ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ քեմալական քաղաքականութիւնը փոխուած է: Անորխաղաղութիւն սեփական երկրին մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ, որ 1920-ին յայտարարուած մեկուսացման քաղաքական վարքագիծն էր: Այսօր Էրտողան, ծաւալապաշտական եւ նոր-օսմանական փառասիրութիւններ ունի, տրամագծօրէն հակառակ ընթացք մը: Հետզհետէ կը շեշտուին տարակարծութիւնները եւ հակամարտութիւնները այլ երկիրներու հետ, անմիջական դրացիներ, թէ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը յիշեցնողներ:
Վերջին տասնամեակին թրքական բանակի սպառազինումը աւելցած է եւ այլեւս կու գայ տարբեր աղբիւրներէ : Կայ տեղականը, դասական ամերիկեանի կողքին նաեւ` իսրայէլեանը, ռուսականը: Էրտողանի ծաւալապաշտական ծիրը կ՛ընդգրկէ` արեւելեան Միջերկրականը, Լիպիան, Սուրիան, Իրաքը, Քաթարը, կը տարածուի դէպի Սոմալիա, Աֆղանիստան:
Էրտողան-Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ունի տնտեսական ցանկութիւններ, հակամարտութեան նոր առիթներ կը ստեղծէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ` նաւթային աղբիւրներու տէր դառնալու համար: Ինչպէ՞ս այս փառասիրութիւնները պիտի ընդունի Ատլանտեան ուխտը (ՕԹԱՆ), եւ անոր անդամները ինչպէ՞ս պիտի գոյակցին: Չեմ խօսիր գործակցութեան մասին: Այսօր Էրտողանն է Ուխտին լա (la) տուողը` իր բազմակողմ ծաւալապաշտական նկրտումներով:
Պետութիւններու ղեկավարները միամիտ չեն, բայց հակուած են տեսնելու եւ լսելու այն, ինչ որ հաճելի է իրենց: Երբ Էրտողան իշխանութեան տիրացաւ, կ՛առաջադրէր հասնիլ տնտեսական արագ աճի, քրտական հարցի քաղաքական լուծման եւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան իրականացման: Խօսեցաւ նաեւ հայկական դժբախտութիւններու մասին, սրտցաւ խօսքեր, ո՛չ աւելի:
Քսան տարի ետք Թուրքիան դեռ Եւրոմիութեան դրան առջեւ կանգնած է, չէ յաջողած Եւրոմիութեան 27-ին վրայ գումարուիլ: Տնտեսական աճը բացակայ է, բայց կը շարունակուին Եւրոմիութեան յատկացումները, միլիառաւոր տոլարներ, որոնք սկսած են կրճատուիլ: Միշտ օրակարգ է անդամակցութիւնը, որուն այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ: Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ Թուրքիան,Քեմալի ներշնչած «Խաղաղութիւն երկրին մէջ եւ խաղաղութիւն աշխարհի մէջ» կարգախօսէն հեռացած է, «նոր օսմանական» երազ ունի, զինուորական միջամտութիւններու ձեռնարկած է:
Թուրքիոյ ռազմավարութիւնն է վերականգնել օսմանի կայսրութեան սահմանը: 2016-ին, 2017-ին եւ 2018-ին թրքական բանակը ներխուժեց Սուրիա, ուր ոչ ոք զինք հրաւիրած էր, նպատակ ունենալով իր զինուորական եւ քաղաքական ներկայութիւնը հզօրացնել շրջանին մէջ: Արաբական աշխարհին մէջ նման արշաւանքներ ըրած էր նախապէս` 2008-ին եւ 2015-ին Իրաք, 2009-ին` Լիպիա: Այլ ծրագիրներ ալ կան. զինուորական խարիսխներ ունենալ Արաբական ծոցին մէջ եւ Ափրիկէ, ծաւալապաշտութիւն, որ դժգոհութիւն կը պատճառէ շրջանի երկիրներուն: Այս կայսերական միտումները Թուրքիոյ նկատմամբ վերապահ դարձուցած են նոյնիսկ կրօնակից երկիրները, զորս ինք կ՛ուզէ շահագործել: Ծաւալապաշտական-պատեհապաշտական այս քաղաքականութիւնը թափանցիկ դարձած է դրացի երկիրներուն համար, օրինակ, երբ ուզած է «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան զօրավիգ կանգնիլ` ընդդէմ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Էմիրութիւններու, այդ ունեցած է բացասական տնտեսական հետեւանք. անոնց զբօսաշրջիկները Թուրքիոյ փոխարէն` կ՛ընտրեն Յունաստանը: Սէուտական Արաբիան իր պաշտպանական համակարգը ուժեղացնելու համար ստացած է «Փաթրիոթ» հրթիռներ:
Այսօր Թուրքիա Միջերկրականի մէջ դաշնակից չունի: Բայց աշխարհի երկիրներու, մասնաւորաբար Եւրոպայի կրաւորականութիւնը Թուրքիոյ դաշնակիցն է: Անոնք բոլորն ալ ոչինչ ըրին այրուող քաղաքներու, անտուն մնացածներու եւ հայրենիք կորսնցուցածներու համար: Արցախի դէմ շղթայազերծուած ցեղապաշտ եւ ցեղասպանական միտումով նախայարձակման պարագային, Եւրոպան մնաց հանդիսատես եւ բարոյախօս: Տարրական ողջախոհութիւնը ունեցող քաղաքական մեկնաբանը պիտի ըսէր, որ Պիղատոսի պարեգօտի տակ պատսպարուած Եւրոպան, իր կարճատեսութեամբ, վաղ թէ ուշ ինքզինք պիտի գտնէ արդէն ուրուագծուող վտանգներու առջեւ: Եւրոպան անկարող է Թուրքիոյ դէմ, ոչինչ կրցաւ ընել Էրտողանի գրգռութիւններուն դէմ ճակատ բանալու համար: Կարծէք նոր օսմանականութեան առջեւ ան ինքզինք դատապարտած է սալամ ալեք ընելու, որպէսզի չխանգարուի խուսափելու համար ծայրայեղ աջին կամ հակաիսլամականութեան նպաստելու մեղքով, գոհանալով դատապարտութեան կամ զօրակցութեան յուզիչ խօսքերով:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, նախերգանքն է գալիքի, բաւարար չափով չ՛ըսուիր` քաղաքակրթական լայնածիր պատերազմի սկիզբ:
Եւրոմիութեան 27 երկիրները գոյացուցած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սկզբունքային համաձայնութիւն, որ կրնայ փոխուիլ, եթէ Թուրքիա շարունակէ իր գրգռութիւնները: Պատժամիջոցներու դիմելու համար համաձայնութիւն կայ մէկ հարցով. Թուրքիոյ բնական կազի որոնման աշխատանքները Յունաստանի եւ Կիպրոսի ծովային տարածքներուն մէջ: Պատժամիջոց սահմանուած է «Թըրքիշ փեթրոլիոմ քորփորէյշըն»-ի երկու պատասխանատուներու դէմ, որոնց Եւրոպա մուտքը կ՛արգիլուի, եւ Եւրոմիութեան մէջ անոնց ունեցած ինչքը կը սառեցուի: Ապագային, 2021-ին այս պատժամիջոցներու ծիրը կրնայ ընդարձակուիլ եւ խստանալ:
Եւրոմիութեան անդամները չեն կրցած համախոհութեան յանգիլ Թուրքիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելու համար արգիլելու դէպի Թուրքիա զէնքի վաճառքը:
Պարզ է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր ցամաքային եւ ծովային ոտնձգութիւնները, եթէ Եւրոմիութիւնը յստակօրէն չկանգի եւ Փութինի պէս չըսէ, որ այդ կարմիր գիծէն անդին չի կրնար անցնիլ Թուրքիան:
Արեւմուտքը հիմա համավարակի տենդի մէջ է, իրար անցած է մեծ կամ պզտիկ վաճառատուները բանալ-չբանալու հարցով, ժամանակ եւ սիրտ չունի հայերու եւ Հայաստանի դէմ թրքական նախայարձակումը ըստ արժանւոյն գնահատելու` իր իսկ ապահովութեան եւ շահերու տեսանկիւնէն անգամ:
Թուրքիան օսմանական իր երազի ուռկանը կը շարունակէ նետել արեւելք, արեւմուտք, Կովկաս, Միջերկրական` յարաճուն յանդգնութեամբ, իր դէմ արգելքներ չգտնելով: Արգելքները` անոնց, որոնք ոչ շատ հեռու ապագային իրենց շահադիտութիւններուն համար սուղ պիտի վճարեն:
Հայկական դիւանագիտութիւնը, առաւել սփիւռք(ներ)-ի զանազան երկիրներու մէջ ունեցած կապերը, ակնկալելի ազդեցութիւն չունին, չեն ունեցած, թրքական նպատակը բացայայտելու անոնց ղեկավարներուն, անկախաբար հայկական հարցերէն: Այդ երկիրները միայն Եւրոպան եւ Ամերիկաները չեն, այլ նաեւ` Ռուսիան, արաբական աշխարհը, Հնդկաստանը, Չինաստանը, Աւստրալիան, Նոր Զելանտան:
Զարմանալի պիտի ըլլայ ենթադրել, որ օտար պետութիւնները, մեծերը եւ փոքրերը, ունենալով մասնագիտական կառոյցներ եւ սպասարկութիւններ, կացութիւններուն ծանօթ չըլլան: Գիտեն, թէ ո՛ւր են իրենց եւ միջազգային ապահովութեան սպառնացող վտանգները: Բայց անոնց հանրային կարծիքը բաւարար լուսաբանութիւն չ՛ունենար, եւ իշխանութիւնները, հետապնդելով մասնակի եւ տնտեսական շահեր, յանձնառութիւն չեն ստանձներ սպառնալիքներու չէզոքացման համար:
Այս կացութեան ամէնէն յատկանշականը Ատլանտեան ուխտի (ՕԹԱՆ) պարագան է:
Եւրոպան, Ամերիկան, արաբական աշխարհը, Չինաստանը,նաեւ Ռուսիան, վստահօրէն կը գիտակցին Էրտողանի բազմերես եւ երկդիմի քաղաքական խաղերուն, բայց իրենց անմիջական մրցակցութիւնները պատճառ են, որ ան առանց անհանգստանալու հետապնդէ ծաւալապաշտական նոր-օսմանական կայսրութեան ստեղծումը, որ կը սպառնայ բոլորին:
Էրտողանի` արեւելեան Միջերկրական եւ Կովկաս զինու զօրութեամբ թափանցումը վաղ թէ ուշ պայթիւնավտանգ կացութիւն պիտի ստեղծէ, որուն համար բոլոր երկիրները, նոյնիսկ` հեռաւորները, սուղ պիտի վճարեն: Առաջին հերթին, Էրտողանի նկրտումները եւ իր սահմաններէն անդին տարածուելու եւ թափանցելու փորձերը (Կովկաս, Լիպիա, հիւսիսային Սուրիա), միջազգային խաղաղութեան եւ հաւասարակշռութեան կը սպառնան: Վլատիմիր Փութինի հանդէպ Եւրոպայի վերապահութիւնները պատճառ են Թուրքիա-Ռուսիա մերձեցման, որ մնայուն չի կրնար ըլլալ, քանի որ Էրտողանի ծաւալապաշտութիւնը ուղղուած է նաեւ Ռուսիոյ ամբողջականութեան դէմ: Թերեւս օր մը Ռուսիան պիտի ընէ, այն ինչ որ Արեւմուտքը չ՛ըներ, չի կրնար, կամ չ՛ուզեր ընել: Դէպի Ափրիկէ տարածուելու Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ցանկութիւնները չեն կրնար հաշտ ընթանալ:
Խորհրդային Միութեան դէմ արեւմտեան, մասնաւորաբար ամերիկեան պաշտպանութեան դիմելէ եւ լիաբուռն օգտուելէ ետք, Թուրքիան Եւրոմիութիւնը եւ Ատլանտեան ուխտը խոչընդոտ կը համարէ իր օսմանի կայսրութեան վերականգնման եւ համաթուրանական փառասիրութեան առջեւ. Եգէականէն` Չինաստան: Բայց այդ ընդունելի՞ է Ռուսիոյ համար: Այսօր Թուրքիոյ եւ Ատլանտեան ուխտի խզումը բացորոշ է, պէտք է սպասել անոր պաշտօնական յայտարարութեան: Թէեւ Թուրքիան դեռ Ատլանտեան ուխտին պէտք ունի իր միջազգային դերը պահելու, եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու համար Ռուսիոյ հետ, որ Թուրքիոյ դիմաշրջումը կը համարէ նպաստ Ատլանտեան ուխտի տկարացման:
Ամերիկան եւ անոր դաշնակից Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւեն խնդիր դարձած Թուրքիոյ խաղերը: Ի վիճակի կ՛ըլլա՞ն ճնշում բանեցնելու, թէ պիտի ենթարկուին Թուրքիոյ դասական խաղին, որ Արեւմուտքը եւ Ռուսիան կը գործածէ մէկը միւսին դէմ: Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տունը պատժամիջոցներ սահմանած է, որոնք կը մնան առկախ: Եւրոմիութիւնը կրնայ ճնշումներ բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` մաքսային հարցերով, զայն զրկելով եւրոպական շուկայ մուտքի մենաշնորհներէ:
Կայ սպառնալիքը, որ Թուրքիան կրնայ իր սահմանները բանալ եւ գաղթականներով ողողել Եւրոպան: Եթէ Թուրքիան լուսանցքի վրայ դրուի, այդ կրնայ շահագործուիլ Էրտողանի կողմէ` հրահրելու համար հակաարեւմտեան ծայրայեղականութիւնը:
Եւրոպայի մէջ, հզօրացած Գերմանիան, այս գործակցութիւններու եւ հակադրութիւններու մթնոլորտին մէջ, անշեղ կերպով կը հետապնդէ իր շահերը:
Եւրոմիութեան յատկացուցած միլիառները, որոնք պիտի ծառայէին Թուրքիան պատրաստելու անդամակցութեան, մարդկային իրաւանց յարգումի եւ ազատ շուկայի, ապարդիւն եղած են: Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը յստակ է. թափանցել արեւելեան Միջերկրական ուժանիւթի պաշարներու տիրանալու եւ իր մականին տակ միացնելու թրքացեղ եւ թրքախօս ժողովուրդները: Այդ ընելու համար վաղ թէ ուշ պիտի հակադրուի Ռուսիոյ, եւ երկուքի այսօրուան գործակցութիւնը վերջ պիտի գտնէ: Իսկ Ամերիկան Թուրքիոյ երբեք պիտի չներէ ռուսական հրթիռներ գնելու պատեհապաշտական մարտահրաւէրը:
Յառաջիկայ ամիսներուն Ամերիկայի նոր նախագահի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ իր նախորդէն տարբեր պիտի ըլլայ: Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիւպեր Վետրինի կարծիքով, «Ճօ Պայտըն նուազ հաճոյակատար պիտի ըլլայ Էրտողանի նկատմամբ, բայց Ատլանտեան ուխտ-Միացեալ Նահանգներ համակարգը պիտի թելադրէ չհրաժարիլ Թուրքիայէն»: Այս վերաբերումի ետին կայ, ի հարկէ, ամերիկեան աւանդական հակառուս քաղաքականութիւնը, որ կը միտի սահմանափակել Ռուսիոյ իրաւ կամ ենթադրեալ հզօրացումը` դառնալով մրցակից Ամերիկայի աշխարհի գերպետութեան դիրքին:
Պատմութիւնը, միջազգային քաղաքականութիւնը եւ նոր բեւեռացումները այնպէս են, որ Հայաստան(ներ)ը կը գտնուի անոնց շփման գիծին վրայ: Այս գիտակցութիւնը կրնա՞յ ընել այնպէս, որ մենք համահայկական ճշմարիտ միասնութեամբ պատրաստուինք ապագայի համար` հեռանալով անհատական եւ խմբակային կոտորակումներէ, նուաճել հեռանկարային ամբողջական քաղաքական գիտակցութիւն: Ըսելով` ներսը եւ դուրսը մէկ են:
Ինչպէ՞ս, որոնցմո՞վ:
Ֆրանսացին կ՛ըսէ` «բարեպաշտի մաղթանք», vœux pieux:
12 դեկտեմբեր 2020, Փարիզ