Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Բարեկամութիւնը

Փետրուար 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱ­ԿՈԲ ԼԱ­ՏՈ­ՅԵ­ԱՆ

Հաւ­ա­նա­բար զգա­ցած էք, որ ձեր կե­ան­քին մէջ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րը շատ յա­ճախ դէպ­քով մը կը սկսին: Եր­բեմն ժխ­տա­կան, եր­բեմն դրա­կան, եր­բեմն ալ, շատ ան­գամ, տա­րօ­րի­նակ…

Տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փա­զե­ա­նին հետ հան­դի­պումս շատ տա­րօ­րի­նակ էր:

Ու­րեմն, 1985-ի վե­րա­մու­տին Հա­մազ­գա­յի­նի «Ս. Վրա­ցե­ան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թե­ան ան­դամ եղայ: Այդ տա­րի երկ­րի ապա­հո­վա­կան տակ­նուվ­րայ վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով յա­ճախ ձեռ­նար­կի թու­ա­կան կը ճշ­դէ­ինք, աւ­ե­լի ուշ կը յե­տաձ­գէ­ինք, շատ ան­գամ կը  ջն­ջէ­ինք, եւ այս­պէս, ամ­բողջ տա­րին ձեռ­նարկ մը կ՛­ը­նէ­ինք, ու­րիշ մը կը յե­տաձ­գէ­ինք:

Այդ օրե­րուն տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փա­զե­ա­նը Հրանդ Մատ­թէ­ո­սե­ա­նի «Մե­ծա­մօր»-ը կը մա­տու­ցէր: Ար­դէն Դա­նի­էլ Մա­ծու­նե­ա­նը ար­ձա­նագ­րած էր անոր մա­տու­ցու­մը, եւ մենք քա­նի մը ան­գամ ձեռ­նար­կի թու­ա­կան ճշ­դե­լէ եւ յե­տաձ­գե­լէ ետք, եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, վար­չու­թիւ­նը նոր թու­ա­կան ճշ­դեց, իսկ ես` իբ­րեւ ատե­նա­պետ, ստանձ­նե­ցի անոր հետ հան­դի­պե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ձեռ­նար­կի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սինք:

Յիշ­եց­նեմ, որ տոքթ. Փա­փա­զե­ա­նը իր քա­ջու­թե­ամբ եւ խի­զա­խու­թե­ամբ նշա­նաւ­որ էր: Արեւ­ե­լե­ան եւ արեւմ­տե­ան Պէյ­րու­թի եր­թեւ­ե­կի թան­գա­րա­նի այդ ճամ­բան թէ­եւ ու­րիշ­ին հա­մար վտան­գաւ­որ, բայց իրեն հա­մար բնա­կան եր­թեւ­ե­կի ճամ­բայ էր: Այն­պէս որ, ապա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով ժո­ղո­վէ մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կամ ձեռ­նար­կի մը յե­տաձ­գու­ի­լը անըն­դու­նե­լի էր իրեն համար:

Եր­կուշ­աբ­թի առ­տու մըն էր, Ազ­գա­յին Եղիշ­է Մա­նու­կե­ան վար­ժա­րա­նի տես­չա­րանն էի: Այդ տա­րի­նե­րուն վար­չա­կան տնօ­րէ­նու­հին Մա­նուշ­ակ Պո­յա­ճե­անն էր, իսկ տնօ­րէ­նը` տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փա­զե­ան: Մուտ­քի գրա­սե­նե­ա­կը օրդ. Մա­նուշ­ա­կինն էր, աւ­ե­լի ներ­սի­նը` տոք­թո­րի­նը: Օրդ. Մա­նուշ­ա­կին բա­ցատ­րե­ցի հան­դի­պու­միս նպա­տա­կը. ան ըսաւ` մտի՛ր, ներսն է տոքթ. Բաբ­գէ­նը: Գրա­սե­ղե­ա­նին ետեւ` հաստ ակ­նո­ցով, անընդ­հատ գրե­լու մէջ էր: «Բա­րի լոյս» ըսի, «բա­րեւ» պա­տաս­խա­նեց, բայց գլու­խը թուղ­թէն չբարձ­րա­ցուց: «Հրա­մէ» ըսաւ` առանց դէմ­քիս նա­յե­լու, ես ալ ոտ­քի` ըսի, որ «Հա­մազ­գա­յի­նի «Ս. Վրա­ցե­ան» մաս­նա­ճիւ­ղէն եկած եմ «Մե­ծա­մօր»-ի ձեռ­նար­կի նոր թու­ա­կան ճշ­դե­լու հա­մար: Պա­տաս­խա­նը` իրեն յատուկ առոգանութեամբ. «Գնա՛ ըսէ վար­չու­թե­ան, որ այն­քան ատեն որ Յա­կոբ Լա­տո­յե­ա­նը վար­չու­թե­ան ատե­նա­պետն է, ես «Մե­ծա­մօր» չեմ մա­տու­ցեր: Քա­նի­՛ ե­րորդ ան­գամն է ան­հե­թեթ պատ­ճա­ռով թու­ա­կան կը փո­խէք»: Տա­կաւ­ին գլու­խը վեր չէր հա­նած եւ կը շա­րու­նա­կէր գրել: «Շատ լաւ,- ըսի,- կը փո­խան­ցեմ»: Դուրս ելայ: Օրդ. Մա­նուշ­ա­կը ձեռ­քի շար­ժու­մով մը հասկ­ցուց, որ եր­թամ: Վե­րա­դար ձայ:

Նոյն գիշ­ե­րը Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը «Սի­նե­մա Մա­տո­նա»-ի մէջ Փա­րա­ճա­նո­վի ժա­պաւ­է­նի ցու­ցադ­րու­թիւն ու­նէր: Հոն էինք բո­լորս: Յան­կարծ տոք­թո­րը մտաւ սրահ, ձեռ­քը դրաւ ու­սիս եւ ըսաւ. «Լա­տո­յե­ա՛ն, առ­տու քովս եկեր ես եւ չը­սիր, որ դուն ես: Վա­ղը կէ­սօ­րէ ետք դար­մա­նա­տունս եկուր` խօ­սինք»:

Այս եղաւ մեր առա­ջին կա­պը: Յա­ջորդ օրը ժա­մը հին­գին դար­մա­նա­տունն էի: «Մե­ծա­մօր»-էն ան­կախ, տար­բեր նիւ­թե­րու մա­սին խօ­սե­ցաւ` թատ­րոն, յե­ղա­փո­խա­կան գրա­կա­նու­թիւն, «Ազ­դակ –  Շա­բա­թօ­րե­ակ – Դրօշ­ակ»-ի յօ­դու­ած­ներ: Վեր­ջաւ­ո­րու­թե­ան մին­չեւ դու­ռը ճամ­բեց եւ դրան առ­ջեւ «Մե­ծա­մօր»-ի թու­ա­կան ճշ­դե­ցինք:

Այս­պէս, ամէն հինգ­շաբ­թի երե­կո­յե­ան ժա­մը 5:00-ին մեր ժա­մադ­րա­վայրն էր, ին­ծի սկ­սան ըն­կե­րակ­ցիլ համազգայնական քա­նի մը ըն­կեր­ներ ալ: Ամ­բողջ վեց ամիս տոք­թո­րին քն­նարկ­ման եւ քն­նա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը մե­ծա­պէս կը հմա­յէ­ին մեզ: Հաւ­ա­նա­բար շա­տեր տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փա­զե­ա­նին ծա­նօթ են իբ­րեւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ, խմ­բա­գիր, ազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան մտա­ծող, սա­կայն անոր մշա­կու­թա­յին գի­տե­լիք­նե­րու հարս­տու­թիւ­նը կը զար­մաց­նէր մեզ: Ամէն մէկ մշա­կու­թա­յին մար­զի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նէր: Ամէն մար­զի մա­սին ըսե­լիք եւ կե­ցու­ածք ու­նէր:

Այս­պէս, մե­զի հա­մար իբ­րեւ հա­մազ­գայ­նա­կան այդ վեց ամիս­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը պրպ­տող եւ շր­ջա­հա­յե­աց ըլ­լա­լու ար­մա­տը դրին մեր մէջ:

Այ­սօր, տա­րի­ներ ետք, աւ­ե­լի քան եր­բեք կը զգամ, որ նման ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս նպաս­տած է սե­րունդ­նե­րու կերտ­ման: Հա­կա­ռակ տա­րի­քի տար­բե­րու­թե­ան` անոր մտեր­մու­թիւ­նը բա­րե­կա­մու­թե­ան վե­րա­ծու­ե­ցաւ: Աւ­ե­լի ուշ «Գաս­պար Իփէ­կե­ան»-ի դե­րու­սոյց եղաւ: Թա­տե­րա­կան քն­նար­կում­նե­րու մաս­նակ­ցե­ցաւ: Մա­նաւ­անդ Հա­մազ­գա­յի­նի գե­ղա­րու­ես­տա­կան եւ յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ:

Այս­պէս կան բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, որոնք կր­նան լաւ չսկ­սիլ, բայց ան­պայ­ման լաւ կը վեր­ջա­նան:

 

 

 

 

Նախորդը

Երկու Հայրենիք, Երկու Ինքնութիւն` Նոյն Ճակատագի՞րը

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարան. «Մեծն Լիբանանը Կը Վերամշակէ «Լիբանանեան Ինքնութեան» Գաղափարը. Լիբանանեան Արուեստի Եւ Գրականութեան Դիտանկիւններ» Նիւթով Առցանց Սիմփոզիում

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?