Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Հայրենիք, Երկու Ինքնութիւն` Նոյն Ճակատագի՞րը

Փետրուար 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ»
Յայտնութիւն Յովհաննու 3.11:

Երեւի ասկէ առաջ ըսած եմ, որ երկու պատկանելիութիւններուս հաւասարակշռութեան մէջ է, որ գտած եմ ինքնութեանս գիտակցութիւնը եւ արժէքը: Սփիւռքեան իրականութեան մէջ ապրող ոեւէ հայու իրավիճակն է ասիկա: Կայ աւելին. ներկայ ժամանակներուն հայուն երկու ինքնութիւնները կրնան վերածուիլ նաեւ երեքի ու նոյնիսկ չորսի: Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն ոդիսականն է ասիկա, որուն հետ երեւի պէտք է հաշտուիլ:

Ծնած եմ Պէյրութ եւ ստացած` դաստիարակութիւն, կրթութիւն, ստեղծած` ընկերային, համայնքային եւ գաղութային կեանք: Բայց նաեւ ապրած եմ Լիբանանի քաղցր-լեղի օրերը: Լիբանանը եղաւ հայրենիք եւ է մինչեւ օրս: Բայց կայ մէջս նոյնքան հայկական ինքնութիւնը, որուն համար փոքր տարիքէս մաքառեցայ պահել ոչ միայն մայրենին, այլ նաեւ` մշակոյթը, գրականութիւնը, կենցաղը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը: Հայրենիքը` Հայաստան եւ Արցախ, իրենց զոյգ դրօշակներով, եկան ամրապնդելու հայրենիքներուս եւ անոնց ինքնութեան առաջին-երկրորդ տարբերակները:

Այս երկու հայրենիք-ինքնութիւնները թերեւս շատեր նկատեն խոչընդոտ, որ ճամբայ բացած է ու կը շարունակէ բանալ երկարատեւ խորհրդածութիւններու եւ նոյնիսկ վիճաբանութիւններու: Լիբանանցի` հայկական ծագումո՞վ, թէ՞ հայ` լիբանանեան քաղաքացիութեամբ ու տակաւին` լիբանանահայ: Ինծի համար կար ու տակաւին կայ յստակ իրականութիւն մը: Ունիմ երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն եւ միշտ ալ ուրախ ու հպարտ զգացած եմ այս զոյգ հարստութիւններով:

Բայց կայ պատմութեան եւ անոր պարտադրած կեանքին ընթացքը, որ մռայլեց երկու հայրենիքներու գոյավիճակը: Լիբանանի պարագային` 1975 թուականէն սկսած քաղաքացիական կռիւները, որոնք ստացան տարբեր հոլովոյթներ աւելի քան քառասուն երկար տարիներ: Այսօր ունինք ծայր աստիճան անդամալուծուած հայրենիք մը` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Կաշառակերութիւնը եւ անոր հետ քաղաքական ղեկավարութեան ընչաքաղցութիւնն ու փառասիրութիւնը երկիրը հասցուցին սնանկացումի, իսկ ժողովուրդը հասաւ ծայր աստիճան աղքատութեան վիճակի: Տակաւին, քաղաքական ու համայնքային ղեկավարութեան միջեւ անհասկացողութիւնները եւ անհանդուրժողականութիւնը պետական վարչամեքենան հասցուցին ամլութեան եւ զայն դրին անկումի ու փլուզումի սեմին: Լիբանան  այսօր լքուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ եւ ձգուած է ինքիր ճակատագիրին:

Հայաստան անկախացաւ 1991 թուականին, երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ քայքայուիլ: Մէջտեղ եկան անկախ պետականութիւններ, որոնց կարգին իմ-մեր հայրենիքը` Հայաստան: Բնականաբար ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը մեծ էր ինծի եւ  իւրաքանչիւր հայու համար: Մեր ազգային ինքնութեան ամրապնդումը եւ անոր ուժեղացումը տեսայ-տեսանք մեր անկախ պետականութեան եւ անոր հեռանկարին մէջ: Անկախութեան ժամանակաշրջանին պիտի յաջորդէին դժուար եւ թէժ օրեր. արցախեան պատերազմ, շրջափակում եւ տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ, որուն հետեւանքը եղաւ արտագաղթ: Ճիշդ է, որ հայրենիքը պիտի վերականգնէր կամաց-կամաց, բայց կային ընկերային եւ քաղաքացիական հսկայական հարցեր, որոնք կը բնութագրուէին կաշառակերութեամբ եւ երկրի հարստութեան կեղեքումով: Ժողովրդային ըմբոստութիւնը ծայր առաւ եւ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» ծնունդ առաւ նոր քաղաքական ղեկավարութիւն մը, 2018-ին: Այս յեղափոխութիւնը կը խոստանար բերել նոր ուխտ եւ նոր տեսիլք: Բայց արցախեան վերջին քառասունչորս օրերու պատերազմը եւ անոր յաջորդած նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը մէջտեղ դրին նոր տուեալներ. արցախեան հողատարածքի մեծ կորուստներ եւ մեծ թիւով նահատակներ, որոնք մտածել կու տան, թէ ի՛նչ պատահեցաւ եւ տակաւին կը պատահի: Ո՞ւր մնացին «թաւշեայ յեղափոխութեան» տեսիլքները, որոնք դրուեցան հայ ժողովուրդին դիմաց` իբրեւ ներկայի եւ ապագայի գեղեցիկ եւ խոստմնալից տեսլականներ:

Քուէյթ նստելով` կը փորձեմ դիտել երկու հայրենիքներուս եւ անոնց ոչ բարենպաստ վիճակները: Այսօր երկու հայրենիքներս ճակատագրուած են դէմ յանդիման կանգնելու «լինել թէ չլինել»-ու մեծ մարտահրաւէրին: Երկու հայրենիքները, ուրկէ վերացած է համերաշխութիւն, եւ ուր քաղաքական կողմերը` իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն թէ այլ, կը պայքարին (եւ շատ անգամ` ոչ մարդկային եւ վեհանձն մակարդակով ու կենցաղով) տիրելու թէ բաժնուելու երկիրը եւ անոր ղեկավարութիւնը:  Որքան մեծ է հակամարտութիւնը, նոյնքան ալ` տհաճ ու անմակարդակ, որ չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր եւ ինչի՛ կրնայ առաջնորդել իմ-մեր հայրենիքները:

Կը նայիմ երկու հայրենիքներուս եւ անոնց քաղաքական բեմահարթակի վրայ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն: Հոն կան յստակ նմանութիւններ:

Երկու հայրենիքներուն մէջ ակներեւ է մեծ բացակայ մը:  Քաղաքական ղեկավարութեան եւ երկրի տարբեր հակադիր ուժերու միջեւ միացնող միաւոր-օղակը` այն քաղաքական ղեկավար-ղեկավարութիւնը` իմա միտքը, որ պիտի կարենայ ստեղծել երկրի տարբեր ու հակասող-հակադրուող միտքերու եւ կեցուածքներու միջեւ միաւորող եւ ուժական մեծ միտք մը: Միտք, որ պիտի կարենայ երկրին-երկիրներուն տալ նոր ուժ եւ սլացք` դիմագրաւելու համար ներքին եւ արտաքին տարբեր մարտահրաւէրները:

Նոյնքան նաեւ սկսած է երեւիլ  ղեկավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն յոգնածութիւնն ու սպառումը: Յոգնած ու սպառած է քաղաքական միտքը Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Քաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք ունի նոր լիցքաւորումի:

Իսկ լիցքաւորո՞ւմը: Այս կրնայ տեղի ունենալ մէկ կողմէ երկրի ներքին մարդուժի, անցեալի, ներկայի ու տակաւին նորի համախմբումով, ուր անհրաժեշտ են շրջահայեացութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ` անոնց սփիւռքեան գաղութներէն: Հայաստան եւ Լիբանան օժտուած են լաւ կազմակերպուած սփիւռքեան գաղութներով, ուր կան հրաշալի մարդկային կարողականութիւններ,  որոնք պատրաստ են իրենց օժանդակութիւնը եւ նպաստը բերելու հայրենիքի բարօրութեան:

Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան ոճը եւ բովանդակութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի: Սփիւռքը պէտք չէ դիտել միայն որպէս նիւթական օժանդակութեան աղբիւր: Սփիւռքի օժանդակութիւնը պէտք է ներառէ նաեւ երկրի ղեկավար մտքի եւ անոր առաջնորդութեան աղբիւր: Ներկայ ճգնաժամային օրերը կը պահանջեն նոր տեսիլք, նոր տրամադրութիւն եւ նոր ու վերանորոգուած դիրքորոշում: Այսօրուան առաջնահերթութիւնը եւ իմ-մեր բոլորին հրատապ մարտահրաւէրը մեր «ունեցածը ամուր պահել»-ն է: Եթէ ոչ, մեզմէ «կ՛առնեն պսակը»:

Կրնան այս դիտարկումները նկատուիլ երազական, utopic եւ անհասանելի: Բայց երբ հայրենիք(ներ)ը հասած են ահազանգային վիճակի, որ կրնայ սպառնալ իրենց ազգային անվտանգութեան, ապա անհրաժեշտ կը դառնայ մտածել իրականացնել նոյնիսկ իտէալական սեպուած ծրագիրը: Ապրահամ Լինքըն ըսած է. «Լաւագոյն ձեւը ապագան կերտելու, զայն  ստեղծելն է»: Եթէ ներկայի վտանգուած ու ահազանգային վիճակները պիտի յաղթահարենք աւելի լաւ ապագայի մը համար, անհրաժեշտ է այսօր ստեղծել ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային նոր ռազմավարութիւն եւ տեսիլք:

Երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն: Հապա անոնց ճակատագի՞րը: Հոս արժէ բանալ փակագիծ մը` վեր առնելու քրիստոնէական աստուածաբանութեան բացատրութիւնը «ճակատագիր» հասկացողութեան:

Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը հաւատայ, որ ճակատագիրը մարդկային կեանքի մէջ կը բնութագրուի  երկու դիրքերու մէջէն: Առաջինը` աստուածայինը, ուր Աստուծոյ կամքը կը գերակայէ մարդուն եւ անոր կեանքին: Երկրորդը` մարդունը, ուր ճակատագիրը կ՛որոշուի նաեւ նոյն մարդուն ընտրութեամբ եւ որոշումով: Այս երկուքին ներդաշնակութեամբ կ՛ամբողջանայ մարդուն ճակատագիրի կազմաւորումը: «Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցաւ» (Սաղմոս 139:15): Դաւիթ թագաւոր այսպէս կը յստակացնէ Աստուծոյ գերակայութիւնը մարդուն եւ երկրին խորութիւններուն մէջ: Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը հաստատէ, որ մարդը ստեղծուեցաւ, եւ իրեն տրուեցաւ բարոյական ընտրութիւններ ու որոշումներ կատարելու առանձնաշնորհումը: Այս իմաստով մարդը պատասխանատու կը դառնայ իր տուած ու տալիք որոշումներուն եւ ճակատագիրի ընտրութիւններուն: Աստուած յստակ ընտրութեան որոշում տուաւ Իսրայէլի ժողովուրդին, երբ ըսաւ. «Նայէ՛, այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի» (Բ. Օրինաց 30:15):

Աստուած բարին շնորհեց իր ստեղծագործութեան մէջէն, ներառեալ մարդուն` որպէս կեանքի ճակատագիր: Բարին կեանքն է: Մարդուն կը մնայ ընտրել, թէ իր ճակատագիրը եւ անոր ուղղութիւնը ըլլան բարի՞ն` կեանքը, թէ՞ չարը` մահը: Մարդն է, որ նոյնքան ըսելիք եւ ընելիք ունի իր ճակատագիրի որոշման մէջ:

Երկու հայրենիք: Իմ երկու ինքնութիւններս, որոնք դարձած են կեանքիս արժէքը: Ասոնք «իմ ունեցածներս են», եւ զորս կ՛ուզեմ «ամուր բռնել»: Իսկ ամուր բռնելու համար պէտք է որոշեմ ճակատագիրիս ուղղութիւնը: Եթէ կայ Աստուծոյ գերակայութիւնը, նոյնքան կայ իմ` մարդուն որոշումը եւ ընտրութիւնը:

Երկու հայրենիք, երկու ինքնութիւն` նոյն ճակատագի՞րը: Ճակատագիր մը, որ կեանք կը շինէ՞, թէ՞ կը քանդէ:

Հայաստան եւ Լիբանան: Պէտք է որոշենք եւ ընտրենք: Ես եւ բոլորս: Կեանքը` հայրենիք(ներ)ը շինե՞լը, թէ՞ մահը` հայրենիք(ներ)ը  քանդելը:

Քուէյթ

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մեր Բարեկամութիւնը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?