Յօդուածներ

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Մայիսեան Հերոսամարտի Անանուն Հերոսները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ յաճախ հանդիպած ենք մեծ ու փոքր պատերազմներու, անոնց ընդմէջէն տարուած յաղթանակներու եւ բնականաբար այդ յաղթանակները առաջնորդող յանդուգն կեցուածքներ ու որոշումներ ունեցող ղեկավարներու: Նոյն այդ պատերազմներուն բնականաբար մասնակցած են հարիւրաւոր եւ հազարաւոր այլ հերոսներ, որոնք մարտի դաշտին վրայ իրենց անձնազոհութեամբ միս ու ոսկոր տուած են այդ պատերազմներուն ընթացքին տարուած յաղթանակներուն: Անոնք անանուն հերոսներ են` ծանրակշիռ պայմաններու...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ազգային Հերոսի Կերպարը Խորհուրդ Է, Ինչպէս` Արարատի Վեհութիւնը (28 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Մենք արժեզրկեցինք հերոսի կերպարը»: Մանուէլ Եղիազարեան (Արցախի հերոս) Armnews, 8 մայիս 2020 Թէ ինչո՞ւ մայիսեան յաղթանակի ու հրաշափառ տօնին առիթով նման յոռետես  նախադասութիւն մը մէջբերեցինք եւ անով կառուցել ուզեցինք մեր մտորումները, Թէ ինչո՞ւ հայոց գոյութենական երթն ու ապագայ ճակատագիրը ճշդորոշող ու ազգային արժանապատուութիւնը խարսխող սրբազան ճակատամարտերու փայլքն ու իմաստը առաւել պայծառացնելու փոխարէն, ցաւատանջ իրականութիւն մը լոյսին ուզեցինք յանձնել,...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու Եւ Դրամանիշներու Հեղինակ` Գծագրիչ Արշակ Ֆեթվաճեան

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Արշակ Ֆեթվաճեան Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863-ին: Անոր ծնողքը եղած է առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Արշակ մանկութեան տարիներուն արդէն ցուցաբերած է մեծ հետաքրքրութիւն հանդէպ արուեստի: Ան ղրկուած է Պոլիս, որպէսզի արուեստներու հանդէպ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Կոստանդնուպոլսոյ Կայսերական գեղարուեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է 1887-ին:...

Սպասում

Սարդարապատի Խորապատկերը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ 1918-ի Մայիսին գտնուեցան այրեր, որոնք աղէտալի պայմաններու տակ ոչ միայն ստեղծեցին յաջող դիմադրութիւն, այլ նաեւ Սեյմի փլատակներուն վրայ կազմակերպեցին ազգային պետութիւն: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Դէպքերու հետագայ ընթացքին շուրջ կան շարք մը տարակարծութիւններ: Յօդուածը ինծի համար յստակացման փորձ մըն է: Հասկնալ, թէ ի՞նչ համայնապատկերի մէջ տեղի ունեցան այդ բախտորոշ ճակատամարտերը: Գրել կ՛ենթադրէ միտքերը դասաւորել: Ուշացած պարտաւորութիւն մը......

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102-Ամեակ. 1920-ի Կառավարութեան Անդամներուն Զգեստները Եւ Սնունդը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ռուբէն Դարբինեան (1883-1968) Ախալքալաք ծնած, ՀՅԴ անդամ եւ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին գործակից, բուն անունով` Արտաշէս Չիլինգարեան, որ 10 յունուար 1920-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն հայացնելով նախարարութեան հետ` օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն:  Նախապէս խմբագիր` Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին, ապա` «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին` 1 ապրիլ 1922-էն...

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Եւ Բծաւոր Տիֆի Համաճարակը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Եւ Բծաւոր Տիֆի Համաճարակը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի կենաց մահու հերոսամարտերէն եւ թրքական ներխուժող բանակներու կասեցումէն ետք, Հայոց Ազգային խորհուրդը 28 մայիս 1918-ին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակեց: Նորաստեղծ փոքրիկ հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան կազմը հրապարակուեցաւ 24 յուլիս 1918-ին: Վարչապետ` Յովհաննէս Քաջազնունի, արտաքին գործոց նախարար` Ալեքսանդր Խատիսեան, ներքին գործոց նախարար` Արամ Մանուկեան: Երկիրը լեցուն էր Արեւմտեան Հայաստանէն, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած շուրջ 450 հազար...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Մէջ Պետութեան Եւ Կրօնի Անջատման 100-Ամեակ. Ժառանգութիւն` Յանուն Ամրապնդման

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Աշխարհիկ Հանրապետութեան Հիմքերը   1789-ի ֆրանսական յեղափոխութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը եղաւ ամբողջատիրական-միապետական ու կղերամէտ համակարգի տապալումը եւ անոր փոխարէն աշխարհիկ հանրապետութեան մը կերտումը: Հանրապետութիւն մը, որ 26 օգոստոս 1789-ին օժտուեցաւ «Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութեամբ», որուն 10-րդ յօդուածին մէջ նշուած եր. «Ոչ ոք կրնայ նեղութեան մատնուիլ իր կարծիքներուն համար, նոյնիսկ եթէ անոնք կրօնական ըլլան, պայմանով որ անոնց դրսեւորումները չխանգարեն...

Մայիսեան Խորհուրդը 21-րդ Դարուն

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ ՀՅԴ-ԼԵՄ Քարոզչական յանձնախումբ 28 Մայիս 1918-ին հայութեան պատմութեան էջերուն մէջ կ՛արձանագրուի յատուկ դրոշմ եւ խորհուրդ ձգած յաղթանակ մը: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն աւելի քան 850 տարի ետք հայ ժողովուրդը կ՛ունենայ ազատ, անկախ եւ սեփական հանրապետութիւն: Այս նուաճումը կ՛իրականացուի հարիւրաւոր հաւատաւորներու եւ հերոսներու նահատակութեամբ, որոնք 21-28 մայիսի միջեւ տեղի ունեցած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն քաջաբար դէմ կը դնեն...

«Հերոսը Ինքը Ժողովուրդն Է»

«Հերոսը Ինքը Ժողովուրդն Է»

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Աղօտ յիշողութիւն մը կ՛ալեկոծէ հոգիս, երբ կը փորձեմ վերականգնել Մայիսի ճշգրիտ տարեթիւը... Օր մը հայրս ակումբէն հետը տուն բերաւ պատկեր մը, զոր ցրուած էին իբրեւ նուէր. հայրս անմիջապէս մեր տան դրան վրայ փակցուց: Անձնաւորութեան մը նկարն էր` երիզուած եռագոյնով, վրան ալ գրուած երկու թուական: Դարձեալ չեմ յիշեր քանի տարեկան էի, բայց ինծի համար ի սկզբանէ նորութիւնները շատ կարեւոր...

Vartkes-Arzoumanian

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս 28… Նոր Խոստումներ, Նոր Մարտահրաւէրներ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են արհաւիրքներով, վերիվայրումներով, ապա` խոյանքներով: Կոչենք զայն ճակատագի՞ր, թէ՞ նախախնամութիւն կամ թէ պարզապէս` աշխարհաքաղաքական վայրի հետեւանք: Հարց մը, որուն ճշգրիտ պատասխան չունինք, բայց յստակ է, թէ նոյնիսկ ամէնէն դաժան պայմաններու տակ հայ ազգը իր ամեհի դիմադրողական ուժով կրցած է մարտնչիլ, մաքառիլ ամէնէն վայրագ ոսոխին դէմ եւ գոյատեւել աւելի քան 3000 տարի: Մեր ազգի...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Մայիս 28. Յիշել Եւ Խօսի՛լ Այժմէական Կենսականի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին – որ կարող եմ վերցնել հետս, թէ մի հեռու տեղ գնամ: Փոքրիկ` ինչպէս ծերացած մայր, Փոքրիկ` ինչպէս նորածին զաւակ իսկ քարտէսի վրայ ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ... Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին, որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մեջ, որ չկորցնեմ յանկարծ...» ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովհաննեէս Գրիգորեան (1945-1973)   Այնքա՜ն ըսելիք կայ մեր...

Սարդարապատ

Սարդարապատ

ԷԴ. ԲԵՐԴԵԱՆ Իբրեւ անկոչ հիւր ինքզինք «պարտադրած» համաճարակը ոչ միայն մուտք գործած է մեր առօրեային ու կենցաղին մէջ, այլ նաեւ բոլորովին խանգարած է մեր հանգիստն ու ընթացիկ կեանքը: Ողջ աշխարհը ահազանգի մէջ է: Ամէնուրեք, միջազգային հարթակներու վրայ, ահազանգ կը հնչեցուի ապագայի անորոշութեան ու մանաւանդ` տնտեսական ահաւոր վնասներու մասին, սակայն գրեթէ չի խօսուիր արուեստի լճացման եւ կամ առհասարակ մշակութային կորուստներու մասին:...

Մայիսը` Յաղթանակներու Ամիս

Մայիսը` Յաղթանակներու Ամիս

ԽՈՐԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ «Երբ չի մնում ելք ու ճար Խենթերն են` գտնում հնար...»: ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ Մենք` հայերս, այս սկզբունքով եւ այս ոգիով Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ մարտնչեցանք: Եթէ այս գիտակցութեամբ եւ այս շունչով տոգորուած չըլլայինք, ապա պիտի չկարենայինք կերտել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Եթէ սոյն ոգիով գօտեպնդուած չըլլայինք, պիտի չկարենայինք դէմ դնել Հայաստանը դարերով թիրախ դարձուցած թշնամիներուն` այս պարագային...

«Հարսանիք Լեռներում»

«Հարսանիք Լեռներում»

Բժիշկ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Գարունը իր իրերայաջորդ երկու՝ ապրիլ ու մայիս ամիսներով հակասական ապրումներու ու մտորումներու տեղիք կու տայ։ Մեր ազգի ցաւն ու տառապանքը մարմնաւորող ապրիլը, չսպիացող վէրք հանդիսանալով հանդերձ, չվերածուեցաւ ազգի ինքնակործանման ու ինքնաոչնչացման ազդակի, այլ եղաւ յառաջիկայ հայկական մայիսներու կերտման խորհրդանիշ։ Կարելի չէ անջատաբար դիտարկել 1918 թուականի Մայիսեան Արարատեան դաշտավայրի եկեղեցիներու թախծող ու արիւնաքամ, բայց միաժամանակ վճռական ու պարտաւորեցնող...

Նամականի

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն 100 – Ամեակ Վահան Չերազ Եւ Բծաւոր Տիֆ Համաճարակը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920. Ի՞նչ Է Պատգամը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրուստի դաժան պայմաններ դիմակայեց՝ մնայուն պատերազմական վիճակ, դաւադրութիւններ ներսէն եւ դուրսէն, սով, աղքատութիւն, համաճարակներ՝ բծաւոր տիֆ, ճահճատենդ (մալարիա), ժանտախտ (քոլերա) եւ այլն, որոնց պատճառով 1918-ի աշունէն մինչեւ 1919-ի գարուն՝ մահացաւ աւելի քան 150 հազար մարդ: Կամաւորական գունդերուն միացած մարտիկ, զօրավար Անդրանիկի ընկերակից եւ թարգման, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Վահան Չերազի մասին հետեւեալ վկայութիւնը տուած...

Մեր ընթերցողները կը գրեն.   Իմ երգը (նուէր բոլոր հայերուն)

Մեր ընթերցողները կը գրեն. Իմ երգը (նուէր բոլոր հայերուն)

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ Ես ուզեցի երգեմ այնպէս որ ամէն հայ ուր որ է ան երգս երգէ, կենաց խմէ Ամէն հայու ով որ է ան․․․ Երգը իմ աւարտ չունի, սիրուն աղուոր տաղերն անոր հայրենքէս ես ժողվեցի ծաղիկներէն Հայաստանի․․․ Ու սիրեցի, ես պաշտեցի ստեղծագործ Արարիչին գոյնը երեք ծաղիկներուն կարմիր կապոյտ ծիրանագոյն․․․ Ես ուզեցի հայերն ամէն քսանըութ երաժիշտով երգեն քայլերս Մայիսով ծաղիկներուս եռագոյնով։

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Արտաքին Պարտքը Համավարակի Պայմաններուն Մէջ Արժանթինէն Լիբանանին (Բ) -եւ Հայաստանին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Լիբանան բանակցելու սկսած է Միջազգային Դրամական Ֆոնտին (ՄԴՖ) հետ, եւ լիբանանեան քաղաքական հեղինակութիւն մը Ժումհուրիա օրաթերթին կը յայտնէ թէ բանակցութիւնները պիտի տեւեն առնուազն չորս ամիս, կը տեղեկացնէ Ազդակ Նիուզի արագ լրահոս մը Մայիս 23ին: ՄԴՖէն պարտք վերցնելու աննախընթաց այս քայլը կառավարութիւնը կ'առնէ երկրի ընկերատնտեսական ամբողջական փլուզման եւՔՈՎԻՏ-19 համավարակի դեռեւս շարունակուող ճգնաժամի պայմաններու մէջ: Ալ-Ժազիրայի կայքէջին վրայ նոյն...

Նահանգապետ Նիւսըմ Մերժեց Համբիկ Սասունեանը Ազատ Արձակել

Նահանգապետ Նիւսըմ Մերժեց Համբիկ Սասունեանը Ազատ Արձակել

Հակառակ անցնող Դեկտեմբերին, Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդին՝ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ի նպաստ առած որոշումին, Երեքշաբթի, 26 Մայիսին, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, մերժելով խորհուրդին որոշումը՝ արգելակեց Սասունեանի ազատ արձակումը: Իր որոշումին երկարապատում բացատրութեան մէջ, Նիւսըմ, ընդունելով հանդերձ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր առած է վերականգնելու համար իր վարքը՝ ան տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է  ազատ արձակուելու: «Կը գնահատեմ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Տօն Է Բազմաշխատ՝ Մահուան Գէորգին, Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ծնողքը կը փափաքէր գրել, կարդալ սորվի, որպէսզի քահանայ ձեռնադրուի։ Այդ նպատակով, 1876ի Մայիսի 14ին, պատանի հասակին, զինք ղրկեցին Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը։ Հոն հանդիպեցաւ Արաբոյին եւ այլ ֆետայիներուն։ Երկու տարի ետք, 1878ի Մայիսի 4ին, հրաժարեցաւ վանքէն, վերադարձաւ տուն։ Եւ, ինչպէս ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ, «այնուհետեւ իմ գործը շարունակ զէնքերը եղան»: Այսպէս յայտնուեցաւ մեր ազատագրական պայքարի խիզախագոյն...

Անդրադարձ.  Սպասելով Արշալոյսին Եւ Նոր Պայքարին

Անդրադարձ. Սպասելով Արշալոյսին Եւ Նոր Պայքարին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Համբերութիւնը դառն է, սակայն անոր պտուղը քաղցր է», կ՛ըսէ ֆրանսական առածը, ուստի իւրաքանչիւր լիբանանցի, ինչպէս որեւէ այլ մարդ արարած, համբերութեամբ կը սպասէ «ՔՈՎԻՏ-19»¬ի համաճարակի ստեղծած խաւարին աւարտը հռչակող արշալոյսին, որ սակայն կրնայ ուշանալ, որովհետեւ իրերայաջորդ զգուշացումներ կը հնչեն համաճարակի 2-րդ ալիքէ մը, որ ըստ նախատեսութեանց, պիտի ըլլայ աւելի աղէտալի: Բայց եւ այնպէս, բոլորս բնականաբար կը սպասենք արշալոյսին` յուսալով,...

Page 502 of 1112 1 … 501 502 503 … 1,112

Արխիւներ