Հայկազեան Համալսարան. «Մեծն Լիբանանը Կը Վերամշակէ «Լիբանանեան Ինքնութեան» Գաղափարը. Լիբանանեան Արուեստի Եւ Գրականութեան Դիտանկիւններ» Նիւթով Առցանց Սիմփոզիում
Գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Անիս Մաքտեսի» գրականութեան ծրագիրին, 5 փետրուար 2021-ին Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքը Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով կազմակերպեց միօրեայ առցանց սիմփոզիում մը` «Մեծն Լիբանանը կը վերամշակէ «Լիբանանեան ինքնութեան» գաղափարը. լիբանանեան արուեստի եւ գրականութեան դիտանկիւններ»: Լիբանանեան յառաջատար համալսարաններէն եկած միօրեայ ձեռնարկին մասնակցեցան պատմութեան, փիլիսոփայութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան աւելի քան 10 մասնագէտներ: Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան...



















