Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նինա Ճիտէճեան՝ Լիբանանի Պատմութեան Ժառանգորդը

Մայիս 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ, ՄԷՅ ՄԱՔԱՐԷՄ

Նինան այս աշխարհէն անաղմուկ մեկնեցաւ 95 տարեկանին:

Ան հիմնադիր անդամներէն էր Պաալպէքի փառատօնի Կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախագահը՝ 1991-ի Այնճարի փառատօնի յանձնախումբին:

Պատմութիւնը արձանագրող, շուրջ 16 գիրքերու եւ  «Լ՛Օրիան Լը ժուր»  թերթին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Նինա Ճիտէճեան կը խոստովանէր, որ ինք 100 տոկոս հայ է եւ ամբողջական լիբանանցի: Համեստ ու քնքուշ բնաւորութեան ետին՝ ան ունէր ծանր աշխատանք տանելու հսկայական կորով: Մշակութային իր խորունկ գիտելիքներուն եւ ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ ան կրցաւ պատմութեան ծալքերը բանալ ու հնագիտական գիտելիքներ ամբարել,  նաեւ զանոնք պատմութեան մատչելի գիրքերու վերածել՝ հրամցնելով երիտասարդ կամ հասուն տարիքի մարդոց, ըլլան անոնք մասնագէտ կամ սիրող:

1968-ին անգլերէնով լոյս տեսած առաջին գիրքը՝ «Պիպլոս. դարերու ընդմէջէն», երախայրիքն էր այն  երկար շարքին, որ պիտի նուիրուէր Տիւրոսի (Սուր), Սիտոնի (Սայտա), Պէյրութի եւ Թրիփոլիի հնագիտութեան: Պատմաբանի իր գրիչը կը հոսէր ժամանակին հետ համաքայլ՝ հայրենիքին ձգելով պատմական ժառանգութիւն մը: Ան կը թելադրէր, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի լաւապէս գիտնայ ու գնահատէ իր երկրին պատմութիւնը, երկիր մը, որ հարուստ է իր մշակոյթով ու պատմութեամբ: Դրամով չէ, որ կը հարստանանք, այլ մեր անցեալի փառաւոր պատմութեամբ:

Նինա Ճիտէճեան Մեզի Կը Ձգէ
Յիշատակը Լիբանանի … Ժառանգութեան

Մէյ Մաքարէմ

Նինա Ճիտէճեան իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրած է հայրենիքին: Ան մեծ դէմք մըն է՝ Լիբանանի անցեալի պատմութիւնը յայտնաբերող, որ իր բազմավաստակ աշխատանքին արդիւնքը փոխանցեց հազարաւոր ընթերցողներու:

Պատմաբան եւ հնագէտ Նինա Ճիտէճեան հեղինակ է 16-է աւելի գիրքերու. ան հմտութեամբ ու անաչառութեամբ ուսումնասիրած է հայրենիքին պատմութիւնը: Լիբանանի կառավարութիւնը՝ հայրենիքին մատուցած անոր անգնահատելի ծառայութիւններուն համար 1974-ին զայն պարգեւատրեց «Chevalier», իսկ 2002-ին՝ «Commandeur de l’ordre national du Cedre» շքանշանով: 1999-ին Ճիտէճեան արժանացաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Սակայն Նինային համար շքանշաններն ու պատուոյ գիրերը երկրորդական էին: Անոր համար հայրենիքին ու հողին նուիրածութիւնը առաջնահերթ էր, ուստի ան կը թելադրէր, որ «բոլորս աշխատինք նոյն ուղղութեամբ՝ պահպանելու մեր պատկանելիութիւնը՝ հայրենիքին ու հողին»:

Նինա կ’ամուսնանայ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանին հետ, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին վիրաբուժական բաժինի առաջատար դէմքերէն մէկն էր: Անոնք կ’ունենան աղջիկ զաւակ մը՝ Տընիզը: Նինա շրջան մը կը թեթեւցնէ իր աշխատանքները՝ ամբողջութեամբ նուիրուելով դստեր խնամքին ու ուսումին: Երբ Տընիզ համալսարանական կը դառնայ, Նինա կը շարունակէ իր կիսատ ձգած ուսումնառութիւնը Է. Եու. Պի.ի մէջ, ուրկէ 1965-ին կը վկայուի՝ Նախնեաց պատմութեան եւ հնագիտութեան բաժանմունքէն ստանալով Մագիստրոս աստիճան, որպէս թէզ պաշտպանելով «Պիպլոսը առաջին հազարամեակին» նիւթը, որ հետագային լոյս կը տեսնէ «Տար էլ Մաշրէք» տպարանէն: Անոր կը յաջորդեն Տիւրոս, Սիտոն, Պէյրութ եւ Թրիփոլի քաղաքներու պատմութեան գիրքերը:

Հետեւելով պատմութեան ոտնահետքերուն՝ պատմութեան դասական գիրքերու ընթերցումով եւ Լիբանան այցելած քարոզիչներէ քաղուած տեղեկութիւններով, Ճիտէճեան մանրամասնօրէն կը վերականգնէ իւրաքանչիւր քաղաքի պատմութիւնը: Ան կը գործակցէր Լիբանան այցելող հնագէտներու հետ, որոնք հետաքրքրուած էին այս երկրին հին պատմութեամբ: Պիպլոս քաղաքին մէջ մարդիկ ջրհոր փորած ատեննին արձանիկներ եւ բրածոյ առարկաներ կը գտնէին: Ֆրանսացի հնագէտ մը՝ Էռնեստ Ռընան, Պիպլոսի մէջ հնագիտական պեղումներու ընթացքին պարտէզի մը մէջ կը գտնէ արեւանման ոսկեզօծ ափսէ մը, որուն վրայ փորագրուած էր դիմանկարը Պա’ալաթ Ժեպալ չաստուածուհիին, որ դարեր շարունակ քաղաքի պաշտպանութեան չաստուածը եղած էր:

Նինա Ճիտէճեանի հնագիտական հետաքրքրութիւնները զինք յաճախ անակնկալ յայտնագործումներու դիմաց կը դնեն: Ան կ’իմանայ, որ մեմլուքներու դարաշրջանէն 30 հատորանի մագաղաթեայ ոսկեզօծ շրջագիծերով ընդօրինակուած Քուրան մը եղած է, որ այդ շրջանի մեմլուք էմիր Այթմիշ ալ Պաժասի կողմէ նուէր տրուած է «մատրասէի» (իսլամական կրօնական դպրոց) մը, որ կը գտնուէր Թրիփոլիի միջնադարեան դռներէն՝ Պապ ալ Ուազիրի մօտերը: Նինա կ’ափսոսայ, որ անյայտ կը մնայ այդ «մատրասէ»-ին անունն ու վայրը: Շնորհիւ իր պրպտումներուն, Նինա Ուաշինկթընի Սմիթսոնիըն հաստատութեան մէջ կը գտնէ նոյն Քուրանէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ նոյնէն նմոյշներ Ուոլթըրզ արուեստի թանգարանին եւ Փարիզի Հանրի Վէվըրի հաւաքածոյին մէջ: Նահր էլ Քելպի կամուրջին նորոգութեան ատեն, Նինա Ճիտէճեան կը յայտնաբերէ էմիր Այթմիշի որմնանկարը, քանդակուած գետափի նշանաւոր մէկ պատին վրայ:

Պատմաբանի իր երկարամեայ կեանքին ընթացքին Նինա հետեւողական ու յարատեւող էր իր պրպտումներուն եւ գործերուն մէջ. անոր բոլոր իրագործումները անգնահատելի են:

Ան կը պատմէ նաեւ Մակեդոնիոյ Կղէոպատրա Թէա անունով թագուհիի մը մասին, որ կ’ամուսնանայ երեք սելեւկեան թագաւորներու հետ եւ կը սպաննէ անոնցմէ մէկը: Ան կ’ունենայ ութ զաւակներ, կը փորձէ զանոնք ալ սպաննել, որպէսզի միահեծան իշխէ այսօրուան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի տարածքներուն վրայ: Իր երեսնամեայ իշխանութեան շրջանէն, թագուհին ձգած է շատ արձանագրութիւններ՝ անմահացնելով իր իշխանութեան ժամանակաշրջանը:

Նինա Ճիտէճեան կը գրէ, որ Ճիւփիթըրի տաճարը կանգնած էր ինը հսկայական սիւներու վրայ, որոնք դեռ գոյութիւն ունէին, երբ իրլանտացի հնագէտ Ռոպերթ Հուտ (1707-1715) այցելած է Պաալպէք: 1759-ի երկրաշարժին սիւներէն երեքը կը փլին, եւ այսօր միայն սիւներէն վեցը կանգուն կը մնան:

Նինա Ճիտէճեան կ’ըսէ, որ հնագիտութիւնը անգնահատելի եւ լայնածաւալ ասպարէզ մըն է պատմական անսպառ տեղեկութիւններու եւ հայրենական ժառանգութեան: Մենք ամէն գնով պէտք է պահպանենք զայն այսօրուան ու վաղուան համար, մեզի ու գալիք սերունդներուն  համար: Թէեւ Նինան վերջին քանի մը օրերուն մեզմէ բաժնուեցաւ անվերադարձ, բայց մենք միշտ պիտի յիշենք դէմքին ժպիտը, կատակասիրութիւնը եւ յաւերժական լաւատեսութիւնը:

100 Տոկոս Հայը Եւ Ամբողջական Լիբանանցին

Էտկար Դաւիթեան

Ան չսպասեց «Քորոնա» ժահրին: Ինքզինք արդէն մեկուսացուցած էր իր տան մէջ: Երկարատեւ աշխատանք եւ պրպտումներ գրադարաններու մէջ՝ նոր գլուխ-գործոցի մը համար: Ան 95 տարեկանին փակեց աչքերը իր անկողինին մէջ, այնպիսի ժամանակ մը, երբ ամբողջ աշխարհը ցնցումի մէջ է տարօրինակ հիւանդութեան մը պատճառով: Նինա հեռացաւ այս աշխարհէն՝ խաղաղութեամբ, ինչպէս որ ապրած էր իր ամբողջ կեանքը: Սենեակին մէջ փակ դաշնամուր մը, ճաշասեղան մը՝ ծանրաբեռնուած փոշեծածկ գիրքերով ու փաստաթուղթերով: Այս մեծ տիկինը, որ ամբողջ կեանքը նուիրած էր գիրքերու, հնագիտութեան եւ պատմութեան, ջերմօրէն կ’ընդունէր իր այցելուները ձիթենիներով շրջապատուած Եարզէի իր գեղեցիկ բնակարանին մէջ, Պաապտա:

Աւելի քան 16 հատորներ վկան են անոր յիսնամեայ տքնաջան աշխատանքին. Գիրքեր՝ պատմութեան եւ պեղումներու մասին, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանան երկրին փառաւոր անցեալը:

Նինա Ճիտէճեան ծնած է Պոսթըն, Մասաչուսէց: Իր խոնարհութեամբ, պարզութեամբ, վայելչութեամբ ու անկեղծութեամբ նշանաւոր անձ մըն էր: Հմտութեամբ ու խորաթափանցութեամբ ան իր գործերը կատարելութեան հասցուցած էր: Ան պարզ ու հասկնալի լեզուով Լիբանանի քաղաքներուն հին ու փառաւոր պատմութիւնը ներկայացուց լայն հասարակութեան:

Ահա թէ ի՛նչ կ’ըսէ Նինա Ճիտէնեան՝ ինքնիր մասին:

«1969 թուականին Է. Եու. Պի. համալսարանը զիս ուղարկեց շրջապտոյտի մը՝ դէպի Սան Ֆրանսիսքօ եւ Նիւ Եորք՝ դասախօսութիւններ տալու Լիբանանի պատմական քաղաքներ՝ Պիպլոսի եւ Տիւրոսի մասին: Նիւ Եորքի մէջ դասախօսութեան ներկայ էր այդ ժամանակուան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քարտուղար Ու-Թանկը:

«Երբեք չդադրեցուցի աշխատանքս. կը հրատարակէի գիրք գիրքի ետեւէ. ոմանք թարգմանուեցան ֆրանսերէնի, աղջկաս՝ Տենիզին եւ այլ բարեկամներու՝ Այտա Օսէյլիի եւ Ռուզէլին Էտտէի կողմէ: Վերջին գիրքս հրատարակուեցաւ 2007-ին, «Եուքի Փրես»-ի կողմէ, «A Young Person’s Guide to ancient Lebanon» (Հնադարեայ Լիբանանի մասին երիտասարդի մը ուղեցոյցը), որ յետոյ թարգմանուեցաւ արաբերէնի: Ես գիտնականի ճամբով կ’ընթանամ, պատմաբան մըն եմ, որ կու տայ պատմութեան բոլոր աղբիւրները, կ’արձանագրէ կատարուածները եւ զանոնք բնաւ չի մեկնաբաներ: Իմ պրպտումներս կ’ընեմ, ամբողջովին առանձնացած եմ անցեալին մէջ: Պէտք է ըսեմ, որ նոյնպէս հետաքրքրուած էի հայոց հնադարեայ պատմութեամբ. կը սիրէի գրել Տիգրան Բ. Մեծի մասին: Միակ գիրքս, որ պատմութեան չի վերաբերիր, ամուսնոյս կենսագրութիւնն է, զոր գրած եմ անոր մահէն ետք: Հակառակ գիտութեան մերօրեայ մեծ յառաջդիմութեան, համակարգիչ չեմ գործածեր եւ գիրքերս կը մեքենագրեմ ձեռքովս, որպէսզի չըսուի, թէ մեքենական աշխարհին մաս կը կազմեմ: Կը սիրեմ առանձնութիւնը, լռութիւնը, դասական երաժշտութիւնը եւ հին յունական գրականութիւնը»:

Նինա կը յորդորէր լիբանանցիները, որ սորվին իրենց երկրին անցեալի փառաւոր պատմութիւնը: Միակ բանը, որ կը յարատեւէ կեանքին մէջ, դրամը չէ, այլ շրջապատին յարգանքը, ըլլալ ճշմարիտ, համեստ, խոնարհ, պայծառամիտ եւ ոչ թէ խաբեբայ ու յոխորտացող:

Խաղաղութի՜ւն այս մեծ կնոջ հոգւոյն, որ քաջութեամբ արձանագրեց իր տողերը՝ կտակելով մեզի բարի խրատներ, որոնք այնքան կարեւոր են մեր կեանքին համար:

«Լ՛Օրիան Լը ժուր», 11 ապրիլ 2020

Թարգմանեց եւ համադրեց՝
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Նախորդը

«Ծոցի Ջուրերուն Մէջ Ամերիկեան Ապօրինի Ներկայութիւնը Չենք Ճանչնար» Կ՛ըսէ Թեհրան

Յաջորդը

Հզօրանալ Է Պէտք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?