ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ
Քարոզչական յանձնախումբ
28 Մայիս 1918-ին հայութեան պատմութեան էջերուն մէջ կ՛արձանագրուի յատուկ դրոշմ եւ խորհուրդ ձգած յաղթանակ մը: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն աւելի քան 850 տարի ետք հայ ժողովուրդը կ՛ունենայ ազատ, անկախ եւ սեփական հանրապետութիւն:
Այս նուաճումը կ՛իրականացուի հարիւրաւոր հաւատաւորներու եւ հերոսներու նահատակութեամբ, որոնք 21-28 մայիսի միջեւ տեղի ունեցած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն քաջաբար դէմ կը դնեն թրքական զօրքերուն:
Փոքր տարածութեան մը մէջ կը ծածանի եռագոյն դրօշը, զոր Եղիշէ Չարենց նկարագրած է` ըսելով, որ «Երեւան քաղաքում, հնամեայ Մասիսին մօտիկ, Մասիսի պէս հզօ՜ր, կանգուն, ելեր է նայիրեան ոգին, ելեր է հզօր, անյաղթ, պարզեր է երեք գոյն դրօշ…»:
Առաջին Հանրապետութիւնը դժբախտաբար կը գոյատեւէ միմիայն 2 տարի, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը կը շէնցնէ բառին բուն իմաստով պետութիւն մը: Հայաստան կ՛ունենայ խորհրդարան մը` բաղկացած 80 անդամներէ, որուն առաջին ընտրութեան կը մասնակցին ընտրողներու մօտ 75 առ հարիւրը, որոնցմէ 90 առ հարիւրը կը քուէարկեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Հայաստան կ՛ունենայ 4 վարչապետներ` Ալեքսանտր Խատիսեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան եւ Սիմոն Վրացեան, որոնց կազմած կառավարութիւնները կ՛ունենան 9 նախարարութիւններ` ներքին գործոց, արտաքին գործոց, զինուորական, ելեւմտական, գիւղատնտեսութեան եւ պետական գոյքերու, արդարութեան, պարէնաւորման, խնամատարութեան եւ հաղորդակցութեան: Հայաստանի մէջ կը հաստատուի ժողովրդավար համակարգ, որուն մէջ նաեւ կը շեշտուի պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ յստակ անջատում մը:
«Երեւանը չենք դատարկի» կը գոչէ Արամ Մանուկեան 1918 Մայիս 28-ին, իսկ այսօր` 28 Մայիս 2020-ին մեր պարտականութիւնն է իբրեւ հայ երիտասարդներ եւ առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներուն յաջորդները որ միաբերան գոչենք, շեշտենք եւ երդում կատարենք, որ մեր միտքերը, գաղափարները ու շրթները երբեք պիտի չդատարկենք «Հայրենիք» կոչուած սուրբ արժէքէն:
«Արիւններու եւ սարսափին մէջէն յառնող ո՜վ դուն Փիւնիկ», կ՛ըսէ Անդրանիկ Ծառուկեան «Հայ Դրօշին» վերնագիրով իր բանաստեղծութեան մէջ` աւելցնելով, որ «Պիտի մնաս դուն, հա՛յ դրօշ, որքան որ կեանքը մեր մնայ»:
Հետեւաբար, փիւնիկի նման 850 տարի ետք յարութիւն առած Հայաստանն ու եռագոյն դրօշը կը մնան մեր մտքերուն մէջ, կը հոսին մեր երակներուն մէջ եւ յաւիտենական կերպով փորագրուած կը մնան մեր սրտերուն վրայ, որովհետեւ ա՛յդ է 28 Մայիս 1918-ի պատգամը, ա՛յդ է հայ ըլլալը եւ այդ է 21-րդ դարուն ձուլում կոչուած նոր ցեղասպանին դէմ պայքարող հայ երիտասարդ ըլլալը: