Յօդուածներ

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Կիպրոսի Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Ստրովոլոսի Քաղաքապետ՝ Պրն. Անտրէաս Բաբախարալամպուսի անձնական հրաւէրին, Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, պաշտօնական հիւրը եղաւ անոր, որ առ ի յարգանք իր ինքնաշարժով վարորդին հետ, Ազգային Առաջնորդարանէն ընկերացաւ սրբազանին եւ միասին ներկայ գտնուեցան ամէն Ուրբաթ օրերու գործադրուող ժողովրդական պազարին՝ «Laiki Agora» Ստրովոլոսի շրջանին մէջ: Օրը, իւրայատուկ էր, որովհետեւ Քաղաքապետին...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի Յաղթանակը՝ Սորոսին Եւ Հայերուն Պարտութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը ֆրանսացի լրագրող Թիերի Մէյսսանի (1) 24 նոյեմբեր, 2020-ի յօդուածին (2), որ լոյս տեսաւ Վոլթէր Նէթուըրքի (Voltaire Network) կայքէջին մէջ: Ստորեւ՝ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ յօդուածը. «Փենթակոնը (Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւն), որ ծրագրած էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը՝ գրաւուեցաւ (ծրագիրը) իր դաշնակից Բրիտանիոյ կողմէ: Սակայն մեծ պետութիւններէն որեւէ մէկը մտահոգուած չէր ատոր պատճառելիք մարդկային կորուստներով: Աւելին՝ մինչ Լոնտոնը...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Բազմերես Պարտութենէն 25 Օր Ետք. Հայրենիքի Փրկութեան Գործնական Քայլերը Պէտք Է Համախմբեն Ողջ Հայութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի այժմու իշխանութեան դէմ համախմբուած ընդդիմադիր ուժերը` կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անոնց զօրակից կանգնող մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ուսանողներ եւ ժողովուրդի այլ ներկայացուցիչներ շաբաթ, 5 դեկտեմբերին կարեւոր անկիւնադարձ մը պիտի նշեն 25 օր առաջ ծայր առած բողոքի եւ ընդվզումի այն շարժումի ճամբուն, որ կ՛առաջադրէ վերջակէտ դնել Նիկոլ Փաշինեանի եւ (հետզհետէ նուազող) գործակիցներու իշխանութեան, ձեռնարկել հայրենիքի փրկութեան գործնական աշխատանքներու, որոնց ճամբով, կարելի...

Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեանի Յիշատակին

Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեանի Յիշատակին

ՍԳԱԿԻՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐԷԴ ՄԻՆ Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեան ծնած է 1947-ին, Կիպրոս: Ինքը եւ իր մէկ հատիկ քոյրը դուստրերն էին Ցեղասպանութենէն վերապրած թալասցի-կեսարացի  Սարգիս Պեզիրճեանին եւ ատանացի Շաքէ Որսկանեանին: Ապրած է Նէյափոլիս, Կիպրոս, մինչեւ թուրքերուն 1964-ի վայրագ ներխուժումը, երբ հայերն ու յոյները տեղահանուեցան իրենց բնակավայրէն եւ անցան դէպի Նիկոսիա: Յաճախած է Մելիքեան-Ուզունեան վարժարան, ապա` Ինկլիշ սքուլ, որմէ ետք` Սայփրըս քոլեճ: Մելգոնեան կրթական...

Պատերազմ Եւ… Բանաստեղծութիւն

Պատերազմ Եւ… Բանաստեղծութիւն

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Պատմական ցնցիչ իրադարձութիւնները` պատերազմներէն սկսեալ, իրենց յաղթանակներով թէ պարտութիւններով, նահատակներով թէ բրտութիւններով, մարդկային ողբերգութիւններով, բռնի գաղթերով, մինչեւ ջարդ ու ցեղասպանութիւն, իրենց արձագանգը կը գտնեն գրականութեան մէջ: Մեր պարագային,  Վարուժանի, Սիամանթոյի, Տէրեանի, Վահան Թէքէեանի, Զապէլ Եսայեանի կամ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները ազգային ողբերգութիւնը ներկայացնող յատկանշական օրինակներ են: Ինչպէս արցախեան առաջին ազատամարտը, այս պատերազմը եւս չէր կրնար տարբեր ըլլալ եւ արձագանգ...

Վերաշինութիւնը Եւ Քաղաքաշինական  Ծրագրաւորումը Զուգահեռաբար  Կ՛ընթանան Պուրճ Համուտի Մէջ

Վերաշինութիւնը Եւ Քաղաքաշինական Ծրագրաւորումը Զուգահեռաբար Կ՛ընթանան Պուրճ Համուտի Մէջ

ՊԵՇԻՐ ՕՏԷՅՄԻ ԵՒ ԶՈԷ ՀԱԼԼԻ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ «Եու. Էն. Հապիթաթ» կը համադրեն իրենց ջանքերը` անվտանգ դարձնելու նախ եւ առաջ բնակարանները: Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի փողոցները նորէն հասանելի են, եւ կարգ մը խանութներ արդէն վերաբացած են իրենց դռները: Կեանքը կամաց-կամաց կը վերադառնայ Պէյրութի հարաւը գտնուող այս երկու ժողովրդային թաղամասերուն, որոնք վնասներ կրեցին 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով: Ժըմմէյզիի,...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Մօտիկ Կամ Հեռու Տանող Հետեւութիւններ

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Համացանցում աչքիս ընկաւ նոյեմբերի 14-ին լոյս տեսած մի հրապարակում, որի վերնագիրն էր. «Կորուստի ահաւորութեան անհամաչափ ընդվզումի լոյսին տակ»: Այս նիւթի հրապարակման օրուանից որոշակի ժամանակ է անցել, բայց, ինչպէս ասում են, արծարծուած խնդիրները արդիականութիւնը չեն կորցրել եւ որոշեցի արձագանգել: նիւթի հեղինակը այն մարդկանցից է, որոնք 2018-ին Նիկոլի յեղափոխութեան փարոսն ուղեցոյց դարձրած «նոր ուղի» ընտրեցին իրենց համար: Ինչպէս վերնագիրն է...

Օգնել` Սորվելու Խնդիրներ Ունեցող Երեխաներուն

Օգնել` Սորվելու Խնդիրներ Ունեցող Երեխաներուն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Եթէ ձեր երեխան  սորվելու խնդիրներ ունի,  ծնողներու  վերաբերող խորհուրդներով դուք կրնաք  օգնել անոնց  ինքնավստահութիւնը  հաստատելու եւ յաջողութիւն գտնելու դպրոցին եւ կեանքին մէջ: Բոլոր երեխաները սիրոյ, քաջալերանքի եւ օգնութեան կարիք ունին, իսկ սորվելու դժուարութիւններ ունեցող երեխաներու  համար այդպիսի դրական ամրապնդումը կրնայ օգնել` ապահովելու անոնց ինքնավստահութիւնը, շարունակելու վճռակամութեան զգացումը նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ամէն բան դժուար է: Սորվելու դժուարութիւններ...

Կ՚ուզեմ Դուրս Ելլել

«Տիրոջը Մեծ Օրը Մօտ Է»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Տիրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2): Աստուածաշունչին մէջ մարգարէական գիրքերը լեցուն են մարգարէական տեսիլքով, անոնք կրնան նոյնիսկ սահմռկեցուցիչ տրամադրութիւններ եւ մթնոլորտ ստեղծել: Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը կը բնութագրէ «աշխարհի վերջը», ինչպէս որ մեր պատանեկան տարիներուն վարժ էին սորվեցնել մեզի:  Մարգարէական գիրքերը կը խօսին գալիք օրերու մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կը բացատրուի Տիրոջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արցախեան Ազատամարտի Ընթացքին Հայենիքի Պաշտպանութեան Համար Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Օր  Միացեալ Նահանգներ 22 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` հայ նահատակներու հոգիի հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար: Նոյն օրը թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատարագին եւ այս առիթով տուաւ իր պատգամը: Ինչպէս որ Արցախի...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Վերջին Երգը` Անձայն

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Գիշերները խառնուած էին: Գորոնան, մեր բառբարին մէջ` գրանը (համաճարակ) երկրորդական կարգի անցած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի մահասփիւռ որոտումը, որուն մասնակից եղանք զոհերով` նոյնպէս: Լիբանանի տնտեսական ահաւոր տագնապը` դարձեալ: Հրատապ կը մնար Արցախը: Վերջին մի քանի գիշերները, մինչ պատերազմը օրէ օր կը ճնշէր, Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կը դեգերէի: Հին Կտակարան… Խռոված էր հոգիս, իսկ միտքս` շուարած… Բարի ստեղծագործութեան, խաղաղութեան, անաչառութեան...

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը»  Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

«Վ. Ձ.».- Զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող երկու մեծ հարցականներ կան, մէկը Ճեպրայիլի ուղղութեամբ կատարուածը, երկրորդ` Շուշիի մէջ եղածը: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ հարաւային կողմը այդքան մեծ պարտութիւն կրեցինք, իսկ Շուշիի մէջ պատահեցաւ այն, որ պէտք չէր պատահեր: Բ. Պ.- Ես զինուորական մասնագէտ չեմ, ո՛չ ալ ստուգուած տեղեկութիւններ ունիմ, սակայն ինչ որ ճակատէն վերադարձածները ըսած են, եւ քաղաքական վերլուծումներ կատարուած են, հետեւեալը պատահած...

Հրայր Սողոմոնեանի Քառասունքին Առթիւ Հպարտ Հայաշէնցին,  Հայաշէնի Հպարտութիւնը

Հրայր Սողոմոնեանի Քառասունքին Առթիւ Հպարտ Հայաշէնցին, Հայաշէնի Հպարտութիւնը

5 հոկտեմբեր 2020-ին Հայաշէնը եւ համայն հայութիւնը կորսնցուցին իրենց շատ սիրելի զաւակներէն բարերար Հրայր Սողոմոնեանը: Հրայր Սողոմոնեան ծնած է Հայաշէն, 1948-ին, յաճախած է շրջանի Ազգային Թորգոմեան վարժարանը, որմէ ետք իր միջնակարգ ու  երկրորդականի  ուսումը  ստացած Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1967-ին: Համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ընկեր Հրայր Հայաշէնի մէջ նախապատերազմեան շրջանին,...

ՀՕՄ` Միշտ Պատնէշի Վրայ

ՀՕՄ` Միշտ Պատնէշի Վրայ

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Եթէ անցնող երեսուն տարիներուն համայն հայութիւնը իր օգնութիւններով կեդրոնացած էր ազատագրուած Արցախի հզօրացման եւ բոլոր մակարդակներու վրայ յառաջդիմութեան ու զարգացման վրայ, ապա այսօր այդ նոյն հայութիւնը իր հայեացքը սեւեռած է անիրաւութեամբ, անխոհեմութեամբ եւ անհեռատեսութեան պատճառով գաղթական դարձած արցախցիին տուն, տեղ, սնունդ հանդերձանք ապահովելու հրամայականին վրայ: Ահա իրողութիւն մը, որ անկարելի է մարսել եւ անկարելի է ներել անոր հեղինակներուն,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

 Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Արցախեան Գոյամարտի Նահատակներուն Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակի օրուան արարողութիւններու ծիրին մէջ, նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. պատրիարքին, կիրակի, 22 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զալքայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ս. պատարագ մատուցուեցաւ` ի յիշատակ արցախեան նորագոյն պայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած հայորդիներուն: Սուրբ պատարագը մատուցանեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ...

Հայրենի Կեանք

Արցախի Մանուկներու Հաւաքական Մկրտութիւն Ծաղկաձորի Մէջ

Նոյեմբեր 20-ը «Տիրամայր Հայաստան»-ի ճամբարը հիւրընկալուած արցախցի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն կեանքին մէջ սովորական օր մը չէր: Ծաղկաձորի Կեչառիս վանական համալիրին Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մկրտութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կնքահայր Շահան Գանտահարեան իր 36 սանիկներուն համար խնդրեց «Հաւատք, յոյս եւ սէր»: Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց անակնկալ տօնակատարութիւն` կնքահօր եւ կնքամօր` Շահան եւ Գոհար Գանտահարեաններու մասնակցութեամբ: Յայտնենք, որ մկրտութիւնը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սելճուք-Թրքական Եւ Մոնկոլական Արշաւանքներ Խաչենի Գահերէց Իշխանութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հասան Ջալալ` Հայոց Արեւելից Կողմանց Գահերէց Իշխան Սելճուք-թրքական թափառաշրջիկ ցեղախումբեր Տուղրիլ բէկի (993-1063) առաջնորդութեամբ 1047-ին սկսան արշաւանքներ կազմակերպել Հայաստանի վրայ: Երկրորդ արշաւանքը տեղի ունեցաւ 1048-ին, երրորդը` 1054-ին: Անոնք ներխուժեցին հայկական գրեթէ բոլոր երկրամասեր եւ աւերեցին շէն բնակավայրեր: Սկզբնական այդ արշաւանքներուն սակայն անոնք չյաջողեցան թափանցել Արցախ: Սելճուքեան մեծաթիւ զօրքեր 1064-ին, Ալփասլանի գլխաւորութեամբ...

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը»  Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

 «Վանայ Ձայն»-ին Տրուած Հարցազրոյցին Ընթացքին 28 նոյեմբերին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ կատարեց «Արցախի անձնատուական համաձայնագիրը եւ մենք» նիւթով հարցազրոյց մը, զոր վարեց կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Հարցազրոյցին ընթացքին հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան արցախեան պատերազմն ու անոր ընթացքը, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնն ու անոր ունեցած ծանր ազդեցութիւնը համայն հայութեան վրայ,...

Դաշնակցութիւնը Երանի՜ Սխալած Ըլլար

Դաշնակցութիւնը Երանի՜ Սխալած Ըլլար

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Սիրելի՛ բարեկամներ եւ դաշնակցական ընկերներ, Փոթորկած է հայաշխարհը, ու ամպոտած անոր երկնակամարը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ազգովին այսքան մեծ հաւաքական ցնցումի չէինք ենթարկուած: Այո՛, ճիշդ է, որ Հայաստանը հարուածած 1988-ի երկրաշարժը, Սումկայիթի փոկրոմները, 1990-ականներու Արցախեան պատերազմին թշնամի ազերիին անմարդկային վերաբերմունքը, տարբեր երկիրներու մէջ պատահած պատերազմներու պատճառով տեղւոյն հայ համայնքներուն ստացած ծանր հարուածները  հայ կեանքը եւ բովանդակ հայութիւնը տարբեր փուլերու...

Արցախի Պաշտօնական Ճանաչումը, Ֆրանսան Եւ Մասամբ Նորին

Արցախի Պաշտօնական Ճանաչումը, Ֆրանսան Եւ Մասամբ Նորին

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վերջին ամիսներուն ֆրանսեւթրքական լարուած յարաբերութիւններու հետզհետէ վատթարացումը, որ Փարիզի կողմէ հասաւ մինչեւ իսկ իր դեսպանը Անգարայէն տուն կանչելու փուլին, թողած է այն տպաւորութիւնը, որ Ֆրանսա շուտով պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, մանաւանդ արցախեան պատերազմին վերաբերեալ ի նպաստ հայկական կողմին նախագահ Մաքրոնի ծանօթ յայտարարութենէն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական քանի մը քաղաքներու կողմէ Արցախի ճանաչման քայլէն...

Page 466 of 1112 1 … 465 466 467 … 1,112

Արխիւներ