Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովքե՞ր Են Այս Ներողները…

Մայիս 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ներելը քրիստոնէական — եւ մարդկայի՛ն — բարոյականի ամենէն նուիրական դրսեւորումն է, որուն լիովին ատակ պէտք է ըլլայ ամէն մարդկային էակ որպէսզի կարենայ հասնիլ ինքնանուաճման վերին եզրերուն եւ հոգիի իսկական խաղաղութեան։ Բայց նաեւ պայման է, որ լաւ հասկնանք, թէ ի՞նչ նժարի վրայ պէտք է չափուի ներման վեհագոյն այս արարքը։ Պէտք է յստակացնենք, թէ ի՞նչ չափանիշներ պիտի գործեն հոս, որպէսզի կարողանանք հեռու մնալ թեթեւամիտ փութկոտութիւններէ, որոնք ոչինչ կը բերեն կեանքի սեղանին բացի մարդկային սուտ յարաբերութիւններէ։

Խօսքը կը վերաբերի հայօրէն ապրելու այն մեծ մարտահրաւէրին, որ, այս պարագային, կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ հաշուի նստելու հոգեբանական հրամայականին։

Վերջերս հրապարակի վրայ կրկին յայտնուած են որոշ անձնաւորութիւններ, որոնք այս դժուար խօսոյթը կը տանին դիտաւորեալ աղաւաղման եւ ինքնաբերաբար ջուր կը լեցնեն Թուրքիոյ եւ իր Արեւմտեան գործակիցներու հանրածանօթ — եւ վաղուց վարկաբեկուած — արշաւին։ Իսկ այդ արշաւին նպատակն է ապակողմնորոշել միջազգային կարծիքը եւ ցեղասպանութեան զոհ հանդիսացող մեր ժողովուրդի դատը «հաշտութեան» կեղծ տարազներով կապել աժան եւ շուտափոյթ լուծումներու։ Եւ — ինչո՞ւ չէ — յուսալով ՝որ այդ խաղին մէջ կը ներքաշուի նաեւ հայ պետականութիւնը։ Եւ ի՜նչ շնականութեամբ այս ուժերը կը փորձեն չարաշահել մեր արժէքային համակարգի այս սուրբ՝ ներողամտութեա՛ն հասկացողութիւնը իրենց չարաշուք նպատակներուն հասնելու համար։

Բայց անշուշտ — եւ այս հարցին մէջ գէթ — անոնք իրենք զիրենք կը գտնեն մեր ժողովուրդի արթուն եւ զգաստ գիտակցութեան դէմ յանդիման, որ կը մերժէ իյնալ այդպիսի թակարդներու մէջ։ Մենք վաղուց «ոչ» ըսինք TARC-ի նման խաղքութիւններու ԱՄՆ-ի մէջ հակառակ այդ գործերուն մէջ ներքաշուած հայանուն գործիչներու քարոզչութեան։ Մենք «ոչ» ըսինք նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւններու Եւրոպայի մէջ։ Հայ Դատի գրասենեակներն ու գործիչները ամէնուրեք բացայայտեցին եւ դիմակազերծեցին այս կարգի ոտնձգութիւնները մեր պահանջատիրութեան ոլորտէն ներս։ Եւ այդ գործը կանգ չէ առած եւ կանգ պիտի չառնէ։

Պէ՞տք է կրկնենք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած է նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ ոճիր է մարդկութեան դէմ։ Ցեղասպանութեան նշաւակ մեր ժողոովուրդը եղած է միաժամանակ հայրենազուրկ եւ ընչազուրկ։ Այս փաստը հաստատուած է միջազգային դաշնագրերով։ Ստեղծուած է մէկ ամբողջ միջազգային օրինակարգ Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին շուրջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան համար անառարկելիօրէն պատասխանատու են թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը։ Եւ Ցեղասպանութենէն բխող մեր պահանջատիրութիւնը նախ եւ առաջ տարածքային է, յետոյ նաեւ մշակութային, հոգեւոր եւ տնտեսական։ Հիմա ի՞նչն է, որ պէտք է ներել եւ ո՞վ է, որ պիտի ներէ։ Եւ ի՞նչ նորմերու հիմնաւորումով պիտի գործէ ներման այդ արարքը։

Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն այս հարցին բարոյական ենթահողը յստակացնել, պէտք է նախ եւ առաջ հարցը դնեն իր իսկական համատեքստին մէջ։ Ան, որ ներման ակնկալութիւն ունի, նախ եւ առաջ պիտի արժանի ըլլայ ներման ազնիւ արարքին։ Ներման ակնկալութիւն ունեցողը պիտի կարողանայ հասնիլ բարոյական այն չափանիշին, երբ առաջին հերթին՝ ինք ինքզինքի՛ն է, որ պիտի կարողանայ ներել գործուած հրէշային յանցագործութեան համար…եւ պէտք է պատրաստ ըլլայ տալու իր ամէն ինչը հասնելու համար այդ բանին։ Այս մեծ գինն է, որ կը դնէ քրիստոնէական վարդապետութիւնը ներման արարքին վրայ։ Հարց տուէք դուք ձեզի։ Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը երբեւիցէ մօտեցա՞ծ են այս եզրերուն։ Ճիշտ է. գոյութիւն ունի փոքր թիւ մը անհատ մտաւորականներու, որ կը փորձէ հաշուի նստիլ իր անցեալին հետ։ Յուսամ անվերապահօրէ՛ն։ Յամենայն դէպս մեր սիրտը իրենց հետ է այդ մեծ ճիգին մէջ։ Բայց այդ խումբը չէ, որ կը վճռահատէ այս կնճռոտ խնդիրը։ Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը երբեւէ կրցա՞ծ են հասնիլ բարոյական եւ քաղաքական այն գիտակցութեան, որ ունենան պատրաստակամութիւնը ընդունելու իրենց պարտքն ու պատասխանատւութիւնը եւ պատրաստ ըլլան հատուցման բանակցութիւններու։ Ընդհակառակն այսօր իսկ թուրք պետութեան քաղաքականութիւնն է Հայաստանը վերածել պատանդ երկրի եւ ի վերջոյ վերջ տալ անոր գոյութեան։

Թուրքիան այսօր իսկ կը շարունակէ իր փանթուրքիստական եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ կը գործէ իր հին ծաւալապաշտ նկրտումներով։ Մերկ փաստը այն է, որ Թուրքիոյ հետ մեր քաղաքական կապը «բարի-դրացիական» չէ թուրք պետութեա՛ն իսկ ընտրութեամբ եւ որոշումով։ Մեր կապը այսօր սերտօրէն առընչուած է ցեղասպան երկրին դէմ պաշտպանուելու հրամայականին։ Մենք ունինք Թուրքիոյ դէմ մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու ամէնօրեայ խնդիր։ Իսկ ցեղասպանը, որ չէ դադրած ցեղասպան ըլլալէ, իրաւունք չունի ներում ակնկալելու մեր ժողովուրդէն։

 Ապրիլ 30, 2020
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Այո’, Հիանալ Ու Հպարտանալ, Բայց…

Յաջորդը

Վարդավառ Աւագ Քահանայ Գասպարեանի Յիշատակին (Մահուան քառասունքին առիթով)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?