ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Զ.- Նիւթական վնասներ
Ըստ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին դեկտեմբերին կատարած յայտարութեան, պատերազմին պատճառով Արցախի կրած նիւթական վնասները փորձագէտներու կողմէ կը գնահատուին երկու միլիառ տոլարով:
Ազրպէյճանական հրետակոծութեանց պատճառով վնասուած է 15.000 տուն եւ բնակարան, շուրջ 3500-4000 ենթակառուցուածքային միաւոր, ներառեալ` դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ, բուժարաններ եւ մշակութային կեդրոններ: Աւելի քան 2500 փոխադրամիջոց եւ ինքնաշարժ լրջօրէն վնասուած են կամ ամբողջութեամբ ոչնչացուած:
Այս հաշուառման մէջ հարկ է յիշել 1994-ի հրադադարէն ետք Սփիւռքի նիւթական ներդրումը Արցախին: Արդարեւ, անցնող 26 տարիներուն ընթացքին սփիւռքի զանազան համայնքներու կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ճանապարհաշինութեան, դպրոցաշինութեան, մշակոյթի տուներու կառուցման, բնակարաններու կառուցման համար կատարուած նիւթական ներդրումը անհաշուելի է, եւ ներկայ դրութեամբ, բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ այդ կառոյցները կը գտնուին թշնամիի վերահսկողութեան ներքոյ:
Այստեղ ներկայացնենք սփիւռքահայ ներդրումի պարզապէս մէկ օրինակ. 2003 թուականին ամերիկահայ Յարութիւնեան ընտանիքին հովանաւորութեամբ Քարվաճառի շրջանին մէջ հիմքէն նոր կառուցուեցաւ Քնարաւան գիւղը, որուն հիմնադրման ու հետագայ զարգացման համար ազգային բարերար ընտանիքին ներդրումը աւելի քան 500.000 տոլար էր: 15 տնտեսութիւն եւ թիւով 75 բնակիչ ունեցող գիւղը այժմ կը գտնուի թշնամիի վերահսկողութեան տակ, իսկ բնակչութիւնը տեղահանուած է:
Է.- Մարդկային կորուստ
Արցախեան պատերազմին քաղաքացի զոհերուն թիւը կը կազմէ 60:
Ամէնէն ահաւոր ու անդառնալի կորուստը, սակայն, Արցախի Պաշտպանական բանակի եւ կամաւոր կռուողներու հազարաւոր նահատակներն են:
Դեկտեմբեր 22-ի դրութեամբ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան դատաբժշկական ծառայութիւնը բժշկական փորձաքննութեան ենթարկած էր Արցախի պատերազմին պատճառով զոհուած 3250 զինծառայողի մարմին:
120 տարի ետք պատմութիւնը կը կրկնուի. Ռուբէնի արժեւորումը
Առաջին Հանրապետութենէն 120 տարի ետք արցախեան պատերազմի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական ենթախորքը գրեթէ մնացած է նոյնը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, հայդուկապետ Ռուբէն Տէր Մինասեան այս մասին լայնածաւալ վերլուծումով անդրադարձած է «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» յուշագրութեան Է. հատորին մէջ: Այս հատորի Դ. գլուխը ամբողջութեամբ յատկացուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, եւ ենթաբաժիններէն մէկուն մէջ Ռուբէն վերլուծման կ՛ենթարկէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ծալքերը:
Ռուբէն կը հաստատէ, որ արդէն իսկ 1919-ին Պաքու նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէր Շուշին, Ճապրայիլը, Գանձակի լեռնամասը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Ճիւանշիրը (Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջան), Շուշին, Զանգեզուրը եւ Զանգիբասարը (Երեւանի յարակից Մասիսի ենթաշրջանը): Հայաստանի տարածքը այդ ժամանակահատուածին կը կազմէր 63.500 քառ. քմ. եւ վերոնշեալ տարածքներու համագումարով, Ազրպէյճանի պահանջին ի դիմաց, Հայաստանի կը մնար միայն 15.900 քառ. քմ. տարածք` Երեւան, էջմիածին, Դիլիջան, Սեւան, Իջեւան եռանկիւնին մէջ: Ռուբէն կը վկայէ. «Այս հսկայական ծրագիրը ո՛չ ցնորք էր եւ ո՛չ ալ զառանցանք, դա մատչելի եւ բնական ծրագիր էր համարւում թուրք թաթարների համար…»:
Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական հիմնական ուղղութիւններն էին Զանգեզուրի եւ հարաւային Արցախի տարածքներով ճանապարհ բանալով դէպի Պարսկաստանի Ատրպատական (պարսկական Ազրպէյճան) միանալ Իրանի ցեղակիցներուն եւ ռուսական ազդեցութենէն ձերբազատելու համար Նախիջեւանի ճանապարհով ունենալ Թուրքիոյ յենարանը:
Ռուբէնի վերը նշուած վկայութիւնները կու գան փաստելու, որ 120 տարի ետք պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Այդ օրերուն Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները կը ղեկավարէին թրքական բանակի զօրավարներ Նուրի եւ Խալիլ փաշաները, իսկ 2020 թուականի արցախեան պատերազմին ընթացքին ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները կը ղեկավարուէին ուղղակի Թուրքիոյ Հանրապետութեան զինուած ուժերու սպայակազմին կողմէ:
Ինչպէս 1919-1920-ին, Ազրպէյճանի նպատակն էր անէացնելով Մեղրիի տարածքը` վերջնականօրէն սահմանային կամուրջ ստեղծել Նախիջեւանի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական հայկական տարածքներ կորզելու ամէնօրեայ ճիգերը կը հետապնդեն այս նպատակը. տկարացնել, արնաքամ ընել եւ հայաթափել Սիւնիքը:
Ա. Հանրապետութեան իշխող կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան, 1919 թուականի Թ. Ընդհանուր ժողովը յստակ բանաձեւ-հրահանգ որդեգրեց Արցախի եւ Զանգեզուրի գծով.
«Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը համարելով անբաժանելի մաս անկախ եւ միացեալ Հայաստանի` հրահանգել.
1.- Որ միջոցներ ձեռք առնուին ապահովելու համար անոնց ազգային քաղաքական վիճակը:
2.- Որ կուսակցութեան բարձրագոյն մարմինը անմիջապէս լուրջ կարգադրութիւններ ընէ` զօրացնելու կուսակցութեան գործունէութիւնը յիշուած երկու շրջաններու մէջ»:
121 տարի ետք Արցախեան պատերազմին ՀՅ Դաշնակցութեան ուխտապահներու գումարտակը ռազմաճակատ մեկնող ու կռուի ողջ տեւողութեան պատնէշին կառչած առաջին կամաւորական գունդը եղաւ:
Գահամոլին Սոփեստաբանութիւնները
Հռոմէացի գրող Վեճեթիուս ՔԵ չորրորդ դարուն գրած իր «Ռազմական հարցեր» աշխատութեան մէջ նշած է ‘Si Vis Pacem, Para Bellum), եթէ խաղաղութիւն կը ցանկաս` պատրաստուէ պատերազմի): Պատրա՞ստ էինք պատերազմին… Արցախի երկնակամարը թշնամիի ԱԹՍ-ներու օդայածութեան ներքոյ էր պատերազմի ամբողջ տեւողութեան:
Արցախի տարածքները կեղեքելէ ետք, Պաքուն այսօր մայր հայրենիքի արեւելեան սահմանները ձեւախեղելու գործընթաց սկսած է: Նոր սահմանագծումներով Սիւնիքն ու Գեղարքունիքը յամրօրէն կը նօսրանան…
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ անձնատուողական ու ազգակործան նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով Հայասատանի ու Արցախի գոյատեւելիութիւնը կը դրուի անդառնալի սպառնալիքի տակ: Վերոնշեալ համաձայնագրով խախտած են Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու ռազմական անվտանգութեան հիմնարար բոլոր բաղադրիչները, իսկ Հայաստանի պարագային, իր հարաւային սահմանադուռը այս ձեւով կը դրուի երկարաժամկէտ սպառնալիքի ներքոյ:
Յուլիս 2020-ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան հայեցակարգին մէջ կը շեշտադրուի, որ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք է Ազրպէյճանի ռազմատենչ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ ռազմական յարձակումի հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուածութիւնը հաւանական առճակատման:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած երկու կարեւոր բաղադրիչներ այս պատերազմին չեն իրագործուած. վերոնշեալ փաստաթուղթի «Ռազմական սպառնալիքների զսպում եւ չէզոքացում» ենթաբաժնով նշուած` թիւ 4:16 կէտով`
«Որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր` Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր պաշտպանական քաղաքականութիւնն ուղղում է նաեւ Արցախի անվտանգութեան ապահովմանը»:
Եւ նոյն ենթաբաժնի 4:17 կէտով`
«Տարածաշրջանային անվտանգութեանը սպառնացող խնդիրները խաղաղ ճանապարհով լուծելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դէմ հնարաւոր ագրեսիան զսպելու հրամայականը մեզնից պահանջում է ռազմաքաղաքական սպառնալիքներին դիմագրաւող արդիւնաւէտ պաշտպանա-անվտանգային համակարգի ձեւաւորում»:
Վարչապետն ու վարչախումբը իրենց ձախող քաղաքականութեամբ չկրցան երաշխաւորել Արցախի անվտանգութիւնը: Աւելի՛ն. վարչապետի հետեւողական ձախող դիւանագիտական գործընթացը, ազգն ու պետութիւնը ռազմաքաղաքական անհարկի տեղատուութեան ու ինքնաքայքայման առաջնորդեցին: Ողջախոհութիւնը կը թելադրէ, որ վարչապետն ու իր քաղաքականապէս տաղանդազուրկ վարչախումբը ինքնակամ հրաժարին:
Վարչապետի անցնող երկու տարուան մտացածին գաղափարներով յագեցած բոլոր աճպարարութիւններն ու խոստումները փաստեցին մէկ իրականութիւն, որ բացառապէս գահին կառչած մնալու քաղաքական դէմքի հիմնարար չափանիշները իր սոփեստաբանութիւններն էին: Մէկ բան յստակ է սակայն, որ Շուշին ու Արցախի տարածքները զիջող քաղաքական «հանճարը» պետութեան ղեկավար չի կրնար ըլլալ:
Բ. Աշխարհամարտին Մեծն Բրիտանիոյ ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարած վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի 12 հատոր կազմող «Բ. Աշխարհամարտը» յուշագրութիւնը` յաղթանակ կերտած բրիտանացի քաղաքական ղեկավարին տիտանական աւանդն է իր ժողովուրդին, որուն Գ. հատորին մէջ տեղ գտած անժամանցելի իր մէկ ինքնատիպ պատգամը ժառանգ կը թողու իր յաջորդներուն` ըսելով, որ ղեկավարութեան մը համար չկայ աւելի վատ սխալ, քան` ժողովուրդին կեղծ յոյսեր փայփայելը, որոնք շուտով պիտի չքանան: Դժբախտութեան ու վտանգին դէմ ժողովուրդը գիտէ ամրօրէն ու առոյգօրէն դիմակայել, սակայն կը զայրանայ խաբուելէն` անդրադառնալով, որ իր հարցերու պատասխանատուները իրենք են, որ կը բնակին յիմարներու դրախտավայրի մը մէջ:
Պատմութեան դատաստանին կը մնայ երկրի ղեկավարին ու իր վարչախումբին թերարժեւորման կամ գերարժեւորման չափակշռումը: Սակայն հայոց պատմութեան դատաստանագիրքը դաժան է: Այսօր ոչ ոք կը յիշէ հայրենավաճառ Մերուժան Արծրունիի, Մելիք Ֆրանգիւլի եւ Վեստ Սարգիսի խարդաւալից կենսագրութիւնները:
Տասնամեակներ ետք պատմութիւնը պիտի կատարէ այս վարչախումբի քաղաքական գործունէութեան դիազննութիւնը ու արձանագրէ, թէ ինչպէ՛ս անկշռադատ այս խմբաւորման կողմէ խորտակման ենթարկուեցաւ հայութեան յաղթանակներու տեսլականը: Իսկ պատմութեան հաւատաքննութիւնը անխուսափելի է::
(Շար. 2 եւ վերջ)