Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահամոլին Սոփեստութիւններէն Ետք` Արցախի Կրած Կորուստները

Յունուար 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

«Si Vis Pacem, Para Bellum»

Vegetius

44-օրեայ պատերազմէն եւ նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած ազգակործան համաձայնագրէն ետք, արեան գնով նուաճուած յաղթանակի բարձունքներէն գահավիժած ենք պարտութեան խորխորատներուն մէջ:

Արցախի պետականակերտման ու կայուն կարգավիճակի ձեւաւորման 26 տարուան գործընթացը անդառնալի հարուած ստացած է:

Կորստեան մատնուած են 1992-1994 արցախեան ազատամարտին ընթացքին ազատագրուած հայկական տարածքները, որոնք ազրպէյճանական կրակակէտերու շիջման ու Արցախի աշխարհառազմավարական պատուարներն էին:

Պատերազմին առթած հետեւանքներով Արցախի կենսագործութիւնը կաթուածահար կացութեան մէջ է:

Ի մի բերելով այդ կորուստները` ներկայ իրադրութեամբ կը ստանանք հետեւեալ պատկերը.

 

Ա.- Տարածքի եւ սահմանագիծի կորուստ

1994-ի մայիսի հրադադարէն ետք ձեւաւորուած Արցախի Հանրապետութեան 11.500 քառ. քմ տարածքէն մնացած է 3170 քառ. քմ տարածք:

Հանրապետութեան 10 քաղաքներէն 4-ը գրաւուած են թշնամիին կողմէ: Չկան` Շուշին, Հադրութն ու Քարվաճառը…

320 գիւղական բնակավայրերէն աւելի քան 120-ը կը գտնուի թշնամիի վերահսկողութեան ներքոյ:

Մօտ 900 քմ երկարութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմագիծի կէսը պաշտպանուած էր արցախեան պատնէշով` Վարդենիսէն մերձարաքսեան արցախեան ափի մօտ 400 քիլոմեթրով: Ներկայ դրութեամբ այդ ամրակուռ պարսպապատումէն զրկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ենթակայ է Սիւնիքի եւ այլ տարածքներու հանդէպ օրէ օր թափ առնող Պաքուի ոտնձգութեանց եւ տարածքներ կլանելու ախորժակներուն: Միայն Սիւնիքի մարզը առանձինն այսօր 70 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանագիծ պաշտպանելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի:

Սիւնիքի հարաւային` Մեղրիի դարպասներու բնական պատուար հանդիսացող հարաւային Քաշաթաղի, Կովսականի (Զանգելան), Ջրականի (Ճապրայիլ), Սանասարի (Կուբաթլու) կորուստով չքացաւ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ 135 քիլոմեթր երկարութեամբ ռազմավարականօրէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող սահմանահատուածը: Այժմ Սիւնիքի հարաւային սահմանադուռը Իրանի հետ կը կազմէ 44 քիլոմեթր: Արցախի մերձարաքսեան տարածքներու կորուստը լուրջ սպառնալիք է Մեղրիի անվտանգութեան գծով:

Քարվաճառը իր անառիկ ու բարձրադիր դիրքով ռազմավարական պատնէշ էր Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի արեւելեան սահմաններուն համար, որ միաժամանակ կ՛ապահովէր Լաչինի միջանցքի, Վարդենիսի եւ Մարտակերտի արեւմտեան հատուածի անվտանգութիւնը: Հայաստանը Արցախին հետ օղակող երկրորդ հաղորդակցութեան ցամաքային մայրուղին կը գտնուէր Քարվաճառի մէջ:

Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ վահանը` արցախա-ազրպէյճանական սահմանը, որ կ’երկարէր Վարդենիսի սահմանախաչման կէտէն մինչև Արաքս 291 քմ սահմանաշերտով:

Հայաստանի ոչնչացման ու կործանման միտող թուրք-ազրպէյճանական մարտավարական ծրագրի առաջին փուլը Արցախի Հանրապետութեան լիակատար քայքայումն է, որ ի գործ դրուեցաւ վերջին պատերազմին ընթացքին: Յաջորդ փուլը Սիւնիքն է, որ այսօրուան դրութեամբ թշնամիի հրետանիի անմիջական հասողութեան տակ կը գտնուի: Յառաջիկայ ժամանակներուն Պաքու բազմաբեւեռ ճնշամիջոցներով պիտի փորձէ Սիւնիքը զրկել կայուն զարգացման ու ապահովութեան որեւէ հեռանկարէ:

Բ.- Ջրային պաշարներու եւ բարձունքներու կորուստ

Արցախեան բարձրաւանդակի հիւսիսային եւ հարաւային լեռնաշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Մռաւը, Օմարը, Գոմշասարը, Քիրսն ու Դիզափայտը կը գտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Այս զարգացումներուն լոյսին տակ արդէն իսկ կղզիացած Արցախի Խաչէնի հովիտը Մարտակերտն ու ամբողջ Ասկերանի մարզը կը գտնուին բարձրաբերձ դիրքերու տիրապետող թշնամիի կրակային հասողութեան ներքոյ:

Անդառնալի հարուած ստացած է Արցախի ջրային պաշարներու անվտանգութիւնը: Թարթառ (Տրտու), Հագգարի (Աղաւնոյ), Խաչէնագետ, Կարկառ, Իշխանագետ եւ Վարանդա գետերն ու իրենց ակնաղբիւրները մասնակի կամ ամբողջութեամբ կը գտնուին ազրպէյճանական բանակի վերահկողութեան ներքեւ: Նոյնն է պարագան վերոնշեալ գետերուն վրայ կառուցուած ջրագծերուն, ջրամբարներուն եւ ՀԷԿ-երուն (հիտրօ ելեկտրակայան):

Կարեւոր է նշել, որ Քարվաճառէն սկիզբ կ՛առնեն Արցախի ջրային պաշարներու աւելի քան 60 տոկոսը: Արցախի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն հանդիսացող ջրային անվտանգութեան հարցը այսօր արդէն մեր վերահսկողութենէն դուրս է:

Կորստեան մատնուած են Արցախի գետերու վրայ կառուցուած գրեթէ բոլոր ուժանիւթի արտադրութեան կայաններն ու ՀԷԿ-երը:

Այստեղ հարկ է նշել, որ Արցախի գետերու, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Արփա եւ Որոտան գետերու Քարվաճառի ակունքներուն տիրացած ազրպէյճանական կողմին համար այս կացութիւնը լաւագոյնս կրնայ օգտագործուիլ գետերը թունաւոր քիմիական նիւթերով  թունոտելու, այնպէս` ինչպէս Խորհրդային Միութեան օրերուն կը կատարէին Ստեփանակերտի եւ այլ բնակավայրերու ըմպելի ջուրերը թունաւորելու իրենց սադրանքներով:

Գ.- Հանքավայրերու կորուստ

Արցախի պետական պիւտճէին ամենամեծ հարկային մուտքեր կ՛ապահովեն հանրապետութեան տարածքին շահագործուող հանքավայրերը: Ներկայ դրութեամբ Արցախի 15 մետաղի հանքավայրերէն 13-ը անցած է Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, որ մեծ հարուած է Արցախի տնտեսութեան:

Դ.- Պատմական յուշարձաններու կորուստ

Պատերազմէն ետք թշնամիի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ մնաց վիթխարի թիւով մշակութային ժառանգութիւն` եկեղեցիներ, խաչքարեր, թանգարաններ, ամրոցներ:

Չկան այլեւս Հանդիվանքը, Գտչավանքը, Կատարոյ վանքը, Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցն ու Կանաչ ժամը:

Դեկտեմբերին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը (UNESCO) առաջարկ ներկայացուց Պաքուին, որպէսզի արտօնութիւն ստանայ անկախ փորձագիտական առաքելութեամբ սկսիլ Արցախի գրաւուած տարածքներու մշակութային արժէքներու գոյքագրումը:

Նշենք, որ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական բանակին կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ Շուշիի Ս. Ղազանչեցոցը, իսկ հրադադարէն ետք ոչնչացուեցան Շուշի քաղաքի Կանաչ ժամ` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ գմբէթն ու զանգակատունը:

2005 թուականին Հին Ջուղայի խաչքարերը բարբարոսաբար քանդած ազրպէյճանցիները պիտի չվարանին ոչնչացնել Արցախի հոգեւոր ժառանգութիւնը:

Գանձասարի կամ Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ժամանակին ունեցած է չորս հազար վանք ու եկեղեցի: 19-րդ դարուն Արցախի մէջ կը գործէին 1813 վանքեր ու եկեղեցիներ: 1929-ին մնացած էին 112 եկեղեցի եւ 18 վանք: Արցախի թեմի տուեալներով, պատերազմի նախօրեակին Արցախի մէջ կը գործէին 70 եկեղեցի ու վանք, ինչպէս նաեւ կան հարիւրէ աւելի աւերակ վիճակի մէջ վանքեր ու եկեղեցիներ::

Ե.- Տեղահանուածներ, փախստականներ

Պատերազմին պատճառով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներէն տեղահանուածներուն կամ փախստականներուն վիճակագրական պաշտօնական տուեալները ցարդ նախնական են:

Արցախի Ազգային վիճակագրական  ծառայութեան 2017 թուականի տուեալներով, Արցախի բնակչութեան 38,2 տոկոսը կեդրոնացած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, 14,7 տոկոսը` Մարտունիի մէջ, 13,5 տոկոսը Մարտակերտի, 11,7-ը` Ասկերանի, 8,3-ը` Հադրութի, 7,9-ը` Քաշաթաղի, 3,6-ը` Շուշիի եւ 2,1 տոկոսը` Շահումեանի շրջաններուն մէջ:

Թուաբանական հաշուարկումով, ամբողջութեամբ թշնամիի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաշաթաղի, Շահումեանի, Շուշիի եւ Հադրութի բնակչութեանց տոկոսային համագումարը կը կազմէ մօտ 22 տոկոս, եւ ըստ նման տոկոսային կանխավարկածի, Արցախի 150 հազար բնակչութեան 33.000-ը բռնագրաւուած վերոնշեալ հայկական տարածքներուն մէջ կ՛ապրէր:

Դեկտեմբեր 24-ին Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան տուեալներով, Արցախի անտուն քաղաքացիներուն հաշուառուած թիւը 20 հազար 347 է, որոնցմէ ժամանակաւոր տուներով ապահովուած են 4101 բնակիչներ (1014 ընտանիք):

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դեկտեմբեր 22-ին յայտարարած տուեալներով, Արցախի անօթեւան մնացած քաղաքացիներու թիւը 40.000 անձ է:

(Շար. 1)

Նախորդը

Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութիւնը Կը Պարգեւատրէ Դոկտ. Նորա Արիսեանը

Յաջորդը

Եութիւպը Եւ Պատանիները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?