Աշխատաւորի Օր. Բանուորին Հացը Քրտինքով Շաղուած Է
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխատաւորի օրը Լիբանանի մէջ երբեք ցնծութեան օր չէ եղած: Երկրին մէջ տասնամեակներէ ի վեր արմատացած վայրագ դրամատիրական դրութիւնն ու դրամատէր դասակարգի շահագործող անձերն ու վատ մտայնութիւնը երբեք ալ հանգիստ չեն տուած Լիբանանի աշխատաւորական, բանուորական եւ գիւղացիական դասակարգերուն: Նոյնիսկ պաշտօնէութեան մակարդակին, ներառեալ ուսուցչական ասպարէզի սպասարկուները չեն խնայուած մարդ անհատը ստրկացնող, ազատ կամքը նիւթական ճնշումի ենթարկող, ինքնութիւնը ոտնակոխ ընող դրամի ...















