4 յունուար 2021-ին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար:
Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեան պիտի յաջորդէ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանին, որ հաւաքածոներու ղեկավարի պաշտօնը կը վարէր 1993-էն ի վեր, եւ որ հանգստեան կոչուեցաւ 2018-ին:
Դոկտ. Մուրատեան կը շարունակէ դասաւանդել Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: Անոր գիրքը` «The Resistance network. The Armenian Genocide and humanitarianism in Ottoman Syria, 1915-1918», լոյս տեսաւ 1 յունուար 2021-ին Միշիկըն նահանգի համալսարանէն:
Նշենք, որ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան 2000-2007 տարիներուն պաշտօնավարած է «Ազդակ»-ի մէջ` իբրեւ աշխատակից եւ գիշերային խմբագիր:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրութիւնը այս առիթով կը շնորհաւորեն դոկտ. Մուրատեանը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: