Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ

February 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով: 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել հայերը –  ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով գիրքը, որ կը պարունակէ 233 միջակ չափի էջ, հրատարակուած` Մարեք Տերեվիէցքի հրատարակչութեան կողմէ, Լեհաստանի Պոզնան քաղաքի մէջ: Գիրքին հրատարակութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը, մշակոյթը խթանելու հիմնադրամին միջոցով: Լեհերէն սոյն գիրքը թարգմանութիւնն է «Détruire les arméniens. Histoire d’un génocide» ֆրանսերէն մայր օրինակին, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ Միքայել Նշանեանը. գիրքը հրատարակուած էր Presses Universitaires de France – Humensis, 2015 թուականին: Հինգ գլուխներէ բաղկացած լեհերէն թարգմանութիւնը կատարած է լեհ Պիոտր Ռաք:

«Փնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն»  “1915 թուի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ XXI դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (ելեկտրոնային) լրատուամիջոցներու – Ընտրուած հիմնախնդիրներ”

Իսկ 2020 թուականի դեկտեմբերին Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքի Շլոնսք համալսարանը լեհերէնով լոյս ընծայեց սոյն համալսարանի գիտաշխատող, դասախօս Հրայր Մաղաքեանի «1915 թուի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ XXI դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (ելեկտրոնային) լրատուամիջոցներու – Ընտրուած հիմնախնդիրներ» վերնագրով գիրքը: Ստուարածաւալ այս հատորը կը բաղկանայ գլխաւոր հինգ գլուխներէ` միջակ չափի 508 էջերու վրայ տարածուած:

Այս մենագրութեան հիմնական նիւթն է 21-րդ դարու լրատուամիջոցներու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկխօսութեան ներկայացման գիտական ձեւը, որ հիմնուած է ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներու  համացանցային հրատարակութիւններու վրայ` շեշտը դնելով հայ-թրքական հակամարտութեան լրատուամիջոցներու ճանաչողական վերլուծութեան եւ անոնց ազդեցութիւնը հակամարտութեան սրման կամ մեղմացման վրայ:

Աւելի ուշ կարելի է հանգամանօրէն անդրադառնալ նոր հրատարակուած սոյն հատորներուն:

 

Նախորդը

Հարաւային Կովկասը Բարձր Լարման Տակ

Յաջորդը

Կարմիր Կրակին Շուրջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.