Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մուկի Տեղ… Ջայլամ Ծնաւ Մոսկուայէն

Յունուար 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մոսկուայի մէջ 11 յունուարին տեղի ունեցած Փութին-Ալեւ-Փաշինեան հանդիպումէն հայութեան ակնկալութիւններուն առումով մուկ մ՛իսկ չծնաւ, ինչպէս կարելի է հետեւցնել դռնփակ բանակցութիւններէն բխած յայտարարութենէն:

Չենք ուզեր երկար կանգ առնել Մոսկուայի հանդիպումը կանխած շինծու անորոշութեան վրայ. փաստօրէն պաշտօնական Երեւանը մինչեւ վերջին օրը չհաստատեց, որ այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ` տողատակի հասկցնելով, որ լրատու աղբիւները եւ մեկնաբանները (մեծ մասամբ` ընդդիմադիր ճակատէն) ճիշդ չեն խօսիր նման հանդիպումի մը նախատեսութեամբ (կեցցէ՛ գաղտնապահութիւնը, ի՜նչ փոյթ, որ վարչապետը յաճախ կը ճառէ, որ ինք գաղտնի, ժողովուրդի կամքին հակառակ ոչինչ պիտի ընէ): Յետոյ, մետասաներորդ պահուն հաւաստիք տրուեցաւ, որ Մոսկուայի մէջ որեւէ վնասաբեր փաստաթուղթ պիտի չստորագրուի, իսկ հիմա, երբ համաձայնագիրին գոյութիւնը արդէն վէճ չի վերցներ, կրնան ճակատաբաց յայտարարել, որ ընդդիմադիրներու «չարխօսիկ» նախատեսութեանց համապատասխան համաձայնագիր չէ ստորագրուած:

Փաստօրէն վախ կար, որ 9 նոյեմբերի վնասաբեր յայտարարութեան մէկ «յաւելուածը» ստորագրուի` Հայաստանէն ու Արցախէն հողային նոր զիջումներու առջեւ ճամբայ բանալով: Իսկ թէ Հայաստանէն Ազրպէյճանին անցք տալու փաստը ի՛նչ որակում կրնայ ունենալ, երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր…

Եւ ահա, նոր յայտարարութեան չորս կէտերը կը շրջանցեն շարք մը հիմնական, հայութեան համար կենսական հարցեր, ի յայտ կու գայ, որ բանակցողները կեդրոնացած են 9 նոյեմբերի համաձայնութեան այն կէտին վրայ, ըստ որուն, պէտք է «ապաշրջափակել» Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխադրական ճամբաները (երկաթուղի եւ ինքնաշարժներու ճամբաներ), որոնցմէ պիտի օգտուին երկու երկիրներն ու Ռուսիա:

Եթէ հարցը վերաբերէր Ֆրանսայի ու Սպանիոյ, կամ Զուիցերիոյ ու Իտալիոյ, տակաւին` Պելճիքայի ու Գերմանիոյ միջեւ փոխադրամիջոցներու կարգաւորման, բնականաբար մարդիկ ուրախանալու ամէն պատճառ պիտի ունենային: Հարցը հոն է, որ հազիւ 2 ամիս առաջ վերջ գտած պատերազմէն ժառանգ մնացած ամէնէն սուր հարցերը մէկդի ձգուած են. բացայայտ է, որ Ալիեւ եւ Փութին իրենց հաշիւները կարգի դրած են, իսկ Հայաստանի վարչապետը, որ Արցախի «Երկաթէ շերեփ»-ը ձեռքէ հանելէ ետք, մինչեւ իսկ «Թուղթէ շերեփ» մը չունենալով գացած է Մոսկուա, ահա ճակատաբաց, հպարտօրէն կը յայտարարէ, որ իր միտքէն անցածները մինչեւ իսկ քննարկման սեղան չեն բերուած («Ապրի՛ս, տղա՛յ, ինչպէ՛ս տեղը նստեցուցիր Ալիեւը»): Բանակցութեան սեղանին շուրջ նստած թէ յաջորդած ասուլիսին պահուն Փաշինեան ունէր այն երեւոյթը, որ անպատրաստ, դասը լաւ չսորված աշակերտի պէս հասեր էր Մոսկուա, մինչդեռ Մոսկուա առաքելութեան նախօրեակին ան նոյնքան ճակատաբաց կը յայտարարէր, որ տնտեսական եւ առեւտրական հարցերու դասաւորումին համար նախապայման են գերիներու եւ Արցախի կարգավիճակին մասին յստակացումներ, լուծումներ: Հիմա, աղէտալի պարտութիւնը ամրագրող համաձայնագիրէն 2 ամիս ետք, վաղը հանդիսատես պիտի ըլլանք այս նոր ձախողութիւնը գովերգող քարոզչական արշաւներու, չքմեղանքներու, սակայն երբեք պիտի չլսենք. «Աա՜, ի՞նչ անենք. ես ձախողանքից բացի` ոչինչ կարող չեմ անել…»:

Փաստօրէն Փութին գոհ է, որ զինադուլը կը մնայ անխախտ, իր ուժերը լաւ կը կատարեն իրենց վստահուած դերը (յետպատերազմեան դրական գիծերէն միակը` հայութեան համար), իսկ Ալիեւ կը պարծենայ, որ Արցախի հարցը արդէն անցեալին կը պատկանի, հիմա բացուած են գործակցութեան հորիզոնները: Պէտք չէ, անշուշտ, գնահատանք զլանալ Փաշինեանի, որ համարձակութիւնը ունեցաւ գէթ յայտարարելու, որ գերիներու-զոհերու մարմիններուն փոխանակման եւ Արցախի (էական) հարցին մասին ոչինչ իրականացած է, դատարկաձեռն կը վերադառնայ Մոսկուայէն:

Այլ խօսքով, եթէ Մոսկուայի մէջ հայութեան դիտանկիւնէն մուկ իսկ չծնաւ, կրնանք ըսել, որ Փաշինեան հետը պիտի բերէ… ջայլամ մը, կամ գոնէ` ջայլամի հաւկիթ մը: Ո՜վ գիտէ, վաղը կրնայ ի յայտ գալ, որ «բերանացի յաւելուածներ» կան Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ, ինչպէս որ բերանացի համաձայնութիւններ ի յայտ եկան 10 նոյեմբերէն ետք, եւ արցախեան ու սիւնիքեան տարածքներ (որոնց մասին ոչինչ կար համաձայնագիրին մէջ) պատառ-պատառ կը յանձնուին Ազրպէյճանին, որուն «Ճի. Փի. Էս.»-ները քարտէս կը ձեւաւորեն մի՛շտ ի վնաս հայկական տարածքներու… Իշխանութեան զուռնաճիներն ալ կը դատապարտեն շուռնուխցիներն ու Կապանի այլ գիւղացիները, որոնք ազերիներուն բռնագրաւած տուները հրոյ ճարակ կը դարձնեն: Անոնցմէ մէկը ամենայն յանդգնութեամբ յայտարարեց. «Ձեզի ո՞վ ըսաւ, որ ազերիներուն հալալ հողին վրայ երթաք, տուն շինէք» (չէ՞ որ հիմա կը քարոզենք, որ անցեալ 30 եւ աւելի տարիներուն մենք ենք եղեր ազերիներէն հող խլող-բռնագրաւողը: Ահա թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ ազերիներուն հետ ղարտաշութիւն մշակելը):

Արդեօք պէտք է ենթադրել, որ «լուծումի փուլային տարբերա՞կ»-ն ալ նոր մեկնաբանութիւն ու կիրարկում կը գտնէ, այսինքն պատերազմի դաշտին վրայ (իրական թէ սարքովի) պարտութենէն ետք, հայկական կողմը հիմա տարածքներ եւ այլ իրաւունքներ պիտի կորսնցնէ փուլ առ փուլ…

***

Ջայլամի հաւկիթը, որուն ակնարկեցինք քիչ առաջ, հաւանաբար պէտք է դիտել երկու մակարդակով:

Առաջին` Հայաստանի իշխանութիւնն ու տակաւին անոր չուանէն կախուողները պիտի շարունակեն իրենց գլուխները մխրճած պահել աւազի մէջ` չտեսնելու-չանդրադառնալու, թէ Ազրպէյճանի գանձած մուրհակները վաղը-միւս օր մինչեւ ո՛ւր կրնան հասնիլ: Չէ՞ որ իշխանութիւնը ամենայն հաւատարմութեամբ կը շարունակէ գաղտնապահութեան ընթացքը (արդէն մոռցա՞ծ էք, որ զոհերուն եւ կորսուածներուն անունները չեն հրապարակուիր, որովհետեւ «պետական գաղտնիք» են): Չէ՞ որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեանց ներկայացուցիչները քանի մը փուլով հանդիպումներ ունեցան` յայտարարելով,  որ գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակումը կը քննարկեն: Նոյն գաղտնապահութիւնը չի՞ կրնար հասցնել հոն, ուր չյայտարարուած, բանաւոր համաձայնութեամբ նոր զիջումներ «լուսաւորեն» մեր վաղուան առաւօտ(ներ)ը:

Երկրորդ` Հայաստանի առեւտրականները մե՜ծ խանդավառութեամբ կը խօսին այս համաձայնութեան բանալիք դուռերուն մասին: Անոնց խօսքերուն միջեւ կարելի է կարդալ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Ցնծա՜, Հայաստա՛ն, ցնծա՜ հայութիւն: Վաղը Ազրպէյճանի հետ սահմանները պիտի բացուին, եթէ արդէն չէք մոռցած, որ Արցախ մը ունէինք եւ հիմա անկէ մնացած է պատառիկ մը (որո՞ւ հոգը), Ազրպէյճանի հետ առեւտուրը պիտի ծաղկի, Ազրպէյճանէն Թուրքիա երթեւեկը պիտի աշխուժանայ, մեր ազերի եւ թուրք ղարտաշներն ալ մեզի առիթ պիտի տան, որ ազատօրէն երթեւեկենք, դրամ շահինք: Ա՛յս է կարեւորը: Ի՜նչ հայրենի հող… Ի՜նչ նահատակ-գերի-կորսուած… Որո՞ւն է պէտք տժգոյն ու դժբախտ Շուշիով պարծեցող Արցախը: Կեցցէ՛ պիզնեսը… Կեցցէ՛ նոր աշխարհը…»:

***

Հայաստանի առեւտուրի մարզի պատասխանատուներէն մէկուն բացատրութիւնը բաւական դիպուկ էր. «Ի՞նչ վնաս Հայաստանին,  եթէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուին, առեւտուրը զարգանայ,Հայաստան դրամ շահի» (մարդը հողի կորուստով չէ հետաքրքրուած իսկ…): Իսկ եթէ մտածենք, որ Թուրքիա անցեալ տասնամեակներուն գերակշիռ ներկայութիւն էր Հայաստանի շուկային մէջ, իսկ Ազրպէյճանը, իր քարիւղի հարստութիւններով, կրնայ տնտեսական աքծանին միւս կողմը դառնալ խոստացուած «ազատութիւններուն» շնորհիւ… Առեւտուրով շահագրգիռներ, որոնք վստահաբար մէկ լումայի արժէք չեն տեսներ Արցախէն եւ Սիւնիքէն խլուած-խլուելիք գիւղերուն մէջ (ժամանակին կ՛ըսէին` «մէկ կոպեկի», հիմա ալ ըսող կայ), հաւանաբար հիմա իրենց շունչը բռնած` կը սպասեն, որ Թուրքիայէն ներածումներու վեցամսեայ արգելքը շուտով սպառի (աչքդ գոցէ-բաց, վեց ամիսը թռած կ՛ըլլայ յունիսին հետ):

Ուրիշներ աւելի՛ համարձակախօս դարձած են` ըսելու, որ վարչապետը ճիշդ էր, որովհետեւ այս համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ ուղղակի ակնարկութիւն չկայ Մեղրիի վրայով Ազրպէյճան-Նախիջեւան ճամբու մը տրամադրումին, որ Ազրպէյճանը պիտի հասցնէ Թուրքիա, իսկ Թուրքիոյ դիմաց պիտի բանայ համաթուրանականութեան ճամբան (մինչեւ իսկ օտար մամլոյ մեկնաբաններ կը տեսնեն ասիկա, իսկ մենք ուրիշ կողմ կը նայինք): Ուրեմն, եթէ առաջադրուած ճամբան Մեղրիէն չանցնի, ամէն բան լա՞ւ է: Օրինակ, ճամբան կրնայ անցնիլ Երեւանէն, կամ, ինչո՞ւ չէ, Ազրպէյճան կրնայ վերաբանալ Վարդենիսէն դէպի արեւելք («Հայաստան» հիմնադրամին շնորհիւ) բացուած մայրուղին, կրնայ շրջանցել Մարտակերտը կամ… ոտնատակ ընել նաեւ զայն: Չէ՞ որ հիմա ազերիները արդէն ազատ ելեւմուտի իրաւունք ստացած են դէպի Սիւնիք ու Ստեփանակերտ («հայե՛ր, մոռցէ՛ք Շուշին ու Հադրութը» լուռ պատգամով):

***

«Փուլային» այս պարտուողականութիւնը, մեր տարրական իրաւունքներէն իրողապէս հրաժարիլը (գործնապէս, որովհետեւ «խօսքով ապուր չ’եփիր») քայլ առ քայլ յառաջ կը տանին խաբկանքներով, գաղտնի պայմանագրութիւններով, կամ մեր կոկորդէն վար հրուող` մեզի համար առնուազն ո՛չ օգտակար ծրագիրով մը, որ կը ցոլացնէ Հայաստանի իշխանութեան «արդի քաղաքականութիւնը», մեկնակէտ ունի 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը, իսկ վախճանակէտը… Թող մեր երեւակայութիւնը եւ «լաւատեսութիւնը» թռիչք առնէ` ապասելով «տնտեսական յեղափոխութեան» իրականացման, որ յամենայն դէպս կը նսեմացնէ «Սպասելով Կոտոյին»-ը: Սպասենք` տեսնելու, թէ մինչեւ մարտ ծրագրուելիք եւ իրականացման ճամբու մէջ մտնելիք նոր համաձայնագիրը ինչպիսի՛ նոր «բարիքներ» պիտի գումարէ Արցախի մեծագոյն մասին կորուստով մեր ձեռք բերած «բարիքներ»-ուն վրայ:

Անդին, ընդդիմադրութեան բացած եւ ցարդ ցանկալի արդիւնքի չհասած պայքարը ի վերջոյ կրնայ հասնիլ հոն, ուր «թագաւորելու» համար աւերակ ալ չմնայ: Հաւանաբար անկէ ետք իշխանաւորները (եւ իրենց սիրահարածները) ա՛լ վերջ տան «աթոռակռիւի ելած են»-ի պէս մեղադրանքներու:

11 յունուար 2021

Նախորդը

Որպէսզի Վերացնենք Յուսալքութեան Եւ Յուսախաբութեան Զգացողութիւնը Մեր Հաւաքական Գիտակցութեան Մէջէն

Յաջորդը

Ցուրտի Ալիք Մը Սկսած Է Հարուածել Լիբանանը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?