ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ժամանակն է, որ հարցերը դնենք մերկապարանոց եւ առաջին հերթին հարց տանք, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիա-Հայաստան-Իրան Հիւսիս-Հարաւ առանցքին շուրջ, հիմա որ պատերազմը ստացած է խիստ գոյութենական բնոյթ մեր երկրին համար: Կ՛ակնարկեմ այն աշխարհաքաղաքական եւ ուժային առանցքին, որ ցարդ վճռականօրէն խափանած է ու կը խափանէ փանթրքութեան ճանապարհը:
Այս առանցքը պաշտօնապէս ձեւաւորուած զինակցութիւն մը չէ: Ան ի մի եկած է կեանքի ուժով: Անոր մէջ ընդգրկուած պետութիւններն ու տարածաշրջանային ոչ պետական ուժերը գործած են իբրեւ բնական դաշնակիցներ, եւ որոնք գիտեն, պատմութեան փորձով, որ իրենց կենսական խնդիրները լուծելու համար կախեալ են իրարմէ: Անոնք «կ՛ապրին» հաւաքաբար եւ իրարմով: Եւ առանց անոնց փոխսնուցիչ ուժականութիւններուն, առանցքը` ի՛նքն է, որ կը վտանգուի` իբրեւ կենսական ամբողջութիւն:
Հաստատուած իրողութիւն է, որ Էրտողանի «նոր օսմանականութիւն»-ը լայնօրէն կը հանգչի տարածաշրջանի ներքին հակասութիւնները հրահրելու եւ փխրուն հաւասարակշռութիւնները խախտելու թուրք պետութեան հետեւողական քաղաքականութեան վրայ, որ այժմ բացառիկ ուժգնութեամբ ցոլացում կը գտնէ ներկայ պատերազմի քաղաքական կնճիռներուն մէջ:
Սկզբունքով Ռուսիան ու Իրանը Կասպեան տարածաշրջանի մեր բնական դաշնակիցներն են եւ, իրենց ազգային գերագոյն շահերէն մեկնելով, պէտք էր, որ ցարդ «սոթտած» ըլլային իրենց թեզանիքները եւ խիզախօրէն զօրավիգ կանգնած Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական գործողութիւններուն: Պէտք էր, որ հարցը իրե՛նցը ըրած ըլլային առանց «հրաւէր»-ի սպասելու, որպէսզի արագօրէն խափանուէր թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը, որ ստոյգ եւ անվիճելի սպառնալիք մըն է նաեւ իրենց կենսական շահերուն: Փաստը այն է, որ այդ բանը տեղի չունեցաւ, եւ հարց է, թէ ինչո՞ւ տեղի չունեցաւ: Ինչո՞ւ առճակատման դաշտը լայնօրէն բաց ձգուեցաւ թուրքեւազրպէյճանական ոճրային արկածախնդրութեան առջեւ:
Նորութիւն չէ, որ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան երկու հզօր զէնքերն են փանթրքութիւնն ու փանիսլամականութիւնը: Այս զէնքերը դարերու ընթացքին կատարելագործուած են թուրք պետութեան կայսերական զինարաններուն մէջ եւ` բազմաթիւ սերունդներու հետեւողական յարձակապաշտութեամբ: Թուրքիան դիմած է ամէն մեքենայութեան, որպէսզի կարողանայ իսլամական աշխարհին կողմէ ընդունուիլ որպէս առաջնորդող
ուժը սիւննի իսլամականութեան` գրգռելով այս վերջինին ամէնէն մութ բնազդները եւ շարունակաբար բեւեռացնելով զայն ընդդէմ Արեւմուտքին, ընդդէմ Ռուսիոյ, ընդդէմ քրիստոնեայ աշխարհին: Թուրքիան նաեւ կեդրոնական օճախն է ու առաջնորդը` համաթրքական «շարժման», որ իր կայսերական ազդեցութիւնը տարածելու յստակ մտասեւեռումով կը գործէ Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ կոյս տարածութիւններուն մէջ:
Երկու օր առաջ հրապարակուած ներկայ պատերազմին մասին նախագահ Փութինի տատամսոտ արտայայտութիւնները լիովին բարացուցական են: Ինքնավստահութեան մարմնացում հանդիսացող Ռուսիոյ առաջնորդը երբեք այսքան անօգնական դիրքի մէջ չէր յայտնուած համաշխարհային եթերի կայաններէն: Երբեք չէր խօսած կարեկցող «փիլիսոփայ»-ի տխրամած հոգեվիճակով® Եւ անշուշտ` անխուսափելի հարցո՛ւմը` «արդեօ՞ք այս այն երկիրն է եւ այն երկրի նախագահը, որ ենթադրաբար պիտի գործէր ղեկավար ուժի վճռական դիրքերէն այն իսկ տարածաշրջանին մէջ, ուր իր խօսքը պիտի ունենար առնուազն օրէնքի ուժ®»: Պատասխա՛ն` «Այո՛, այս այն երկիրն է եւ այն երկրի նախագահը, որ այսօր հարկադրուած է շատ մեծ նրբամտութեամբ կառավարելու ռուսական դաշնութեան ներքին հաւասարակշռութիւնները եւ յատկապէս ռուս մեծ պետութեան ներքին իսլամական գործօնը®»: Պիտի ընդունինք, որ առիւծի՛ն ալ ձեռքերը ի վերջոյ կապուած են, երբ հարցը կը վերաբերի Կովկասի քաոսը կառավարելու գործին®
Փաստը այն է, որ Թուրքիա իր փանիսլամական խաղաքարտով այսօր տեւաբար անապահովութիւն կը ներշնչէ ռուս մեծապետական իշխանութեան: Ան կրցած է Արցախեան ներկայ պատերազմը գունաւորել որպէս «ժիհատ», այսինքն` որպէս սրբազան պատերազմ մահմետականներո՛ւ, եւ յաջողած կը թուի ըլլալ պաշտպանողականի վրայ դնել Մոսկուան: Փութին լուրջ երկընտրանքի մէջ կը գտնուի Արցախի պատերազմով: Ան չ՛ուզեր ռիսք առնել Արցախի սիրոյն, թէկուզ ժամանակաւորապէս վտանգելով Ռուսիոյ հեռահար շահերը Կովկասի մէջ® Յայտնուիլ հայկական ուժի կողքին ռազմական եւ այլ նախաձեռնութիւններով, կը նշանակէ մաս կազմել «Խաչակրաց արշաւանքին»® որմէ ամէն կերպ խուսափելու պատճառ ունի այսօր Մոսկուան` իրերու վերեւ յիշուած տրամաբանութեամբ:
Անշուշտ իսլամական գործօնը միակ ազդակը չէ ռուսական վերապահութիւնը խթանող: Օրին Մոսկուան «ըմբռնումով» վերաբերեցաւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի կառուցման գործին` թոյլ տալով, որ ան իրականութիւն դառնայ Արեւմտեան գործընկերութեամբ եւ ֆինանսաւորումով: Մոսկուա իր ախորժակները վերապահեց ազրպէյճանական քարիւղէն գալիք եկամուտներո՛ւն® Ալիեւներու ռազմամոլութիւնը հրաշալի սննդաղբիւր մը եղաւ Ռուսիոյ ռազմական ճարտարարուեստին համար: Ռուսական զէնքի անկուշտ յաճախորդը` Ալիեւ, շատ ամուր եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ կրցաւ դարբնել Մոսկուայի պետական համակարգին հետ` շնորհիւ սպառազինման տրամադրուած իր անյատակ պիւտճէներուն: Ազրպէյճանի ռազմական գնումներուն միջոցով ռուս պետական գանձարանը ինքնաբերաբար դարձաւ ազրպէյճանական քարիւղի էական «համատէր»-ը: Նոյնիսկ սպրդասացութիւններ շրջան ըրին զէնքի այս առեւտուրէն բաժին ստացող օֆշորային այլեւայլ հաշիւներու մասին` մատնացոյց ընելով ռուսական օլիկարխիան իր սադայէլական առնչութիւններով:
Իրականութիւնը այն է, որ այս ծաւալուն յարաբերութիւնը Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ որակական մեծ տարբերութիւն մը ստեղծեց եւ այդ տարբերութիւնն է, որ ի վերջոյ սահմանեց մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ Մոսկուայի իրական շահագրգռութիւնները: Ճիշդ է, որ Մոսկուա չզլացաւ իր ռազմանիւթային հայթայթումները նաեւ Հայաստանին: Ներկայ պատերազմը, սակայն, կը հանդիսանայ «թթու փորձ»-ի (acid test) փորձագետինը այս մարզին մէջ: Մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ համեմատական շահագրգռութեան իսկական ցուցանիշն է ան` վերոյիշեալ տարբերութեան առկայութիւնը լայնօրէն հաստատող: Փաստացի տուեալները մեր հասողութեան մէջ չեն այս քննարկումը լիարժէքօրէն ընել կարենալու համար: Պէտք է ակնկալել, որ հայկական զինուժի ռազմագէտները` իրե՛նք մօտէն կը հետեւին այս իրականութեան եւ կ՛առնեն անհրաժեշտ քայլերը ռազմանիւթի այս ճակատագրական բացերը դարմանելու համար: Մենք կ՛ուզենք պարզապէս դիտել տալ, որ այս բացերը պատահական չեն: Անոնք ծնունդն են Ռուսիոյ ճակատագրական երկընտրանքին:
Երկընտրանքը նոյնքան սուր կը թուի ըլլալ Իրանի՛ պետական ներքին ոլորտին մէջ: Իրանեան հանճարը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ երկրի ղեկավար դասը կրցած է միշտ յաջողապէս եւ անշշուկ կառավարել Իրանի բազմազգ խճանկարը` յենելով շիի իսլամութեան առաջնորդի կարեւոր հանգամանքին:
Իրանի աքիլլէսեան կրունկը, սակայն, Իրանի Ատրպատական նահանգն է` իր ազերի բնակչութեամբ: Նահանգը բաժնուած է Ազրպէյճանէն Արաքս գետի հարաւային հոսանքով: Ան սահմանակից է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, որոնք կը բաժնեն Ազրպէյճանը Նախիջեւանէն: Միւս կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Իրանի տարածքը ամբողջութեամբ կը գրկէ Նախիջեւանը` ութ քիլոմեթրի նեղանցք մը միայն զիջելով Թուրքիոյ® Նահանգին արեւմտեան սահմանագիծը թուրք-իրանեան սահմանն է, որ կ՛անցնի Արեւմտեան Հայաստանի հողերէն: Յիշենք նաեւ, որ թրքական այդ նեղանցքը Թուրքիան կը պարտի բոլշեւիկեան Ռուսիոյ: Քեմալական Թուրքիոյ պնդումներով, այդ շինծու բացուածքը կարելի դարձաւ 1921 թուի Մոսկուայի դաշնագիրով. բա՛ն մը, որուն իր հաւանութիւնը տալու պարտադրուեցաւ նաեւ Իրան: Այդ նեղ բացուածքէն է, որ Թուրքիա իր հրասայլերն ու հրետանին կը մտցնէ Նախիջեւան եւ առատ ռազմանիւթով կը պարէնաւորէ Նախիջեւանի ճակատը:
Աւելի կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Իրանի ազերի բնակչութիւնը – եւ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը ընդհանրապէ՛ս – կը պատկանի շիի իսլամութեան, որուն հոգեւոր ու քաղաքական սանձերը կը գտնուին Իրանի ձեռքին® Մինչ Ազրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւնը իր քաղաքականութեամբ սերտօրէն կապուած է Թուրքիոյ, ազերի ժողովուրդի հոգեւոր արմատները կը գտնուին Իրանի մէջ: Եւ այս երկուութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի Կովկասեան քաղաքական ռազմաբեմին վրայ Իրանի յարաբերութիւններու բնոյթը հասկնալու տեսակէտէն:
Անցնող բազմաթիւ տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի կողմէ փորձեր եղան Ատրպատականի ազերի բնակչութիւնը ոտքի հանելու եւ շրջանը խռովութեան բոյնի վերածելու` իրանեան սպառնալիքը հակակշռելու յստակ միտումով: Իրան ցարդ յաջողեցաւ նմանօրինակ փորձերը շրջափակել եւ մեկուսացնել: Եւ սակայն խափանարարական աշխատանքը կը շարունակուի Իսրայէլի հետախուզական կառոյցներուն կողմէ, որոնք ամրացած են Պաքուի մէջ® Պէտք է ենթադրել, որ Իրան, իր կարգին, յոյսեր ունէր Ատրպատականի ազերի հաւաքականութեան միջոցով իր քարոզչութիւնը տարածելու Ազրպէյճանի ժողովրդական զանգուածներուն մէջ: Այդ ճիգն ալ կը շարունակուի զանազան դրսեւորումներով: Եւ սակայն Ատրպատականի քաղաքական տարածքը հետզհետէ աւելի ականապատուած կը թուի ըլլալ: Յստակ է, որ Պաքու եւ Անգարա իրենց փանթրքական քարոզչութեան բեւեռ ընտրած են Ատրպատականը` իրենց դաշնակից ունենալով Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի հետախուզական ծառայութիւնները: Թեհրան արդէն իսկ կը տեսնէ այս բոլորին քաղաքական հետեւանքները իր իսկ քաղաքական խաղադաշտին մէջ: Իրանի ազերի համայնքը, որ Իրանի բնակչութեան առնուազն 16 տոկոսը կը ներկայացնէ, նոր վերածնունդի մը մէջ կը գտնուի այս օրերուն® Իսլամական հանրապետութեան ղեկավարները, ներկայ պատերազմի վերաբերմամբ, հարկադրաբար ընտրած են զգուշաւորութեան ուղին` քաջ գիտակցելով հանդերձ Իրանի հեռահար շահերը, որոնցմով իրենք կապուած են Հիւսիս-Հարաւ առանցքին եւ հետեւաբար` Հայաստանին ու Արցախին®
Այս բոլորէն կը հետեւի այն, որ Թուրքիա կարեւոր թափանցում մը իրագործած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական շահերու հիւսուածքին մէջ: Պատերազմը, որ տեղի կ՛ունենայ ազրպէյճանական քարիւղի անսպառ թուացող պիւտճէներով, Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ տարածաշրջանային տարողութիւն ունեցող ծաւալապաշտ գործարքի մը մէկ օղակն է միայն: Ցարդ Հայաստանն ու Արցախը իրենց վտիտ հողատարածութեամբ անքակտելի եւ բանալի՛ – մասն էին Հիւսիս-Հարաւ առանցքին, որուն շարժիչ ուժերն էին Ռուսիան ու Իրանը: Այնքան ատեն որ այս վերջինները ուժականութիւն կը հաղորդէին առանցքին, Հայաստանն ու Արցախը արդիւնաւորապէս կը զգետնէին թշնամիին ոտնձգութիւնները: Կը զգետնէին առանց ներկայ աւերածութեան եւ թանկագին զոհերուն: Այն դերակատարութիւնը, որ բնականաբար վիճակուած էր մեր երկու հանրապետութիւններուն, մերն էր, եւ մեր բռունցքը երբեք չընկրկեցաւ առանցքի իրենց հատուածին մէջ: Մերկ իրականութիւնը, սակայն, այն է, որ այսօր մե՛նք ենք միայն առանցքը ոտքի պահող: Մե՛նք ենք, որ մեր սակաւ ուժերով – եւ առանձի՛նն – կը փրկենք Մոսկուայի եւ Թեհրանի կաշին® Առանցքը անդամալուծուած է: Մոսկուան եւ Թեհրանը պարպած են ռազմադաշտը: Աւելի վա՛տ: Անոնք պահուըտած են հայ զինուորին ետին:
Կը խուսափիմ մանրամասնութիւններէ` զանոնք թողնելով մեր ռազմագէտներու դատողութեան: Որոշած ենք չխօսիլ այնքան ատեն որ պատերազմը կը շարունակուի: Բայց ընդունինք, որ ճակատագրական բացեր կան առանցքի երկայնքին, եւ մեր հանրութեան արդար ակնկալութիւնն է, որ մեր ռազմական ու քաղաքական պատասխանատուները ընդփոյթ զբաղին այդ բացերով:
Այնուամենայնիւ կարելի չէ չբարձրաձայնել Մոսկուայի, Թեհրանի եւ, անշուշտ, Արեւմուտքի յանցաւոր անգործութեան մասին: Մեր բանակը հրաշքներ կը գործէ բոլոր ճակատներուն վրայ, բայց, հակառակ մեր զինուժի փայլուն գործողութիւններուն, մեր երկիրը ամէն օր աւելի կը վերածուի փլատակի: Ռուսիանն ու Իրանը մեծ սխալ մը կը գործեն դիտորդի ողորմելի դիրքերէն խօսելով եւ փուճ յորդորներ միայն առատաբաշխելով: Չմոռնանք, որ այս հրէշը սպառազինողը Ռուսիան էր եւ` վերջերս կ՛իմանանք` նաեւ Իրա՛նը: Ու չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը իր ամէնէն պայծառ զաւակներով պաշտպանած է Ռուսիան ու Իրանը, երբ պատերազմի մէջ էին իրենք: Այսօր եւս Արցախի ճակատներուն վրայ մենք կը կռուինք նաեւ իրե՛նց զաւակներու ապագային համար: Նախանձախնդրօրէն տէր կանգնիլ Հիւսիս-Հարաւ առանցքին` նա՛եւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի առաքելութիւնն է եւ պարտաւորութիւնը: Փախուստ տալ այդ պարտաւորութենէն` կրնայ միայն արագացնել մեր հաւաքական պարտութիւնը թուրքեւազրպէյճանական ֆաշականութեան դիմաց:
Կը կրկնե՛մ: Թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը, ըստ էութեան, ուղղուած է Հիւսիս-Հարաւ առանցքին դէմ, որուն երեւելի ճակատն է միայն Արցախը եւ անշուշտ` Հայաստանը: Եթէ հայկական կողմը չկարողանայ իր ուժերով տոկալ իրեն ուղղուած կայսերական գերազանց գրոհին, եւ եթէ մեր հասարակաց թշնամին կարողանայ բանալ իր ճանապարհը դէպի Նախիջեւան, ոչ միայն մենք, այլ նաեւ ամբողջ Հիւսիս-Հարաւ առանցքն է, որ փուլ պիտի գայ` սկիզբ դնելով Ռուսիոյ եւ Իրանի աստիճանական անդամահատման գործընթացին:
Այսօր կենսական անհրաժեշտութիւն է, որ առանցքի պետութիւնները, եւ յատկապէս Ռուսիան, վերադառանան զգաստ եւ հեռատես քաղաքականութեան, որ կը բխի բոլորին հեռահար շահերէն: Թուրքիան կառչած է իր ցեղասպանական եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան յաջորդ հարիւր տարուան իր հարցերը լուծելու վճռակամութեամբ: Թուրքիան ամբողջ տարածաշրջանին ճակատագիրն է, որ կը ճշդէ իր յարձակողական քաղաքականութեամբ: Մոսկուա եւ Թեհրան իրենց ներկայ կրաւորականութեամբ պիտի շարունակե՞ն գործնականօրէն մեղսակցիլ Թուրքիոյ, թէ պիտի վերստանձնեն ղեկավարի իրենց լրացուցիչ դիրքերը տարածաշրջանին մէջ® Հիմա՛ է վայրկեանը այս հրէշը իր որջին մէջ խեղդելու: