Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտուած Պատերազմէն Ինչպէ՞ս Յաղթական Դուրս Եկած Կը Ձեւացնէք

Փետրուար 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան անմոռանալի եւ ճակատագրական պատերազմներու շարքին մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք կը ներկայացնէ 451 թուականին մղուած Վարդանանց պատերազմը, որ խորքին մէջ  մեծ դաս մը ունի փոխանցելիք մեր ազգի գոյութեան ու հաւատքի պահպանման գոյատեւման: Հակառակ պարտութեան եւ մեծ վնասներուն` մեր ազգն ու եկեղեցին կարողութիւնը ունեցան յաղթական ձեւով դուրս գալու այս ճակատամարտէն: Երեւոյթ մը, որ հաւանաբար անկրկնելի իրականութիւն մը դարձաւ մեր յաղթանակներուն մէջ:

Հակառակ ուժի անհաւասարութեան, թիւի մեծ տարբերութեան եւ զինամթերքի անբաւարարութեան` ունեցանք խիզախ, քաջ, իմաստուն եւ յանդուգն անկրկնելի անհատներ, որոնք վճռորոշ համոզումով եւ գիտակից պարտութեամբ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նշանաբանով դէմ կեցան այդ ժամանակուան ամենաուժեղ Սասանեան կայսրութեան:

Ինչպէս ծանօթ է մեզի, թշնամիին իր կամքը մեր հայրենիքի վրայ պարտադրելու նախաձեռնած բոլոր քայլերը անյաջող ընթացք մը ունեցան: Թշնամին ճարահատ դիմեց պատերազմի` կարծելով, որ վախն ու սարսափը պատճառ պիտի հանդիսանային մեր զիջողութեան եւ  պարտադրուած կրօնի ընդունման: Այս վտանգին գիտակից ղեկավարութեան մօտեցումը փաստօրէն անձնուրացութեամբ դիմաւորուեցաւ, հայրենիքի անդորրութիւնն ու գոյութեան կարեւորութիւնը ամէն բանէ վեր գերադասելով, նոյնիսկ մահուան գիտակցութեամբ, նետուեցան ճակատամարտի` «Մահ իմացեալ անմահութիւն» խօսքին ճշմարիտ իրագործութեամբ, պարտութիւնը  յաղթանակի վերածելով` պահեցին հայրենիքն ու անոր դաւանած հաւատքը:

Պատմական յոյժ կարեւոր այս իրադարձութիւնը համոզում մը ստեղծած էր մեր մէջ: Տեղի ունեցած այս դէպքը մեծապէս նպաստած պէտք էր ըլլար մեր գոյութեան յաւիտենականութեան ու հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման` բոլոր տեսակի թշնամական յարձակումներուն դիմաց: Իրականութեան մէջ ներկայ ժամանակներու նիզակակիցները նոյն պատրաստակամութեամբ ու հաւատքով պատերազմեցան հայրենիքի անվտանգութեան ապահովման, սակայն` մէկ տարբերութեամբ, այս անգամ մղուած ճակատամարտի ընթացքին պատերազմի դաշտին մէջ չունեցան քաջ, խիզախ, անձնուրաց ու Քրիստոսի հաւատքով սպառազինուած Վարդանի նման իմաստուն ղեկավար մը, որ  խրախուսական ճառով իր նիզակակիցներուն ղեկավարութեան գլուխը անցնելով` պիտի պայքարէր անողոք ու դարաւոր թշնամիի դիմաց:

Այո՛, բացակայ էր վարդանաշունչ իմաստուն ղեկավարը, որ պիտի կարենար, հակառակ` ուժի անհաւասարութեան, թիւի անհամեմատութեան, զինամթերքի անբաւարարութեան ու նոյնիսկ պարտութեան, յաղթանակ արձանագրել եւ նոր Աւարայրի ճակատամարտի անմոռանալի հետք մը ձգել պատմութեան մէջ:

Վարդաններու եւ անոր նիզակակիցներու իմաստուն ու քաջ ղեկավարութեան բացակայութիւնը շօշափելիօրէն զգալի է ներկայ բարոյական պարտութիւններու շարքը երկարող  ղեկավարութեան մօտ:

Ինչպէ՞ս կրնաք արդարացնել ձեր արձանագրած ձախող ընթացքն ու կրած պատմական խայտառակ պարտութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք հաշիւ տալ Վարդանանց պատերազմով շնչող, ապրող ու հպարտացող հայ ազգի զաւակներուն, որոնց գոյութիւնն ու հայրենիքը վտանգի մատնեցիք:

Քաջ ու անձնուրաց գտնուեցէ՛ք «Մահ իմացեալ անմահութիւն» նշանաբանը արժեւորեցէ՛ք` հայրենիքը ամէն բանէ վեր գերադասելով:

Վարդանանցի բարոյական յաղթանակո՞վ միայն պիտի հպարտանանք …

 

 

Նախորդը

Մեղա՛յ Հայրենի՛ք…

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Միասնաբար Դուրս Գանք Խոր Թմբիրէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?