Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատի Խորապատկերը

Մայիս 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

1918-ի Մայիսին գտնուեցան այրեր, որոնք աղէտալի պայմաններու տակ ոչ միայն ստեղծեցին յաջող դիմադրութիւն, այլ նաեւ Սեյմի փլատակներուն վրայ կազմակերպեցին ազգային պետութիւն: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Դէպքերու հետագայ ընթացքին շուրջ կան շարք մը տարակարծութիւններ: Յօդուածը ինծի համար յստակացման փորձ մըն է: Հասկնալ, թէ ի՞նչ համայնապատկերի մէջ տեղի ունեցան այդ բախտորոշ ճակատամարտերը: Գրել կ՛ենթադրէ միտքերը դասաւորել: Ուշացած պարտաւորութիւն մը…

Մայիսեան ճակատամարտերու նախօրէին հայկական կողմի պարզած պատկերը ծանօթ է բոլորիս: Կան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ,  ինչպէս նաեւ գեղարուեստական գործեր: Մշուշոտ ծանօթութիւն ունինք Օսմանեան կողմին մասին: Պիտի փորձեմ ա՛յդ ներկայացնել:

Օսմանեան Բանակի Նահանջը.- Ի տարբերութիւն շատ մը այլ պետութիւններու, օսմանցիք տակաւին 1383-ին հիմնած էին արհեստավարժ խոշոր բանակ եւ ընդարձակած սահմանները` նուաճելով շրջակայ փոքր իշխանութիւններ: Հարցերը սկսած էին, Վիեննայի պարտութենէն առաջ (1683) (1): Բանակը կորսնցուցած էր  մարտունակութիւնը եւ եռանդը, երբ դադրած էին արշաւանքները, ուրեմն եւ, աւարը: Ընտրանի ենիչերիներու «աղաները» կը զբաղէին պալատական սադրանքներով: Կը զբաղէին նաեւ տուրքերէ զերծ առանձնաշնորհեալ «բիզնեսներով»` ի վնաս տնտեսութեան եւ պետական գանձանակի: Բարեկարգումի բոլոր փորձերը ձախողած էին: Ի վերջոյ 1826 թուին Մահմուտ Բ. խաբէութեամբ մէկտեղեց ենիչերի աղաները եւ թնդանօթահար վերացուց զանոնք: Ապա ծայր տուաւ «վհուկներու որս»: Կը կարծուի,  թէ սպաննուած են 70 հազար ենիչերիներ: Օսմանեան բանակը կորսնցուցած էր իր գլխաւոր հարուածող ուժը:

1828-ին սկսաւ ռուս-թրքական երկրորդ պատերազմը: Օսմանեան պետութիւնը տակաւին չէր յաջողած գոյացնել արդիական բանակ: Ռուսեր պարտադրեցին Ադրիանապոլի դաշնագիրը, որ քրիստոնեայ հպատակներուն առնչութեամբ զիջումներ կ՛ենթադրէր: 1848-ին կարելի եղաւ կազմել շուրջ 25 հազարնոց արհեստավարժ ուժ մը: Բայց այդ ակնյայտօրէն անբաւարար էր պահպանելու ընդարձակ կայսրութիւնը: Օտարները թալանելու հնարաւորութենէ զրկուած ինքնիշխան փաշաներու պետութիւնը արագ քայլերով կ՛երթար դէպի սնանկութիւն եւ հետեւաբար` դէպի ի՛ր հպատակներու թալանը, հարստահարումը:

Կարմիր Սուլթանը կարող պետական մարդ էր եւ ամէն գնով կը փորձէր պահպանել կայսրութիւնը: Սան Սթեֆանոյի նուաստացուցիչ պարտութենէն ետք նախաձեռնեց դիմել գերմանական կայսեր, կազմակերպելու համար օսմանեան բանակը: Այդ ցաւօք յանգեցաւ նաեւ 16-ը 61-ով փոխարինելու: Գերմանիա պատրաստ էր մարզելու բանակը եւ  նիւթապէս աջակցելու սպառազինման: Օսմանեան բանակը պիտի դառնար դաշնակից մը եւ դիմադրէր մրցակից Մեծն Բրիտանիոյ, Ցարական Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ոտնձգութիւններուն: Մարիշալ ֆոն տեր Կոլցի (1843 -1916) ձեռամբ հիմնուեցաւ գերմանական ծրագիրով ռազմական վարժարան: Էնվեր այդ դպրոցի խանդավառ սանուկներէն մէկն էր:

Բայց արդէն ուշ էր: Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին հիւանդ կայսրութիւնը կորսնցուց նաեւ Պալքանեան պատերազմը (1912-13): Առնուազն 2 միլիոն թուրքեր եւ իսլամացած տեղացիներ սպաննուած եւ կամ վտարուած էին Պալքաններէն (2): Այդ կը հրահրէր արդէն իսկ գոյ հակաքրիստոնեայ զգացումները: Նուաստացումը կը հրահրէր նաեւ ազգայնամոլ գաղափարները (3): Գաղութարար Բրիտանիոյ, Ցարական Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հակադրուած էր գաղութարար դառնալ ցանկացող Գերմանիան: Իթթիհատ իր «թաղիքը նետեց» գերմանական աւազանին մէջ: Պատերազմական նախարարը դարձաւ համաթուրանական ծրագիրներ սնող Էնվեր փաշա: Պարզ է, որ այդ կը նշանակէր «արեւելեան ճակատ»:

Ճակատագրական սխալներ.- Էնվեր փաշա կ՛ուզէր կայսրութեան կորուստները փոխարինել արեւելեան ճակատի վրայ: Կը ծրագրէր վերագրաւել թրքամէտ Պաթումը եւ Վրաստանի վրայով հասնիլ նաւթահորերուն (4): Որպէս ցարական բանակը կռնակէն հարուածող ուժ, Էնվեր կը ջանար կազմակերպել Կովկասի մուսուլման բնակչութիւնը (5): Այս ծրագիրին ի նպաստ էր այն իրողութիւնը, որ մօտակայ պարսկական սահմանի վրայ չկար ռուսական մեծ ուժ:

Պետութեան ենթակառոյցը, առհասարակ, եւ երկաթուղին յատկապէս, պատրաստ չէին այդ տարողութեան պատերազմի: Անգարայէն Էրզրում ճամբորդութիւնը կը տեւէր 5 շաբաթ: Բանակի հրամանատարութիւնը ապիկար էր: Գերմանացի եւ թուրք սպաներու միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին: Կուսակալներ անսակարկ չէին ենթարկուեր կեդրոնի հրահանգներուն: Տեղի ունեցած էին մահափորձեր գերման սպաներու եւ նոյնինքն Էնվեր փաշայի դէմ: Երկրին մէջ կը տիրէին սովն ու  համաճարակները:

Երկու կողմերու բանակները նօսրացած էին: Ցարական բանակի 150 հազար զինուորներու շուրջ 90 հազարը ուղարկուած էին եւրոպական ճակատներ, ուր դրութիւնը լրջօրէն ծանր էր: Կովկասեան բանակին մաս կը կազմէին կամաւորական 3-րդ եւ 4-րդ գունդերը`  Համազասպի եւ Քեռիի հրամանատարութեամբ:  Հայ զինուորները կը կոչուէին «կամաւորներ», որովհետեւ ցարական պետութեան հպատակներ չէին: Մինչեւ 250 հազար հասնող հայ կամաւորներէն մեծ տոկոս մը կը կռուէր այլ ճակատներու վրայ` իբրեւ հաւատարմութեան արտայայտութիւն ցարական իշխանութեան:Կը գործէին նաեւ երկու վրացական գունդեր: Ռուսերը կը կազմէին բանակին շուրջ 40 տոկոսը միայն:

Թրքական կողմին վրայ կար ընտրանի 3-րդ բանակը, որուն սպաներէն շատեր իթթիհատականներ էին: Բայց 190 հազար զինուորներէն մեծ թիւ մը արդէն իսկ ուղղուած էր դէպի Պաղեստին, Սուեզի վրայ յարձակում իրականացնելու համար: Երիտթուրքական այլ ձախաւեր արկածախնդրութիւն մը:

Նկատի առնելով սաստիկ ցուրտ եղանակը (1,5 մեթր ձիւն եւ -25 աստիճան սառնամանիք),  կայազօրի հրամանատար Իզզեթ Փաշա պաշտպանողական ծրագիր մշակած էր Էրզրումի բերդին շուրջ, թէեւ չէր ակնկալեր, որ ռուսերը յարձակում գործեն: 1914 նոյ. 10-ին Էնվեր յանկարծ կը հրամայէ ամբողջ ուժով յարձակիլ եւ ոչնչացնել ռուսական կայազօրը: Էնվեր ունէր գերմանական ոճի համարձակ բեմագրութիւն մը: Բանակէն մաս մը կեղծ յարձակումով պիտի «զբաղեցնէր եւ անշարժացնէր» Սարըղամիշի  կայազօրը: Այլ մաս մը Ալլահուէքպեր լերան վրայով պիտի անցնէր Կարսի շրջան եւ ռուսերը հարուածէր կռնակէն: Պաշարուած կայազօրը պիտի ոչնչանար: Աւելի խոհեմ Իզզեթ փաշա իր հրաժարականը ներկայացուց, որովհետեւ չէր համոզուած Էնվերի բեմագրութեամբ: Չէին համոզուած նաեւ գերմանացի սպաները: Հրամանատարութիւնը ստանձնեց ինք` Էնվեր:

Զինուորները ոչ մէկ իմաստով նախապատրաստուած էին նման շարժումի մը: Տեղի չէին ունեցած ռազմափորձեր: Չէր տրուած անհրաժեշտ տեղեկութիւն: Չունէին տաք հագուստեղէն եւ բաւարար սննդամթերք:  Նման գործողութիւն մը իրագործելու համար անհրաժեշտ էր շատ արագ շարժիլ: Մինչդեռ թրքական բանակը կրնար ժամական հազիւ մէկ քմ յառաջանալ: Միաւորներու միջեւ հաղորդակցութիւնը թոյլ էր: Ռուսական հրամանատարութիւնը ժամանակ ունեցաւ տեղեկանալու եւ հակահարուածի անցնելու:

Ի տարբերութիւն թուրք զինուորներու, հայ կամաւորները մեծաւ մասամբ բնիկներ էին, որոնք  քաջ ծանօթ էին աշխարհագրութեան եւ վարժ` ցուրտ կլիմային: Արագաշարժ էին, կը կատարէին գլխաւորաբար հետախուզական եւ գրեթէ հրոսակային բնոյթի (guerrilla) գործողութիւններ: Անոնք խափանեցին շրջանցումի ճարպիկ ծրագիրը:  Միով բանիւ թրքական հարուածող բանակը մոլորեցաւ եւ կոտորուեցաւ: Գլխաւորաբար` սառցահար: Օսմանեան պետութիւնը կորսնցուց իր ընտրանի բանակին կէսը` շուրջ հարիւր հազար արհեստավարժ մարզուած զինուոր: Շնորհակալ ենք Էնվեր փաշային, որովհետեւ նոյն այդ 3-րդ բանակն էր, որ մասնակցեցաւ Ղարաքիլիսէի, Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերուն:

Էնվեր փաշա ստորադաս զինուորականներէն մէկուն տուաւ ուսադիրներ, նշանակեց հրամանատար եւ արագ  հեռացաւ աղէտի թատրէն: Կ՛ըսուի, թէ մտադիր էր թուրք ազգէն ներողութիւն խնդրող նամակ մը գրել եւ անձնասպան ըլլալ: Ուրախ ենք, որ հրաժարած է այդ մտադրութենէն: Ընտրանի 3-րդ բանակի դէպի Սուեզ ուղարկուած մասը, որ միացաւ «Պաղեստինի բանակ»-ին, նոյնպէս կոտորուեցաւ,  բայց այս անգամ անապատին մէջ (6):

Էնվեր խիստ վրդոված էր կամաւորական գունդերուն խաղացած դերէն: Առաջին անգամ չէր,  որ հայեր կը մասնակցէին ցարական բանակի գործողութիւններուն: Պէտք էր արմատական լուծում գտնել այդ հարցին…

Աղէտալի զինադադար. Սարըղամիշի ճակատամարտէն ետք ռուս հրամանատարութիւնը ըմբռնեց, որ կարելի է առանց մեծ կորուստներու արշաւանք կազմակերպել դէպի արեւմուտք: Էրզրում ճանապարհներու հանգոյց էր, ուրեմն նաեւ ունէր ռազմավարական նշանակութիւն: Բայց ցարական բանակը ծանրաբեռնուած էր այլ ճակատներու վրայ: Օսմանեան բանակը նոյնպէս ծանրաբեռնուած էր այլուր, յատկապէս Տարտանելի մէջ, ուր դաշնակիցներ ցամաքահանում կը կատարէին: Ցամաքահանումը կասեցուեցաւ շատ բարձր գնով: Այդտեղ էր, որ Մ.Քեմալ ցուցաբերեց իր կարողութիւնը` իբրեւ առաջնորդ եւ այլընտրանք երիտթուրքերու (7): Արեւելեան ճակատի վրայ ռազմական գործողութիւնները ժամանակաւորապէս դադար առած էին:

Երիտթուրքերը այդ հանդարտ եւ բարենպաստ ժամանակամիջոցը օգտագործեցին` գործադրելու համար վաղուց ծրագրուած Եղեռնը: Կարելի չէր եղած կազմակերպել համատարած ինքնապաշտպանութիւն: Այս մասին կան քաղաքական մեկնաբանութիւններ: Ցարական բանակը չմիջամտեց` արգիլելու համար ահաւոր ոճիրը: Այդտեղ էր ա՛յլ օրակարգով, ոչ վասն մեր փրկութեան: Վանի մէջ եւ թերեւս այլուր, օգնեց, որ հայ բնակչութիւնը տեղափոխուի առանց զանգուածային սպանդի: Արդիւնքը նոյնպէս հայաթափում էր:

Մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն. Տարտանելի գործողութիւններու դադարէն ետք թուրքեր սկսած էին այդ բանակէն ութ զօրաբաժիններ (աւելի քան 100 հազար զինուոր) փոխադրել դէպի արեւելեան ճակատ, որպէսզի շարունակեն կիսատ մնացած ծրագիրները: Ինչպէս նշած էի, փոխադրական միջոցները չափազանց անբաւարար ու դանդաղ էին: Ցարական հրամանատարութիւնը կանուխ տեղեկացաւ եւ, հակառակ ձմրան աննպաստ եղանակին, որոշեց կանխել արեւելեան բանակի ուժեղացումը: Ռուսեր այդ պահուն ունէին մարդուժի եւ, սպառազինման յստակ գերակշռութիւն ինչպէս նաեւ 20 օդանաւ, որոնք հետախուզական, հետեւաբար եւ գումակային դեր կը կատարէին` յաւելեալ գերակայութիւն ապահովելով արշաւող բանակին:

Պատերազմը աւարտեցաւ շատ արագ: Օսմանեան արդէն իսկ թոյլ 3-րդ բանակը անկարող էր աւելի քան 600 քմ երկայնքի ճակատ պաշտպանել. մեծ կորուստներ տալով նահանջեց: Քարտէսը ցոյց կու տայ գրաւուած հսկայ տարածութիւնը: Փետ. 16-ին կամաւորական «գունդերը մտան Էրզրում, սարսափը տիրեց թուրքերուն»: Թուրքեր վրէժխնդրութենէ խուսափելու համար սկսան խուճապահար հեռանալ: Թրքական աղբիւրներ կ՛ըսեն, թէ տեղահանուած է 1,5 միլիոն թուրք բնակչութիւն որոնց կէսը մահացած է սառնամանիքի, հիւանդութեան, սովի պատճառով: Մինչեւ օրս հաւաքական գերեզմաններ կը յայտնաբերուին: Վրէժի հասկնալի զգացումը արտայայտուած է շարք մը երգերու մէջ: «Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին» … «Էրզնկայէն մինչեւ Կարին / Մաքրեցինք թուրք ցեղերին» …

Օսմանեան պետութիւնը այդ տարածքները կորսնցուց տեղահանութենէն ե՛տք: Այդ ի նպաստ չէ այն չքմեղանքին, թէ պետութիւնը այդ «ժամանակաւոր» խիստ միջոցառումին դիմեց որպէս ինքնապաշտպանութիւն:

Ցարական բանակը ծանր պարտութիւններ կրեց եւրոպական ճակատի վրայ: Ծայր տուաւ յեղափոխութիւն եւ քաղաքացիական պատերազմ: Այդ կը նշանակէր նաեւ սով եւ հիւանդութիւն: Լենին կնքեց Պրեսթ Լիթովսքի պայմանագիրը, որ ընդարձակ հողային զիջումներ կը պարտադրէր ոչ միայն օսմանեան, այլ նաեւ եւրոպական սահմաններուն վրայ: Կամաւորական գունդերը այլեւս բանակին մաս չէին կրնար կազմել: Ռուսեր  զինամթերքի խոշոր մէկ մասը յանձնեցին հայկական կողմին եւ հեռացան: Սկսաւ անկազմակերպ նահանջ …

Մարտունակութեան ոգին .- Սարըղամիշէ ետք երիտթուրքեր կատարեցին մեծ զօրահաւաք: Բանակին թիւը հասաւ 2,6 միլիոնի: Բայց այդ հսկայ բանակին միայն շուրջ 100 հազարը մարզուած զինուորներ էին: Իսկ կայսրութեան սահմանները` անհամեմատ ընդարձակ: Այդ չարգիլեց երիտթուրքերու արկածախնդիր ծրագիրները:

Երբ զինադադար յայտարարուեցաւ, Օսմանեան բանակը կը հաշուէր մօտ 300 հազար: Բանակը ունեցած էր մօտ 500 հազար զինուորի կորուստ, 400 հազար վիրաւոր եւ աւելի քան 200 հազար գերիվարուած: Իթթիհատական կառավարութիւնը հրաժարեցաւ, որպէսզի Մ. Քեմալ չպարտադրուի ընդունիլ աւելի ծանր պայմաններ: Առաջին կարգի իթթիհատականեր հեռացան կամ հեռացուեցան,  որպէսզի չներկայանան Մ. Քեմալի կազմակերպած դատավարութիւններուն: Ծանօթ է, որ Մ. Քեմալ խոհեմաբար սպաննել տուած էր ոճրագործ Թոփալ Օսմանը, որ իր գործադիր աջ բազուկը եղած էր Պոնտոսի ջարդերու ընթացքին (8):

Մէկ միլլիոն զինուոր, օսմանեան բանակի աւելի քան 40 տոկոսը դասալիք եղած էր (9): Այս անհամեմատ մեծ տոկոսը մեկնաբանութեան կը կարօտի: Բրիտանիա նոյնպէս կայսրութիւն էր: Բրիտանական բանակի աւելի քան 70 տոկոսը կը կազմէին գաղութներու հպատակներ, որոնք անձնազոհութեան պատճառ չէին կրնար ունենալ: Այսուհանդերձ, դասալքութեան տոկոսը 4 տոկոս էր: Տասն անգամ նուազ, քան օսմանեանը (10): Շուրջ 2/3-ը փախուստ տուած են իրենց զէնքերով: Այս նոյնպէս մեկնաբանելի է: Այդ կը նշանակէ, որ զինուորը պիտի դիմէ աւազակութեան եւ կամ կռուի նոյնինքն օսմանեան պետութեան դէմ:

Կռուէ փախչիլը անհամատեղելի է այն դրոյթին հետ, թէ «իւրաքանչիւր թուրք զինուոր կը ծնի»: Բայց 535 հազար մահերու միայն 68 հազարը հետեւանք էր ռազմական գործողութիւններու:  Աւելի քան 87 տոկոսը հետեւանք էր հիւանդութեան, սաստիկ եղանակի եւ վատ սննդառութեան: Օսմանեան սնանկ պետութիւնը պարզապէս անկարող էր պահել այդ թիւով բանակ: Անբաւարար էին նաեւ սպառազինումն ու զինամթերքը: Կարգապահութիւնը պահելու համար թերացողները ֆիզիքապէս անխնայ կը պատժուէին: Այդ ի հարկէ կը խորացնէր զինուորներու եւ սպաներու միջեւ գոյացած վիհը:

Առածի կարգ անցած է Եմէնը, որ իբրեւ Մեքքայի դուռն էր, եւ որուն պահպանութիւնը ու քաֆիրներէ պաշտպանութիւնը  սրբազան պարտականութիւնն է ինքնակոչ Խալիֆէ սուլթանին: Եմէն կարեւոր էր ապահովելու համար հնդկական Ովկիանոսի մէջ գործող օսմանեան նաւատորմի մատակարարման կապը Եգիպտոսի հետ: Բայց այդ նաւատորմը վաղուց զիջած էր Եւրոպական պետութիւններու նաւատորմերուն: Ինչեւիցէ: Զինուորագրեալներու պարտադիր 5 տարի ծառայութեան վրայ կը բարդուէին 8 յաւելեալ (ռէտիֆ) տարիներ: Ո՞վ կը յուսար 13 տարի ողջ մնալ Եմէնի մէջ (11): Զինուորագրեալի ընտանիքը առաջին իսկ օրէն սուգ ու շիւան կը պահէր: Այս բներքով կան ժողովրդական երգեր, յատկապէս դէպի Եմէնի «գերեզմաննոց» ուղարկուած զինուորագրեալներու կապակցութեամբ: Ինծի ծանօթ է «Եմէնի Երգը» (watch?v=3DuUoEQPa2I ), որ կ՛ըսէ «Եմէնի մէջ վարդի փոխան փուշ կը բուսնի/Գացողն ինչո՞ւ ետ չի գար արդեօք/ Մուշէն ճամբան զառիվեր է/ Գացողն ինչո՞ւ ետ չի գար արդեօք»: Երկրորդ տողը ձեւով մը թագնագիր է: «Զառիվեր»-ը սկզբնաւորութիւնն է  Մուշէն Էրզրում տանող ճամբուն: Տեղացիք գիտէին այդ: Այլ երգ մը կ՛ըսէ (watch?v=kL8Rk5GmeZA) «Գիւղին մէջ մանուկներ կու լան/սովը թոյլ չի տար որ քնանան / Ես դասալիք զինուոր մըն եմ / Հա՛րս, կապէ իմ վէրքերս / հա՛րս, թաս մը ջուր տուր ինծի»:

Օտար հողերու վրայ դարեր շարունակ պարտութիւններ կրած եւ խեղճացած Օսմանեան բանակը կորսնցուցած էր իր մարտունակութիւնը:

Հայկական կողմը կը կռուէր, որովհետեւ չկար այլ ելք ու ճար: Կը կռուէր, որպէսզի ապրի:

Հուսկ բանք.- Հսկայական կարեւորութիւն ունեցող երեք հերոսական ճակատամարտերը,  բաղդատած նախորդներուն, տարողութեամբ փոքր էին: Օսմանեան կողմը ունէր աւելի քան 50 առ հարիւր թիւի եւ սպառազինման առաւելութիւն: Այսուհանդերձ, տասնեակ քիլոմեթր ետ մղուեցաւ: Այս իրողութիւն է: Յարգա՛նք նահատակներուն:

Ապա եկան Պաթում, Պաքու եւ շատ մը այլ ցաւոտ իրադարձութիւններ: Բայց մնաց պետութիւնը: Այդ է այս օրուան իմաստը: Յուսանք, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը գիտակցի, թէ ինչպիսի աւանդ հասած է մեր օր:

———————-

(1).- Ի գիտութիւն անգիտաց, մահիկաձեւ «քրուասան»-ը հնարուած է այդ յաղթանակը նշելու համար:

(2).- Կարգ մը աղբիւրներ շատ աւելի բարձր թիւեր կու տան, աւելի քան 10 միլիոն:

(3).- Այդ երեւոյթը շատ ցաւօք առկայ է նաեւ Հայաստանի խեղճացած իրականութեան մէջ:.

(4).- Պաթումի մէջ թրքամէտ երեւոյթներ նկատելի են մինչեւ օրս: Անձնապէս առիթ ունեցած եմ զգալու այդ:

(5).- Էնվեր 1922-ին սպաննուեցաւ հայ զինուորի մը կողմէ, երբ կը փորձէր Տաճիկիստանի մէջ իսլամական ըմբոստութիւն կազմակերպել:

(6).- Փոքր տարիքիս առիթ ունեցած եմ լսելու Եղեռնէն վերապրած պատկառելի ծերունի մեր կօշկակար Եղիան, որ մաս կազմած էր այդ բանակին: Ան կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս թուրք սպաներ կը հրամայէին գրոհել դէպի բրիտանական դիրքեր, մինչ գնդացիրներ հանդարտօրէն կը հնձէին զիրենք: Ռազմանաւերէն արձակուած ծանր ռումբերը ձեւով մը փրկութիւն էին, որովհետեւ աւազին մէջ կը բանային խոշոր «ձագարներ», ուր կարելի էր պահ մը պատսպարուիլ: Որպէս ուտեստ ունէին բուռ մը հում սիսեռ: Կիզիչ արեւուն տակ պէտք էր սիսեռի հատիկները երկար ատեն բերնին մէջ պահել, որպէսզի կակուղնան:

(7).- Ի տարբերութիւն իթթիհատականներու, Մուսթաֆա Քեմալ ըմբռնած էր, որ առաջնորդը պիտի գտնուի ճակատամարտի առաջին գիծին վրայ, եւ որ սպան անձամբ պիտի առաջնորդէ զինուորները:

(8).- «Աթաթուրքի ֆետային Թոփալ Օսման» վերնագիրով կան առնուազն երկու «դիւցազներգական» ժապաւէններ եւ այլ երկեր:

(9).- 2600 – (500 + 200 + 400 + 300)  = 1100 հազար կամ 1,1 միլիոն:

(10).- Հ. Եաշար, «Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն դասալիք զինուորներու հարցերու արժեւորում մը», Journal Of Modern Turkish History Studies, գարուն 2016:

(11).- Այշէ Հիւր, «Օսմանական ամէնէն մեծ գերեզմանատունը` Եմէն», «Ռատիքալ», 29 մարտ 2015:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102-Ամեակ. 1920-ի Կառավարութեան Անդամներուն Զգեստները Եւ Սնունդը

Յաջորդը

28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու Եւ Դրամանիշներու Հեղինակ` Գծագրիչ Արշակ Ֆեթվաճեան

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?