Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ափսո՜ս, Մեռելատուն Հայաստան

March 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Դրան զանգը հնչեց եւ բեւեռային ցուրտին հետ տուն մտաւ Կեդրոնականցի Արմենակ` կրկնելով. «Ափսո՜ս, Հայաստա՛ն»:

Հիւրասենեակ գացինք: Երկինքի կապոյտին մէջ կը շողար արեւը, ապակիի ետին ձիւնածածկ երդիքներն էին: Արմենակ բարեւ ընդունելու վիճակի մէջ չէր:

Մակարուհին թէյ բերաւ, աչքով-ունքով հարցուց:  թէ ի՞նչ պատահած էր: Մատներս դրի շրթներուս վրայ, որ չխօսի:

Արմենակ քանի մը անգամ եւս կրկնեց` «Ափսո՜ս, ափսո՜ս»…Ապա`

– Մակա՛րս, Հայաստանը ձեռքէ կ՛երթայ: Թշնամի թուրք-ազերին Հայաստանը մասնիկ առ մասնիկ կը ծուատէ: Օր մը` ճամբու հատուած, ուրիշ օր մը`  գիւղի ծայրամասի տուներ: Դարերու ոգի պահած մեր սրբատեղիները, ինչպէս կ՛ըսեն, ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ են, չըսելու համար, որ բռնագրաւուած են:

Արմենակ լռեց: Ես ալ ըսելիք չունէի: Ապա`

– Յուսալքուած պարզ ժողովուրդը ունեցած-չունեցածը հաւաքած` երկրէն կ՛երթայ, եթէ չի կրնար Եւրոպա կամ Լոս երթալ, կ՛երթայ Ռուսիա: Իսկ երկրի երեւելիները ամօթխած են, չեն ըսեր,  թէ երկրէն կը փախչին, դիւանագիտական ոճով կ՛ըսեն, թէ` «բուժման համար կը մեկնին արտերկիր»…

– Արմենա՛կ, Հայաստան կ՛ըսեն, որ հայ մարդը թասիպ ունի, գիտէ, որ հայրենիք լքելը ազգին դէմ յանցանք է, կը պատճառաբանեն, անցեալին կ՛ըսէին, թէ կը հետապնդուէին, կամ կը մեկնէին լաւ ապրելու իրաւունքի համար, հիմա կ՛ըսեն` բուժման:

– Կարեւորը այն է, որ կը մեկնին: Գիտե՞ս ինչ, Հայաստան այնքա՜ն մեծ թիւ կը կազմեն դատական հետապնդումի ենթարկուածները, որ եթէ անոնք ալ որոշեն փախուստ տալ երկրէն…

– Մակա՛ր, Հայաստան ցոյցերու, դատերու, ոստիկանական երկիր է հիմա: Տխրահռչակ նոյեմբեր 9-էն ի վեր Հայաստանի մէջ կ՛աղմկեն եւ կը պահանջեն հրաժարական եւ արտահերթ ընտրութիւն: Լսող չկայ: Ոստիկանութիւնը դարձած է իշխանութեան նեցուկը:

– Արմենա՛կ, միամի՞տ ես: Իշխանութիւնը ընտրութեան արդիւնքէն չէ, որ կը վախնայ, այլ` լուռ եւ գլխուն լախտի հարուած ստացած ժողովուրդի անտարբերութենէն: Մարդիկ կրնան ընդհանրապէս չքուէարկել:

Արմենակ գրպանները խառնշտկեց եւ թուղթի կտոր մը հանեց:

– Հայաստանեան թերթի մը մէջ կարդացի Արթուր Համբարձումեանի կսկծալի խօսքը: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ է ան, ի՞նչ ըրած է եւ կ՛ընէ, ո՞ր կուսակցութեան անդամ է: Լսէ՛. «Արտահերթ ընտրութիւնների պահանջ չի կարող լինել. Հայաստանն այսօր կարծես դարձել է մի մեծ մեռելատուն»: Նոր իշխանութիւն ընտրելէ առաջ մեռածներուն դատը պէտք է ընել, պարտք եւ իրաւունք ճշդել, մեղքերէ սրբուիլ:

– Այդ ընելը տասնեակ տարիներ կը պահանջէ,- ըսի:

– Մակա՛ր, մեռելատան մէջ կառավարութիւն չի նստիր:

– Ի՞նչ ընել:

– Եթէ գիտնայի, ղեկավար կ՛ըլլայի, նախագահ, վարչապետ, եւ այդպէս բաներ,- եզրակացուց Կեդրոնականցին, ապա գլխարկը առաւ եւ գնաց:

Մեռելատան մէջ ասոր կամ անոր քուէ  կը տրուի՞ եւ…կը ծափահարուի՞:

23 փետրուար 2021

 

 

Նախորդը

Պատերազմի Անդրադարձը Գրականութեան Մէջ

Յաջորդը

երկու պատկեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.