Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ծնողներուն օտար կրնայ թուիլ, բայց երեխաներուն համար տեսանիւթը հաղորդակցելու զուարճալի միջոց է: Ամէնէն աշխուժ բոլոր ծրագիրները (Սնեփչեթ, Ինսթակրամ, ԹիքԹոք, Մեսենճըր) կարելիութիւն կ՛ընձեռեն բաժնեկցելու տեսանիւթեր: Այնպէս որ, հակառակ անոր որ դուք ցանցին մէջ սփռումի վտանգներու վերաբերեալ կրնաք մտավախութիւն ունենալ, ինչ որ բնական է, ձեր երեխան, սակայն, կրնայ ատիկա դիտել որպէս ինքնադրսեւորուելու, թուային տեսանիւթերու հմտութիւններ սորվելու, ընկերներուն հետ բաժնեկցելու եւ ստեղծագործական փորձեր կատարելու միջոց: Կարեւոր է ձեր մտահոգութիւնները հաւասարակշռել այն օգուտներուն հետ, զորս ան կրնայ քաղել:
Լաւ նշան է այն, որ ձեր արտօնութիւնը խնդրէ: Ձեր առաջնորդութեամբ եւ աջակցութեամբ երեխան կրնայ ատիկա ընել անվտանգ, եւ հետեւածը կրնայ ըլլալ զուարճալի եւ օգտակար նախագիծ:
Իրականութեան մէջ աւելի ու աւելի շատ երեխաներ կը գործածեն իրենց առցանց ալիքները` Թամպլըր պլոք, Ինսթակրամ նկարներու հաւաքածոյ, թէ Սնեփչեթ պատմութիւն, որպէս թուային միջոցներ ` իրենց աշխատանքը գործատուներուն, համալսարաններուն եւ գործընկերներուն ցուցադրելու: Եութիւպը նոյնիսկ կ՛առաջարկէ անվճար կրթական բովանդակութիւն ստեղծագործողներու համար, որոնք լուրջ կը վերաբերին իրենց աշխատանքին:
Ձեր երեխային տարիքը կ՛որոշէ ինչպէս վարուիլ այս կարելիութեան հետ:
Կ՛ենթադրուի, որ Եութիւպը նախատեսուած է 13 տարեկանէն վեր գործածողներու համար ` պայմանաւորուած այն փաստով, որ մայր ընկերութիւնը` Կուկըլը կը հաւաքէ եւ կը վաճառէ գործածողին տուեալները:
Երեխաներու առցանց գաղտնիութեան պաշտպանութեան մասին օրէնքը (COPPA) երեխաները կ՛ազատէ տուեալներու հաւաքագրումէն: Բայց, ինչպէս բոլորս գիտենք, բազմաթիւ երեխաներ ունին Եութիւպի ալիքներ:
Մինչեւ 13 տարեկան երեխաներուն համար ապօրինի է ստեղծել հասարակական ցանցի հաշիւներ այն կայքերուն մէջ, որոնք գործածողին տուեալները կը հաւաքեն, քանի տակաւին ծնողը տեղեակ է բոլոր մանրամասնութիւններուն:
Ընտրեցէք ստորեւ ներկայացուած տարբերակներէն մէկը, եթէ ձեր երեխան տակաւին 13 տարեկան չէ
Ծնողներու ցանցային հաշիւ մը գործածեցէք:
Եթէ դուք ունիք Gmail, դուք նոյնպէս ունիք Եութիւպ log-in մը, որուն միջոցով յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք վերբեռնումներուն (upload defaults), ուր դուք կրնաք միայն ձեզի համար պահել ձեր տեսահոլովակները եւ մեկնաբանութիւնները, որոնք կը սփռէք կամ կը ջնջէք ձեր ուզած ատեն: Եթէ ձեր հաշիւը գործածէք, կրնաք բոլոր վերբեռնումները ընել, բայց ձեր երեխան տակաւին կրնայ ստեղծագործական բաւական կարելիութիւն ունենալ ալիքի ձեւաւորումին մէջ. նկարագրութիւնները, եւ անշուշտ տեսահոլովակները:
Ունեցէք Ֆամիլի Լինք հաշիւ մը
Եթէ դուք ունիք Անտրոյտ սարք մը, կրնաք գործածել Կուկըլի Ֆամիլի Լինք ծրագիրը, որ ձեզի կ՛օգնէ ստեղծելու 13 տարեկանէն վար երեխաներու համար հսկողութեան տակ եղող հաշիւ մը:
Տարբեր կայք մը գործածեցէք
Եութիւպը տեսահոլովակի ամէնէն ժողովրդական կայքն է, բայց կան այլ լաւ տարբերակներ, որոնք ունին երեխաներուն համար անվտանգ միջոցառումներ որդեգրելու կարելիութիւններ: Նկատի առէք այդ ապահով հասարակական ցանցերէն մէկը:
Շարք մը խորհուրդներ` երեխաները Եութիւպի յաջողութեան պատրաստելու
Ծրագիր մը ունեցէք
Ձեր երեխայէն խնդրեցէք պատրաստել իր ալիքին համար առաջարկ մը, որ կը նկարագրէ ինք ի՞նչ կ՛ուզէ ներկայացնել, որո՞նք են հանդիսատեսները, ի՞նչ յաճախականութեամբ պիտի ներկայացնէ, ծանուցումներ պիտի առնէ եւ այլն:
Այժմ ամէնէն լաւ ժամանակն է խօսելու, թէ ի՛նչ բան յարմար է ներկայացնել, ի՛նչ բան պէտք է անձնական մնայ եւ թուայնացած քաղաքացիութեան հիմնական այլ հարցեր:
Նախաձեռնեցէք գործունէութեան
Առէք էջ մը բազմաթիւ ճարտարագիտական սթարթ-ափերու գիրքէն եւ ձեր երեխան թող սկսի լուծել հանելուկները: Սկսեցէք անձնական տուեալները պահելու, վստահելի բարեկամներէ կազմուած հանդիսատես ունենալու դասաւորումէն: Հարցուցէք, թէ ի՛նչ բաներ կը գործեն (կամ չեն գործեր):
Ստուգեցէք
Երբ սկսի գործել, շարունակեցէք զօրակցիլ անոր: Անակնկալ հարցեր (դրական եւ ժխտական) վստահաբար պիտի ծագին: Ձեր երեխային համար մեծ բան է գիտնալը, որ կրնայ ձեր աջակցութեան ապաւինիլ:
Տեսակաւոր կարծիքներու վարժուի
Պատանիներ յաճախ անակնկալի կու գան տեսնելով, որ իրենց վերբեռնածներէն ոչ բոլորը համաշխարհային գնահատանքի կ՛արժանանան: Եութիւպի մէջ արձանագրուող մեկնաբանութիւնները կոշտ եւ բիրտ են: Բայց անհրաժեշտ է ատոնց վարժուիլ:
Զայն անուանեցէք`«երեխաներու համար»
Եթէ տեսահոլովակը անուանուած է «երեխաներու համար», պէտք է հասնի իր թիրախին(փոխանակ Եութիւպի բոլոր դիտողներուն): Այլ առաւելութիւն մը. մեկնաբանութիւնները ինքնաբերաբար կ՛անհետանան այն տեսահոլովակներուն տակ, որոնք անուանուած են` «երեխաներու համար»:
13-16 տարեկան պատանիներու կարծիքներ
– «Ես 16 տարեկան եմ եւ անկեղծօրէն կարծեմ, թէ երեխաները պէտք չէ Եութիւպի ալիք ունենան: Ես ունիմ Եութիւպի ալիք մը, ուր յաճախ կը հանդիպիմ կոշտ մեկնաբանութիւններու եւ տեսակէտներու: Եթէ երեխայի մը գրուին ատոնք, ան Կուկըլին մէջ կը փնտռէ եւ հաւանաբար կը գիտնայ բաներ, որոնց մասին տեղեկանալը տակաւին կանուխ է անոր: Նոյնպէս կարգ մը երեխաներ Եութիւպին գերին կը դառնան եւ կրնան հայհոյել եւ զայրացած արտայայտութիւններ ունենալ»:
– «Եութիւպը շատ լաւ միջոց է ինքզինք արտայայտելու եւ ամբողջ աշխարհի մարդոց հետ յարաբերելու, սակայն մեկնաբանութիւններու բաժինին մէջ շատեր կրնան կոշտ ըլլալ, ուրեմն ուշադիր եղէք, որ ձեր երեխան ատոր պատրաստ ըլլայ»:
– «Ես 13 տարեկան եմ եւ ունիմ Եութիւպի ալիք մը, ուր Ֆորթնայթ տեսահոլովակներ կը տեղադրեմ: Կը յանձնարարեմ, որ չձգէք 14 տարեկան չեղած ձեր երեխան մեկնաբանութիւններ արձանագրէ այլոց տեսահոլովակներուն, որովհետեւ կրնայ անպատշաճ լեզուով կոշտ պատասխաններ ստանալ: Բայց կը խորհիմ, որ լաւ է Եութիւպի ալիք մը ունենալը:Կրնաք այնպէս մը դասաւորել, որ ոչ ոք կարենայ մեկնաբանել ձեր տեսահոլովակը»:
– «Համացանցը, որ կրնայ երբեմն վտանգաւոր հարթակ մը ըլլալ, նոյնպէս զարգացնող է: Մղեցէք ձեր երեխան Եութիւպ ալիք մը ունենալու, բայց հետեւեցէք անոր, որպէսզի ճիշդ ուղղութեամբ ընթանայ եւ չվնասուի»:
– «Եութիւպ ալիքի սկսայ չորս տարի առաջ, երբ 9 տարեկան էի: Միակ բանը, որուն ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, ատելութեան խօսքերն ու մեկնաբանութիւններն են: Ես կ՛առաջարկեմ փակել մեկնաբանութիւններու բաժինը, որպէսզի անպատշաճ խօսքեր չյայտնուին:Ամէն երեխայ կրնայ Եութիւպի ալիք ունենալ: Վախնալիք բան չկայ: Այն ծնողները, որոնք ատիկա չեն արտօներ իրենց երեխաներուն, պէտք է քիչ մը աւելի խոր մտածեն այդ մասին, նախքան որոշելը, թէ ի՛նչ բան լաւ կամ գէշ է իրենց երեխաներուն: Ամէն բան կախեալ է երեխային անհատականութենէն»:
– «Ես կը հաւատամ, որ ատիկա կախեալ է հասունութենէն եւ տարիքէն:Եթէ դուք որոշէք, որ ձեր երեխան պէտք է Եութիւպի ալիք մը ունենայ, որդեգրեցէք անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի ան ապահով ըլլայ եւ հաճոյք առնէ»:
– «Երբ իսկապէս սկսիս քու ալիքիդ, պիտի տեսնես շարք մը ատողներ եւ մարդիկ, որոնք շատ հանգիստ պիտի չձգեն քեզ: Բայց ի վերջոյ դուն պէտք է անդրադառնաս, որ պիտի ըլլան այնպիսիներ, որոնք քեզ պիտի չհաւնին: Եթէ դուն կը խորհիս, որ քու ուզածդ Եութիւպի ալիք ունենալն է, շարունակէ գործունէութիւնդ եւ թոյլ մի տար, որ մէկը փոխէ ատիկա: Շաբաթական մէկ կամ երկու տեսահոլովակ տեղադրէ եւ աշխատէ բովանդակութեան վրայ, առանց փոփոխութեան ենթարկելու` այսօր ուտելիքի պատրաստութիւն, վաղը խաղեր եւ այլն: Աշխատէ մէկ բովանդակութեան, նիւթի վրայ մնալ»:
– «Անձամբ կը խորհիմ, որ հաճելի է երեխային համար Եութիւպ ունենալ, բայց ոչ` նախքան 10 տարեկան ըլլալը: Ես 14 տարեկան եմ եւ իմ ալիքս ունիմ երեխաներու համար: Իմ 6 տարեկան զարմիկս iPad ունի եւ միայն Եութիւպի տեսահոլովակներ կը դիտէ, այցելելով Եութիւպի բուն կայքը, ուր բաւական անպատշաճ եւ «վախնալիք» բաներ կրնան ըլլալ: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան այցելէ Եութիւպ, ներբեռնեցէք «Եութիւպ երեխաներ» ծրագիրները»:
Ծնողներու կարծիքներ
– «Թէեւ ես մասնագէտ մը չեմ, բայց կրնամ ըսել, որ իմ երեխայիս փորձառութիւնը Եութիւպին հետ շատ դրական եւ օգտակար է:Նախապէս ան ամչկոտ էր եւ շատ չէր հաղորդակցեր շուրջիններուն հետ, ուրիշներուն տեսահոլովակները կը դիտէր ամբողջ օրը: Բայց երբ Եութիւպի իր ալիքը ունեցաւ, սկսաւ իր տեսահոլովակները տեղադրել եւ հետզհետէ այլոց հետ հաղորդակցութիւն սկսաւ ունենալ»:
– «Երեխայի համար Եութիւպի անձնական ալիքը կատարեալ ձեւ մըն է ստեղծագործելու ունակութիւնը զարգացնելու: Կը յիշէ՞ք ձեր դպրոցի թատերախումբի ներկայացումները: Ատոնց նման բան մը կրնայ ըլլալ` առօրեայ դրութեամբ»:
– « Նախ ես կ՛ուզեմ հարցականի տակ առնել ալիքին ետին գտնուող պատճառը: Եթէ բան մըն է, որ պիտի հսկուի եւ անպատշաճ թափանցումներէ զերծ պիտի կացուցուի, ատիկա կրնայ ուսուցումի մեծ փորձառութիւն ըլլալ»:
Պատանիներու Առցանց Ուսուցում.
Առաւելութիւններ Եւ Անպատեհութիւններ
Կիթառէն մինչեւ քերականութիւն. պատանիները որեւէ բան կրնան սորվիլ առցանց տեսանիւթերով: Առցանց դասերը տեսակաւոր են. ոմանք վճարովի են, ոմանք` անվճար, ոմանք յատուկ ժամանակ, ուսուցիչ եւ նիւթ կը պահանջեն, ոմանք պարզապէս անհատական բնոյթ կը կրեն: Մատչելի են, երբ կ՛ուզես դուն քեզի բան մը սորվիլ:
Բացի պաշտօնականացած առցանց դպրոցէն(բոլորովին այլ մակարդակ), առցանց սորվիլը կը պատահի, երբ ձեր երեխան բան մը կը փնտռէ սորվելու համար եւ կը գտնէ տեսահոլովակ կամ ուիքի մը, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու: Եթէ ձեր երեխան (կամ ընտանիքի ոեւէ անդամը) կը տատամսի առցանց դասընթացքի հետեւելու (մանաւանդ եթէ ատիկա դրամով պիտի ըլլայ), մասնագէտներ կը նշեն առաւելութիւններն ու անպատեհութիւններ եւ առցանց դասընթացքին:
Առաւելութիւններ
– Եթէ ինքնաբուխ է
– Երեխաները կրնան բազմազան նիւթերէ ընտրել
– Իսկական դպրոցի մը ծախսեն աւելի նուազ կ՛արժէ
– Աւելի ճկունութիւն ունի. դասարան մը կրնայ երկարատեւ կամ կարճատեւ ըլլալ
– Առցանց ուսուցումը կրնայ օգտակար ըլլալ ամչկոտ երեխաներու համար
– Ատիկա նոյնպէս կրնայ իտէալական ըլլալ հեռաւոր եւ առանձնացած վայրերու մէջ բնակողներուն
– Եթէ առցանց դասարանը ձայնագրուած է, կրնաս ետ առաջ տանիլ կամ դադար առնել:
Անպատեհութիւններ
– Որակը կը տարբերի
– Մարդկային միջամտութեան բացակայութիւնը կրնայ պատճառել առանձնացած ըլլալու զգացում
– Ուսուցումի այս ձեւը կրնայ պատճառ դառնալ, որ երեխաները յետաձգեն կամ շուտ ձգեն դասը
– Ձեր երեխան պէտք է առանց ձեր միջամտութեան առանձին սորվող ըլլայ
– Ձեր երեխան թերեւս չկարենայ տեսնել ամէն բան, որ յստակ ցոյց կը տրուի, եւ ան չի կրնար դասընկերներուն առջեւ կանգնիլ
– Անպատշաճ բովանդակութեան հաւանականութիւն կայ:
Քանի մը աղբիւրներ` առցանց դասարաններու
– Lessonface` առցանց երաժշտական դասընթացք բոլոր մակարդակներու:
– IXL` ուսողութեան (մաթեմաթիքս), լեզուի եւ արուեստի դասընթացքներ. ոմանք անվճար:
– DIY` կը քաջալերէ երեխաները զարգացնելու իրենց հմտութիւնները. օրինակ` իրենց ձեռքով նորոգել հեծիկին անիւը:
– Instructables` ընդարձակ կայք մըն է, ուր կարելի է բաժնեկցիլ ինչպէս շինել, եփել, հիւսել, հնարել, կամ որեւէ այլ բան ընել:
– YouTube Education` կ՛առաջարկէ սքանչելի, յաճախ թարմացուող, հետաքրքրական տեսահոլովակներու հաւաքածոյ: