Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լիբանան բանակցելու սկսած է Միջազգային Դրամական Ֆոնտին (ՄԴՖ) հետ, եւ լիբանանեան քաղաքական հեղինակութիւն մը Ժումհուրիա օրաթերթին կը յայտնէ թէ բանակցութիւնները պիտի տեւեն առնուազն չորս ամիս, կը տեղեկացնէ Ազդակ Նիուզի արագ լրահոս մը Մայիս 23ին: ՄԴՖէն պարտք վերցնելու աննախընթաց այս քայլը կառավարութիւնը կ’առնէ երկրի ընկերատնտեսական ամբողջական փլուզման եւՔՈՎԻՏ-19 համավարակի դեռեւս շարունակուող ճգնաժամի պայմաններու մէջ: Ալ-Ժազիրայի կայքէջին վրայ նոյն օրը հրատարակուած վերլուծական ակնարկով մը Հապիպ Պաթթահ իրապաշտօրէն դիտել կու տայ, որ երկիրը այս ճգնաժամին հասցուցած պատճառները շատ աւելի բարդ են քան այն ինչ ենթադրել կու տայ քաւութեան նոխազ մը փնտռելու նախանձախնդրութիւնը:
Նման եզրայանգում մը կրնայ դիւրաւ ընկալուիլ որպէս կացութեան պատասխանատու փնտռելէ խուսափելու հրաւէր, եւհետեւաբար՝ ֆինանսական ոճիրներու անպատժելիութեան շարունակում: Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակներէն վերջինը բերելու համար, 2008ի ֆինանսական փլուզումէն յետոյ, երբ Օպամայի վարչակարգը անտեսեց քանի մը մեծ դրամատուներու սնանկացումը՝ ի փրկութիւն ֆինանսական համակարգին, որ եւերկու տարի անց արդէն «վերաբնականոնացուած» էր եւկը գործէր առանց կառուցային ոչ մէկ բարեփոխումի: Բայց Պաթթահ յօդուածի աւարտին կը գրէ թէ ինչ որ Լիբանանին կը պատահի համանման է բազմաթիւ այլ «երկիրներու, ժողովուրդներու եւպայմաններու, ուր քաղաքական եւտնտեսական իրականութիւնները շաղկապուած են եւբոլորը կը բաժնեն միեւնոյն խոցելիութիւններն ու ամենամութ վախերը»: Այլ խօսքով՝ լիբանանեան ֆինանսական համակարգը, որ երկրի ստեղծումէն ի վեր տարածաշրջանին եւթերեւս համաշխարհային մասշտապով այնքան առանձնակի էր որքան թայֆական համակարգը այլեւս այնքան ալ առանձնայատուկ չէ: Եւ թերեւս այդպէս եղած էր միայն անտեսելով անոր կառուցային մեծ խոցելիութիւնը, որ յատկապէս արտաքին պարտքը կը բացայայտէ:
Մէկ օր առաջ, 22 Մայիսին, Արժանթինի կառավարութիւնը պաշտօնականացուց իր որոշումը՝ արտաքին պարտքի վճարումը չկատարելու եւպատրաստակամութիւն յայտնեց պարտատէր ձեռնարկութիւններու հետ շարունակելու բանակցութիւնները երկու կողմերը բաւարարող համաձայնութեան մը հասնելու համար: Թեքնիք իմաստով երկիրը տիֆոլթի մէջ յայտնուեցաւ եւպարտատէրերէն որեւէ մէկը կրնար եւհարցը յանձնել Նիւ Էորքի արդարադատ ատեաններէն մէկուն ինչպէս պատահեցաւ անցեալին: Կառավարութեան որոշումը անակնկալ մը չէր: Տնտեսութեան նախարար Մարթին Կուզման արդէն «անեկտոտային» համարած էր ժամկէտը եւկառավարութիւնը յստակ պատգամ մը փոխանցած պարտատէրերուն. երկիրը չի կրնար վճարել այն պայմաններով որոնք անհատական պարտատէրերը կ’առաջարկեն, բայց պատրաստ է բանակցելու իր փոխ-առաջարկին հիման վրայ, որ միջազգային ֆինանսական շուկային վրայի շահոյթէն աւելի է:
Անակնկալ չեղաւ պարտատէրերու հակազդեցութիւնը: Ընդունեցին նոր պայմանաժամն ու բանակցութիւններու շարունակումը: Արժանթինը վերջին անգամ տիֆոլթ յայտարարեց 2001ի Դեկտեմբերին, ընկերատնտեսական փլուզումէն անմիջապէս յետոյ եւարդիւնքը եղաւ շատ վատ յաջորդ տարուայ ընթացքին: Փաստօրէն, ֆինանսաւորման ամէն աղբիւրները փակուեցան: Երկու տարի յետոյ միայն, տնտեսական վերաշխուժացման հետ, բանակցութիւնները աւելի հեշտ դարձան: Ատով հանդերձ, ոչ բոլոր պարտատէրերը ընդունեցին պայմանները, եւանոնց մէկ սակաւաթիւ հատուած հարցը յանձնեց Նիւ Եորքի դատական ատեանին: Այս անգամ ալ ոչ բոլոր պարտատէրերը համաձայն են, բայց ամենէն կարեւորները սպառնացին առանձնանալ եւհամաձայնութեան հասնիլ, ինչ որ եւճնշումի տակ դրաւ աւելի փոքր գումարներու հետ գործ ունեցողները:
Անոնք որոնք կ’ուզէին դադրեցնել բանակցութիւնները իրենց կարծր կեցուածքը կը հիմնաւորէին ըսելով որ Արժանթինի չվճարելու կեցուածքը կրնայ քաջալերէր ուրիշ երկիրներ, որոնք եւս իրենց արտաքին պարտքը վերատեսութեան ենթարկելու կարիքը ունէին, իրենց կարգին չվճարելու որոշում տալու: Իրենց ուշադրութեան առարկան է, ըստ Րէոթըրզի, Լիբանանը: Անոնք որոնք ի վերջոյ կշիռը տարին բանակցութիւններու շարունակման կողմը հիմնականին մէջ երկու պատճառ առաջ կը քաշէին. Ալպերթօ Ֆերնանտէսի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէր վճարելու եւկը վստահէին իրեն, բայց նաեւ՝ միջազգային պայմանները չէին այն ինչ 2001ին, որով եւ(ա) Արժանթին ունի ԱՄՆի եւմասնաւորաբար եւրոպական պետութիւններու, ինչպէս նաեւմիջազգային ֆինանսական հաստատութիւններու վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը, եւ(բ) համաշխարհային տնտեսական համակարգը իր ամբողջութեամբ համավարակի պայմաններու մէջ անորոշ անմիջական ապագայ մը կը դիմագրաւէ:
Արժանթինի պարտքի տոկոսներու ժամկէտէն երկու օր առաջ ՄԴՖի խօսնակ Ճէրրի Րայս «քաջալերական» որակած էր երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ բանակցութիւնները շարունակելու համար, յոյս յատնելով որ անոնք հասնին համաձայնութեան մը որ թոյլ տայ Արժանթինի տնտեսութիւնը դնելու կայուն բարգաւաճման ուղիին վրայ: Ճիշդ է որ ՄԴՖ եւս շահ ունի, որ Արժանթինն ու իր պարտատէրերը համաձայնութեան մը հասնին որովհետեւիր հետ երկրի ունեցած պարտքի մարման ժամկէտը 2022ն է, երբ նախընտրելի է բանակցութեան սեղանի վրայ ունենալ իր ֆինանսական կարողականութիւնը վերականգնած երկիր մը, որ օրինակելի պարագայ պիտի ըլլայ ՄԴՖի միջազգային հեղինակութեան համար: Մանաւանդ այնպիսի ժամանակ մը երբ միջազգային տնտեսական հաստատութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի յետ-համավարակեան աշխարհակարգի կառուցման պատասխանատւութեան դէմ յանդիման:
Այդ մասին է հաստատութեան նորընտիր ընդհանուր տնօրէնուհի Քրիսթալինա ԿԷօրկիեւայի հարցազրոյցը ԹԵՏ Թոլքի տնօրէն Քրիս Անտերսընի հետ, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 18ին եւարդէն ձեռնարկութեան կայքէջին վրան է: ՄԴՖի այդ դերը արդէն սկսած է. Կէօրկիեւայի համաձայն, հաստատութիւնը ՔՈՎԻՏ-19ի պայմաններու մէջ ֆինանսական աջակցութեան դիմում ստացած է 90 երկիրներէ եւանոնցմէ 56ին հետ արդէն ընդհանուր փաթեթներու համաձայնութիւն գոյացուցած է: Ինչ որ համաշխարհային մասշտապով պիտի գայ «մեծ յետընթաց» մըն է ի մտի ունենալով տնտեսական անկումը որ համավարակը արդէն կը պատճառէ, եւանհրաժեշտ է «մեծ փոփոխութիւն մը՝ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը ընելու համար», կ’ըսէ Կէօրկիեւա: Լաւատեսութեան հրաւէրի այս բանաստեղծական թռիչքէն անկախ, ինչ որ ՄԴՖի արտայայտած մտքերուն մէջ շրջադարձ մը կարելի է նկատել անոր քէյնէզեանական թեքումն է, որով եւանհրաժեշտ կը նկատէ սպառումի համար գումարներու տրամադրումը ի խնդիր տնտեսական վերաշխուժացման: Շատ հեռու ենք «գօտիներու սեղմում»ի եւ«պետական ծախսերու կրճատում»ի երբեմնի նէօլիպերալ տոկմաներէն:
Համավարակի պայմաններու մէջ ՄԴՖին դիմած երկիրներու շարքին է նաեւՀայաստանը: Դիմումը հասկնալի եւբնական է, եթէ նկատի ունենանք տնտեսական շատ աւելի մեծ կարողականութիւն ունեցող երկիրներն իսկ, ինչպէս Իրանը, այս պայմաններուն մէջ դիմած են միջազգային հաստատութեան: Բայց արդարացի են նաեւբոլոր այն ձայները որոնք կը քննադատեն իշխանութիւններուն որոշումը եւկը զգուշացնեն անոր հետեւանքներէն: Ոչ ալ նոր է այս զգուշացումը: Արտաքին պարտքը միջոց մըն է երկրի տնտեսութեան դիմագրաւած ֆինանսական դժուարութիւններու լուծում մը գտնելու համար, պայմանով որ պարտքի վերառումը հիմնուած ըլլայ տնտեսական բարգաւաճման ծրագրի մը վրայ, անոր պայմանները ըլլան թափանցիկ, եւօրուան իշխանութիւններուն եւընդդիմութեան միջեւըլլայ համախոհութիւն: Այս ձեւիվ միայն պարտք վերցնելու պատասխանատւութիւնը ամենէն առաջ պիտի ենթադրէ նորահաս սերունդներուն վրայ պարտքի մարման ծանր բեռ մը չդնելու յանձնառութիւնը: Արդ, Հայաստանի արտաքին պարտքի սկիզբէն (1995) ի վեր տիրապետող եղած է այդ պարտքը վերցնելու եւմարելու նէօլիպերալ մօտեցումը: Ընդ որում անտեսուած է քաղաքական համախոհութեան ամէն նախանձախնդրութիւն եւգրաւը դրուած զուտ շուկայական տրամաբանութեան վրայ: Շատ ալ զարմանալի չէ այս մէկը. ֆինանսները, յատկապէս օֆֆշորային ֆինանսները, խորքին մէջ երբեք չեն վստահած ոչ ժողովրդավարութեան, ոչ ալ թափանցիկութեան, իսկ պետութիւններուն կարիքը զգացած են միայն վերահսկողական ամէն մեքանիզմ կարելի եղածին չափ թուլացնելու եւվերցնելու համար:
Հայաստանի մէջ դրամատիրութեան պատմութիւնը, եւհետեւաբար՝ արտաքին պարտքի կուտակումը, յարաբերաբար նոր եւհամաշխարհային մասշտապով անկարեւոր է: Լիբանանի պարագային, դեռեւս 1948ին Պէյրութը Հայֆային փոխարինեց որպէս Միջին Արեւելքի դրամատնային կեդրոն, ուր եւյաջորդ գրեթէ երեք տասնամեակներուն տեղի ունեցաւ քարիւղով հարուստ տարածաշրջանին հետ առընչակից ֆինանսական բոլոր գործողութիւնները ամենայն ազատութեամբ պատմական այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ տնտեսական աշխարհակարգի մէջ ֆինանսական հոսքերու պետական վերահսկումը չափանիշ էր: Պէյրութի մէջ էր նաեւ, որ 1966ին Ինթրա դրամատան սնանկացումը հանդիսացաւ «Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ի վեր դրամատնային աշխարհի ամենամեծ աղէտը», ինչպէս կը գրէ Ր. Թ. Նէյլըր օֆֆշորային դրամագլուխի եւ«պարտքի քաղաքականութեան» մասին իր աշխատասիրութեան մէջ (Hot Money and the politics of debt. Montreal: Black Rose Books, 1994, էջ 35): Զուգահեռ մը կա՞յ արդեօք ֆինանսական այդ առաջին փլուզման եւներկայ ճգնաժամին միջեւնկատի ունենալով 1990ականներուն Պէյրութ հոսած հսկայ դրամագլուխը որուն եւհետեւանքն է երկրի արտաքին պարտքի ներկայի ահաւոր բեռը…
Բաղդատական այս զուգահեռն ու հարցումը Լիբանանի արտաքին պարտքի կուտակման մասին հաւանաբար երբեք չեն քննարկուած առանց թայֆականութեան հայելիէն անցնելու: Հայաստանի պարագային լաւ կ’ըլլայ որ ընդհանրապէս տնտեսութեան նէօլիպերալ մօտեցումը եւերկրի արտաքին պարտքի կայացման գործընթացն ու ներկայ կացութիւնը լայն քննարկումի դրուին եւառաջացնեն այլընտրանքային մօտեցումներ նախքան ֆինանսական փլուզում մը, որ երկրին համար պարզապէս աղիտալի կրնայ ըլլալ: Նէօլիպերալ տոկմայէն հեռացումը թապու չէ այլեւս: Նոյնիսկ ՄԴՖ այդ քայլին հակամէտ կը թուի ըլլալ: