Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ձախորդ Յօդուածագրին Ձաբռտուքները

Յունուար 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին իր աթոռին կառչած մնացող Հայաստանի վարչապետը լոյս ընծայած է լայնածաւալ յօդուած մը, որ տօնական օրերուն զուգադիպելով` կոնդակի մը բնոյթը ստացած է:

Բնականաբար Քրիստոսի ծնունդին եւ անոր հետ առնչուող ոչ մէկ նիւթ ծեծած է վարչապետը, այլ անոր կիզակէտն է 44-օրեայ պատերազմին ծագումը եւ այլ մանրամասնութիւններ, կամ, աւելի ճիշդ բնորոշումով` «Ես չէի յանցաւորը» թեման:

Վարչապետը այս անգամ դիմած է իր հին մասնագիտութեան` լրագրութեան-յօդուածագրութեան, բացատրելու համար պատերազմին դրդապատճառներն ու ստեղծուած կացութիւնը: Չմտնենք այն մանրամասնութեան մէջ, որ անոր վաստակը կը վկայէ, թէ իր դիտանկիւնէն` լրագրութիւն կը նշանակէ խեղաթիւրում, անիմաստ աղմուկ բարձրացնել եւ նման «ստեղծագործութիւններ»:

Յօդուածագիրը իր հաղորդած տեղեկութիւններով եւ վերլուծումներով ո՛չ միայն ինքզինք կը հակասէ, այլ նաեւ շփոթի կը մատնէ (ըստ սովորութեան) արդէն իսկ շուարած եւ տուայտանքի կացութեան մէջ գտնուող հայորդին:

Ան կը խօսի իննսունականներէն ասդին Արցախի հիմնահարցով զբաղող խորհրդաժողովներու մասին, Կազանի համաձայնագրի պատրաստութեան վարկածէն մինչեւ Մատրիտեան սկզբունքներ:

Բաւական մը նիւթեր ծեծելով եւ երբեմն ալ անտեղիօրէն իրարու կապելով` վարչապետը կը փորձէ բացատրել, որ իրարու յաջորդող դէպքեր, որոշումներ, տարածաշրջանէն ներս կացութիւններ պատճառ հանդիսացած են, որ ստեղծուի 27 սեպտեմբերին առաջնորդող կացութիւնը:

Շրջաններ յանձնելու առնչութեամբ, յօդուածը կարդացողը անգամ մը եւս կը հանդիպի թուաբանական պարզ հաշիւին` 5 + 2 հաւասար է 7-ի բանաձեւին, որուն կողքին կը նշուին բաւական մը «եթէ»-ներ: Մինչդեռ, հարցը 5 + 2-ի թուաբանական գումարումը չէ, այլ` ռազմաքաղաքական հասկացողութիւն մը:

Ռազմական գետնի վրայ 44 օրերուն մասին մանրամասն զեկուցումներ չկան: Փաշինեան հպանցիկ բաղդատականներ եւ մատնանշումներ կատարելով` կը նշէ, որ` «Հիմա, ի հարկէ, յետահայեաց կարելի է ասել` դա (այսինքն հողատարածք յանձնելը, խմբ.) աւելի լաւ է, քան այնինչ ունենք, առնուազն մարդկային հազարաւոր կեանքեր փրկած կը լինէինք»: Եւ այս կացութիւնը ան կը բաղդատէ նախապէս կատարուած համեմատաբար շատ աւելի փոքր տարողութեամբ մարտերու հետ, քառօրեայ պատերազմ` 2016-էն աւելի ետ 2011, 2004…

Վարչապետին համար դժբախտաբար դեռ յստակ չէ, որ ամբոխավարութիւն, ամբոխահաճութիւն եւ նոյնիսկ յեղափոխութիւն (թաւշեայ, պողպատեայ թէ ոսկեայ – այս վերջինը ի յիշատակ… Սոթքի հանքին) բոլորովին տարբեր ոճ, գործընթաց եւ նիւթեր են` բաղդատած շատ աւելի թնճուկային եւ դժուարութիւն յարուցող փրոթոգոլային հարցերու եւ հիմնահարցերու քննարկումին: Զարմանալի եւ անակնկալ չէ նաեւ վարչապետին մէկ այլ արտայայտութիւնը, թէ նախապէս քսան տարի շարունակ բանակցութիւններուն նպատակը Ազրպէյճանին յոյս տալն է, մինչդեռ ինք յուսախաբեցնողը դարձած է:

Կարդացողը քանի մը անգամ ալ թղթատելով եւ կրկին պրպտելով տեղեկութիւններն ու յայտարարութիւնները` կրնայ նկատել, որ ոչ մէկ խօսք կայ Շուշիի (թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ՛ անկումին) մասին: Շուշիին` որուն տիրապետողը Արցախին տիրապետած կ՛ըլլար: Ա՛յն Շուշին, որ իմաստուն եւ ամենագէտ վարչապետին աչքով տժգոյն, անփայլ, դժբախտ եւ երկրորդական էր, համեմատած Երեւանի Հիւսիսային պողոտային, որ մարմնաւորուեցաւ… «նախկիններուն ձեռամբ»: Սա այն Շուշին  է, որ Ալիեւի կողմէ հռչակուեցաւ Ազրպէյճանի մշակոյթի քաղաք:

Սիւնիքի սահմանային Շուռնուխի մասին խօսելով` Փաշինեան առանց տատամսելու կը յայտնէ, որ պայքար մղուած է ամէն մէկ թիզ հողի համար…  անշուշտ մետասաներորդ պահուն, քանի մը տուներ ալ յանձնելով: Շրջանէն հասած տեղեկութիւնները այն են, որ միակ պայքար տանողը ազերիներն են, իրենց «Ճի. Փի. Էս.»-ներով, իսկ բնակարանէ զրկուողներու վերջին քայլը կ՛ըլլայ հրկիզել իրենց տուները®

Վարչապետը կը թուի վերացած եւ խանդավառ ըլլալ իր յօդուածագրութեամբ, եզրակացնելով, որ յառաջիկային պիտի շարունակէ յաւելեալ էջեր մրոտել` համոզուած ըլլալով, որ` «Մօտիկ անցեալի մասին այսպիսի խօսակցութիւն կարեւոր է ապագայի շուրջ լիաթոք խօսակցութիւն սկսելու համար»:

Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ Արցախն ու Հայաստանը բոլորիս հետ պարտութեան տարած վարչապետը ահա իր արձանագրած ձաբռտուքներով նո՛յնքան ձախողակ յօդուածագիր մըն է: Իսկ սեղանին վրայի երեք խնձորներն ալ… երկինքէն ինկած են, կը բնութագրեն հեքիաթի մը աւարտը: Գործ` կողքին մելան հոսեցնող հեքիաթագրին:

Նախորդը

Անվարա՛ն

Յաջորդը

Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութիւնը Կը Պարգեւատրէ Դոկտ. Նորա Արիսեանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?