Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նոր Մեկնարկ. Մեր Կշռադատումները

October 28, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացը կը թուի, որ դրական ենթահողի վրայ է: Վարչապետի նշանակումի գործնական եւ արագ եղանակը կրնայ անպայման չկրկնուիլ կառավարութեան կազմութեան առումով, այսուհանդերձ կայ որոշ քաղաքական մթնոլորտ, որ վարչապետ Հարիրի պիտի յաջողի կազմել կառավարութիւնը: Կը թուի նոյնիսկ, որ պայմանականութիւնները կառավարութեան ձեւաչափի, թիւի առումներով դասական կառչածութիւնները չունին այս փուլին: Յայտնաբար կայ միջազգային մեկնարկ եւ նաեւ անոր ներշնչումը լիբանանեան-տեղական ուժերու վրայ` կանաչ լոյս ստացած գործընթացին ընդառաջ շարժելու եւ չհանգուցելու գործընթացները:

Ուղենշային իրադրութիւն կարելի էր նկատել Լիբանան-Իսրայէլ ծովային տարածքներու սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Այս հանգոյցը մաս կը կազմէր միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ պաշտօնական Պէյրութին առջեւ դրուած թղթածրարներուն, որոնց պատճառով ալ կը կիրարկուէր ընդհանուր տնտեսական շրջափակման քաղաքականութիւն:

Ծովային տարածքներու սահմանազատումը տնտեսական գերշահոյթներ ապահովելու առումով տարածաշրջանային տարողութիւն ունի: Պարարտ բաժիններու ճշդումի հիման վրայ կատարուող սահմանազատումը որոշ կայունութեան հեռաւոր երաշխիքներ կը պարզէ: Կան տակաւին այլ հանգուցակէտեր`  Հըզպալլայի նկատմամբ դրուող պահանջներէն մինչեւ պաղեստինցիներու բնակեցման առկախուած թղթածրարներ:

Վարչապետ Էտիպի հրաժարականը տեղի չտուաւ ֆրանսական նախաձեռնութեան տապալումին: Նախագահ Մաքրոն յայտարարեց, որ նախաձեռնութիւնը պայմանականացուած չէ վարչապետի թեկնածուի անձով, այլ կը նպատակադրէ համալիբանանեան համախոհութեամբ բարենորոգումներու անյապաղ որդեգրումն ու այդ բոլորին համար նոր ծրագիրով նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Հիմա, այս ձեւով ֆրանսական նախաձեռնութեան երկրորդ արարն է, որ կը սկսի: Հարիրի վերստին հանդէս պիտի գայ բարենորոգումներու ծրագիրով: Այս փուլին աւելի հեռուէն կատարուող դիտարկումները պիտի նկատեն Ֆրանսայի աշխուժացման դիմաց թրքական պարտադիր կրաւորականութիւն մը:

Շարունակենք դիտարկումը` աշխատցնելով հայկական ոսպնեակը այս պարագային: Հըզպալլայի օրակարգով որքան ալ խանդավառութիւն չցուցաբերէ Ռիատը նոր կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն հանդէպ, այնուամենայնիւ հզօր ազդեցութեան գործօն կը մնայ ընդհանրապէս Լիբանանին եւ այս պարագային յատկապէս սիւննի զանգուածին վրայ, ուր թափանցած է Անգարան: Վարչապետը սիւննի համայնքի իրողական մեծամասնութեան ներկայացուցիչը կը նկատուի, իսկ այդ իրողական ներկայացուցչութիւնը կը հակի դէպի Ռիատ:

Նկատի ունենալով նաեւ Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ աննախադէպ լարուածութիւնը, այստեղ համընկնում կայ ուրեմն Ռիատի եւ Փարիզի միջեւ, գէթ լիբանանեան քաղաքական դաշտին վրայ թրքական թափանցումները չէզոքացնելու առումով:

Այսպիսով ալ կը բացատրուի հաւանաբար Թուրքիոյ եւ իր ազդեցութեան ներքեւ գործող կազմակերպութիւններու համեմատական լռութիւնը: Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ հիմա` ամիս մը նոյն այդ շրջանակներուն կողմէ որեւէ ցուցական, տեղեկատուական գործողութիւն չի նկատուիր: Աւելի՛ն. բացի ընկերային ցանցերու վրայ ոչ պաշտօնական պարագայական գրառումներէն, հակազդեցութիւն չկայ նաեւ երկուշաբթի երեկոյ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կազմակերպած ցոյցին: Մինչդեռ նախքան լիբանանեան քաղաքական նորագոյն  իրադրութիւններու այս ընթացքը, նուազագոյն հրապարակային քննադատութիւնները սուր հակազդեցութիւններու տեղի կու տային:

Կանխահաս է հաւանաբար նկատել, որ իրավիճակ փոխուած է: Կայ սակայն գուցէ ժամանակաւոր թրքական պարտադրուած կրաւորականութիւն մը: Յանկարծակի գործողութիւնները առանց բացառելու անշուշտ նկատենք, որ այս լռութիւնը չ՛ենթադրեր անշուշտ ընդմիշտ չէզոքացում:

Ֆրանսական նախաձեռնութեան յաջողութիւնը կը բխի ուրեմն նաեւ հայկական շահերէն: Իսկ այս հանգամանքները նկատի ունենալով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ինքնուրոյնութիւնը վերաշեշտող որոշումը` ներկայ փուլին նոր մեկնարկին մասնակից դառնալու եւ ներդրում ունենալու տեսակէտէն կշռադատած է թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ համահայկական շահերը:

«Ա.»

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան, Ազրպէյճան Կորսնցուցած Է Իր Քանակական Եւ Արհեստագիտական Առաւելութիւնը

Յաջորդը

«Արցախի Նախագահին Դիմումը Ռուսիոյ Նախագահին Պիտի Ընդունուի Առ Ի Գիտութիւն Եւ, Բնականաբար, Քննարկուի» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.