Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատենաուըրեան Տեսլականով Եւ Տըկոլեան Վճռակամութեամբ Դուրս Պէտք Է Գանք Աղէտէն

Յունուար 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

9 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ ստորագրուեցաւ հրադադարի յայտարարութիւն, որուն ժխտական հիմնական հետեւանքներէն մէկը եղաւ Արցախի տարածքներուն մեծ մասին յանձնումը. (Յանձնումը տարածքներու, ուր նոյնիսկ մէկ փամփուշտ չարձակուեցաւ թշնամիին դէմ):

Չենք սխալիր, եթէ ըսենք, որ 44 օրուան դիմադրութենէ, հայկական զինուած ուժերու քաջարի սխրագործութիւններէ եւ հազարաւոր նահատակներու զոհաբերումէն ետք, Ռուսիոյ կողմէ հրադադարի պարտադրումով մէկ գիշերուան ընթացքին ստորագրուած յայտարարութեամբ շրջաններ, որոնք զուտ հայկական պատմամշակութային արմատներ ունին, եւ ուր հերոսական մարտերով կերտուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, կը յանձնուին Ազրպէյճանին:

Ներկայիս յետպատերազմական իրավիճակին յատուկ է Արցախէն տեղահանուածներու հոսքը, Արցախի ենթակառոյցներու քայքայումը, հայաստանեան ներքաղաքական կեանքի բեւեռացումը եւ տնտեսական անկումը:

Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին անցած է նահանջի եւ ընկրկումի նմանօրինակ ժամանակաշրջաններէ, ինչպիսիք են` Ատանայի ջարդերը, Ցեղասպանութիւնը, Կարսի անկումը, Կիլիկիոյ հայութեան պարպումը եւ այլն…

Ներկայիս մեր ազգը ամէնուրեք հոգեբանօրէն կը տառապի պատերազմէն ետք ստորագրուած համաձայնագիրի հետեւանքներուն պատճառած յետխոցային ճնշուածութեան  խանգարումէ (անգլերէնով` Post-traumatic stress disorder):

Արդեօք հայութիւնը միակ ա՞զգն է, որ նմանօրինակ կացութենէ կ՛անցնի: Եթէ ոչ, արդեօք այն ազգերը, որոնք նմանօրինակ կացութենէ անցած են, յաղթանակո՞վ, թէ՞ պարտութեամբ դուրս եկած են անկէ: Եթէ յաղթական դուրս եկած են, ի՞նչ միջոցներ օգտագործած են այդ արդիւնքին յանգելու համար:

Հոս կ՛արժէ կեդրոնանալ քաղաքական եւ տնտեսական երկու գերտէրութիւններու` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի օրինակներուն վրայ:

Գերմանիան, որ երկու համաշխարհային պատերազմներէ պարտուած դուրս եկաւ, Ողջակիզում կազմակերպեց, ռազմական յանցագործութիւններ կատարեց եւ հողեր կորսնցուց, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն անմիջապէս ետք դաշնակից պետութիւններուն միջեւ բաժնուեցաւ չորս մասի (Ամերիկեան, ֆրանսական, անգլիական եւ խորհրդային), ապա Պաղ պատերազմի ընթացքին` երկու մասի (Արեւմտեան Գերմանիա եւ Արեւելեան Գերմանիա), իսկ այսօր անիկա ունի Եւրոպայի ամէնէն զօրաւոր տնտեսութիւնը, աշխարհի հինգերորդ համախառն ներքին արդիւնքը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսան, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին վեց շաբաթ դիմադրելէ ետք նացիական յարձակումին, յանձնուեցաւ, պատերազմէն ետք հետզհետէ կորսնցուց իր գաղութները Ափրիկէի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, ապրեցաւ ներքաղաքական անկայունութիւն, իսկ միջազգային-դիւանագիտական գետնի վրայ նուազեցաւ իր ազդեցութիւնը, գերտէրութիւն ըլլալու իր համբաւը անկում ապրեցաւ Սուէզի ճգնաժամէն ետք, բայց հետագային կրցաւ ոտքի կանգնիլ` յաղթահարելով ռազմական յեղաշրջումներու փորձեր, դառնալով միջազգայնօրէն անկախ դիւանագիտութիւն վարող գերտէրութիւն եւ ունենալով իր պաշտպանողական անկախ քաղաքականութիւնը:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Արեւմտեան Գերմանիան, որուն ենթակառոյցները քայքայուած էին, իսկ տնտեսութիւնը` փլուզուած, իր առաջին վարչապետ Քոնրատ Ատենաուըրի կառավարման ընթացքին (1949-1963) որդեգրեց ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը:

Օգտուելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճորճ Մարշալի 1941-ին մշակած «Եւրոպական վերականգնումի ծրագիրին (Ծանօթ` «Մարշալի ծրագիր» անունով) շնորհիւ ստացուած նպաստներէն, որ թէ՛ քաղաքականապէս Արեւմտեան Գերմանիան մղեց ազատական-ժողովրդավար ճամբար եւ թէ՛ տնտեսապէս` շուկայական ճամբար, ասիկա հիմք հանդիսացաւ երկրի ծաղկման թէ՛ քաղաքական ազատութեամբ եւ թէ՛ ալ տնտեսական վերականգնումով (հակառակ Արեւելեան Գերմանիոյ, որ որդեգրեց ամբողջատիրական քաղաքական համակարգ եւ տնտեսական գետնի վրայ զուտ պետական ծրագրում, որ նուազ զարգացած պահեց երկրի այդ բաժինը): Արեւմտեան Գերմանիան «Մարշալի ծրագիրի»-ի նպաստները օգտագործելով ընկերային շուկայական տնտեսական համակարգին ճամբայ բացաւ:

Ատենաուըրի կուսակցութիւնը (Գերմանիոյ քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը) 1949-ին իր տնտեսական քաղաքականութեան հիմքերու արտահերթ ծրագիրին մէջ հաստատեց ընկերային շուկայական տնտեսութեան հիմքերը, որոնք կը մերժեն թէ՛ մեծ ընկերութիւններու մենաշնորհները, թէ՛ ալ պետութեան կողմէ տնտեսական ծրագրումը եւ կը միտին ջնջել մենաշնորհները, հաստատել շուկայական մրցակցութիւն, ընդգծել հաւաքական համաձայնութիւնը (արհեստակցական միութիւններու, գործատէրերու եւ պետութեան միջեւ): Քայլեր, որոնք հիմքերը հանդիսացան Գերմանիոյ ընկերային-տնտեսական բարգաւաճման սիւներուն` արդիւնաւէտութեան, մրցակցութեան եւ ընկերային բարեկեցութեան:

Միւս կողմէ, ֆրանսայի մէջ նացիական գրաւումէն ազատագրուելէ անմիջապէս ետք հաստատուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն մը` Շարլ տը Կոլի նախագահութեամբ, որ իր պաշտօնավարութեան երկու տարիներուն ընթացքին յաջողեցաւ վերաշխուժացնել տնտեսութեան անիւները` օգտուելով «Մարշալի ծրագիր»-էն եւ պետականացնելով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տնտեսական մարզերը: Տը Կոլի հայրենակերտման աշխատանքը չաւարտեցաւ լոկ ժամանակաւոր կառավարութեան նախագահութեամբ: 1958-ին, երբ ֆրանսան կը դիմագրաւէր Ալճերիոյ կնճիռը, տը Կոլին առաջարկուեցաւ կազմել կառավարութիւն մը, որուն պաշտօնավարութեան ընթացքին ան իր քաղաքական վերլուծումներով յանգեցաւ այն համոզումին, թէ խորհրդարանական համակարգն է ֆրանսայի անկայունութեան պատճառը, հետեւաբար առաջադրեց սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որուն ընդմէջէն հաստատուեցաւ կիսանախագահական համակարգը, որ դարձաւ այն խարիսխը, որ պաշտպանեց Ֆրանսան յեղաշրջումներու զանազան փորձերէ, իսկ ֆրանսական ազգային դրամանիշը` արժեզրկումէ, ֆրանսական արտադրութիւնները դարձնելով մրցունակ` համաշխարհային շուկաններուն մէջ. երբ Ֆրանսան սկսաւ ոտքի կանգնիլ, ան որդեգրեց արեւմտեան այլ երկիրներէ անկախ պաշտպանողական եւ արտաքին քաղաքականութիւններ:

Ինչպէս Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլը կ՛ըսէ` «Յաջողութիւնը կը կայանայ ձախողութենէ ձախողութիւն երթալուն մէջ` առանց կորսնցնելու խանդավառութիւնը»: Գերմանիան եւ Ֆրանսան իրենց պատմութեան ընթացքին նահանջներու երկար ճամբայ կտրելով` յաջողեցան դուրս գալ յաղթանակով եւ համաշխարհային տարողութեամբ վերադառնալ քաղաքական եւ տնտեսական գերտէրութեան կարգավիճակին:

Հայաստանն ու հայութիւնը պէտք է կառչին լաւագոյնին` դասեր քաղելով միջազգային գետնի վրայ բարձունքի հասցնող օրինակներէն եւ փորձելով զանոնք իւրացնել մեր ազգային կեանքին մէջ:

Այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստան կարիքը ունի վերաճարտարարուեստականացման, շուկայի թուայնացման, քաղաքական կայունութեան, սահմանադրական կարգերու ամրապնդման եւ զինուած ուժերու արագ վերականգնման:

Այսօր Հայաստան կարիքը ունի ատենաուըրեան ապագայատեսութեան եւ տըկոլեան քաղաքական վճռակամութեան, որպէսզի դուրս գայ ներկայ նահանջային ու պարտուողական իրավիճակէն եւ բարձրանայ համայն հայութեան  բարոյական կորովը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Նկարիչն Ու Քանդակագործը Միաձուլուած Են Իմ Գործերուս Մէջ», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Աղասի

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?