Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. «Մեծն Լիբանանը Կը Վերամշակէ «Լիբանանեան Ինքնութեան» Գաղափարը. Լիբանանեան Արուեստի Եւ Գրականութեան Դիտանկիւններ» Նիւթով Առցանց Սիմփոզիում

Փետրուար 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Անիս Մաքտեսի» գրականութեան ծրագիրին, 5 փետրուար 2021-ին Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքը Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով կազմակերպեց միօրեայ առցանց սիմփոզիում մը` «Մեծն Լիբանանը կը վերամշակէ «Լիբանանեան ինքնութեան» գաղափարը. լիբանանեան արուեստի եւ գրականութեան դիտանկիւններ»:

Լիբանանեան յառաջատար համալսարաններէն եկած միօրեայ ձեռնարկին մասնակցեցան պատմութեան, փիլիսոփայութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան աւելի քան 10 մասնագէտներ:

Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Անիս Մաքտեսի» գրականութեան ծրագիրի ներկայացուցիչ դոկտ. Հայաթ Պու Ալուան:

Փրոֆեսէօր Ահմատ Պայտուն (Լիբանանեան համալսարանի դասախօս) սպառիչ կերպով ներկայացուց «Համայնքայնութեան դերը երկրի եւ հաւաքականութեան կազմակերպման մէջ. գործունէութիւն եւ խոչընդոտներ» խորագիրով:

Հայկազեան համալսարանէն դոկտ. Պերճ Թրապուլսի վարեց առաջին կլոր սեղանը, որուն նիւթն էր` «Պատմութիւն, պատմագրութիւն եւ փիլիսոփայութիւն»: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն դոկտ. Հայաթ Պու Ալուան ներկայացուց «Ֆիլիփ Հըթի. պատմաբան մը Լիբանանէն» նիւթը: «Էն. Տի. Եու.» համալսարանէն դոկտ. Էտուարտ Ալամ ներկայացուց «Այդ հսկայ լեռը. փիլիսոփայական լուսարձակներ լիբանանեան ինքնութեան վրայ» նիւթը: Առաջին կլոր սեղանը եզրափակուեցաւ դոկտ. Փասքալ Լահուտի (Անթունիէ համալսարան) կողմէ, որ ներկայացուց «Ռենէ Հապաշի. Մեծն Լիբանանի հռչակաւոր փիլիսոփայ» նիւթը:

Յաջորդ կլոր սեղանի նիւթը կեդրոնացաւ արուեստի եւ գրականութեան մարզերուն վրայ, որ վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մշակութային նիւթերու դասախօս դոկտ. Զէյնա Ֆայատը: Կլոր սեղան-զրոյցին մասնակցեցաւ Անթունիէ համալսարանէն դոկտ. Նիտա Ապու Մուրատը, որ ներկայացուց «Երաժշտութեան վերածնունդի ձեւաչափը Մեծն Լիբանանի մէջ» նիւթը, իսկ դոկտ. Ռայ Ճապրէ Մուաուատ (Սեն Ժոզեֆ համալսարան) ներկայացուց «Լիբանան»-ը լիբանանեան նախշագրութեան մէջ» նիւթը:

Վերջին զրոյցը, որ վարեց դոկտ. Ժոզեֆ Ալաղան (Հայկազեան համալսարանի դասախօս) կը վերաբերէր «Լիբանանեան ինքնութեան վերամշակում» նիւթին: Զրոյցին մասնակցեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն դոկտ. Զէյնա Ֆայատը` ներկայացնելով «Նախայեղափոխութեան շրջանին ֆրանսախօսութեան երեք տեսլականներ» նիւթը,  եւ դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեանը (Հայկազեան համալսարան)` լուսարձակի տակ առնելով «Հայկական ինքնութիւնը լիբանանեան աւանդական լրատուամիջոցներուն մէջ` 1953-էն 1975 ժամանակահատուածին» նիւթը:

Սիմփոզիումը լուսարձակի տակ առաւ Մեծն Լիբանանի զանազան երեսներ` անոր հռչակման 100-ամեակին առիթով պատշաճ, գիտական եւ քննական զրոյցներ ծաւալելով: Դասախօսներու կողմէ ներկայացուած վերեւ նշուած նիւթերը շուտով հրատարակութեան պիտի արժանանան:

Հայկազեան համալսարանին կողմէ նախաձեռնուած Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով ձեռնարկը եզրափակեց եւ իր անձնական տպաւորութիւններն ու եզրակացութիւնները կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:

«Եւրոպական Միսիոնարական Շարժումները Եւ Բողոքական Եկեղեցիները Միջին Արեւելքի Մէջ. 20-րդ Դարու Համատեղ Պատմութիւն» Առցանց Խորհրդաժողովի Կազմակերպում

Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի (Action Chrétienne en Orient – ACO) 100-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 28 եւ ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ին, Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց խորհրդաժողով մը` «Եւրոպական միսիոնարական շարժումները եւ բողոքական եկեղեցիները Միջին Արեւելքի մէջ. 20-րդ դարու համատեղ պատմութիւն» խորագիրով, որուն ընթացքին 6 երկիրներէն 11 զեկուցաբերներ հանդէս եկան զեկուցումներով: Երկու օրերու վրայ երկարած խորհրդաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 90 հետեւողներ` Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն: Առցանց խորհրդաժողովին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանն ու Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական շարժում կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Մաթիւ Պուշը:

Առցանց խորհրդաժողովի առաջին զեկուցումը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական միսիոնարական շարժումներու աշխատանքը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ` ընդգծելով յատկապէս բրիտանական Bible Land-ի եւ գերմանական Hilfsbund-ի աշխատանքները:

Վեր. Թոմաս Ուիլտ (Ֆրանսա) ներկայացուց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի համահիմնադիրներէն Փոլ Պերոնի (1887-1970) կեանքն ու ծառայութիւնները, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու նկատմամբ անոր ունեցած գործը:

Պատմութեան դասախօս դոկտ. Ֆիլիփ Պուրմօ (Լիոն 3 համալսարան, Ֆրանսա) ներկայացուց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութեան տարիներուն  միսիոնարական շարժումներու եւ շրջանի ֆրանսական իշխանութիւններուն միջեւ բարդ յարաբերութիւնները:

Դոկտ. Ռիմա Նասրալլա (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի դասախօս) ներկայացուց Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ժամանակահատուածին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժում կազմակերպութեան քոյր միսիոնարականներու եւ Միջին Արեւելքի կիներու կապ-յարաբերութիւնը:

Առցանց խորհրդաժողովին 2-րդ օրը` 29 յունուար 2021-ին, վերապատուելի դոկտ. Ժան-Քլոտ Պասեթ (Զուիցերիա) ներկայացուց Իրանի բողոքական եկեղեցին եւ անոր եկեղեցական-ընդհանրական կապերը:

Իսկ վեր. դոկտ. Սարուաթ Ուահպա (Եգիպտոս) զեկուցեց եւրոպական միսիոնարականութեան ջանքերուն եւ եգիպտական բողոքական եկեղեցիներու մասին:

Վեր. դոկտ. Վիլիպերթ Վան Սաանը (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի եւ Հայկազեան համալսարանին մէջ դասախօս) ներկայացուց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի տարիներու ընթացքին զարգացումը` աւանդական առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութենէ վերածուելով եկեղեցիներու միջեւ հաւասարութեան հաւատացող համայնքի: Զեկուցումին յաջորդեց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական շարժումի ներկայ աշխատանքներու արժեւորում, որ ներկայացուց վեր. Անտրէ Ժոլի (Զուիցերիա):

Աւարտին դոկտ. Հելեն Մուր-Վան տը Պըրկը (Նետրլանտներ) իր ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ եւրոպական եւ միջինարեւելեան քրիստոնէութեան կապը:

Խորհրդաժողովին փակումը կատարուեցաւ դոկտ. Մարինա Պեհերայի (Օքսֆորտ,  Առաքելութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոն) կողմէ` առիթ տալով խորհրդաժողովի մասնակից-հետեւողներուն կատարելու իրենց մատնանշումներն ու նկատողութիւնները:

 

 

Նախորդը

Մեր Բարեկամութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?