Հայրապետական Հռչակագիր` 2021-ը «Արցախի Տարի»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն 2021 տարուան սեմի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. ընդհանուր ժողովը, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, միաբանութիւնը, թեմակալ առաջնորդները ու Ազգ. իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ կրթական, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցները:...


















