Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հոգեհանգստեան Պաշտօն ` Ազգային Գործիչ, ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահուան Առիթով
Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կիրակի, 10 յունուար 2021-ի առաւօտուն Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` ազգային գործիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան տխուր առիթով, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեանի, Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, խմբապետական եւ սկաուտական կազմերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Առաջնորդ սրբազան հայրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացելով առ Աստուած` հայցեց, որ հանգուցեալի հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Քուէյթ
Ս. Ծննդեան Պատարագ Եւ Շնորհաւորութիւններ
* 5 յունուարին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան մատուցեց Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը, որուն աւարտին կատարեց ջրօրհնէք:
Տրուած ըլլալով, որ այս օրերուն Քուէյթի եկեղեցիները պետական որոշումով փակ են, սուրբ եւ անմահ պատարագը առցանց կապով սփռուեցաւ, հաւատացեալներ առիթը ունեցան անոր հետեւելու իրենց տուներէն` Դիմատետրի միջոցաւ:
* 6 յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երկրի իշխան շէյխ Նաուաֆ Ալ Ահմատ Ալ Ժապեր Ալ Սապահ եւ գահաժառանգ շէյխ Մըշաալ Ալ Ահմատ Ալ Ժապեր Ալ Սապահ շնորհաւորական ծաղկեկողովներ եւ բացիկներ ուղարկեցին Պետրոս վրդ. Մանուէլեանին` շնորհաւորելով եւ բարեմաղթութիւններ յղելով Քուէյթի հայ համայնքին:
Թեհրան
Այցելութիւններ Ազգային Առաջնորդարան
* 29 դեկտեմբերին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Յակոբեան» ընկերութեան սեփականատէր, տնօրէն ու բարերար Սմբատ Յակոբեանի այցելութիւնը, որ եկած էր առաջնորդարան շնորհաւորելու սրբազան հօր Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօները:
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու հայութեան մէջ տիրող կացութիւնը: Սրբազան մեծապէս գնահատեց Յակոբեանը եւ «Յակոբեան» ընկերութիւնը` համայնքին եւ յատկապէս Իրանին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Այցելութեան աւարտին սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Սմբատ Յակոբեանի` մաղթելով երջանկաբեր, երկար եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը: Ս. Յակոբեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ոսկեայ խաչ մը նուիրեց սրբազան հօր:
* 30 դեկտեմբերին սրբազան հայրը ընդունեց Իրանի խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի այցելութիւնը:
Սրբազանը ջերմօրէն ողջունեց պատգամաւորը, որ սրբազան հօր զեկուցեց վերջին ամիսներուն իր կատարած պետական հաղորդակցութիւններուն, յարաբերութիւններուն եւ գնահատելի աշխատանքներուն մասին:
Սրբազանը անդրադարձաւ Դուլաբի գերեզմանատան հետ կապուած պետական ծրագիրներու մասին եւ միասնաբար որոշեցին զգուշութեամբ հետեւիլ տարուելիք աշխատանքներու ընթացքին: Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ գաղութի եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու եւ անոնց հետ կապուած հարցերու մասին:
Միացեալ Նահանգներ
Լոյս Տեսաւ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի «Դիմադրութեան Ցանցը» Հատորը
Վերջերս Միշիկընի նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի «Դիմադրութեան ցանցը» (The Resistance Network) հատորը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք փրկարար աշխատանքներ կատարած մարդասիրական գործիչներու, աւետարանիչներու եւ դիւանագէտներու ցանցի գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել հարիւր հազարաւոր հայորդիներ:
262 էջնոց եւ 24,95 ամերիկեան տոլար արժող հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել www.msupress.org կայքը:
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Հայոց ցեղասպանութեան մասնագիտութեան դոկտորի առաջին վկայականը ստացած է «Քլարք» համալսարանէն: Ան դասախօս է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ եւ խմբագիրն է «Արմինըն Ռիվիու»-ի: Դասախօսած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին, Ուուսթըրի նահանգային համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ: Ան եղած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգողը: Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, լրատուամիջոցներու օգտագործման ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ եւ գիրքերու հատուածներ: Մուրատեան 2007-2014 տարիներուն եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիրը եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու: Եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
30.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն` Ֆրեզնոյի Հայագիտականին
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի «Հայ Շարժում» թերթի մարտ ամսուան թիւին մէջ, ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, որ Լիան Փիթըրզի անուան հիմնարկութիւնը այս տարի եւս 30.000 տոլարի յատկացում մը կատարած է Հայագիտական ծրագիրին` 2021 կրթական տարեշրջանի ծախսերուն համար, շարունակելով Հայագիտական ծրագիրի դասախօսական շարքին, ինչպէս նաեւ այլ գործունէութիւններու եւ կրթանպաստներ տրամադրելու ջանքերուն նեցուկ կանգնելու իր տարիներու աւանդութիւնը:
Նշենք, որ Լիան Փիթըրզ յարգուած գործարար եւ համայնքի ղեկավար մըն էր. անոր եղբօր` Փիթի կողմէ Լիանի յիշատակին` 1959-ին հաստատուած նշեալ հիմնարկութիւնը տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի Ֆրեզնոյի կրթական, առողջապահական եւ արուեստի շարք մը հաստատութիւններու:
2013-էն ի վեր հիմնարկութիւնը 240.000 տոլար նուիրած է Հայագիտականին:
Հայ Դատը Կը Շնորհաւորէ Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի Նոր Պաշտօնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը, որ նոր ծերակոյտին մէջ պիտի վերստանձէ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը: Ան այդ պաշտօնին վրայ եղած էր նաեւ 2013-էն 2015-ի միջեւ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց հայութեան եւ յատկապէս Ամերիկայի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ դատի յանձնախումբներուն հետ սերտ կապեր ունեցող ծերակուտականին նշանակումը նման հեղինակաւոր պաշտօնի մը:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս շաբաթ Ճորճիայի մէջ տեղի ունեցած ծերակոյտի կրկնակի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն շնորհիւ, ծերակոյտը եւս դեմոկրատներու հակակշիռին տակ անցաւ:
Նշանակումը ողջունեց նաեւ Նիւ Ճըրզիի Հայ դատի վարչութեան անդամ Անի Չաղլասեան` յիշեցնելով, որ Մենենտեզ տարբեր առիթներով աջակցած է հայութեան:
Մենենտեզ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող 2019-ի բանաձեւին վաւերացումը իրականացուցած քոնկրեսականներէն մէկն էր, այլ վերջերս նաեւ նեցուկ կանգնած էր Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու եւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու քոնկրեսական ջանքերուն:
Ծերակուտականը կը պաշտպանէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ամէն առիթով կը ջանայ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները սերտացնել:
Նշեալներուն կողքին, Մենենտեզ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակելու ջանքերուն մէջ, եւ հակառակ Սպիտակ տան ու ծերակոյտի ղեկավարութեան ճնշումներուն` ան ձախողութեան մատնած էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տիք Հոլընտի նշանակումը, որովհետեւ վերջինս Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն է: Նաեւ Ազրպէյճանի ի նպաստ դիրքորոշուած ու Ազրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայազայի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կարելի եղած էր սահմանափակել անոր ջանքերով:
Հայկ Պաղտասարեան Նշանակուեցաւ Քալիֆորնիոյ Ուտեստեղէնի Եւ Հողագործութեան Փոխնախարար
Արեւմտեան Ամերիկայի նահանգապետ Քեւըն Նիւսըմ նշանակած է Հայ դատի երկար տարիներու գործիչ Հայկ Պաղտասարեանը` Քալիֆորնիոյ ուտեստեղէնի եւ հողագործութեան փոխնախարար, ինչպէս նաեւ`ուտեստեղէնի եւ հողագործութեան բաժանմունքի գլխաւոր խորհրդական:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յաջողութիւն մաղթելով «Հայկին» իր նոր առաքելութեան մէջ` իր հպարտութիւնը յայտնեց Պաղտասարեանի նման հեղինակաւոր պաշտօնի մը նշանակումին համար, աւելցնելով, որ ան տարիներէ ի վեր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղած է, եւ վստահեցուց, որ իր սպասարկութիւնները լաւապէս պիտի տրամադրէ նահանգի շահերուն:
Իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեան իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը` խոստանալով իր առաւելագոյնով փոխադարձել իրեն նկատմամբ նահանգապետին ցուցաբերած վստահութիւնը, յատկապէս` համաճարակի այս դժուար օրերուն:
Յայտնենք, որ Հայկ Պաղտասարեան 2009-էն ի վեր իրաւաբանական իր գրասենեակը հաստատած է, իսկ անկէ առաջ աշխատած է շարք մը իրաւաբանական հիմնարկներու մէջ եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի արդարադատութեան իշխանութիւններուն մէջ: Ան եղած է նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի փոխդատախազը, իսկ 2013-2018-ի միջեւ` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդականը: