Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Աստղահոյլին Մէջ Ոչ Թէ Հոգեբուժները Մէկով Աւելցած Են, Այլ` Հիւանդները

October 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

«Քորոնա»-ն պատճառ է, որ Կեդրոնականցիին չբաւեն հայերէն թերթերը եւ Հայաստանի ձայնասփիւռը, հիմա կը հարստանայ  ֆրանսական հեռատեսիլով:

Դարձած է իսկական համայնագիտարան:

Ընթրիքի ժամուն անակնկալ կերպով այցի եկաւ.

– Մակա՛ր, Թուրքիան բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներէն առաջ անցած է` շնորհիւ իր նախագահին, որ ինքզինք հռչակած է Ֆրանսայի նախագահի հոգեբուժ: Լսէ՛ ֆրանսական հեռատեսիլը:

– Լա՛ւ է: Կը դարմանէ իր մեծամտութիւնը, իր ժողովուրդի եւ իր մոլեռանդութիւնը, տիրելու ախտը, mռgalomania-ն:

– Մարդկութիւնը ականատես եւ ականջալուր եղաւ ոչ թէ անմարդկային ոճիրի մը, այլ` գազանային: Մոլորակներ նուաճող մեր դարուն դեռ կարելի՞ է հաւու գլուխ կտրելու պէս մարդ գլխատել: Ֆրանսայի նախագահը դիմած է ազգային ինքնապաշտպանութեան` թոյլ չտալու համար երկրի մասնատումը, ինչ որ, ըստ երեւոյթին, Էրտողանին դժգոհութիւն պատճառած է, քանի որ անոր մէջ տեսած է տարածուելու իր անսահման փառասիրութեան դէմ արգելք:

– Արմենա՛կ, այդպէս է  հետեւանքը կակուղ թաթիկ ըլլալու:

– Գլխատուած ուսուցիչին ողբերգական մահուան առիթով Էրտողան դիւանագիտական նուազագոյն ցաւակցութիւն չէր յայտնած ո՛չ Ֆրանսայի, ո՛չ անոր նախագահին եւ ո՛չ ալ դժբախտի ընտանիքին` ինքզինք չզրկելու համար իր հետեւորդներէն: Ֆրանսայի նախագահը պատասխանատու է երկրի ամբողջութեան եւ ըսած է, թէ չի կրնար ընդունիլ, թէ նոյն երկրին մէջ տարբեր օրէնսդրութիւններ ըլլան` դուռ բանալով երկրի մասնատման: Այս խօսքերը հաճելի չեն թուած խալիֆայ նոր-օսման սուլթանին, որ խախտելով միջազգային կանոնները` նախատած է նախագահ Մաքրոնը:

– Ֆրանսացիները եթէ չէին գիտեր, թէ որո՛նց հետ գործ ունէին, թող հայերուն հարցնէին:

– Երբ կրկէսին մէջ խաղցողներէն մին կանոնները կ՛անտեսէ, խաղը կը դադրի: Էրտողան բիրտ ձեւով կը յայտարարէ. «Երկրի մը ղեկավարին, որ իր երկրի միլիոնաւոր անդամներ ունեցող կրօնական տարբեր համայնքներուն այդ ձեւով կը վերաբերի, այն կարելի է ըսել, որ գացէ՛ք նախ ձեր մտային վիճակը քննել տուէք»: Անդուր նախատինք: Եւ Ֆրանսա տուն կանչած է Անգարայի իր դեսպանը:

– Արմենա՛կ, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ:

– Կը խորհիմ, որ Անգարայի կամ Պոլսոյ հոգեբուժարանները նախագահի գլխու հիւանդութիւն ախտորոշող նոր մեծ բժիշկը պաշտօնի պիտի կոչեն: Եւ քսանչորս ժամ չանցած` ոչ թէ բժիշկներուն թիւը մէկով պիտի աւելնայ, այլ` հիւանդներու: Եթէ ազատախոհ թերթ մնացած ըլլար Թուրքիոյ մէջ, լրագրող մը պիտի դիմէր Էրտողանին Ղուկաս Աւետարանիչին խօսքերով. «Բժի՛շկ, բժշկեա՛ զանձն քո»…

Մակարուհիին բերած սուրճը մարեց Կեդրոնականցիին զայրոյթը:

25 հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երկար Տեւեց, Բայց… Պիտի Յաղթենք

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.