Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ` Միշտ Պատնէշի Վրայ

December 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Եթէ անցնող երեսուն տարիներուն համայն հայութիւնը իր օգնութիւններով կեդրոնացած էր ազատագրուած Արցախի հզօրացման եւ բոլոր մակարդակներու վրայ յառաջդիմութեան ու զարգացման վրայ, ապա այսօր այդ նոյն հայութիւնը իր հայեացքը սեւեռած է անիրաւութեամբ, անխոհեմութեամբ եւ անհեռատեսութեան պատճառով գաղթական դարձած արցախցիին տուն, տեղ, սնունդ հանդերձանք ապահովելու հրամայականին վրայ:

Ահա իրողութիւն մը, որ անկարելի է մարսել եւ անկարելի է ներել անոր հեղինակներուն, որոնք, անկասկած, իրենց արդար պատիժը կը ստանան մեր ժողովուրդին կողմէ, ի՛նչ պաշտօններու կամ պետական բարձր մակարդակներու վրայ գտնուին անոնք:

Այսօր որքան ալ քարոզչութիւն կատարեն, որ հազարաւոր արցախցիներ տուն կը վերադառնան, սակայն, միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ, որ իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած ու անօթեւան դարձած հազարաւոր արցախցիներ գաղթականի կարգավիճակով կայք հաստատած են Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ եւ իրենց թափառական կեանքը կ՛ապրին` երազելով իրենց տունդարձը:

Ուրախալի է, որ նման իրավիճակի մատնուած մեր հայրենակիցները առանձին չեն եւ հոգատարութեան կ՛արժանանան բարեսիրտ անհատներու եւ մանաւանդ բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս իմաստով, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ողջ ընտանիքը ոտքի է եւ հաւատարիմ` «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսին, արցախազրպէյճանական պատերազմի առաջին օրէն իսկ, իր առաւելագոյնը ի գործ դնելով, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր հայրենակիցներուն` ապահով ու բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելով անոնց: Եւ անյետաձգելի հրամայականէն մեկնած` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը երեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պատուիրակութեամբ մը այցելեց Բրիւսովի անուան համալսարանի Ծաղկաձորի հանգստեան տուն եւ իր հերթական մարդասիրական ծառայութիւնը մատուցեց հոն ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած Արցախի զանազան քաղաքներէ եկած գաղթականներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ` ատենապետ Մարինէ Համբարձումեան եւ Սօսի Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանէն հայրենիք այցելած Սիլվա Պետեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատուներէն Անահիտ Նազարեան եւ յօդուածագիրս: Պատուիրակութիւնը իրեն հետ նուէր տարած էր սննդամթերք եւ փոքրերու ձմեռնային տաքուկ հանդերձանք: Այս այցելութիւնը ոչ միայն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց փոքրերուն մօտ, այլ նաեւ երախտագիտութեանը արժանացաւ կեդրոնի տնօրէնութեան, որ լաւապէս ծանօթ ըլլալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան` մեծապէս գնահատեց անոր մարդասիրական ծառայութիւնները:

Այնուհետեւ, Համեստ Պէօճէքեանի եւ Մարինէ Համբարձումեանի հետ այցելեցինք արցախեան վերջին մարտերուն քաջաբար մարտնչած եւ ի սէր հայրենի հողի պաշտպանութեան նահատակուած հրազդանցի ազատամարտիկներ Արկադի Իսրայէլեանի եւ Մհեր Յարութիւնեանի (Ճուտ) ընտանիքներուն եւ սփոփանքի քաղցր խօսքերով փորձեցինք մեղմացնել անոնց վիշտը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ազգանուէր այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ նահատակ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն կողմէ, որոնք իրենց անսահման երախտագիտութիւնը յայտնեցին ՀՕՄ-ին` իր հոգատար վերաբերմունքին համար:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները այցելած են զոհուած ազատամարտիկներու բազմաթիւ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ` իրենց բնակարանները, կամ հիւանդանոցները բուժուող մեծ թիւով վիրաւոր ազատամարտիկներու, զրուցած են անոնց հետ, խրախուսած են անոնց քաջագործութիւներն ու նուիրումը եւ իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը մատուցած են անոնց:

ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը կը շարունակէ մարդասիրական իր ծառայութիւնները հայրենիքէն ներս եւ դուրս` շնորհիւ իր ղեկավարութեան, ժրաջան անդամներուն եւ մանաւանդ իրեն հաւատք ընծայող համակիրներու լայն շրջապատին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հրայր Սողոմոնեանի Քառասունքին Առթիւ Հպարտ Հայաշէնցին, Հայաշէնի Հպարտութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.