապատը վտանգի ենթարկելու:
Այո՛. շատը գնաց, քիչը մնացի իրաւունք ունինք ըսելու. «Պայ-պա՜յ, պսակաձեւ»` պայմանով որ մարդիկ` զանգուածը չհրաժարի բանականութենէ, այլանդակ մեկնաբանութիւններ չտայ ազատութեան եւ նպաստէ վարակին վերջնական սանձումի ճիգերուն: Իսկ եթէ ի վերջոյ դեղ ու պատուաստ գտնուին ու մատչելի դառնան, անկէ ետք այս փուլը պիտի մնայ իբրեւ դառն յիշատակ, որմէ շատ բան սորվեցանք, շատ բան ալ սորվելիք ունինք տակաւին: