Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տիրոջը Մեծ Օրը Մօտ Է»

Դեկտեմբեր 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Տիրոջը օրը գիշերուան գողի պէս
պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2):

Աստուածաշունչին մէջ մարգարէական գիրքերը լեցուն են մարգարէական տեսիլքով, անոնք կրնան նոյնիսկ սահմռկեցուցիչ տրամադրութիւններ եւ մթնոլորտ ստեղծել: Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը կը բնութագրէ «աշխարհի վերջը», ինչպէս որ մեր պատանեկան տարիներուն վարժ էին սորվեցնել մեզի:  Մարգարէական գիրքերը կը խօսին գալիք օրերու մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կը բացատրուի Տիրոջ մեծ օրը` Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, որ կրնայ մօտ ըլլալ:

Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ «մօտ է» խօսքը: Մօտի հասկացողութիւնը կրնայ յարաբերական ըլլալ` տեսութեամբ եւ բացատրութեանբ: Այս իմաստով, Սոփոնեայ մարգարէն, որ ապրած էր Յուդա թագաւորի օրերուն (640-609 ՔԱ), ամէնէն շատ ինք արձանագրած է, թէ` «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոփոնեա 1.7): Մարգարէական գիրքերուն մէջ կը խօսին Տիրոջ օրուան մասին, բայց նաեւ` այն բոլոր իրադարձութիւններուն եւ իրավիճակներուն, զորս աշխարհը կ՛ապրի: Այդ ապրուած իրականութիւններու նկարագրականներէն են. «նեղութեան եւ տառապանքի» եւ «կործանումի, աւերումի, խաւարի ու մէգի» օրեր (Սոփոնեայ 1.15): Արդեօք այս իրավիճակները պէ՞տք է դիտել միայն որպէս  ապագայի տեսութիւններ, թէ՞ առնչել զանոնք ներկայի մեր ապրած օրերուն եւ կեանքին հետ:

Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Այն ժամերուն եւ ժամանակներուն համար պէտք չէ բան մը գրել ձեզի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.1): Ժամը` յունարէն արմատին մէջ, կու գայ որպէս «chronos», որ կը բացատրուի որպէս ժամացոյցի ժամ: Իսկ «ժամանակը» նոյն արմատին մէջ կու գայ որպէս «kairos», որ կը բացատրուի որպէս մասնաւոր կամ իւրայատուկ ժամանակաշրջան: Պօղոս առաքեալ «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ եւ կը համեմատէ ժամի եւ ժամանակի հետ, մանաւանդ երբ կ՛ըսէ. «Պէտք չէ ձեզի բան մը գրել»:

Պօղոս առաքեալ ապա կը յստակացնէ` ըսելով. «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2): Գիշերը, ըստ Պօղոս առաքեալին, եւ «մօտ»-ը, ըստ Սոփոնեա մարգարէին, չունին ժամի եւ ժամանակի յստակ բնորոշում: Այս կրնայ բացատրուիլ որպէս որեւէ ժամ եւ ժամանակ, առանց յստակ բնութագրումի: Առաքեալը այս իմաստով կը քաջալերէ քրիստոնեան ապրելու համար «Տիրոջ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը տեղադրելով ներկային մէջ: Ան կը բնութագրէ քրիստոնեան, որ, անկախ տիրող իրավիճակներէն եւ պայմաններէն, կ՛ապրի ներկան առանց երբեք  խաւարի մէջ ըլլալու:  Այսինքն քրիստոնեան կ՛ապրի լոյսին մէջ, նոյնիսկ երբ ներկայի կեանքը դժուար է եւ մութ, իսկ Տիրոջ գալը` անյստակ եւ անժամանակ: Պօղոս առաքեալ կը խօսի քրիստոնեային պարտականութեան ու գիտակցութեան մասին` ապրելու եւ գործելու, երբ նեղութիւն, տագնապ, կործանում եւ աւերում կայ, իրավիճակներ, որոնք դժբախտաբար ներկայ աշխարհին մէջ անպակաս են բոլորին համար: Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ քրիստոնեան եւ եկեղեցին, որպէսզի չքնանան, այլ արթուն եւ զգաստ ըլլան, որպէսզի փրկութիւն ստանան:

Մարգարէութիւններուն մէջ գրուածը` «Տիրոջը օրը մօտ է» եւ Պօղոս առաքեալի «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» արտայայտութիւնը կու գան արդիւնաւորուելու եւ նշանակութիւն ստանալու Նոր կտակարանին` «Երեք ծառաներու առակին» մէջէն (Մատթէոս 25.14-30): Մարդ մը կը կանչէ իր երեք ծառաները օտար երկիր մը ճամբորդելէն առաջ: Մարդուն ճամբորդութիւնը ունի յստակ ժամ եւ ժամանակ` յար եւ նման Քրիստոսի, որ խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարեաւ մեռելներէն: Հոս ժամն ու ժամանակը յստակ են: Բայց այն, ինչ որ յստակ չէ, առակին մէջի մարդուն վերադարձն է, որ կը համեմատուի Քրիստոսի եւ անոր վերադարձի ժամուն ու ժամանակին հետ: Մեկնելէն առաջ ան իր ծառաներէն մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, երկրորդին երկու եւ երրորդին մէկ, «Ամէն մէկուն իր կարողութեան չափ» (Մատթէոս 25.15): Մարդուն փափաքն էր, որ իր երեք ծառաները աշխատէին իրենց կարողութեան եւ տաղանդին համեմատ: Մարդը վերադարձաւ` առանց նախօրօք զգուշացումի: Ան վարձատրեց ծառան, որ հինգ տաղանդին վրայ հինգ ալ աւելցուցած էր, նոյնպէս` երկրորդ ծառային, որ երկուքին վրայ աւելցուցած էր ուրիշ երկու ալ: Ան սակայն նախատեց եւ պատժեց երրորդը, որովհետեւ ան բան մը չէր աւելցուցած իր մէկ տաղանդին վրայ:

Հարցումը իւրաքանչիւրիս այս է, թէ ե՞րբ է Տիրոջ մեծ օրուան ժամը եւ ժամանակը: Պէ՞տք է սպասել զայն: Անպայման` այո՛, եւ այս է մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը, որ Քրիստոս նորէն պիտի գայ:

Բայց մինչ այդ ի՞նչ պարտինք ընել:

Պօղոս առաքեալ կու տայ պատասխանը: Քրիստոնեաները «լոյսի եւ ցորեկուան որդիներ են» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.5): Լոյսի մէջ եղողը լոյս կը սփռէ այս աշխարհին` հոն, ուր, յատկապէս ներկայ օրերուն, խաւարը կը տիրապետէ: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր կարողութեան չափով  պարտաւոր է լոյս սփռել` ըլլայ այդ փոքր, միջակ թէ մեծ ուժգնութեամբ: Լոյսը` անկախ իր քանակէն եւ ուժէն, անպայմանօրէն լոյս կը սփռէ: Լոյսը, սփռելու առաքելութեան մէջ կայ մէկ կարեւոր գրաւական` լոյսի մէջ եղողները եւ լոյսը սփռողները պէտք է որ «իրարու օգնեն» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.11): Երբ նայինք «իրարու օգնելու» արտայայտութեան յունարէն բնագիրին, հոն գործածուած է «oikodomeo» բառը: Յունարէն բառին գործածութիւնը կը պարփակէ շինարարական գործընթացի ծրագիր մը: Հոն, ուր մարդիկ միասին կը գործեն եւ նոր շինարարութիւն մը կ՛իրագործեն: Այս հասկացողութեամբ պէտք է հասկնալ Պօղոս առաքեալին «իրարու օգնեն» արտայայտութիւնը: Օգնել` կը նշանակէ կեանքերը շինել, որ կ՛անցնի նիւթական օժանդակութեան սահմաններէն անդին եւ կ՛ընդգրկէ միասին կերտել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերն ու տակաւին` հայրենիքը: Օգնելու եւ շինելու այս գործընթացը կ՛իրականանայ ու կ՛ամբողջանայ, երբ առկայ են զիրար հասկնալը եւ յարգելը: Նոյնիսկ երբ տարբեր մտածողութիւններ կան եւ տակաւին ոչ նոյնանշանակ աշխատանքային ոճ եւ գաղափար-միտք:

Մենք կ՛օգնեն՞ք իրարու: Կը հասկնա՞նք զիրար: Կը յարգե՞նք զիրար: Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքերը միասին շինելու եւ ամբողջացնելու:

Արցախի պատերազմի քառասուն եւ չորս օրերուն թշնամիին յարձակումներուն դիմադրելէ ետք,  հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի իր պատմութեան մէկ այլ ճակատագրական ու բախտորոշ իրականութիւն մը: Հայուն կեանքին մէջ այսօր կայ նեղութիւն, տառապանք, կործանում եւ աւերուածութիւն: Աշխարհի անարդար եւ անիրաւական համակարգերու եւ չափանիշներու շահարկումներու մէջէն հայուն կեանքը կ՛անիրաւուի անգամ մը եւս: Այս հայուն պատմութեան նոյն կրկնուող խաւարի կեանքն է, որուն մէջէն ան դարձեալ պիտի քալէ:

Պատմութեան ստեղծած իրավիճակները չենք կրնար փոխել: Բայց կայ կեանքին մէջ գիտակցութիւնը, որ կրնայ փոխել նոյն պատմութեան ստեղծած օրերուն ընթացքը: Տիրոջ օրուան գիտակցութիւնը եւ անոր ստեղծած լոյսի մէջ ապրելու գրաւականն է, որ կրնայ յաղթել խաւարին: Լոյսը, որ պիտի ջլատէ խաւարը մեր կեանքերէն եւ մեր երկրէն: Լոյսը լուսաւորելու համար կարիք ունի գործի եւ աշխատանքի, որոնք կ՛իրականանան երբ հայը կը մնայ զգաստ, որ`

իրարու պիտի օգնենք,
իրարու պիտի հասկնանք ու
իրարու պիտի յարգենք:
Մեր հաւաքական ու հայրենի կեանքերը միասին պիտի շինենք:

«Տիրոջ մեծ օրը մօտ է»: «Մօտը» կ՛իրականացնենք, երբ կը շարունակենք մնալ լոյսին մէջ: Լոյսով ստեղծուած գործը կը յաղթէ խաւարին ստեղծած բարոյալքումը եւ անէծքը: Իսկ յաղթելու համար պէտք է իրարու օգնենք` զիրար հասկնալով եւ յարգելով: Եւ` մեր կեանքերը միասին շինելով:

«Տիրոջը մեծ օրը մօտ է»:

Այս «մօտ»-ի գրաւականով հայը պարտի մնալ Լոյսի կեանքին մէջ` իրարու  հետ եւ միասին:

20 նոյեմբեր 2020
Քուէյթ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն 2 եւ 3 Դեկտեմբեր 2020

Յաջորդը

Օգնել` Սորվելու Խնդիրներ Ունեցող Երեխաներուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?