Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը վերջերս խոր կսկիծով գուժեց մահը եզակի անձնաւորութեան մը, որուն անունն ու վաստակը դեռ երկար տարիներ պիտի յիշուին եւ օրինակ դառնան գալիք սերունդներու:
Արդարեւ, վարժարանիս 1967 կրթական տարեշրջանի շրջանաւարտներէն եղած է տիար Հրայր Սողոմոնեան: Ինչպէս գիտենք, ան, շնորհիւ իր ջանասիրութեան եւ հեզահամբոյր նկարագիրին, յարատեւող կամքին ու մարդկային յատկութիւններու նկատմամբ ցուցաբերած հաւատամքին, կրցած է շրջանցել կեանքի դժուարին ու դառն պայմանները, հասնիլ հոն, ուր երազած էր ըլլալ միշտ, նուաճել գործատէրի ու յաջողակ առեւտրականի կոչումը, պարտադրել ինքզինք միջազգային շուկաներու հարթակին վրայ ու լծուիլ սեփական աշխատանքի զարգացման:
Փաստօրէն, տարիներ շարունակ Հրայր Սողոմոնեան դարձաւ պատկառելի անուն մը, որով կը հպարտանայ առաջին հերթին ընտանիքը, ապա` ամբողջ գաղութահայ կեանքը, ազգը առանձնաբար, որովհետեւ ան, շնորհիւ իր ազնուասիրտ եւ ազգանուէր առանձնայատկութեան, եղաւ ջանադիր հայորդի մը, որ միայն ու միայն նուիրաբերեց, առանց ակնկալութեան օժանդակեց, օգնեց, կարեկցանք ու գութ բաշխեց, հասաւ բոլորին, սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորէն:
Իրօք, Հրայր Սողոմոնեան, երկար տարիներ իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցեց հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին, միութեան թէ ակումբին: Առանց երկմտանքի ան ընդառաջեց բոլորին եւ իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կրցաւ ամուր ու շէն պահել ազգային կառոյցները, ի հարկին բարեզարդել, նորոգել, որպէսզի նորահաս սերունդը կարենայ ստանալ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն:
Ան քաջ կը հաւատար ազգային արժէքներուն, աւանդութեան եւ հայեցի դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութեան: Աւելի՛ն. ան թեւ ու թիկունք էր գաղութի տարբեր հայաբոյր կառոյցներու, որոնց կարգին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին: Բոլոր պատեհ առիթներու, երբ վարժարանիս տնօրէնութիւնը դիմած է անոր, միշտ եւ անվերապահօրէն արժանացած է Հրայր Սողոմոնեանի ջերմ վերաբերումին եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան: Ան չէ զլացած երբեք, աւելի՛ն. թիկունք կանգնած է որեւէ ծրագիրի իրականացման` յանուն հայ վարժարանի գոյատեւման եւ առաքելութեան պահպանման:
Իր ողջ կեանքի ընթացքին եթէ երբեք Հրայր Սողոմոնեան արժանացաւ ազգային բարերարի կոչումին, ապա ատիկա` շնորհիւ իր մարդկային տեսակին, որով զատորոշուեցաւ ուրիշներէ: Ան մեր անձնական ու հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ բարի, համեստ ու ազնուարիւն հայ, որ ողջուց կրցաւ նուաճել բոլորին սրտերը ու սիրուիլ անխտիր բոլորին կողմէ:
Ճիշդ է, որ Հրայր Սողոմոնեանի անժամանակ մահով սփիւռքահայութիւնը կորսնցուց հարազատ ու բարեհոգի անձնաւորութիւն մը, որուն բացակայութիւնը զգալի պիտի ըլլայ երկար ժամանակ, այդուհանդերձ, հաւատացողն ենք, որ մեր սիրելի բարերարին բարի դէմքն ու հայատրոփ սիրտը պիտի մնան քանդակուած մեր բոլորին յիշողութեան մէջ:
Արժանաւորներու յիշատակը միշտ լոյսի մէջ պիտի մնայ:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
20 հոկտեմբեր 2020