ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պատմական ցնցիչ իրադարձութիւնները` պատերազմներէն սկսեալ, իրենց յաղթանակներով թէ պարտութիւններով, նահատակներով թէ բրտութիւններով, մարդկային ողբերգութիւններով, բռնի գաղթերով, մինչեւ ջարդ ու ցեղասպանութիւն, իրենց արձագանգը կը գտնեն գրականութեան մէջ: Մեր պարագային, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Տէրեանի, Վահան Թէքէեանի, Զապէլ Եսայեանի կամ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները ազգային ողբերգութիւնը ներկայացնող յատկանշական օրինակներ են:
Ինչպէս արցախեան առաջին ազատամարտը, այս պատերազմը եւս չէր կրնար տարբեր ըլլալ եւ արձագանգ չգտնել մեր բանաստեղծութեան մէջ, մէկ այն տարբերութեամբ, որ աւելի քան ամիս մը պետութեան կողմէ մեզ յաղթանակի խաբէութեան մէջ պահելէ ետք, կ՛իմանայինք ահաւոր իրականութիւնը, այն կ՛աւարտէր ջախջախիչ պարտութեամբ մը` հողային անհաւատալի զիջումներով եւ մութ գործարքներու առնչուած բազմաթիւ հարցականներով:
Այստեղ Դիմատետրի էջէս ընտրած եմ եօթը տարբեր գրողներէ եօթը բանաստեղծութիւններ, որոնք այս պատերազմի տարբեր ժամանակահատուածներուն գրուած են, եւ իւրաքանչիւրը այդ շրջանին առնչուած հեղինակներու ապրումները կամ ընդվզումը կը ներկայացնէ: Ոճերն ու ձայները տարբեր են` նուրբ քնարականէն մինչեւ ընդվզողական, հռետորական շունչով, նոյնիսկ` խոստովանական:
Առաջին օրերու ռազմաշունչ մթնոլորտին մէջ Վեհանուշ Թեքեան «Արցախ» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«Վառա՛ծ է կանթեղը, կանգներ են լեռները / Ընդդէմ լուռ, շահամէտ աշխարհի./Բացուած է գուբը եւ հիմա / Կանթե՛ղը լոյս կու տայ արեւին: / Թող զոհուած հօր զաւակներուն / Անոր կեանքը` ծիածաններ կամարէ, / Այրիացած իրենց մօր սրտին /
Տղոց կեանքը խինդ խնկարկէ»:
Գիտակից ըլլալով հանդերձ պատերազմին հետ կապուած ցաւերուն ու արհաւիրքերուն, քերթուածը յստակօրէն յաղթութեան կապուած տրամադրութիւններ կը փոխանցէ, մանաւանդ որ այս մէկը պաշտպանողական, երկիրը պահելու ձգտող ճակատում է, եւ կ՛աւարտի սահմաններուն անխախտելի խաղաղութեան մաղթանքով:
Հայաստանի ժամանակակից ամենատաղանդաւոր բանաստեղծներէն մէկը` Յուսիկ Արան, անկախ իշխանութեան կեղծիքներուն դէմ իր հրապարակային ելոյթներէն, իր «Մելոդիա» շարքով ցնցիչ կերպով կ՛անդրադառնայ մեր պատրաստութեան պակասին, անձնատուական զիջումներուն, որոնց զոհ գացին մեր երիտասարդ բանակայինները.
«Մենք բացեցինք ձեր թիկունքը,/ երբ դուք մեր կուրծքն էիք փակել / ձեր հասակով,առասպել հիւսեցինք ձեր շուրջը, / մենք մնացինք մանրածախ ու չնչին. / մեզ ստեցին, ու ստեցինք ձեզ»:
Նոյն մթնոլորտէն կու գայ Դաւիթ Մշեցիի բանաստեղծութիւնը. ան կամաւոր մասնակիցներէն է արցախեան ճակատամարտին եւ միշտ ալ հանրային ջիղ ցուցաբերած է եւ կը ցուցաբերէ հայրենիքի մէջ կատարուած անցուդարձերուն.
«Քեզ քանդում են, Երկի՛ր, / քանդում ներս ու դրսից. /քեզ չէր քանդել այսչափ /անգամ արքան պարսից®»:
Անվստահութեան մթնոլորտը, երկրի քայքայումը, անտիրութիւնը եւ անկումային մթնոլորտը կը մղէ զինք, որ աղերսելու պէս պահանջէ, որ այս կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն հրաժարի իր պաշտօնէն …
Այստեղ երկու քնարական նուրբ ձայներ նկատի առած եմ, սփիւռքէն` Փանոս Ճերանեանը, որ կը տագնապի Դադիվանքի կացութեամբ, իսկ Հայաստանէն` Անահիտ Մխիթարեանը, որ բեկումնային այս հարուածին դէմ կ՛արձանագրէ, որ ի՛ր ու բնականաբար մեր սերունդի «Գիրք ճանապարհին» իսկապէս ծանր եղաւ:
Այստեղ ինծի թող ներուի, որ բանաստեղծութեան ձեւի տակ հոգեվիճակս, ապրումներս ու տագնապներս նաեւ ընդգրկեմ սոյն շարքին մէջ, ինչ որ քիչ մը ամէն հայու կացութիւնն էր ու կը մնայ այս նոր աղէտին դիմաց.
«Շաբաթներով տագնապելէ, բարկանալէ, / ճակատագրին, ինքս ինձ դէմ զայրանալէ, / ուրիշներու դէմ վիճելէ, / խոր տխրութեան կիրճերուն մէջ թաւալելէ, /յիմար տողեր կարդալէ ետք, հակազդելէ, / մոլեգնելէ,կարծես արդէն ինքնիրմէս դուրս ելլելէ ետք / այս տողերը կրնամ գրել»:
Վստահ եմ, որ բազմաթիւ այլ արժէքաւոր քերթուածներ ալ յօրինուած են եւ պիտի գրուին արցախեան պատերազմէն բխած. վերջ ի վերջոյ, ինչպէս վերը նշեցի, Դիմատետրի ընկերներուս էջերէն ընտրուած գրութիւններ են ասոնք, որոնք նոյնիսկ ապագային, երբ հատորի մէջ մտնեն, կրնան փոփոխութիւններ կրել: Կարեւորը, սակայն, այս ողբերգական պատերազմի տխուր իրականութեան տարբեր երեսներուն արձագանգին ներկայացումն է:
Շարքը կ՛աւարտեմ մեր երէց սերունդի մէկ ներհուն մտաւորական բանաստղծին` Կարօ Արմէնեանի «Սրտի խօսք»-ով, որ հրապարակագրութեամբ թէ քերթողութեամբ եւ հանրային աշխուժ մասնակցութեամբ միշտ ալ ներկայութիւն եղած է հայ կեանքին մէջ, հոս` հայրենազրկման այս մորմոքին, խոցուած արժանապատուութեան եւ նահանջային տրամադրութեանց դիմաց խոստումի նման պիտի յայտարարէ.
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՈՍ ՎԵՐՋ ՉԻ ԳՏՆԵՐ,
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՈՍ ԿԸ ՍԿՍԻ,
Մենք մեր ուխտը ըրինք այսօրուա՛ն համար»:
ՀԻՄԱ ԿՐՆԱՄ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ
«Այս գիշեր կրնամ գրել ամենատխուր տողերը»
ՓԱՊԼՕ ՆԵՐՈՒՏԱ
Շաբաթներով տագնապելէ, բարկանալէ,
ճակատագրին, ինքս ինձ դէմ զայրանալէ,
ուրիշներու դէմ վիճելէ,
խոր տխրութեան կիրճերուն մէջ թաւալելէ,
յիմար տողեր կարդալէ ետք, հակազդելէ,
մոլեգնելէ,
կարծես արդէն ինքնիրմէս դուրս ելլելէ ետք
այս տողերը կրնամ գրել:
Հող որ շահուած էր անարդարութեան
դէմ պայքարներով,
կռիւ արիւնոտ` ընդդէմ կորուստին
տասնամեակներու, անցած դարերու,
դեռ երազանքի ծիլ` վերադարձի
ջարդուած հայրերու ծննդավայրի,
ահա կը յանձնուէր այնքան դիւրութեամբ,
առաւել տալով գետահոս արիւն,
ամբողջ սերունդ մը` վեհ, խոստմնալի:
Այո՛, դեռ պէտք է արձանագրեմ
ժողովուրդի մը ամորձատումի
փորձերը տխուր,
ձախողութիւններ արդարացնելու
ճիգերը մեկին,
նոյնիսկ մեզ ջարդած ստոր ոսոխին
հետ հաշտուելու,
անցեալն մոռնալու կոչերը կրկնուող,
ամէն ինչ տալու կամ վտանգելու
քայլերը մթին` վասն հանգիստի,
պատառ մը հացի:
Այս երեկոյ ո՞վ կրնայ խօսքերով
կամ արարքով մը մեզ մխիթարել,
մեր անմեղ տղոց այսպէս դիւրութեամբ
արիւնն հեղելու,
դարեր շարունակ այսպէս կրկնուող
ապիկարութեան,
դուրսէն ծրագրուած խարդաւանքին
տրուելու համար,
այսպէս կամակոր լուռ յանձնուելու …
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՐՑԱԽ
Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՛երեւան:
Աստուա՜ծ, խնայէ քաջերուն
Որ փշրեն շղթաները բռնութեան.
Խաչուեր են գերհերոս հազարնե՜ր
Հողը` երկունք, հողն երկիւղ բազմադարեան:
Վառա՛ծ է կանթեղը, կանգներ են լեռները
Ընդդէմ լուռ, շահամէտ աշխարհի.
Բացուած է գուբը եւ հիմա
Կանթե՛ղը լոյս կու տայ արեւին:
Թող զոհուած հօր զաւակներուն
Անոր կեանքը` ծիածաններ կամարէ,
Այրիացած իրենց մօր սրտին
Տղոց կեանքը խինդ խնկարկէ:
Թող մայրերու կսկիծն անհուն`
Թէ՛ մանկութեան օրօրներուն
Թէ՛ ողջերթի համբոյրներուն
Անուշութիւնը պարուրէ:
Մատղա՜շ տղաք, կեանք չտեսած`
մահուան հարուածը տեսան:
Եւ հայրերու նայուածքը լուռ
Իրենց զաւկին պատկերին դէմ
Հպարտ զգայ, բայց նաեւ փղձկայ:
Եւ թող ազգին մեր աներկբայ
Ալեկոծուած դրօշակը
Դափնիներու սուգի կողքին`
Յաղթանակի երգ ու փառքով
Արփահեղեղ ծածանի:
Յաւերժօրէն ծփայ, ծփա՜յ,
Դիւցազնածին մեր Արցախին
Պահպանիչի՜ օրհնանք տեղայ:
Խաղաղութիւ՜ն, Երկիր.
Քանի՛ սերունդ երկնեցին քեզ,
Տո՜ւր մեր ցաւին` խաղաղութիւն,
Արիութեան` նոր խնդութիւն,
Մեր տուներուն` խունկ ու գինի,
Սահմաններուն` անխախտելի խաղաղութիւն:
Եւ տո՛ւր կրկին` արնաթաթախ ազգիս հայոց
Լուսաշաղախ հոծ խորհուրդիդ
Հաղորդութիւնն անվերջալոյս:
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ
Բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին մորմոքը հայրենազրկման
Բոլոր անոնց, որոնք խոցուած են իրենց ինքնութեան խորերէն
Բոլոր անոնց, որոնք լռութեան մէջ կը կռուին թերարժէքութեան եւ կասկածի դեւերուն դէմ
Բոլոր անոնց, որոնք այսօր դաժանօրէն կը հարցադրեն իրենց կեանքի յետին հիւլէն `
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՈՍ ՎԵՐՋ ՉԻ ԳՏՆԵՐ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՈՍ ԿԸ ՍԿՍԻ
Մենք մեր ուխտը ըրինք այսօրուա՛ն համար:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Քեզ քանդում են, Երկի՛ր,
քանդում ներս ու դրսից.
քեզ չէր քանդել այսչափ
անգամ արքան պարսից…
քեզ քամում են, Երկի՛ր,
քամում մինչեւ մրուր.
քեզ չէր քամել այսպէս
ոչ մի Մոնղոլ Թեմուր…
քեզ ծամում են, Երկի՛ր,
Գառնուց մինչեւ Հաղպատ,
որ չզորեց ծամել
անգամ փաշան Թալէաթ…
քեզ ի՞նչ ասեմ, Երկի՛ր,
կամ ի՞նչ անեմ, ասա՛,
որ քո թաւշեայ տղան
իմ աղերսին անսայ…
ԴԱՒԻԹ ՄՇԵՑԻ
ԴԱԴԻՎԱՆՔԻՆ
Դուն կը ձայնես ինձմէ ներս,
սաղմոսն ինչպէս միաձայն`
Վանականի շուրթերուն:
Դուն կը մնաս ինձմէ ներս,
Ինչպէս ծփանքը խունկին`
կիրակմուտքի աղօթքին:
Դուն կը դողաս ինձմէ ներս,
Ինչպէս պատրոյգը մոմին`
Քինախնդիր քամիներու ափերուն…
ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
* * *
Իմ մորմոքները ինձ տուն կը տանեն,
կողք-կողքի կ՛ապրենք ես ու մի ագռաւ,
իմ որդիները կը ծնուեն ջրից,
բեկումնային է հարուածը, հարկաւ:
Ափսոսանքով եմ նայում աշխարհին,
իմ ափսոսանքն են հրթիռներ ու նաւ,
ես չեմ չեղարկի գաղտնիքը դարի,
չխուսափեցի,- այն, ինչ որ եղաւ:
Ես Մարդկութիւնն եմ ամփոփում իմ մէջ,
իմ մէջ են նրա կողերը անցաւ,
խաւարի մասին ամէն ինչ գիտեմ,
այն իմ արցունք էր սալիկին ընկաւ:
Նա էր, որ պատմեց ինձ երկինքներից,
նա էր, որ պիտի չծնէր ինձ կաւ,
հպարտօրէն եմ շրջւում անցեալից,
Գիրք ճանապարհի, որ ծանր եղաւ…
ԱՆԱՀԻՏ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
* * *
Դուք վստահեցիք, մենք թերացանք,
դուք հաւատացիք, երկմտեցինք մենք,
ձեր իմաստաւորը մենք դարձրեցինք անիմաստ
եւ մնացինք առ ոչինչ:
Մենք մենակ թողեցինք ձեզ բարձր լեռներում`
ցրտի ու սառնութեան մէջ,
մոռացանք խրամատների թացի ու արեան վրայ`
զէնքը ձեռքներիդ,
թիկունք շրջեցինք,
երբ առաջնագծում նայում էիք ուղիղ թշնամուն:
Մենք մատնեցինք ձեր քաղաքը,
բերդն ու ամրոցը,
երբ դուք պարսպին կանգնած,
բարձր աշտարակում եւ դարպասի առաջ
հսկում էիք օրերի երթն ու ապրելու իրաւունքը մեր:
Մենք բացեցինք ձեր թիկունքը,
երբ դուք մեր կուրծքն էիք փակել
ձեր հասակով,
առասպել հիւսեցինք ձեր շուրջը,
մենք մնացինք մանրածախ ու չնչին.
մեզ ստեցին, ու ստեցինք ձեզ:
Մենք յանձնեցինք ձեր հայրենիքը
եւ ձեր հայրերի հայրենիքը,
թղթին դրած մէկ նիշով:
Մենք կը փնտռենք ձեզ ողջերի մէջ,
դուք մեռածների մէջ կը գտնէք մեզ.
բայց դուք կա՛ք,
եւ նորից ենք լինելու մենք:
ՅՈՒՍԻԿ ԱՐԱ
«Մելոդիա» շարքէն