Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը Պատմակշիռ Եղելոյթ Էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Մէջ

May 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային համավարակի առթած ճգնաժամին պատճառով, 2020 թուականի ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տարբեր բնոյթ կրեց Քանատայի մէջ։ Չկային Օթթաուայի մէջ տողանցող պահանջատէը հայ երիտասարդութեան կուռ շարքերը, չէին լսուեր բարձրախօսներէ հնչող հայութեան արդար իրաւունքներու կոչերը։

Յիշատակումը այս անգամ կայացաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի առցանց սփռումով, որուն կիզակէտն էր Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի պատմական ուղերձը։

Ողջունելով Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին նուիրուած Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած առցանց ոգեկոչումը, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ տեսանիւթով ներկայացուած յատուկ ուղերձով խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Քանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը:

Շեշտը դնելով նաեւ ոճիրն ու յանցագործութիւնը յիշելու եւ յիշեցնելու անհրաժեշտութեան եւ պարտաւորութեան վրայ՝ Քանատայի վարչապետի ուղերձը միաժամանակ կը դատապարտէր նաեւ Անգարայի ուրացման եւ անյիշողութեան քաղաքականութիւնը։

Հայութիւնը երախտահատոյց է Քանատայի ժողովրդավար պետութեան, որուն ծերակոյտն եւ խորհրդարանը, յաջորդաբար 2002-ին եւ 2004-ին յատուկ բանաձեւերով հաստատած են հայութեան դէմ գործադրուած ոճիրը, իսկ 2006 թուականի ապրիլ 21-ին, Քանատայի կառավարութիւնը՝ վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի յայտարարագրով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճանաչումը հաստատագրած, որպէս պետական քաղաքականութիւն:

Յայտնատեսութեան չի կարօտիր այն իրողութիւնը, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր, Քանատայի տարածքին անխափան կը գործէ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան մեքենան։ Այս քարոզչական առճակատման բովին մէջ, Հայ դատի յանձնախումբի հետեւողական լոպպիստական ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ կազմաքանդման ենթարկուեցաւ թրքական հակաքարոզչութիւնը, որ վերջին տարիներուն վերածուած է Օթթաուայի մէջ ապրիլ 24-ի թուրք վարձկաններու խղճալի հակացոյցի։

Հայ դատի յանձնախումբի պատրաստած ոգեկոչման ծրագիրը զգաստութեան կոչ էր Անգարայի, որ անյետաձգելի պահն է կատարուած յանցագործութիւնը պետականօրէն ճանչնալու, միաժամանակ պետական բանականութիւնը գործադրելու եւ թուրք քաղաքացիական հասարակութեան առիթ ընծայելու պատմութեան հետ առերեսուելու եւ դատակշռելու նախնիներու կատարած եղեռնագործութիւնը։

Հայ դատի յանձնախումբը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Քանատայի դաշնակցային պետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ նահանգային թէ քաղաքապետական օղակներու մէջ եւ այդ գործունէութեան յենարանն ու ուժի աղբիւրը առաջին հերթին Քանատահայութիւնն է, որուն կենսուժն ու պահանջատիրութեան անկոտրում թափը յառաջ կը մղեն յանձնախումբի առաքելութիւնն ու աշխատանքները։

Յանձնախումբը իր գործունէութեամբ կը տանի բազմաբեւեռ աշխատանք, յատկապէս ծանրանալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրման վրայ։

Այս է Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութիւնը, որ իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դրած է քանատահայ համայնքի ազգային ինքնաճանաչման, հայրենատիրութեան, հայու արժանապատուութեան ու լինելութեան ի խնդիր։

 

Նախորդը

Հզօրանալ Է Պէտք

Յաջորդը

Արսենալ Պատրաստ Է Հրաժարիլ Հենրիխ Մխիթարեանէն

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.