Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատասխանատու Մամուլն Ու Հեղինակաւոր Լրագրողները (Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրուան Առիթով)

May 4, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրուան նշումը վերաիմաստաւորումի կ՛ենթարկուի կարծէք: Դասական ընկալումով ազատ խօսքի, կարծիքի եւ այդ բոլորին համար սուղ գին վճարած լրագրողներու յիշատակի օրուան խորհուրդը ունի մամուլի ազատութեան օրը: Աշխարհի մէջ տակաւին շատ վայրերու մէջ լրագրողներ իրենց կեանքով կը վճարեն, ուրիշներ կը ձերբակալուին եւ երկարատեւ բանտարկութեան կը դատապարտուին:

Մամուլի ձայնը լռեցնելու համար քաղաքական այլ միջավայրերու մէջ գումարներ կ՛առաջարկուին, ոմանք չեն դիմանար փորձութեան. ուրիշներ կը բացայայտեն  առաջարկուած գումարին չափը: Մամուլի ճարտարարուեստը կը շարունակուի. պատուէրները իրենց սակացոյցը ունին, գայթակղութիւն ստեղծելու համար հրապարակայնացում կատարող յօդուածը կը թուի սուղ գին ունենալ, իսկ անվերջ գումարներու շրջանառութիւնը կը ստուերէ մամուլի տօնը:

Կը թուէր, թէ ընկերային ցանցերու տարածքներուն վրայ  նման  լուրերու տեղատարափը պիտի ազդէր մամուլի կամ ընդհանրապէս զանգուածային լրատուամիջոցներու ունեցած նմանատիպ դերակատարութեան վրայ:

Մամուլը կամ հեղինակութիւն ունեցող մամուլի գործիչը  կը պահէ իր ազդեցիկութիւնը: Անոր բարձրացուցած հարցերն են, որոնք կը ստեղծեն հանրային կարծիք, կրնան ճնշել նաեւ պետական մեքենան բանեցնողներուն վրայ: Այնտեղ, ի տարբերութիւն անպատասխանատու, դեղին մամուլին կամ ընկերային ցանցային արտադրութիւններուն, խօսքը հիմնաւորեալ է, տուեալներու վրայ կառուցուած, հետեւաբար` հաւաստի:

Մամուլի նման գործիչին ձայնի լռեցման մասին է խօսքը, յատկապէս այս առիթով: Ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող գրառումներէն աւելի, պաշտօնական, տպագիր, հետեւաբար հեղինակաւոր մամուլի ազատութեան սկզբունքը պահպանելու եւ այդ ճամբուն վրայ նահատակուած, տուժած, բանտարկուած լրագրողներուն զօրավիգ  կանգնելու առաջադրանքն է, որ կ՛ընդգծուի շեշտակիօրէն:

Քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն 1916-ին հանրային կարծիք ստեղծող եւ Լիբանանի ինքնավարութեան մասին համատարած գաղափարական համոզում փոխանցող մարդոց կախաղան բարձրացման արարքին նշումէն: Կախաղան բարձրացած հասարակական գործիչները, լրագրողները, ըստ էութեան, զոհ էին օսմանեան հարթիչ գլանին: Անոնց կախաղան բարձրացումը հետզհետէ պիտի վերածուէր օսմանեան քաղաքականութեան զոհ գացած համայն լիբանանցիներուն խորհուրդը կրող օրուան: Օսմանցիները առաջին հերթին կը հարուածէին ազատութեան ձայնը, մտաւորականութիւնը` այնպէս, ինչպէս ապրիլ 24-ին:

Մամուլի ազատութիւնը այս երկրին մէջ զոհ կը դառնար օսմանցիներու ընդհանուր քաղաքականութեան: Այսօր եւս Թուրքիան կը յատկանշուի լրագրողներու ազատ ձայնը խեղդելու ներքին քաղաքականութեամբ, այս մարզին մէջ եւս ընդգծելու համար օսմանցիներու իրաւաժառանգորդութիւնը:

Մամուլի ազատութեան օրը բազմաթիւ խորհուրդներ կը պարփակէ իր մէջ: Հակառակ մամուլ հասկացողութեան կերպարանափոխութեան, դիմագիծի խեղման եւ ներկայ խայտաբղէտ համայնապատկերին, հաշուի կ՛առնուին, կը հալածուին, կը բանտարկուին, կը լռեցուին պատասխանատու մամուլի հաւաստի խմբագիրներն ու լրագրողները:

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրուան նշումը այս առումով ալ կը յուշէ, որ, հակառակ բազմապիսի տագնապներուն եւ այլընտրանքային մամուլի հեղեղին, դասական մամուլն ու հեղինակաւոր գրիչները կը շարունակեն ներկայացնել այն արժէքը, որուն կը ձգտին հանրային կարծիքի ճիշդ ուղղորդմամբ չորրորդ իշխանութեան գործառոյթը կենսական նկատող բոլոր  հասարակութիւնները:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հայաստանի Իշխանութիւնները Տակաւին Չեն Ընկալել Հայրենադարձութեան Գաղափարական Էութիւնը

Յաջորդը

«Հիւլէական Համաձայնութիւնը Յաւիտենապէս Պիտի Մեռնի, Եթէ Իրանի Զէնքի Մատակարարման Արգլքը Երկարաձգուի», Կ՛ըսէ Շամխանի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.