Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս 28… Նոր Խոստումներ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են արհաւիրքներով, վերիվայրումներով, ապա` խոյանքներով: Կոչենք զայն ճակատագի՞ր, թէ՞ նախախնամութիւն կամ թէ պարզապէս` աշխարհաքաղաքական վայրի հետեւանք: Հարց մը, որուն ճշգրիտ պատասխան չունինք, բայց յստակ է, թէ նոյնիսկ ամէնէն դաժան պայմաններու տակ հայ ազգը իր ամեհի դիմադրողական ուժով կրցած է մարտնչիլ, մաքառիլ ամէնէն վայրագ ոսոխին դէմ եւ գոյատեւել աւելի քան 3000 տարի: Մեր ազգի ողջ պատմութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է այս խօսքերուն:

Կասկածէ ամբողջովին վեր է, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Մայիս 28-ի այս փառապանծ թուականը եղած է ամէնէն կարեւոր թուականը արդի հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: 600 տարի անարգ գերութեան եւ ճակատագրի անողոք հարուածներուն վերջ դնելով, հայ ժողովուրդը միասնակամ եւ միասնական պայքարէ ետք, կը ձերբազատի իր շղթաներէն, թուրքին լուծէն եւ անկախութիւն գոռալով կ՛իրագործէ ամենապանծալի յաղթանակը` ծնունդ տալով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան:

Մայիս 28-ով մենք ճանչցուեցանք իբրեւ ազգ, վերագտանք մեր ինքնութիւնը ու վերակերտեցինք մեր հոգեկան դիմագիծը:

Մայիս 28-ի յաղթանակը ճառագայթեց, իր արեւոտ շողերով լուսաւորեց ու ջերմացուց հայկական մռայլ երկնակամարը, եւ ի մասնաւորի ան մեզի պարգեւեց ապագայի չքնա՛ղ հեռանկար:

Անկախացած հայրենիքը միջազգային պետութիւններու առջեւ միանգամընդմիշտ դրոշմեց ազատ Հայաստանի սահմանները, որոնք մոռցուած էին շատ մը ազգերու կողմէ: Հայը ներկայացաւ իբրեւ պետութիւն, եւ ո՛չ թէ շրջանին մէջ ապրող եւ թափառական ժողովուրդ: Հայրենիքին հանդէպ տառապող հայ ժողովուրդի սէրը աւիշ եւ աւի՛ւն դարձած էին, կը հոսէին իրենց երակներուն մէջ: Անոնք մղեցին զիրենք դէպի պայքար մինչեւ յաղթանակ, դէպի` մա՛հ կամ ազատութի՛ւն:

Այսօր, 102 տարիներ ետք, ի՞նչ են մեր մարտահրաւէրները, եւ ի՞նչ պէտք է ըլլան մեր խոստումները, նուիրումը` ի յիշատակ եւ ի յարգանս 1918-ի վեհերուն:

Այսօր վերանկախացած հայրենիքը տակաւին կենսական օրհասական հարցեր ունի: Ան տակաւին պաշարուած է նոյն արիւնարբու թշնամիներով: Աւելի քան երբեք մեր սահմանները վտանգուած են հերթական խափանարարութիւններով: Իմացապաշտ վերլուծումները մեզի կը պարզեն, թէ հայրենիքը գոյութենական ժամանակներ կ՛ապրի: Ան պաշարուած է թշնամիներով, որոնք անընդհատ կը հնչեցնեն պատերազմ հրահրող կարգախօսներ:

Մեր բոլորին կեանքի սեւեռակէտը եւ գործին առանցքը այժմ պէտք է դառնայ Հայաստանի հզօրացումը, իրապաշտ քաղաքականութիւնը` հիմնուած բանական եւ գործնական ազդակներու վրայ, եւ ոչ թէ զգացումի:

Ասիկա պէտք է ընենք, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ քաղաքական ամէն լուծում մերժուած է Պաքուի կողմէ, որ անընդհատ կը շարունակէ մաշեցնող պատերազմը մեզի հանդէպ, նաեւ լաւապէս գիտակցելով, թէ Ազրպէյճանի մէջ ներքին սուր պայքար կայ` պետութեան եւ թալիշ, լազ ու այլ ցեղախումբերու միջեւ, որոնք անջատում կ՛ուզեն կեդրոնական կառավարութենէն: Դժբախտ պատերազմի մը պարագային մեզի կը մնայ յառաջանալ մինչեւ Կուռ գետը, որ կը նկատուի Արցախի բնական սահմանը, հրահրելով եւ գրգռելով ներքին պայքարը, որ պիտի յառաջացնէ Ազրպէյճանի փլուզումին: Այս է միակ վերջնական լուծումը Արցախեան հարցին, երբ բոլոր դիւանագիտական այլ միջոցները ապարդիւն են եւ մեզ անելի առջեւ կը դնեն:

Կայ այլ հիմնական մարտահրաւէր մը, զոր բոլորս պէտք է նկատի առնենք ու զայն մերժենք, այդ ալ 1921-ի մարտին Մոսկուայի «Եղբայրութիւն պայմանագիր»-ն է, որ ապա շարունակուեցաւ հոկտեմբեր 1921-ի «Կարսի պայմանագիր»-ով, որ ստորագրուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի «Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողով»-ին կողմէ, որ ապա եղաւ ներկայիս Թուրքիան, եւ միւս կողմէ Լենինի համայնավար Ռուսիան, որ ապա եղաւ Խորհրդային Ռուսիա: Այս պայմանագիրին հետեւանքը եղաւ Կարսի, Արտահանի, Իգտիրի, Սուրմալուի, Անի քաղաքի աւերակներու եւ Արարատի յանձնումը, չըսելու համար «նուիրումը» պոլշեւիկներուն կողմէ Քեմալական Թուրքիոյ, ապա Նախիջեւանի յանձնումը, «նուիրումը» Ազրպէյճանի:

Մեր պապենական հողերը, որոնք ազատագրուած են հայ հերոսներու արեամբ, «իրենք», այսինքն վատ պոլշեւիկները, որոշեցին «նուիրել» թուրքերուն, եւ այս ամէնը առանց որեւէ խորհրդակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներու հետ: Պայմանագիր մը, որ երբեք վաւերացում չէ ստացած Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ, բայց դժբախտաբար նաեւ երբեք չէ մերժուած, հերքուած, ժխտուած վերանկախացած հայրենիքի կառավարութեան կողմէ…

Մայիս 28 թուականը իբրեւ խորհուրդ, իբրեւ ուժ, իբրեւ հաւատք, իբրեւ միտք թանձրացեալ, թաքնուած է միշտ մեր ցեղին էութեան մէջ: Ազգեր ու ժողովուրդներ չեն մեռնիր, երբ գիտեն մեռնիլ գաղափարի արդարութեան եւ ազատութեան համար: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ կ՛ապրի միայն իր առօրեայ հարցերով եւ չունի գերագոյն իտէալներ:

Անկախ ապրելու յախուռն պահանջը մեզ պիտի մղէ անկասկած նորանոր նուաճումներու, նորանոր պայքարներու եւ ի հարկին` մարտերու, որպէսզի իրականացնենք երազը մեր անհամար նահատակ հերոսներուն, որոնք ինկան թշնամիին հարուածին տակ, որպէսզի մենք ապրինք ազատօրէն, ապրինք հայօրէն եւ մանաւանդ` ապրի միացեալ, ազատ ու անկախ հայրենիքը:

 

 

Նախորդը

Մայիս 28. Յիշել Եւ Խօսի՛լ Այժմէական Կենսականի Մասին

Յաջորդը

«Հերոսը Ինքը Ժողովուրդն Է»

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?