Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Սողոմոնեանի Քառասունքին Առթիւ Հպարտ Հայաշէնցին, Հայաշէնի Հպարտութիւնը

December 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 հոկտեմբեր 2020-ին Հայաշէնը եւ համայն հայութիւնը կորսնցուցին իրենց շատ սիրելի զաւակներէն բարերար Հրայր Սողոմոնեանը:

Հրայր Սողոմոնեան ծնած է Հայաշէն, 1948-ին, յաճախած է շրջանի Ազգային Թորգոմեան վարժարանը, որմէ ետք իր միջնակարգ ու  երկրորդականի  ուսումը  ստացած Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1967-ին: Համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Ընկեր Հրայր Հայաշէնի մէջ նախապատերազմեան շրջանին, մասնաւորապէս` 1971-1973 տարիներուն, զարկ տուած է թատերական կեանքին:  Հայաշէնցիներէ բաղկացած թատերական խումբ մը կազմած եւ կազմակերպած է երկու թատերախաղեր: Ան անդամ էր շրջանի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղին: Անոր ճիգերով շրջանը ապրեցաւ մշակութային վերելք մը: Ընկեր Հրայրի ընկերները կը վկայեն, որ ան միշտ ժողովներուն կը ներկայանար նոր գաղափարներով եւ ծրագիրներով, նաեւ  ուշի-ուշով կը հետապնդէր ծրագիրի մը գործադրումը:

Լիբանանի պատերազմէն ետք ան միշտ նեցուկ կանգնեցաւ իր շրջանի ակումբին, եկեղեցիին եւ ժողովուրդին: Հսկայական նեդրումներ, բարեսիրական աշխատանքներ եւ նուիրատութիւններ կատարեց շրջանին մէջ մասնաւորապէս Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին եւ «Ռոստոմ» ակումբին : Անոր նիւթական ներդրումով պատրաստուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն` Ռոստոմի պրոնզեայ  կիսանդրին, որ զետեղուեցաւ Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ (մարտ 2012):  Ստանձնեց նորոգութեան ծախսերը եւ բացումը կատարեց «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին (2013): Անոր նիւթական օժանդակութեամբ էր նաեւ, որ  կահաւորուեցաւ  ակումբիս նորահաստատ մարզասրահը:  Միշտ նեցուկ կանգնեցաւ կոմիտէութեան աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն: Լիբանանի ներքին պատերազմին ան գործի բերմամբ ստիպուեցաւ իր կնոջը հետ տեղափոխուիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ հոն արդէն իսկ գործի լծուեցաւ` կազմակերպելու հայկական գաղութը: Ընկեր Հրայր հոն էր, ուր որ հայ ժողովուրդը պէտք ունէր օգնութեան. 1988-ի երկրաշարժէն արցախեան գոյամարտ, Հայաստանի եւ Արցախի վերաշինութենէն մինչեւ սփիւռքի վերակազմակերպում: Ան միշտ նեցուկ կանգնած է Կիլիկիոյ կաթողոկոսութեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի աշխատանքներուն: Ան իր հետքը ձգեց ամէն տեղ, Պիքֆայայի դպրեվանքէն մինչեւ Հայկազեան համալսարան:

Ան սիրեց Լիբանանը եւ տագնապեցաւ անոր բոլոր դժուարութիւններով եւ հպարտացաւ անոր նուաճումներով: Տարիներ շարունակ ան դարձաւ պատկառելի անուն մը, որով կը հպարտանայ առաջին հերթին ընտանիքը, ապա` ամբողջ գաղութահայ կեանքը, ազգը` առանձնաբար, որովհետեւ ան, շնորհիւ իր ազնուասիրտ  եւ ազգանուէր առանձնայատկութեան, եղաւ ջանադիր հայորդի մը, որ միայն ու միայն նուիրաբերեց, առանց ակնկալութեան օժանդակեց, օգնեց, կարեկցանք ու գութ բաշխեց, հասաւ բոլորին, սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորէն:

Սիրելի՛ ընկեր, քու յիշատակդ միշտ լոյսի մէջ պիտի մնայ մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ: Հայաշէնը միշտ երախտապարտ կը մնայ իր զաւակներուն, որոնք երկրի դժուար պայմաններուն մէջ երբեք չմոռցան իրենց արմատները: Հոս հարկ է նաեւ նշել, որ ընկ. Հրայրը իր կողքին միշտ ունէր իր կողակիցը` տիկին Մակին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացաւ իր առաքելութեան ու դարձաւ իր անբաժան խորհրդատուն:

Սիրելի՛ դաշնակցական ընկեր, Հայաշէնը միշտ հպարտ պիտի ըլլայ քեզմով: Խունկ ու մոմ քու յիշատակիդ:

ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷ

30 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

ՀՕՄ` Միշտ Պատնէշի Վրայ

Յաջորդը

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.