Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Միասնաբար Դուրս Գանք Խոր Թմբիրէն

Փետրուար 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բազմութիւնը, որ միասնաբար գործելու մղուած չէ, խառնաշփոթութիւն է Այն միասնութիւնը, որուն արմատը բազմութեան մէջ չէ, բռնակալութիւն է»:

Պլեզ Փասքալ (1623-1662,
ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ բնագէտ)

Մահաքուն բառը հաւանաբար պատշաճ է բնորոշելու համար Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներկայ իրավիճակը:

Օրուան սովորութեան մաս կը կազմեն փոխադարձ ցեխարձակումները, բիւզանդական վէճերը, զրպարտութեանց փոխանակումը եւ մասամբ նորին: Տեսանելի է խառնիճաղանճ մը, ուր եթէ «հիներ»-ը կառչած են հնութեան, ապա «նորեր»-ն ալ ցոյց տուած են իրենց իսկական` գորշ գոյնը եւ նոյնքան հինցած են, որքան` իրենց նախորդները:

Յանցաւոր մը գտնելով եւ շինծու մեղաւոր մը պարսաւելով` մթնոլորտը յարատեւօրէն տաք կը մնայ Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակին վրայ:

Ղեկավարութիւնը, կարծէք, մոռցած է, որ քանի մը ամիս առաջ մեր նորագոյն պատմութեան սեւ եւ անբարեյոյս էջերէն մէկը արձանագրուած էր Արցախի մէջ «կերտուած» ծանր պարտութեամբ: Անշուշտ վարչապետին անյապաղ հրաժարման պահանջն ալ կարելի եղած էր «մեկուսացնել» եւ զանազան սուտ ու շինծու բացատրութիւններով հայորդին համոզել, որ այլընտրանք չկար, որ` «հիներ»-ու սարքած թակարդով, «նորեր»-ը ստիպողաբար ինկած էին այս կացութեան մէջ եւ ստորագրած` նոյեմբեր 9- ի ամօթալի համաձայնագիրը:

Արդի «հիներ»-ուն, այսինքն հինցած «նորեր»-ուն վերջին նորութիւնը այն է, որ պահը յարմար չէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու, որովհետեւ «ընդդիմադիր ճակատը յարմար չէ նկատած»: Եթէ ժողովուրդին յիշողութիւնը միայն մէկ քանի օրուան երկարութիւն չունի, ան դժուար թէ մոլորի նման բացատրութեամբ, չըսելու համար` յերիւրանքով. եղելութիւնն այն է, որ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կազմող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը (աւելի պարզ խօսքով` նոյնինքն վարչապետ Փաշինեան) որոշած է արտահերթ ընտրութիւններ չկազմակերպել պատճառաբանելով, որ համեմատաբար փոքրաթիւ քուէ ունեցող Լուսաւոր Հայաստան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները դէմ արտայայտուած են ընտրութեան գաղափարին: Յուշաթափութենէ չտառապողներ պիտի յիշեն, որ դեռ քանի մը օր առաջ վարչապետն ու իր զօրակայանը մեծ ախորժակով բարձրացուցած էին կանխահաս ընտրութիւններու դրօշը, իսկ խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն ըսածը այն էր, որ այս վարչապետին օրով չեն կրնար պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խորհրդարանական ընտրութիւն կատարել, հետեւաբար, նախապայման նկատած էին անոր հրաժարականը: Բնականաբար, այս եռուզեռին մէջ, ոչ-խորհրդարանական ընդդիմադիրները, համախմբուած` Հայրենիքի փրկութեան շարժումին մէջ, անընդունելի եւ անհանդուրժելի` «փերսոնա նոն կրաթա» վիճակին մէջ կը գտնուին, իսկ անդին` նոր խմբաւորումներ հրապարակ կու գան` իբրեւ իշխանութեան ընդդիմադիրներ…

Իշխանաւորներուն այսպիսի անհասկնալի պատճառաբանութիւնը կամ տրամաբանութիւնը կրնայ պահ մը տարաբնոյթ հարցադրումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ բանալ, մինչդեռ պարզ իրականութիւնը այն է, որ «Իմ քայլը» ունի այնքան քուէ, որ բաւարար է վարչապետին բոլոր ուզածները կատարելու, օրինակի համար, այսօր պահանջելու, որ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպուին, մինչեւ իսկ եթէ ընդդիմադիրները տարբեր կարծիք ու մօտեցում ունին, իսկ վաղը յայտարարելու, որ ընտրութեան պէտք չկայ, մինչեւ իսկ եթէ բոլոր ընդդիմադիրները, ազգի մեծամասնութիւնը ըսէ, որ վարչապետը պէտք է հրաժարի, եւ իշխանափոխութիւնը պէտք է ընթանայ խաղաղ պայմաններու մէջ, օրէնքի ճամբով:

«Իմքայլական» ղեկավարութիւնը իսկապէս գլխապտոյտ կը պատճառէ իր անհիմն ու անհեթեթ «նոր ազատական» (նէօ-լիպերալ) մօտեցումներով, ուր ժողովրդավարութիւնը փոխարինուած է ժողովրդականութեամբ, իսկ ժողովրդականութիւնն ալ` ամբոխահաճութեամբ:

Օրերը կը թաւալին, հետզհետէ աւելի ճնշիչ կը դառնայ կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ: Ստեղծուած են, կարծէք, իրարու հետ կապ չունեցող զուգահեռ զարգացումներ, ուր իշխանութիւնը կը փորձէ գործել այնպիսի տրամաբանութեամբ, որ կարծէք թէ ամէն բան բնականոն է, շարադրած է իր առաջնահերթութիւնները, մինչդեռ գետնի վրայ կան բազմերես տագնապներ` սկսելով ապահովականէն ու հասնելով ընկերային-տնտեսականին. ա՛լ չխօսինք հողի կորուստին եւ անոր հետեւանքներուն մասին…

Ժամանակն է դուրս գալու այս փակուղիէն:

Վերակառուցման եւ վերականգնումի մարտահրաւէրները վիթխարի են:

Կարելի չէ այսպէս շարունակել եւ երազել լաւ վաղուան մը մասին:

Հրամայական է ԽՈՐ ԹՄԲԻՐէն դուրս գալ: Եւ ահա հո՛ս է, որ կը շեշտուի անխուսափելի միասնութեան պահանջը, այսինքն միասնաբար պէտք է վերջ տանք մահաքուն յիշեցնող թմբիրին:

Նախորդը

Պարտուած Պատերազմէն Ինչպէ՞ս Յաղթական Դուրս Եկած Կը Ձեւացնէք

Յաջորդը

Կարմիր Վարդեր Եռաբլուրի Տղոց Շիրիմներուն (Սիրոյ Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?