Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Երանի՜ Սխալած Ըլլար

Նոյեմբեր 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ բարեկամներ եւ դաշնակցական ընկերներ,

Փոթորկած է հայաշխարհը, ու ամպոտած անոր երկնակամարը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ազգովին այսքան մեծ հաւաքական ցնցումի չէինք ենթարկուած:

Այո՛, ճիշդ է, որ Հայաստանը հարուածած 1988-ի երկրաշարժը, Սումկայիթի փոկրոմները, 1990-ականներու Արցախեան պատերազմին թշնամի ազերիին անմարդկային վերաբերմունքը, տարբեր երկիրներու մէջ պատահած պատերազմներու պատճառով տեղւոյն հայ համայնքներուն ստացած ծանր հարուածները  հայ կեանքը եւ բովանդակ հայութիւնը տարբեր փուլերու ցնցած էին, սակայն այսօրուանը սարսափելի է՝ իր պատմակշիռ ճնշող տարողութեամբ եւ հետեւանքներով, բովանդակ առումով եւ էութեամբ:

Այո՛, ներեցէք դաշնակցական անկեղծութեամբ եւ քաղաքական ու գաղափարական համոզմունքով արտայայտուիմ ՝պարզ ու յստակ:

Անցնող 2,5 տարուան ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը  միշտ ալ ահազանգեց եւ բարձրաձայնեց այսօրուան կացութեան ու վտանգին մասին: Զգուշացուց իշխանութիւններն ու ժողովուրդը Արցախին սպառնացող ծանր հարուածէն: Յունուար 2019-ին Դաշնակցութիւնը իր Ընդհանուր ժողովը գումարեց Արցախի մէջ։ Ան ամէն ճիգ ի գործ դրաւ աւելի ընդարձակելու համահայկական եւ միջազգային զօրակցութիւնը՝  ի նպաստ Արցախին, ինչպէս նաեւ անյետաձգելի նկատեց Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կնքումը ու այդ իմաստով փորձեց համազգային եւ համահայկական շարժում ձեւաւորել:

Դժբախտաբար, սակայն, այս բոլորը դիմաւորուեցան հայրենի իշխանութիւններու անլուրջ վերաբերմունքով եւ հակադաշնակցական անբացատրելի վարքագիծով:

Երանի՜ այսօր Դաշնակցութիւնը իր կանխատեսումներուն մէջ  սխալ դուրս գար, եւ բովանդակ հայութիւնը հողային ու մարդկային այս մեծ կորուստին մատնուած չըլլար:

Այո՛, հերթական անգամ Դաշնակցութիւնը չէր սխալած եւ այսօր, ահաւասի՛կ, 130 տարուան կենսափորձ ունեցող այս կուսակցութիւնը  ժողովուրդին հետ լծուած է ազգի փրկութեան ծանր ու պարտաւորեցնող աշխատանքին:

Բայց եւ այնպէս փրկութեան աշխատանքը պայմանաւորուած է առաջին հերթին Նիկոլ Փաշինեանին ու իր քաղաքական խումբին անցնցում եւ սահմանադրական կարգով հեռացումով: Երկրորդ` համահայկական ներուժի ամբողջական համախմբումով ու ազգային փրկութեան ժամանակաւոր անցումային կառավարութեան կազմութեամբ եւ վերջապէս՝ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններով:

Այս գործընթացի դոյզն դանդաղումը նոր եւ անդառնալի կորուստներու դիմաց պիտի դնէ հայութիւնը:

Ներկայ իշխանութեան կողմէ արդարացումներ գտնելու եւ պատասխանատուութիւնը հիներու ու նորերու անիմաստ ոլորապտոյտին մէջ տեղադրելու ոճը չի յաջողիր այս սնանկացած վարչախումբին գործած աւերին մասին համահայկական ձեւաւորուած արժեւորումն ու եզրակացութիւնը փոխել, ոչ ալ անոնց առիթ կ՛ընձեռէ, նոր օրակարգերու հրահրումով եւ խեղաթիւրուած պարզաբանումներով,  ժողովուրդը շարունակել խաբել, ժամանակ շահիլ ու աթոռները պահել:

Ճգնաժամի խորացումը այլեւս սկսած է սպառնալ Հայաստան աշխարհին, անոր միջազգային հեղինակութեան եւ պետականութեան գոյութեան: Արդէն իսկ, կարծէք, գերիներու եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին տէր կանգնելու եւ պատերազմի հետեւանքները դարմանելու անյետաձգելի հրամայականը մէկդի դնելով, հայութիւնը պարտութեան առաջնորդած իշխանութիւնը արդէն կը խօսի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մասին: Արձանագրուած մեծ կորուստներէն ետք, ահաւասիկ , հայրենիքի սահմանները գրիչի հարուածով կը խախտին, եւ հայկական կողմը բացակայ է գործընթացէն։ Ակներեւ է, որ երկիրը մատնուած է անտիրութեան: Գործուած աղէտին տարրական ընկալումը գիտակցաբար տակաւին կը բացակայի իշխանութեան մօտ, եւ աններելի ընթացքով  դաւադրութեան զոհասեղանին ենթակայ կը դարձնեն ազգին ու հայրենիքի ճակատագիրը:

Ազգովին կը գտնուինք լինելութեան մարտահրաւէրի դէմ յանդիման, իսկ պարտութեան հետեւանքները հակակշռելու ու փրկութեան ուղին որդեգրելու առաքելութիւնը իւրաքանչիւր հայու ազգային գերխնդիրն է։

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտօնական Ճանաչումը, Ֆրանսան Եւ Մասամբ Նորին

Յաջորդը

«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?