Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարսանիք Լեռներում»

Մայիս 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բժիշկ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Գարունը իր իրերայաջորդ երկու՝ ապրիլ ու մայիս ամիսներով հակասական ապրումներու ու մտորումներու տեղիք կու տայ։ Մեր ազգի ցաւն ու տառապանքը մարմնաւորող ապրիլը, չսպիացող վէրք հանդիսանալով հանդերձ, չվերածուեցաւ ազգի ինքնակործանման ու ինքնաոչնչացման ազդակի, այլ եղաւ յառաջիկայ հայկական մայիսներու կերտման խորհրդանիշ։

Կարելի չէ անջատաբար դիտարկել 1918 թուականի Մայիսեան Արարատեան դաշտավայրի եկեղեցիներու թախծող ու արիւնաքամ, բայց միաժամանակ վճռական ու պարտաւորեցնող ղօղանջը եւ 1992 թուականի մայիսին հայկական լեռնաշխարհի գոհարը հանդիսացող Շուշիի լեռներուն մէջ կազմակերպուած «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան կանչերը։

Գրեթէ մէկ դարեայ ընդհատումէն ետք, կրկին արիւնալի գինարբունք էր հայկական բարձրաւանդակին վրայ։ Փանթրքութեան արեւելեան թեւի այժմեան թիրախը այդ ժամանակուան «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի» մայրաքաղաք Ստեփանակերտն էր, իսկ ելակէտը՝ Արցախ աշխարհի երբեմնի մայրաքաղաք, մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ տարածաշրջանի մշակութային ու քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն օճախ հանդիսացող Շուշի քաղաքն էր։ Շուշիի բարձրադիր դիրքը պատուհաս դարձած էր Ստեփանակերտի հայ ազգաբնակչութեան համար, որոնք առօրեայ դրութեամբ ենթակայ էին Շուշիէն արձակուած մահաբեր արկերու տարափին։ Պահը օրհասական էր եւ պէտք էր որոշում կայացնել՝ կա՛մ Ստեփանակերտը դատարկել իր սեփական բնակչութենէն, խուսափելու համար մարդկային զոհերէն, եւ կամ անհրաժեշտ էր լռեցնել մահաբեր այդ օճախը։ Վճիռը չուշացաւ՝ «Ամէն գնով ազատագրել Շուշին»։

«Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը ռազմական առումով լուծեց իր առջեւ դրուած հարցը եւ անկարելի համարուող առաքելութիւնը իր լրումին հասաւ Քաշաթաղի շրջանի ազատագրումով եւ Մայր Հայաստան-Արցախ ողջագրկումով։

Մօտաւորապէս երեսուն տարիներ կը բաժնեն մեզ հերոսական մաքառման այդ օրերէն, երբ արդէն կը կերտէինք երկու հայկական պետութիւններ՝ իրենց բազում-բազմապիսի չլուծուած հարցերով ու մարտահրաւէրներով, որոնք կարիք ունին մեր սրտցաւ ու բարեխիղճ յանապազօրեայ զօրակցութեան։ Համախմբող ու նորարարական գաղափարներն ու մօտեցումները կրնան ապահովել մեր երկրի կայուն զարգացումն ու բարգաւաճումը։

«Հարսանիք լեռներում» գործողութեան ճիգերը անհրաժեշտ է տեղափոխել պետականաշինութեան ոլորտ։ Այս գործողութիւնը թերաւարտ կը համարուի այնքան ատեն որ լիարժէքօրէն չեն իրագործուած այդ գործողութեան հեռահար նպատակները՝ ունենալ միասնական, կայուն ու յարատեւ զարգացող պետութիւն, իր բոլոր պետական բաղադրիչներով, ուր ազգային արժեհամակարգը գերագոյն արժէք է, եւ ուր քաղաքացին ամբողջովին եւ լիիրաւ կերպով պաշտպանուած է։

Հալէպ

Ծանօթութիւն.- Անտիպ լուսանկարները եւ ձեռագիրը`Հալէպէն, տէր եւ տիկ. Խորէն եւ Շաքէ Փիլաւճեանններու հաւաքածոյէն։

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Մայիս 2020)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?