Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Մնացած Են Առնուազն 1456 Նշանաւոր Անշարժ Յուշարձաններ Եւ 8 Պետական Թանգարաններ
Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին իբրեւ հետեւանք` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց կարգին` 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ: Այս տեղեկութիւնները տուաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին մասին հրապարակած զեկոյցին մէջ: Ըստ ՄԻՊ աշխատակազմին, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են նաեւ 8 պետական թանգարաններ` 19 հազար 311 ցուցանմուշներով, ինչպէս նաեւ` Շուշիի գորգերու եւ Հայկական դրամի անձնական թանգարանները:
Ըստ ՄԻՊ հաղորդագրութեան, զեկոյցին մէջ ներկայացուած են ազրպէյճանական-թրքական յարձակումին ընթացքին եւ զինադադարէն ետք արձանագրուած` հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ վանտալիզմի շարք մը դէպքեր, ներառեալ` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալիզմի պարագաները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան մասին ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
«Վերհանուած դէպքերուն եւ հայատեացութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ խեղաթիւրումը կը կրեն համակարգուած եւ համատարած բնոյթ: Ազրպէյճանի պետական մարմիններուն եւ հանրային դէմքերուն գործողութիւնները եւ յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ այս յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենած հայ ազգի դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ», կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը: Նկատի ունենալով ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Արցախի տարածքին մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը:
ՀՅԴ Երիտասարդներու Այցելութիւնը Մարտունի
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերկէյ Շահվերդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի գրասենեակի անդամ Արսէն Շիրվանեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ այցելեցին Մարտունի քաղաք եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Գարեգին Նժդեհի եւ Մոնթէ Մելքոնեանի յիշատակին:
Այցելութեան ծիրին մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ընկերները այցելեցին դիրքապահներուն, զրուցեցին ստեղծուած իրավիճակին մասին, դիտարկեցին բարձունքը, ծանօթացան զինուորականներու առօրեային:
Երիտասարդները այցելեցին նաեւ Մարտունիի բարձունքին վրայ տեղակայուած խաչը եւ տարածքը մաքրեցին:
14 փետրուարին ՀՅԴ Մարտունիի «Մերուժան Մոսիեան» երիտասարդական խումբը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերկէյ Շահվերդեանի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեանի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկային Մարտունի քաղաքին մէջ իրականացուելիք ծրագիրները, երիտասարդութեան մօտ հայրենիքին մէջ ապրելու գաղափարի արմատաւորման, յետպատերազմեան շրջանին երիտասարդութեան դիմաց ծառացած խնդիրները եւ երիտասարդութիւնը յուզող այլ հարցեր:
Երիտասարդական միութեան անդամները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Մարտունի քաղաքին մէջ տեղակայուած Նժդեհի արձանի կազմաքանդման վերաբերող խօսակցութիւններուն գծով:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներուն մէջ ազգային դաստիարակչական ծրագիրներու կազմակերպման:
Մարտունիի Մէջ Գարեգին Նժդեհի Արձանը Պիտի Չկազմաքանդուի. Քաղաքապետ
Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ գտնուող Գարեգին Նժդեհի արձանը պիտի չկազմաքանդուի, անիկա կանգնած է իր տեղը: Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Մարտունիի քաղաքապետ Էտիկ Աւանեսեանը:
«Մարտունիի մէջ Գարեգին Նժդեհի արձանի մասին վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող լուրերը ապատեղեկատուութիւն են: Մարտունիի մէջ Գարեգին Նժդեհի արձանը տեղադրուած է անցեալ տարուան սեպտեմբեր 26-ին: Քանդակագործը նոյնիսկ չէ հասցուցած աւարտելու աշխատանքը: Այժմ անոր հետ կը քննարկուի արձանին կիսատ մնացած աշխատանքը աւարտելու հարցը: Քանդակագործը ինքը կ՛որոշէ, թէ արձանը տեղադրուած վայրի՞ն մէջ, թէ՞ արուեստանոցի մէջ կ՛աւարտէ աշխատանքը: Ինչ կը վերաբերի Մարտունիի մէջ կանգնեցուած Գարեգին Նժդեհի արձանին մասին այս օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուող տարաբնոյթ տեղեկութիւններուն, ապա անոնց հետեւիլը հարկ չեմ համարեր: Խորհուրդ կու տամ հեռու մնալու արձանին մասին անհարկի շահարկումներէ», յայտնեց Մարտունիի քաղաքապետը` աւելցնելով, որ արձանի վայրին գծով կայ Մարտունիի աւագանիի որոշումը:
Մարտունիի աւագանիի անդամ Նուէր Դադամեանը «Դիմատետր»-ի վրայ տեղադրած է Նժդեհի արձանին կազմաքանդուած չըլլալը փաստող նոր տեսանիւթ մը եւ լուսանկարներ` «Ընդմիշտ կանգուն է մնալու եւ վե՛րջ» գրութեամբ:
Նախիջեւանիկ. Ապրելու Եւ Արարելու Հաւատքով
Նախիջեւանիկ գիւղը կը գտնուի Ասկերան քաղաքի մօտակայքը: Դէպի գիւղ տանող ճանապարհէն տեսանելի են վերջերս հաստատուած նոր բնագիծները: Նախիջեւանիկցիները արդէն հեռուէն կը հետեւին իրենց մշակած այգիներուն: Նոր հաստատուած սահմանագիծերէն ետք լայնատարած արօտավայրեր եւ այգիներ ինկած են թշնամիին ձեռքը:
Նախիջեւանիկի դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի անդամ Արեն Սարուխանեանի խօսքով, նախապէս երբեք նմանօրինակ կացութիւն չէ ստեղծուած:
«GPS-ով անկանոն, ծուռումուռ նոր սահման գծած են, որ կ՛անցնի մեր գիւղի այգիներուն, արտերուն մէջէն: Կը յուսանք, որ կը փոխուի®», յայտնած է ան:
Պատերազմէն ետք ստեղծուած այս նոր պայմանները բոլորին համար ալ ծանր են, բայց Սարուխանեանը երբեք չ՛ընկճուիր: Ան կը փորձէ աւելի լաւ ապագայի իր յոյսը փոխանցել աշակերտներուն` շարունակ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Վերջին տարիներուն դպրոցի աշակերտներուն թիւը կ՛աճի: Նախորդ տարուան 88-ին փոխարէն` այս տարի դպրոցը կը յաճախեն 96 աշակերտներ: Նախիջեւանիկի Գէորգ Յակոբեանի անուան միջնակարգ դպրոցը կը յաճախեն Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Վարդաձոր եւ Արանզամին գիւղերու մանուկները:
Ըստ դպրոցի տնօրէն Գալինա Մեժլումեանի, աշակերտներուն թիւին բարձրացումը պատճառ հանդիսացած է, որ դասարանները բաւարար չըլլան: Նորոգման աշխատանքները պատերազմին պատճառով յետաձգուած էին:
Նախիջեւանիկի մէջ այս օրերուն դժուար է հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղիլը: Սակայն պատերազմական գործողութիւններէն ետք տեղահանուած բոլոր բնակիչները վերադարձած են: Նաեւ Շուշիէն տեղահանուած ընտանիք մը հոն հաստատուած է:
«Աւրորան» 470 Հազար Տոլարէն Աւելի Տրամադրած Է Արցախի Օգնութեան Ծրագիրին
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել իր մարդասիրական ծրագիրը Արցախի մէջ: Այս մասին յայտնեցին IDeA հիմնարկի «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:
Նշուեցաւ, որ «Աւրորան» գործի դրած է իր միջազգային հեղինակութիւնը եւ նուիրատուներու, փորձագէտներու, մարդասէրներու եւ շահառուներու հսկայական ցանցը, որպէսզի աջակցութիւն տրամադրէ արցախցիներուն եւ տեղւոյն վրայ ապահովէ արդիւնաւէտ լուծումներ: Նոյն ժամանակ «Աւրորան» կը շարունակէ ընդունիլ դիմումներ կազմակերպութիւններէ, որոնք աջակցութեան կարիք ունին. անոնք կրնան գրել info@auroraprize.com ե-նամակի հասցէին:
«Շատ կարեւոր է, որ «Աւրորան» կ՛օգնէ կարիքաւոր մարդոց ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, այնպէս ալ մեծ ծաւալի ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Արցախի մէջ: «Աւրորան» արդէն աջակցած է մօտաւորապէս 50 նախագիծի, որոնք ուղղուած են տեղացիներու առաջնային կարիքներուն` փոխելով հազարաւոր արցախցիներու կեանքը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ Նարինէ Աղաբալեանը միացած է խումբին: Վստահաբար անոր փորձառութիւնը պիտի օգնէ ծրագիրներուն աւելի արդիւնաւէտ իրագործման», յայտնեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան խորհուրդի անդամ Արման Ջիլաւեանը:
Պատերազմէն ետք «Աւրորան» անյապաղ օգնութիւն տրամադրած է արցախցիներուն` #AraratChallenge նախաձեռնութեան միջոցով եւ արդէն 473 հազար տոլար տրամադրած է ծրագիրներուն: Գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ #AraratChallenge նախաձեռնութիւնը կ՛աջակցի 48 նախագիծներու, որոնց ճամբով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ կը տրամադրուին իրենց տուներէն տեղահանուած մարդոց, ֆինանսական աջակցութեան միջոցով Արցախի մէջ կը վերականգնին քաղաքացիական ենթակառոյցները, ինչպէս նաեւ կապ կը ստեղծուի կամաւորներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջեւ:
Տարիներու ընթացքին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրիգորեան, Նուպար Աֆէեան, Ռուբէն Վարդանեան եւ անոնց հիմնադրած կազմակերպութիւնները ներգրաւուած են Արցախի մէջ իրականացուող բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ: Բացի այդ, «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի դափնեկիրները` սկսած առաջին դափնեկիր Մարկարիթ Պարանքիցէէն, ամէն տարի այցելած են Արցախ` զայն ներկայացնելով միջազգային հանրութեան:
«2020 թուականի աշնան պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելը մարտահրաւէր էր իւրաքանչիւր հայու համար: «Աւրորան» կրնայ միաւորել բոլորս եւ օգնել յաղթահարելու զայն: Միասին մենք կրնանք շատ աւելին ընել, քան կը կարծենք», ըսաւ Նարինէ Աղաբալեանը, որ իբրեւ Արցախի ծրագիրի ղեկավար` պիտի համակարգէ «Աւրորա»-ի աջակցութեամբ Արցախի համար իրականացուող նախագիծները, ինչպէս նաեւ պիտի մշակէ մարդասիրական հարթակ մը, որ պիտի միաւորէ շահագրգիռ բոլոր կողմերը եւ կարելիութիւն տայ Արցախի վերականգնման վերաբերեալ հիմնական աշխատանքները:
Արցախ Վերադարձածներուն Թիւը Շուրջ 100 Հազար Է
Ըստ Արցախի աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարարութեան տուեալներուն, Արցախ վերադարձած են մօտաւորապէս 100 հազար անձեր, իսկ մօտաւորապէս 40 հազար արցախցիներ կը շարունակեն բնակիլ Հայաստանի մէջ:
Արցախի Ազգային ժողովի 11 փետրուարի նիստին այս մասին յայտնեց աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը` պատասխանելով Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունցի հարցումներուն, ըստ որուն, պատերազմին ընթացքին Հայաստան տեղափոխուած են մօտաւորապէս 90 հազար արցախցիներ, որոնցմէ վերադարձած են շուրջ 53 հազարը:
Ըստ նախարարին, Արցախ վերադարձած 53 հազար քաղաքացիներուն մասին տուեալները Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներն են, որոնք կը կազմուին մարդատարով վերադարձողներու վիճակագրութեան հիման վրայ:
«Սակայն ստոյգ տուեալը, բնականաբար, այդ չէ: Մենք ունինք նիւթական ուղիղ աջակցութեան մեքանիզմ, ըստ որուն, կան յստակ տուեալներ, որ վերադարձած արցախցիներուն թիւը աւելի է: Մարդիկ աջակցութիւն կը ստանան անմիջապէս «Արցախփոստ»-էն: Հանրապետութեան մէջ ուղիղ նիւթական աջակցութիւն ստացողներուն թիւը կրկնակի աւելի է, քան այն, ինչը որ յայտարարուած է: Այդ թիւին մէջ ներառուած չեն 18-58 տարեկան աշխատող տղամարդիկ: Վերադարձողներուն մէկ մասը սեփական ինքնաշարժներով եկած են, հետեւաբար այդ թիւերուն մաս չեն կազմեր: Հայաստանի մէջ կը բնակին այս պահի դրութեամբ մեծ մասամբ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող բնակավայրերէն տեղահանուած արցախցիներ:
Տեղահանուածներուն մօտաւորապէս 60 տոկոսը նոյնպէս վերադարձած է Արցախ, մանրամասնեց Մ. Թանդիլեանը:
Ազրպէյճանցիներուն Պահանջով Դէպի Դադիվանք Ուխտագնացութիւնը Պիտի Կազմակերպուի Նոր Ընթացակարգով
Ազրպէյճանական կողմը Դադիվանք մեկնող ուխտաւորներու խումբին արգիլած էր մտնել վանական համալիր` պատճառաբանելով, որ այսուհետեւ պէտք է ներկայացուի ուխտագնացներուն անուանացանկը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը:
«Նախապէս ազրպէյճանական կողմը կը պահանջէր միայն Դադիվանք մեկնող ուխտագնացներուն թիւը, որ պէտք էր ըլլար ոչ աւելի քան 30 մարդ: Այժմ կը պահանջեն նախապէս ներկայացնել նաեւ անուանական ցուցակներ. ուստի, կիրակի խաղաղապահներու հետ մենք կը տրամադրենք ուխտաւորներուն անուանացանկը, որպէսզի այլեւս դժուարութիւններ չունենանք Դադիվանք մուտք գործելու հարցին մէջ», յայտնեց Արցախի թեմի առաջնորդը:
Հայաստանի Մէջ 2014-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Արձանագրուած Է Ծնունդներու Թիւի Աճ
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուց վերարտադրողական օժանդակ արհեստագիտութեան կիրարկման միջոցով անպտղութեան բուժման ծրագիրի արդիւնքներուն մասին: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ 2014 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով արձանագրուած է ծնունդներու թիւի աճ` նախորդ տարուան հետ բաղդատած:
Հաւաքագրուած տուեալներուն համաձայն (վիճակագրութեան մէջ ներառուած չեն Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած անձերու ծննդաբերութիւններու թիւը), նախորդ տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 36 հազար 289 ծնունդներ, ինչ որ 211-ով աւելի է 2019-ին արձանագրուած ծնունդներէն:
Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս ծրագիրին մէջ ներառուած են` 2 եւ աւելի տարի անպտղութիւն ունեցող անզաւակ զինուորները, սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները, ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ ընդգրկուած 30,01 եւ աւելի բարձր անապահովութեան միաւոր ունեցող նպաստառուները, հաշմանդամութիւն ունեցողները, զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ աւարտէն ետք ծառայութեան պայմաններուն մէջ զոհուած որդիներու ծնողները:
31 դեկտեմբեր 2020-ի դրութեամբ, պետական պատուէրի ծիրին մէջ վերարտադրողական օժանդակ միջոցներու կիրարկումով, անպտղութեան բուժման իբրեւ արդիւնք, ծնած են 49 երեխաներ:
Հայաստանի Դպրոցներ Կը Յաճախեն Առաւել Քան 7 Հազար Արցախցիներ
Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ներկայիս կրթութիւն կը ստանան աւելի քան 7 հազար արցախցի մանուկներ, թէեւ այս թիւը փոփոխական է:
Այս մասին յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեանը` նշելով, որ այս փուլը այնպիսին է, երբ պարբերաբար ընտանիքները կը վերադառնան Արցախ:
«Մենք ի սկզբանէ խնդիր էինք դրել, որ երեխաների փաստաթղթերի առկայութիւնը խոչընդոտ չլինի նրանց դպրոցում սովորելու համար: Ասեմ, որ հետեւողականօրէն այս հարցը կարգաւորում ենք», յայտնած է Անդրէասեանը:
Արցախցի մանուկները դասագիրքերով ապահովելու գծով ան յայտնեց, որ սկիզբէն համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ բոլոր պարագաներու մէջ անոնք պէտք է ապահովուած ըլլան դասագիրքերով: Մնացած բոլոր հարցերը կը դասաւորուին մարզպետարաններուն հետ համագործակցելով:
Վերագործարկուեցաւ «Հայերն Այսօր» Հարթակը
Նոր գործառոյթներով ու բովանդակութեամբ թարմացուած եւ վերագործարկուած է «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»-ի սփիւռքի բաժինի «Հայերն այսօր» տեղեկատուական-լրատուական կայքը:
10 փետրուարին Երեւանի «Պեսթ ուեսթըրն քոնկրես» պանդոկի համալիրի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական կայքի նոր տարբերակին շնորհահանդէսը:
Ըստ «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»-ի սփիւռքի բաժինի ղեկավար Լիւսի Վանայ Կարապետեանի, պահպանելով «Հայերն այսօր» լրատուական հարթակի ձեւաչափը եւ անունը, տարաբնոյթ բովանդակութիւն եւ նոր շունչ հաղորդուած է կայքին:
«Լիովին նոր, քառալեզու կայքին մէջ, արեւելահայերէնին զուգահեռ, աւելցուցած ենք նաեւ արեւմտահայերէնը` կարեւորելով անոր պահպանումը: Մեր հարթակին ճամբով Հայաստանը եւ սփիւռքը կրնան երկխօսիլ իրարու հետ, միշտ տեղեկացուած ըլլալ իրարու մասին եւ կապ հաստատել իրարու հետ», նշեց Կարապետեանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը յայտնեց, որ «Հայերն այսօր» լրատուական կայքը թարմացուած տարբերակով պիտի շարունակէ առաւել արդիւնաւէտօրէն ծառայել հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ երկխօսութեան ամրապնդման:
Կարեւոր նկատելով սփիւռքի դերը ժամանակի մարտահրաւէրներուն մէջ` սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը նշեց, որ առարկայական տեղեկատուութեան միջոցով ամուր կապի ստեղծումը ներկայիս անհրաժեշտութիւն է: