Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսը` Յաղթանակներու Ամիս

May 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

«Երբ չի մնում ելք ու ճար
Խենթերն են` գտնում հնար…»:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Մենք` հայերս, այս սկզբունքով եւ այս ոգիով Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ մարտնչեցանք:

Եթէ այս գիտակցութեամբ եւ այս շունչով տոգորուած չըլլայինք, ապա պիտի չկարենայինք կերտել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Եթէ սոյն ոգիով գօտեպնդուած չըլլայինք, պիտի չկարենայինք դէմ դնել Հայաստանը դարերով թիրախ դարձուցած թշնամիներուն` այս պարագային թուրքերուն ոտնձգութիւններուն:

Եթէ այս հաւատքով լիացած չըլլայինք, պիտի չկարենայինք բռնագրաւուած Արցախ աշխարհը Ազրպէյճանէն վերստին վերցնելով` Հայաստանին միաւորել:

Հայուն անպարտելի ոգիին դրսեւորումին ականատեսը եղած ենք մայիս ամսուան մէջ:

Մայիսը հայերուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան նախ նուիրուած է Տիրամօր եւ անոր ընդմէջէն հայ մօր: Մայրն է, որ սփիւռքի մէջ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ եւ հայուն հայ մնալու դժուարին աշխատանքին մէջ կարեւոր ու էական դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

Մայիսին է, որ հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերը արձանագրուած են` սկսած Աւարայրի ճակատամարտէն` 26 մայիս 451-ին, ուր հայը ո՛չ ըսաւ կրօնափոխութեան եւ նախընտրեց նահատակութեան պսակը կրել, քան պարսիկներուն լուծին տակ մնալով իրենց կրօնը` զրադաշտականութիւնը դաւանիլ:

Միեւնոյն ոգին թեւածելով 15 դարեր ետք յայտնուեցաւ Սարդարապատի,  Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մէջ: Այս անգամ եւս համազգային էր պոռթկումը, ուր հայը վճռեց կա՛մ բուռ մը հայրենի հողին տէր կանգնիլ եւ հայրենազուրկ չըլլալ,  կա՛մ այս փոքրիկ տարածքն ալ կորսնցնելով` ազգովին ոչնչանալ:

Օրհասական այս պահուն էր, որ թուրքը առաջին անգամ ըլլալով տեսաւ հայուն մարտունակ ոգին. տեսաւ, որ եթէ պէտք ըլլայ` հայը իր կեանքը կը զոհէ հայրենիքի փրկութեան համար: Եթէ այս ոգին չունենայինք` պիտի չյաղթէինք, եւ եթէ չյաղթէինք` հայրենիք պիտի չկերտէինք եւ այս (28 մայիս 1918-ին հռչակուած) հանրապետութեան արգասիքը 70-տարիներ ետք պիտի չքաղէինք` Արցախ աշխարհի` Հայաստանին միաւորուելու պայքարին մէջ, որ սկիզբ առաւ 20 փետրուար 1988-ին` Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու որոշումով եւ լրումին հասաւ 8 մայիս 1992-ի  երեկոյեան 9:00-ի լուսաբացին` անառիկ բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրումով:

Սարդարապատէն Արցախ կամրջող փառահեղ այս յաղթանակներուն շնորհիւ է, որ սփիւռքահայերս` վտարանդի ըլլալով հանդերձ, մեր գաղթօճախներուն մէջ կ՛ապրինք ճակատաբաց. եւ կը տարբերինք միւս փոքրամասնութիւններէն` այն առումով, որ մենք ունինք մեր ուրոյն լեզուն, մեր սեփական հայրենիքը, այդ հայրենիքի եռագոյն դրօշը կը ծածանի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին վրայ.  մեր քայլերգը կը հնչէ այնտեղ, ուր մեր երկրին նախագահը կամ այլ բարձրաստիճան այրեր պետական մակարդակի հրաւէրով կը դիմաւորուին,  կամ` մեր երկիրը ներկայացնող մարզիկներուն` ախոյեանութեան բաժակի շնորհումի պահուն:

Այս բոլոր ձեռքբերումներուն շնորհիւ հպարտանալու, զատորոշուելու իրաւունքը  ունինք:

Կը մնայ յուսալ, որ գեղեցիկ օր մը,  Արցախի Հանրապետութիւնը եւս աշխարհի մեծ տէրութիւններուն կողմէ ճանաչում գտնէ, որպէսզի Արցախին վերաբերող մեր պայքարը եւս  իր տրամաբանական աւարտին հասնի:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (27 Մայիս 2020)

Յաջորդը

Սարդարապատ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.