Յօդուածներ

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաւոր Դերասան Ու Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաւոր Դերասան Ու Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան

Հայաստանի մէջ 68 տարեկանին ուղեղային կաթուածի իբրեւ հետեւանք մահացաւ դերասան, բեմադրիչ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վիգէն Ստեփանեանը: Վիգէն Ստեփանեան 1973 թուականին ընդունուած է Երեւանի Կ. Սթանիսլաւսքիի անուան թատրոնին կից դերասանական բաժանմունք, ուր մինչեւ 1977 թուական աշխատած է իբրեւ դերասան: 1977-1989 թուականներուն իբրեւ դերասան աշխատած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: 1988-1992 թուականներուն ուսանած է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի բեմադրութեան...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Ինչո՞ւ Հայաստան Ղեկավարութիւն Յառաջացնելու Դժուարութիւն Ունի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ընտրութիւնները ազնուապետական են եւ ոչ` ժողովրդավարական. անոնք կը յառաջացնեն վճռական ընտրանք մը. ընտրութիւնը «լաւագոյն քաղաքացիներուն», փոխան` ամբողջ ժողովուրդի կառավարման: Արիստոտէլ Ն.Ք. 384-322 Մտածենք պահ մը մեր բազմատասնեակ կուսակցութիւններէն ոչ մէկուն անդամ եղած Արիստոտէլի հետ... Երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան հեղինակութիւն ունեցող իշխանութիւն յառաջացնելու խնդիր ունի: Նախագահներ եւ կառավարութիւններ փոխուեցան, բայց երկիրը չկայունացաւ: Կարծէք բոլորը մարզադաշտ իջած մրցակիցներ են,...

Թոյլ Չտալ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ Ազգին

Թոյլ Չտալ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ Ազգին

ՄԱԳՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Արցախեան պատերազմին մասնակից, յաղթութեան բերկրանքն ու հպարտութիւնը ճաշակած, այնուհետեւ փլատակներէն յառնող Արցախ աշխարհի ծաղկման ու զարգացման երջանկութիւնը ապրած, վերջին պատերազմին անմնացորդ մարտնչած հայրենապաշտ ազատամարտիկը, ի տես դաւադրութեամբ ստեղծուած պարտութեան եւ տիրող համատարած ողբերգութեան, զայրոյթն ու ցասումը բռունցքներուն, խոր հառաչանքով կը մրմնջէ. «Այս ինչպէ՞ս եղաւ, որ ժողովուրդը յաղթեց ազգին»: Շարունակելով` կ՛ըսեմ. «Այն ազգին, որ քանի մը տասնամեակներ առաջ, ներկայի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Լոյս Տեսաւ «Սեւրի Պայմանագիրն Ու Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վ. Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը» Հատորը Վերջերս լոյս տեսաւ «Վէմ» մատենաշարի 2-րդ հատորը, որ Հայաստանի խումբ մը պատմագէտներու աշխատասիրութեան արդիւնքն է: «Սեւրի պայմանագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վ. Ուիլսընի իրաւարար վճիռը. քննական հայեացք 100-ամեայ հեռաւորութենէն» գիրքը բաղկացած է 6 գլուխներէ եւ ունի յառաջաբան եւ վերջաբան: 252 էջնոց գործը սեղմ, ամբողջական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օսմանեան Բանակին Կողմէ Երեւանի Գրաւումը Եւ Սիւնիքի Ու Արցախի Շրջափակումը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի միջնաբերդ սղնախներէնՇող գիւղը Շուշիէն հարաւ-արեւելք, Կարկառ գետի աջ ափին: Հոն կեդրոնացած էին Աւան եւ Թարխան իւզպաշիները: Արցախի սղնախներու ղեկավարներու եւ Գանձակի շիի առաջնորդներու միջեւ կնքուած դաշնագիրէն ետք, Սիւնիքի ազատագրական շարժման առաջնորդ Դաւիթ Բէկ նոյնպէս փորձեց հանդուրժողական յարաբերութիւններ ստեղծել հարեւան շիի պարսկամէտ խաներուն եւ շահ Թահմասպ Բ.ի հետ:...

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններին Առնչուող Խնդիրների Արծարծումը «Ակօս» Շաբաթաթերթի Էջերում Հրանդ Տինքի Խմբագրապետութեան Տարիներին (1996-2007 Թթ.)

Հրանդ Տինքի բացած «Ակօս»-ները*

  Յարգելի՛ ներկաներ Բաւական դժուար է,  ժամանակի շատ կարճ տարածութեան մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութենէն շաբաթ մը անց միայն, առարկայական արժեւորում կատարել վտանգաւոր առաքելութիւն մը ստանձնած մեծ մարդու կեանքին, գործին եւ նահատակութեան միաժամանակ: ՏԻՆՔ երեւոյթը տակաւին երկար ատեն իր վրայ պիտի շարունակէ կեդրոնացուցած պահել ուշադրութիւնը` լրագրական ասպարէզի հեղինակաւոր դէմքերու, պետական եւ ոչ պետական վերլուծական կեդրոններու, ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքական տարբեր շրջանակներու...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Հնդիկ Ռաժն Ու Մեր Պատերազմը…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Դարձեալ գիւղ գացած էի, տղուս մօտ: Ripon կը կոչուի այս մէկը, որ Ֆրեզնոյէն մօտաւորապէս երկու եւ աւելի ժամ դէպի հիւսիս կը գտնուի եւ որուն տարին քանի մը անգամ էրիկ-կնիկ կ'այցե-լենք: Նաեւ աւելցնեմ, որ Ripon-ի ծայրամասին է, որ կը գտնուի մեր զաւկին՝ Արամին բժշկական կեդրոնը, ուր իբրեւ յաճախորդ-հիւանդ, հսկայ բեռնատար կառքերու զանազան տարիքի երկսեռ մեքենավարներ կու գան, տարեկան բժշկական զանազան քնութիւնները կատարելու...

Բարի Երթ, Բարի Հովիւ

Բարի Երթ, Բարի Հովիւ

ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ Ի՞նչ գրեմ` չեմ գիտեր... Ուրկէ՞ պիտի սկսիմ` չեմ գիտեր... Արդեօք հազարերորդ անգամն ըլլալով պէ՞տք է նորէն յիշեցնենք եւ գրենք այդ դաժան ժահրին մասին, որուն վերաբերող ամբողջ վէպ մըն ալ գրես` բաւարար չէ, կամ ալ յիշեմ այդ աննման մարդը, գլխագի՛ր ՄԱՐԴ-ը, որ իր սուրբ եւ բազմատաղանդ աջը վերջին անգամ  բարձրացնելով «մնաք բարով» ըսաւ եւ վերջին շունչը արձակելով հանգչեցաւ հիւանդանոցի...

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ…  (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ… (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԿԻՏԱՆԵԱՆ Այսօր երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ իր գիրկը առաւ հաւատարիմ սպասաւոր մը. Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ոչ եւս է: Եւ երբ մութը երկիրը կը պատէ, միւս կողմը երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ «հանգիստ կը գտնէ» (Սղ. 62) հաւատարիմ, խնամակալ, ծառայասէր, բծախնդիր, անշահախնդիր եկեղեցական մը. եկեղեցական մը, որ իր վախճանումով ցնցեց երկիրը տիեզերաց` մեկնելով ի յաւիտենականութեան: Մեղրիկ սրբազանը բառին ամբողջական իմաստով...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Այո՛, երբեմն, մարդ եմ, կը վախնամ: Երբեմն սպառնալիքներ կը հասնին ոչ թէ իմ անձիս, այլ մինչեւ իմ ընտանիքիս: Այդ ատեն կը վախնամ: Ես ունիմ  իրաւունքը իմ հերոսութիւնս ընելու, բայց կրնա՞մ արդեօք զաւակիս անունով ալ հերոսութիւն ընել»: ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ Յաջորդաբար 14-րդ տարին ըլլալով մենք կը յիշենք ու կը յիշատակենք հայ կեանքի մէջ իր եզակի ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ունեցած Հրանդ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Անաւարտ Դիմանկար» (Հեղինակ` Սուրէն Չէքիճեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Անաւարտ Դիմանկար» (Հեղինակ` Սուրէն Չէքիճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն 2020-ին լոյս տեսաւ Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար» վէպը, բաղկացած` 312 էջերէ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է ընկերներուն: Վէպը կը ներկայացնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն` 1975-էն առաջ Քանատա գաղթած եւ Թորոնթօ հաստատուած Լեւոն Սարգիսեանի կեանքը, որ գեղանկարիչ է, կը գծէ դիմանկար եւ իգական սեռի մերկ նկարներ: Անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը Լիբանանն է: Երանութեամբ կը յիշէ Պէյրութի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Սորոսը. Ազգերն Ու Ժողովուրդները Ապազգայնացնելու Հիմնադրամ Եւ Ծրագիր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ա.- «Ռուսիա Այսօր» լրատուական գործակալութիւնը (RT, Russia Today) իրերայաջորդ` 28 եւ 29 նոյեմբեր 2020-ին անդրադարձաւ Լեհաստանի եւ Հունգարիոյ բարոյական-ազգայնական անշեղ կեցուածքներուն, որոնց թարգմանաբար կ՛անդրադառնամ ստորեւ. Առաջինին խորագիրն է. «Հունգարիան եւ Լեհաստանը ճիշդ կը համարեն աւանդական արժէքները դրամէն առաջ դնելը, եւ Եւրոպական Միութեան սեռափոխութեան իրաւունքները խթանելու բռնապետական ծրագիրին կը դիմադրեն» (1): Սասունցի Դաւիթ «Սեռափոխութեան խորշանք չէ Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի...

Հոգով Ճորտերի Վարչապետը

Հոգով Ճորտերի Վարչապետը

ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ գրիչ եմ վերցրել կամ նստել եմ համակարգչի առջեւ հրապարակախօսական յօդուած գրելու, ինքնաբերաբար գործել են ներքին կարմիր գծերը: Այս անգամ, սակայն, ինձ հազիւ թէ յաջողուի այդ սկզբունքը լիովին պահպանել, որովհետեւ դիմացինը բարոյականութեան ու քաղաքակրթութեան բոլոր կարմիր գծերը վաղուց է անցել: Խօսքս վարչապետի ինքնահռչակ տեղապահի մասին է: Նիկո՛լ, դու մի վիճակում ես, երբ փորձում ես ամէն գնով...

Ակնարկ.  Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Ակնարկ. Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բազմաշառաւիղ փոփոխութիւններու ենթարկելու յայտարարութիւններ կը կատարուին: Արաբական աշխարհին մէջ Քաթարի նկատմամբ արաբական պետութիւններու յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման գործընթաց, Եւրոպական Միութեան հետ լարուածութեան մեղմացում, Փարիզ-Անգարա ուղղակի մերձեցում ուղենշող խօսակցութիւն, Երեւանի նկատմամբ արձակուած ուղերձներ, եւ հիմա` Ուաշինկթընի հետ նոր էջ բանալու մասին պաշտօնական յայտարարութիւն: Դէպի Եւրոպա յարաբերութիւններու վերափոխման առումով Անգարա նախ կը յայտարարէր, որ Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տարուի երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Այդ չարաշուք գիշերէն ետք Շիրազին առաջին անգամ հանդիպեցայ փողոցը, Աբովեանի վրայ, պանդոկէս քանի մը քայլ անդին, ուր նշմարեցի համախմբում մը, մասնաւորաբար երիտասարդներու, որոնք շրջապատած էին  առիւծի բաշերով, յաղթանդամ ու  գեղեցիկ տղամարդ մը, որ, ուրեմն,  ինքն էր: Ես կը գտնուէի հանդիպակաց մայթին վրայ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 10-12մ անդին այդ խումբէն: Շիրազ դժուար ոտքի կը պահէր ինքզինք, վասնզի հարբած էր, մինչ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102 – ամեակ Մեր Մեծ Դաշնակիցը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Մեր Մեծ Դաշնակիցը». այս է խորագիրը ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 հոկտեմբեր 1920-ի խմբագրականին (1), որ մասամբ կը յարմարի նաեւ մեր այժմու կացութեան: Ստորեւ կը ներկայացնեմ արեւմտահայերէնը եւ վերջաւորութեան՝ քանի մը ընդգծումներ եւ տարբերութիւններ : 1. ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ը: «Հայ ժողովուրդը իր ձեռքով պիտի դարբնէ իր քաղաքական բախտը: «Այս ակներեւ ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ կարելի է արդէն համարել...

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ Կը կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիներ եւս կ՛անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ…» Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը  յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»… «Գլխուն եկած»էն ետք, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին, ապա կը մոռնանք կամ կ՛ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք»  եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր  զիջում ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ելքը Բանականութեան Եւ Կամքի Կիրարկումն Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լաւ օրերու մէջ չենք ապրիր: Տնտեսական արտասովոր տագնապի մէջ յայտնուած Լիբանանի մէջ, օգոստոս 4-ի պայթումի հետեւանքները տակաւին առկայ են: «Քորոնա»-ն այնքան տարածուեցաւ, որ իշխանութիւնները 11-օրեայ ամբողջական փակում տնօրինեցին. հիւանդանոցներուն մէջ հիւանդներ կը մերժուին եւ շատեր բակին մէջ կամ հիւանդանոցի մուտքին կասկածելի բուժման կ'ենթարկուին: Մահերը շատցած են, ու ամէն օր ծանօթի մը, սիրելիի մը, ընկերոջ մը մահուան բօթը կը...

Դաշնակցական   Մամուլը

Զուգահեռի Մը Մտորումներ…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Այնքան շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, այնքան վերլուծումներ տակաւին կը շարունակուին ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած խայտառակ պարտութեան մասին, որ մարդ կը դժուարանայ ինքն ալ կարծիքներ յայտնելու` չմատնուելու համար ըսուած-գրուածները կրկնողի անբաղձալի վիճակին: Կը դժուարանայ նաեւ ազգային նուաստացումի ու խորունկ յուսախաբութեան պատճառած ցասումն ու զայրոյթը զսպելու եւ ազգային մեծ սուգի, յուզումի ու խառնաշփոթութեան այս տխուր օրերուն հանդարտ հոգեվիճակով ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանը Հայրենի՞ք Է, Թէ՞ Բնակավայր

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Մենք սխալ չափանիշով կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նմանները: Գոյութիւն ունի վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահող շրջանակ մը, ուրկէ իշխանութեան աթոռին բարձրացող առաջնորդները որակապէս եւ մտածելակերպով գրեթէ նոյնն են: Փաշինեան չի տարբերիր միւս առաջնորդներէն: Այս մարդոց նկատմամբ մեր չափանիշին սխալը ո՞ւր կը կայանայ: Մենք այս մարդիկը կը դիտենք այն մեկնակէտով, որ ասոնց համար Հայաստանը հայրենիք...

Page 456 of 1112 1 … 455 456 457 … 1,112

Արխիւներ