Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քոսովօ, Խրիմ` Կարգավիճակի Գերադասումի Միտումներ

Հոկտեմբեր 27, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան նախաձեռնութիւնը հրադադարի հաստատման կ՛ենթարկուի նախորդ երկու մարդասիրական հրադադարի խախտումի ճակատագիրին: Պաքուն փաստօրէն չի կրնար տէր կանգնիլ իր յանձնառութեան: Այստեղ միանգամընդմիշտ պէտք է ըմբռնել, որ զինադուլ յարգելու կամ չյարգելու որոշումը Անգարան է, որ կը կայացնէ Պաքուի փոխարէն: Պաքուն ռազմաքաղաքական մարզին մէջ ամբողջովին յանձնուած է Անգարային:

Այս իրողութեան էապէս ծանօթ են բոլոր այն կողմերը, որոնք կը նախաձեռնեն միջնորդութեամբ հրադադար հաստատելու աշխատանքին: Հերթաբար երեք համանախագահող երկիրները կատարեցին փորձը: Որոշ նրբութիւններ պէտք է նկատել այս վերջին նախաձեռնութեան պարագային:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը յորդորէր հայերուն պատերազմիլ եւ յաջողութեամբ պաշտպանուիլ: Նախագահ Թրամփն էր, որ ընտրական արշաւներու ընթացքին յատուկ կեդրոնացաւ արցախեան պատերազմին վրայ: Պահ մը շրջանցելով զուտ ընտրական նպատակով կատարուած յայտարարութիւններու բաժինը, նկատենք քանի մը արտայայտութիւն, որ այս առիթով կատարեց նախագահ Թրամփը:

Հայկական զանգուածային քուէին տիրանալու նպատակով յայտարարութիւն կատարող Միացեալ Նահանգներու նախագահը ակնարկութիւն ըրաւ ծրագիրի մը, որուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի իր վարչակարգը: Աւելցուց, որ դիւրին լուծելի խնդիր է կարգաւորումը եւ զուգահեռ գծեց Սերպիոյ եւ Քոսովոյի պարագաներուն հետ:

Համեմատութիւն կատարելու այս երեւոյթը անմիջապէս մտաբերել կու տայ այս անգամ նախագահ Փութինի արցախեան պատերազմի բնութագրման ընթացքին յայտարարած «Թուրքիան չի ճանչնար Խրիմը, չի ճանչնար Արցախը» նախադասութիւնը: Արցախը կը համեմատուի Քոսովոյի եւ Խրիմի հետ: Առանց խորանալու Խրիմի եւ Քոսովոյի կարգավիճակներու տարբերութիւնները վերլուծելու փորձին մէջ, արագ նկատենք, որ երկու պարագաներուն ալ ըստ էութեան Արցախի կարգավիճակի հարցն է, որ կը գերադասուի: Կարգավիճակի գերադասման հիմնաւորումները Փութինի պարագային աւելի յստակ են: Արցախը ենթարկուած է ցեղային զտման Ազրպէյճանի կողմէ. աւելի հեռու անցեալին, ենթարկուած է Ցեղասպանութեան` պատերազմը հրահրած Թուրքիոյ կողմէ: Ռուսիան բոլորէն աւելի շահագրգռուած է խնդիրի լուծումով, հետեւաբար ըսել կ՛ուզուի բոլորէն առաջ պատրաստ է երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Թէ Արցախին ի՞նչ կարգավիճակով, պարզ չէ. բայց Խրիմի օրինակը տալը որոշ պատկերացումի ուղղորդում կրնայ ենթադրել:

Մինչդեռ Թրամփի թէկուզ ընտրական, այնուամենայնիւ ենթադրաբար ներվարչակարգային  քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` ծրագիրն ու Քոսովոյի յիշեցումը կրնան այլ պատկերացումներ հրապարակելու մեկնակէտ հանդիսանալ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իրազեկ ըլլալով, որ Արցախը կը պատերազմի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ այս պատերազմին ներմուծուած ահաբեկիչներու դէմ, հայկական կողմին կը յորդորէր լաւ կռուիլ, ակնկալելով նաեւ` լաւ պաշտպանական մարտեր կիրարկել:

Արդիւնքը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը  հայկական կողմին արդիւնաւէտ պատերազմ կը մաղթէր, մինչ նոյն երկրի նախագահին անվտանգութեան հարցերու խորհրդականը հրադադարի նախաձեռնութիւն կը կատարէր: Զուտ քաղաքագիտական ակնոցով Փոմփէոն ի վերջոյ համանախագահող միջնորդ երկրի ներկայացուցիչ է, եւ փոխան զինադուլի յաջող մարտերու մաղթանք կը կատարէ կողմերէն մէկուն: Այս բոլորի արանքներուն մէջ պատժամիջոցներու սպառնալիքով վերստին կը լարուին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները, եւ Թրամփ ընտրական կէտեր արձանագրելու համար կը խոստանայ շատ արագ, դիւրութեամբ լուծել արցախեան հակամարտութիւնը, յիշելով Քոսովոն:

Քոսովոյի յուշումը ընտրական խոստում է` Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու: Խրիմի օրինակին զուգակցումը Արցախին, սկսելու համար Արցախը Ազրպէյճանի տարածքէն դուրս ընկալելու մօտեցում է: Ի՛նչ ալ ըլլան շարժառիթները, համանախագահող երկու գերտէրութիւնները  սկսած են գերադասել Արցախի կարգավիճակի խնդիրը: Երրորդ համանախագահող երկրի խորհրդարանը, ուր ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները արդէն մեկնած են Արցախ, կը պատրաստուի քննարկելու Արցախի ճանաչման օրինագիծը:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ այս փուլին` անմիջական առումով ո՛չ Քոսովոյի օրինակը կ՛աշխատի, ո՛չ Խրիմի  կարգավիճակին կը հետեւի Արցախը, ո՛չ ալ Ֆրանսայի խորհրդարանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բայց որ Արցախի կարգավիճակի քննարկումները կը տեղափոխուին միջազգային հարթութիւն, արդէն ո՛չ միայն համոզում է կամ գաղափարական առաջադրանք, այլեւ գործնական նախադրեալ պարզող իրականութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Ճանաչման Պահն Է

Յաջորդը

Ռուսական Օդուժը Մեծ Հարուած Հասցուցած Է Սուրիոյ Հիւսիսը Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալներու Ճամբարին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?