Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Գաղութային, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Ստրովոլոսի Քաղաքապետ՝ Պրն. Անտրէաս Բաբախարալամպուսի անձնական հրաւէրին, Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, պաշտօնական հիւրը եղաւ անոր, որ առ ի յարգանք իր ինքնաշարժով վարորդին հետ, Ազգային Առաջնորդարանէն ընկերացաւ սրբազանին եւ միասին ներկայ գտնուեցան ամէն Ուրբաթ օրերու գործադրուող ժողովրդական պազարին՝ «Laiki Agora» Ստրովոլոսի շրջանին մէջ:

Օրը, իւրայատուկ էր, որովհետեւ Քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ առաջին անգամ ըլլալով յատուկ տեղ մը տրամադրուած էր, ուր   կազմակերպութեամբ Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ՀՕՄ-ի վարչութեան, ծախու դրուեցան ՀՕՄ-ուհիներու կողմէ  պատրաստուած մսաշոթերը՝ (լահմաճուն), որուն ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախահայութեան Օգնութեան Համար:

Սրբազան Հայրը, Պրն. Քաղաքապետին հետ անկախ հայկական կրպակէն շրջեցաւ ամբողջ տարածքը, ծանօթացաւ, ողջունեց ու օրհնեց շատերուն եւ ապա քաղաքապետին, քաղաքապետարանի անձնակազմի ու այլ անձնաւորութեանց հետ միասին, հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ, զրոյց ունեցան ՀՕՄ-ի, Հայաստան-Արցախ, Կիպրոսի եւ հայ սփիւռքի մասին:  Պրն. Անտրէան կը փափաքէր որ հայկական այս կրպակը մնայուն դառնար, ինչ որ բաւականին դժուար էր տիկիններուն համար:

 

Սրբազանը բոլորի ներկայութեան մասնաւոր գնահատական խօսք արտասանեց Քաղաքապետին, որ ամէն գնով միշտ զօրավիգ կանգնած էր ե՛ւ կը շարունակէ կանգնիլ Կիպրահայութեան, անձամբ անցեալ Նոյեմբերին գտնուած էր Հայաստան ու Արցախ եւ յարատեւօրէն իր աջակցութիւնը կը բերէ մեր կողքին գտնուելով:

Կաթողիկոսական Փոխանորդը նաեւ գնահատեց եւ քաջալերեց ՀՕՄ-ուհիներն ու բոլորը, կատարուած նուիրական ծառայութեան, ոչ միայն Կիպրահայ գաղութին այլեւ մարդկութեան, հայկական համայնքներու  եւ ի մասնաւորի հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ: Դրուատեց անոնց ծառայական տիպար ոգին, թելադրեց հաւատարիմ մնան իրենց ուխտին եւ նոյն եռանդով շարունակեն իրենց ստանձնած շնորհապարտ ու երախտագործ առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն տասնեակ ՀՕՄ-ուհիներուն,  որոնք կամաւորապէս աշխատեցան, տքնեցան, պատրաստեցին եւ յատկապէս այն անձնաւորութեանց,  որոնք գնեցին եւ սատար կանգնեցան Հայութեան:

Ահաւասիկ անգամ մը եւս գնահատելի այս մտածումով ու աշխատանքով, տարեց թէ երիտասարդ,  ցոյց կու տանք թէ, որքան թանկագին են  Հայրենիքն ու Արցախը եւ որքանով կարիքը ունին մեր բոլորի հաւաքական նեցուկին։

Յիշատակի պատկերներ առնուեցան եւ ապա դարձեալ Պրն. Քաղաքապետը, անձամբ իր ինքնաշարժով վերադարձուց Սրբազանը Ազգային Առաջնորդարան:

Անխտիր վարձքը կատար, յարգանք եւ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

5 Դեկտեմբեր 2020          

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Նասըր Հատաս

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Դեկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?