Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախցի Կիներ Հանդիպում Ունեցան Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Դիւանագիտական Բաժինի Պետին Եւ Յանձնեցին Իրենց Բաց Նամակը
Երեւանի մէջ ժամանակաւորապէս ապրող արցախցի կանայք հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիւանագիտական բաժինի պետին հետ:
Արցախցի կիները այս հանդիպումին ընթացքին միջազգային հանրութենէն պահանջեցին համարժէք արձագանգ կատարել Արցախի մէջ թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական յարձակումներուն եւ դեսպանատան ներկայացուցիչին յանձնեցին նամակ մը, որուն մէջ նշած են իրենց պահանջը` հանդիպում մը ունենալ դեսպան Լին Թրէյսիի հետ:
«Մենք յանձնեցինք նամակի տեսքով ձեւակերպուած մեր պահանջը եւ յայտնեցինք, որ պատասխանը պէտք է շատ արագ ստանանք, այլապէս կրնանք դիմել ծայրայեղ քայլերու: Անհրաժեշտութեան պարագային վրաններ պիտի լարենք եւ այստեղ ապրինք: Մենք չունինք ուրիշ հայրենիք կամ ուրիշ բնակավայր», շեշտած է Ադամեան եւ աւելցուցած է, որ իրենք պահանջած են նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ հանդէս չգան միայն յայտարարութիւն կատարելով:
Լիանա Ադամեան հաղորդած է, որ դեսպանատան դիւանագիտական բաժինի պետը իրենց պատասխանած է, որ պիտի փորձէ հանդիպում մը կազմակերպել դեսպանին հետ:
Արցախցի կիներու ձեռքերուն կային պաստառներ, որոնց վրայ կային տարբեր գրառումներ, ինչպէս, օրինակ, «Մենք կը պահանջենք պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ», «Դադրեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ի անդամը կը սպաննէ մեզ» եւ այլն:
Արցախցի կիները նաեւ կը վանկարկէին, թէ` «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք», «Կոյր մի՛ ըլլաք», «Մի՛ լռէք», «Կանգնեցուցէ՛ք Էրտողանը», «Ճանչցէ՛ք Արցախը» եւ այլն:
Բիւրականի Աստղադիտարանը Կազմակերպած Է Արցախցիներու Մշակութային Առօրեան
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանը արդէն 3 շաբաթէն աւելի է, որ իր հիւրատան մէջ կը հիւրընկալէ Արցախէն եկած բնակիչները, հիմնականօրէն` երեխաներ, ինչպես նաեւ` զանոնք խնամող մայրեր, տատիկներ եւ պապիկներ: Աստղադիտարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներու եւ Բիւրականի համագիւղացիներու ջանքերով արցախցիներու համար ստեղծուած են յարմարաւէտ պայմաններ:
Երեխաները բնականոն կերպով կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը Բիւրական գիւղի դպրոցին մէջ: Անկէ բացի, աստղադիտարանը կը զբաղի վերջիններուս մշակութային եւ ժամանցային հարցերով, որպէսզի պատերազմական իրավիճակին մէջ անոնց առօրեան դարձնէ շատ աւելի հետաքրքրական եւ գունեղ: Մշակութային ծրագրի շրջանակներուն մէջ անոնց համար կազմակերպուած են տարբեր ձեռնարկներ` հանրամատչելի դասախօսութիւններ աստղագէտներու, հրաւիրեալ հիւրերու մասնակցութեամբ, օգտագործելով աստղադիտարանի այգին` բուսաբանութեան եւ անգլերէնի դասընթացքներ, գիտական ճանաչողական դասընթացքներ, այցելութիւններ տեսարժան եւ մշակութային բազմազան վայրեր եւ այլն:
Այս ընթացքին երեխաները հասցուցած են այցելել Վ. Համբարձումեանի տուն-թանգարան, ծանօթանալ աստղադիտարանի գործունէութեան, կատարել աստղադիտում, առցանց հանդիպում ունեցած են հայ ճատրակի աստղերու հետ, ինչպէս նաեւ սկսած են բացայայտել Արագածոտնի մարզն ու Երեւանը. արցախցի երեխաները եղած են Բիւրականի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցած են Իսահակեան գրադարանի Ճ. Պայրոնի անուան արուեստի գրականութեան բաժինին մէջ կազմակերպուած Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» պոէմի, «Գելը» հեքիաթի ընթերցման: Դպրոցական արձակուրդներու ընթացքին, երկու շաբաթ շարունակ երեխաները յաճախած են «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն` մասնակցելու յատուկ իրենց համար կազմակերպուած դասընթացքներու: Շաբաթական մէկ անգամ երեխաներուն կ՛այցելէ եւ դասընթացքներ կ՛իրականացնէ Լուսինէ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ տեսապլոկերներու խումբը:
«Արտադրուած Է Հայաստանի Մէջ» Կարգախօսը Աշխարհին Մէջ Որակի Չափանիշ Դարձնելու Ժամանակն Է. Էտկար Աւետիսեան
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու ներմուծման ժամանակաւոր արգելքի մասին» որոշումը, որ ուժի մէջ կը մտնէ այս տարուան աւարտին, 31 դեկտեմբերին: Այս գծով «Արմէնփրէս» հարցազրոյց կատարեց ալամինիւմէ դռներու եւ պատուհաններու, ապակիէ առարկաներու տեղական առաջատար արտադրող PROFAL ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էտկար Աւետիսեանի հետ, նշեց, թէ այս նախագիծին ընդունումը մեր երկիրին համար միանշանակ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի: Նախագիծը որոշակի առումով ուշ ընդունուած է, բայց ի հարկէ` ոչ ուշացած: Մինչ որոշումը ուժի մէջ մտնելու ժամանակահատուածը հասնի` այդ տեւողութիւնը կարելի է օգտագործել այլընտրանքներ, նոր մատակարարներ եւ գործընկերներ գտնելու համար: Չկայ թրքական արտադրանք, որուն այլընտրանքը չենք կրնար գտնել Հայաստանի մէջ, նոյնինքն` մեր հայկական արտադրութեամբ եւ կամ ներմուծուած այլ շուկաներէ, չկայ հումք, որ չենք կրնար ձեռք բերել այլ երկիրներու մատակարարներէ: Թրքական արտադրանքէն հրաժարիլը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն օրէնքի պարտադրանքով, այլեւ` մեզմէ իւրաքանչիւրիս գիտակցութեամբ եւ համոզումով. առաջին հերթին, մենք մեզ` իբրեւ սպառող, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք ո՛չ միայն գործնական, այլեւ զգացական մակարդակով:
Էտկար Աւետիսեանը նշած է, որ նախորդ տարի Թուրքիայէն Հայաստան ներմուծուած է, ըստ ծագման երկրին յատկանիշին, 268.1 միլիոն տոլարի ապրանք, որոնցմէ 21.6 միլիոն տոլարի ոչ թանկարժէք մետաղներ եւ անոնցմէ պատրաստուած իրեր: Հիմա ժամանակն է համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու գործընկերային յարաբերութիւնները: PROFAL-ը կարելի է համարել այս ոլորտին մէջ մասնագիտացած եւ բազմամեայ փորձ ունեցող ընկերութիւն, որովհետեւ հումքը մնայուն ձեռք կը բերէ եւրոպական առաջատար մատակարարներէ: Մենք պատրաստ ենք մեր արտադրական ամբողջ ներուժը օգտագործելու, որպէսզի կարենանք փակել շուկայի փոխակերպման պատճառով յառաջացող բացը: Հակառակ անոր շատ կարճ ժամանակ անցաւ, բայց կրնամ արձանագրել, որ արտադրութեան ոլորտին մէջ մեր բազմաթիւ գործընկերները արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ամբողջութեամբ հրաժարելու թրքականէն եւ հումքի ձեռքբերման պարագային առաջնահերթութիւնը տալ եւրոպականին, իսկ պատրաստի արտադրանքի պարագային` տեղականին, որովհետեւ արդէն իսկ պահանջարկի աճ կը նկատուի այս ուղղութեամբ, հիմա մենք բանակցութիւններ կը վարենք արտերկրի մեր մատակարարներուն հետ, որպէսզի Հայաստանը դիտարկեն իբրեւ մշտական գործընկեր եւ մեծածաւալ պատուէրներու պարագային մեզի աւելի հասանելի պայմաններ եւ մրցունակ գիներ առաջարկեն: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մեր տեղական բոլոր ընկերութիւնները կարելիութիւնը ունենան օգտուելու միայն լաւագոյնէն, ինչպէս նաեւ կարենան տեղական եւ արտասահմանեան սպառողին առաջարկել միա՛յն լաւագոյնն ու որակեալը:
Հարցազրոյցին աւարտին Էտկար Աւետիսեան, խօսքը ուղղելով գործընկերներուն, յայտնեց. «Սիրելի՛ գործընկերներ, ամէն ինչ կախեալ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս պատասխանատու մօտեցումէն: Մենք մեր աշխատանքով պիտի կերտենք հայկական արտադրութեան նոր մշակոյթ, պիտի ձեւաւորենք ամուր տնտեսութիւն եւ հզօր երկիր, իսկ հայկական արտադրանքը` «ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»-ը պիտակը, պիտի դարձնենք բարձր որակի նոր նշաձող ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ուրեմն` բոլորս ի գո՛րծ»:
Մշակոյթը Սահմաններ Չի Ճանչնար. Պելճիքահայ Երաժիշտը Նուագած Է Շուշիի Մզկիթին Մէջ
Պրիւքսելի Ազգային սենեկային նուագախումբի առաջին թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան, որ Շուշիի հրթիռակոծուած Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ նուագած էր Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութիւնը, երաժշտական կատարմամբ հանդէս եկած է Շուշիի մէջ գտնուող Վերին մզկիթին մէջ: Ան կատարած է աւստրիացի թաւջութակահար Քիան Սոլթանիի «Persian Fire Dance» ստեղծագործութիւնը:
Սեւակ Աւանէսեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած է տեսանիւթը` նշելով, որ մշակոյթը սահմաններ չի ճանչնար:
«Ես շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ այս պարսկական մզկիթին մէջ, որ վերականգնուած է վերջերս: Այս ցոյց կու տայ, թէ հայերը ի՛նչպէս կը գնահատեն մշակոյթը` անկախ անկէ, թէ ո՛ր կրօնին կը պատկանի: Մենք հիմա կը պայքարինք իսլամիստ ահաբեկիչներու դէմ, բայց լաւագոյն ձեւով կը պահպանենք մզկիթը», նշած է Սեւակ Աւանէսեանը:
Հոկտեմբեր 8-ին Ազրպէյճանը երկու անգամ հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ, որուն պատճառով վիրաւորուած են 3 ռուս լրագրողներ:
Տեղեկացնենք, որ Սեւակ Աւանէսեանը ծնած է Երեւան, 1989-ին: Ան Մետէա Աբրահամեանի սաներէն է: Փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պելճիքա: Արդէն 20 տարեկանին աւարտած է Պրիւքսելի Թագաւորական երաժշտանոցը, այնուհետեւ միաժամանակ սորված է Պելճիքայի թագուհի Ելիզաւեթայի անուան կապելլային եւ Պերլինի ասպիրանտուրային մէջ: Սեւակը շարք մը միջազգային մրցոյթներու յաղթող է: Ան եղբօրը` Հրաչեայ Աւանէսեանին հետ ստեղծած է եռեակ, որ կը կոչուի «Avanesyan Trio»: Երաժիշտները յաջողութեամբ նուագահանդէսներ կ՛ունենան աշխարհի տարբեր երկիրներու բեմերու վրայ:
«Երեւան Իմ Սէր» Հիմնադրամը Նոր Ծրագիրի Սկսած Է Արցախէն Տեղափոխուած Երեխաներու Համար
«Երեւան իմ սէր» հիմնադրամը իր նոր նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ հոգեբանական աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախի մէջ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով Հայաստան տեղափոխուած երեխաներու համար:
«Երեւան իմ սէր» հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ ռազմական գործողութիւններու տարածքին գտնուող երեխաները առաւել խոցելի են եւ անպաշտպան. ուստի անոնց հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերելը այս օրերուն կը դառնայ աւելի քան կարեւոր:
«Երբ սկսան ռազմական գործողութիւնները, տեղեկացանք, որ Արցախէն զգալի թիւով երեխաներ տեղափոխուած են Հայաստան` մայրերու կամ խնամակալներու հետ: Անմիջապէս փորձեցինք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս օգտագործել մեր կարելիութիւնները եւ օգտակար դառնալ անոնց: Նկատի առնելով, որ երեխաներուն մօտ կրնայ ըլլալ վախի, տագնապի զգացումներ, որոշեցինք յատուկ եռօրեայ ծրագիր մշակել, որուն շնորհիւ մեր մասնագէտները` հոգեբանները, երաժշտական եւ հոգեբանական հոգատարութեան ճամբով կարենան օգնել երեխաներուն, որպէսզի դուրս գան ընկճուած վիճակէ», նշած է «Երեւան իմ սէր» հիմնադրամի տնօրէն Հրայր Ղամբարեանը:
Ծրագրին մեկնարկը տրուած է հոկտեմբեր 9-ին: Առաջին փուլին մասնակցած են 4-16 տարեկան մօտաւորապէս 80 երեխաներ, որոնք բաժնուած են երեք տարիքային խումբերու:
Հրայր Ղամբարեան կ՛ընդգծէ, որ ծրագրի իրականացման համար իրենց կ՛աջակցին նաեւ մեծ թիւով կամաւորներ: «Անհրաժեշտ է, որ երեխաները սկիզբէն ձերբազատին պատերազմական գործողութիւններու պատճառով յառաջացած տագնապէն, որպէսզի անոնց կեանքին վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունենայ», շեշտած է Ղամբարեան:
Թէպէտ ծրագիրը ուղղուած եղած է երեխաներուն հոգեբանական աջակցութիւն տրամադրելու յոյժ կարեւոր գործին, սակայն ծրագրին առաջին օրերը ցոյց տուին նաեւ, որ երեխաներուն ծնողները կամ խնամակալները եւս ունին հոգեբանական աջակցութեան կարիք: Մեկնելով այդ անհրաժեշտութենէն` հիմնադրամին հոգեբանները աշխատանքներ տարին նաեւ երեխաներուն ծնողներուն հետ:
Հաղորդենք, որ «Երեւան իմ սէր» հիմնադրամը երեխաներուն համար կազմակերպած է նաեւ երաժշտական եւ թատերական ձեռնարկներ: Ծրագրին հեղինակները կը նշեն, որ հիմնադրամին դռները բաց են պատերազմական գործողութիւններու պատճառով հոգեբանական աջակցութեան կարիք ունեցող բոլոր երեխաներուն համար անխտիր: