10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Ե. Դէպի Վերականգնում Եւ Անկէ Անդին – Շրջանային Եւ Միջազգային Հորիզոններ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 10 նոյեմբերին լոյս աշխարհ եկած համաձայնագիրը, ամէնէն հպանցիկ ակնարկով իսկ, ցոյց կու տայ, որ անիկա լոկ զինադուլի` 27 սեպտեմբերին պայթած պատերազմին դադարեցման քայլ չէ, այլ ունի միջազգային ծալքեր, որոնք ահաւասիկ կը քողազերծուին, թաքուն նոր երեսներ ի յայտ կու գան: Շերտ առ շերտ ի յայտ եկող մանրամասնութիւնները` ճակատներու վերիվայրումներ, զինուորական, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ այլ, ամէն բանէ առաջ կը հնչեցնեն...















