Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 2, 2020
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter
 Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Արցախեան Գոյամարտի Նահատակներուն

Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակի օրուան արարողութիւններու ծիրին մէջ, նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. պատրիարքին, կիրակի, 22 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զալքայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ս. պատարագ մատուցուեցաւ` ի յիշատակ արցախեան նորագոյն պայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած հայորդիներուն:

Սուրբ պատարագը մատուցանեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ այս անգամ առիթը տօնական չէ. «Հայկական եկեղեցիներու այսօրուան տխրահունչ ղօղանջը հրաւէր մըն է համայն հայութեան` յիշելու, նշելու եւ փառաւորելու համար` արցախեան պատերազմին հայրենիքի, մեր` բոլորիս, մեզմէ իւրաքանչիւ՛րի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսները: Հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին հերոսաբար նահատակուած քաջարի հայորդիները, որոնք իրենց անօրինակ սխրանքներով դիմադրեցին Արցախի դէմ սանձազերծուած նուազագոյնը տասնապատիկ թրքական, ազերիական եւ վարձկան ահաբեկիչ` արդիական զէնքերով օժտուած ուժերուն: Անոնք ցոյց տուին, որ արժանաւոր յաջորդներն են այն ազատամարտիկներուն, որոնք մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ազգի եւ հայրենիքին պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ նահատակուեցան որպէսզի կանգուն պահեն հայրենիքը, որպէսզի չհանգի իւրաքանչիւր հայու օճախին ճրագը, զոր վառեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր սուրբ հայրերը», յայտնեց ան:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան դիտել տուաւ, որ պատարագը առիթ է նաեւ խոնարհելու հերոսածին մայրերուն առջեւ, որոնք իրենց զաւակները նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին, ինչպէս նաեւ` Աստուծմէ խնդրելու վիրաւոր հայորդիներուն ամբողջական ապաքինումը:

«Հայկական եկեղեցիներու այս առաւօտեան ղօղանջը նաեւ հրաւէր է միասնականութեան, աղօթելու այս միասնականութեան անսասան պահպանումին համար, որովհետեւ միայն ու միայն այդ միասնականութեամբ է, որ պիտի յաղթահարենք մեզի պարտադրուած պատերազմին պատճառով տարածքներու կորստեան եւ այլ հետեւանքներուն պատճառած հիասթափութիւնը եւ արդար ընդվզումը, յուսալքութեան եւ պարտուողականութեան ամէն զգացում, պիտի դիմագրաւենք պատերազմին ահաւոր հետեւանքները, պիտի վերագտնենք վերականգնելու, պայքարը եւ մեր գոյերթը շարունակելու ուժը: Պատերազմին պատճառով մեզի պարտադրուած կացութիւնը յաղթահարելու միակ միջոցը հաւաքաբար, ազգովին` ազգին ու հայրենիքին շահերուն յանձնառութեամբ առաջնորդուելու հրամայականն է:  Ահա ասիկա կը յորդորէ հայկական եկեղեցիներուն այս առաւօտեան ղօղանջը: Հրաւիրուած ենք լսելու այդ ղօղանջը եւ աղօթելու այդ ղօղանջին թելադրած նպատակներու իրագործումին համար», դիտել տուաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը հաւատացած է աղօթքի ուժին, ուստի ասիկա առիթ է հաւաքաբար աղօթելու, որպէսզի Աստուած ուժ եւ միասնականութիւն տայ` յաջողութեամբ շարունակելու մեր երթը ի խնդիր մեր իրաւունքներու ձեռք բերման, արդարութեան եւ խաղաղութեան յաղթանակին:

Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հայ քաջարի զինուորներուն, արիասիրտ հոգեւորականներուն, նուիրեալ կամաւորականներուն եւ հայրենասէր ժողովուրդի զոհուած զաւակներուն հոգիներու հանգստեան ի խնդիր, աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Տէրը Ի՛նք պահէ ու պահպանէ մեր հայրերուն կողմէ մեզի աւանդուած սուրբ հողը եւ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերստին հաստատէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Դրամական Աջակցութեան Համար Հայաստանի Կառավարութեան Դիմած Է 5 Հազար Արցախցի

Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տրամադրուող միանուագ դրամական աջակցութեան համար արդէն դիմում ներկայացուցած է Արցախի մէջ հաշուարուած մօտաւորապէս 5 հազար քաղաքացի, որոնց 2 հազարին դիմումը արդէն հաստատուած է:

Լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային ապահովութեան ծառայութեան նախագահ Անի Ամիրշադեանը:

Նախարարութեան հաշուարկով, Արցախի մէջ արձանագրուած մօտաւորապէս 94 հազար քաղաքացի կրնայ դառնալ այս ծրագիրի շահառու:

Ծրագիրին կրնան դիմել այս պահուն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ գտնուող արցախցիները:

Ըստ Անի Ամիրշադեանի, իւրաքանչիւր անձի պիտի յատկացուի 68 կամ 83 հազար դրամ:

Ֆրանսան Ճիգ Կը Տանի Արցախի Բնակչութեան Օժանդակելու

Ֆրանսան կը ջանայ արցախեան տագնապէն տուժած հայ բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու: Այս մասին յայտնած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւնները կը հրաւիրեն միանալու այս նախաձեռնութեան, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը պիտի բերեն հիմնադրամին` պիտի նպաստեն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ նախատեսուած միջոցառումներուն իրականացման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի Մանուկներու Հաւաքական Մկրտութիւն Ծաղկաձորի Մէջ

Նոյեմբեր 20-ը «Տիրամայր Հայաստան»-ի ճամբարը հիւրընկալուած արցախցի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն կեանքին մէջ սովորական օր մը չէր:

Ծաղկաձորի Կեչառիս վանական համալիրին Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մկրտութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կնքահայր Շահան Գանտահարեան իր 36 սանիկներուն համար խնդրեց «Հաւատք, յոյս եւ սէր»:

Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց անակնկալ տօնակատարութիւն` կնքահօր եւ կնքամօր` Շահան եւ Գոհար Գանտահարեաններու մասնակցութեամբ:

Յայտնենք, որ մկրտութիւնը եւ ընդհանրապէս «Մենք թմրանիւթերու դէմ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրը սեպտեմբերին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին պատճառով սեփական տանիքը ձգած եւ Հայաստանի մէջ ծուարած արցախցի մեր հայրենակիցներուն համար իրագործուեցաւ շնորհիւ բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններու:

Յուշարձաններու Հանրահռչակման Նպատակով Պիտի Գործէ Արցախի Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան Գրասենեակը

Մշակութային արժէքներու պահպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներուն ուշադրութիւնը Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան վրայ հրաւիրելու, զայն ոչնչացումէ զերծ պահելու նպատակով Մայր Աթոռին մէջ պիտի գործէ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակը:

 

Այս մասին յայտնեց գրասենեակի պատասխանատու Գարեգին վրդ. Համբարձումեանը, որ ըսաւ, թէ ներկայիս չեն կրնար անմիջականօրէն պահպանել վերահսկողութենէ դուրս մնացած մշակութային եւ հոգեւոր հարստութիւնը, սակայն կրնան նպաստել անոր պահպանման` միջազգային կառոյցներուն հետ համագործակցութեամբ:

«Պիտի աշխատինք երեք հիմնական ուղղութեամբ. նախ եւ առաջ պէտք է իրականացուին յուշարձաններու մասին գիտական ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպուին գիտաժողովներ, հանդիպումներ, իրականացուին մասնագէտներու հետ քննարկումներ: Պէտք է գրուին հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան մասին յօդուածներ եւ պաշտպանուին թեզեր», ըսաւ Գարեգին վարդապետը` աւելցնելով, որ երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը առցանց հարթակի վրայ պէտք է կատարուին լուրջ շեշտադրումներ, անհրաժեշտ տուեալներու եւ հաւաստի փաստերու տեղադրումով: Այդ կառոյցներուն ջանքերով եւ կարողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կանխել Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական յուշարձաններուն հանդէպ ոտնձգութիւնները:

Գերմանիան 2 Միլիոն Եւրօ Տրամադրեց` Արցախի Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրականացնելու

Գերմանիան 2 միլիոն եւրօ տրամադրեց Կարմիր խաչին` Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Կառավարութիւնը միաժամանակ ընդգծեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնը պէտք է անարգել մուտքի կարելիութիւն ունենայ ռազմական գործողութիւններէն տուժած բոլոր տարածքները անխտիր, որպէսզի կարենայ աջակցիլ բոլոր կարիքաւորներուն:

Կարմիր խաչը միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ արցախեան վերջին պատերազմէն առաջ գրասենեակներ ունէր ոչ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Արցախի մէջ, եւ տասնամեակներ շարունակ տարածաշրջանին մէջ աշխուժ աշխատանք կը տանի մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ, որոնց կարգին է անյայտ կորսուածներու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման հարցը:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Մանուկներու Հաւաքական Մկրտութիւն Ծաղկաձորի Մէջ

Յաջորդը

ՀՕՄ` Միշտ Պատնէշի Վրայ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?