Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Անդրադարձը Գրականութեան Մէջ

Մարտ 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատերազմները, իրենց բնոյթին բերմամբ, համապարփակ պատումներով կ՛անցնին պատմութեան էջերուն: Կը խօսուի յաղթանակներու կամ պարտութիւններու մասին: Կը յիշուին հրամանատարները, անոնց քաջագործութիւնները կամ ռազմավարական յատկութիւնները: «Հանիպալ, որ Կարթագէնը նուաճեց, գոնէ խոհարար մը չունէ՞ր իր կողքին», կը հարցնէ անուանի թատերագիր Պերթոլտ Պրեխտ: Ո՛չ, պատմագրութեան մէջ կ՛անտեսուին անհատները: Չեն խօսուիր անոնց սխրանքներուն մասին, քանզի պատմիչները հովանաւորողները իշխաններն են, այլ ոչ` անոնց քաղաքական նկրտումներուն համար զոհուածները:

Արդարեւ, պատերազմներու բոլոր մասնակցողները, անկախ թէ յաղթական տուն վերադարձան թէ պարտուած, կամ նոյնիսկ չվերադարձան, անխտիր հերոսներ են: Այդ առումով ալ արժանի են պատշաճ յիշատակման: Այդ պահուն գործի կը լծուի գրականութիւնը եւ կը վերացնէ հերոսները անտեսանելի դարձուցած քողը, ընթերցողին կը մատուցէ անտեսուած հերոսներու ամբողջութեան մէջ համարուած, հետեւաբար աննկատ մնացած իւրաքանչիւր կեանք, երազ, յոյս ու հաւատքէ բաղկացած մարդը:

Արցախեան առաջին պատերազմի աւարտին, ինք եւս զինուորական, Անդրանիկ Արշակեանն էր, որ «Մահ չիմացեալ` մահ, մահ իմացեալ` անմահութիւն» խորագրեալ երկհատորանի աշխատասիրութեամբ ընթերցողին ներկայացուց ոչ միայն ռազմաճակատին ինկածներու, այլ իրենց սեփական տան մէջ զոհուած խաղաղ բնակիչներու ողբերգութիւնը: «Երբ սկսայ այս աշխատութեան, մազերուս մէջ թել մը իսկ սպիտակ չկար, աւարտին բոլորովին ալեհեր էի», պատմած էր Արշակեան: Անոր պատումները բոլորովին վաւերագրական բնոյթ ունէին: Հեռու էին գրական յուզումներէ, զգացողական արտայայտութիւններէ:

Այս պահուն մեր ձեռքին ունինք արցախեան մերօրեայ պատերազմին հատուածային մէկ վկայագրութիւնը: Լուսինէ Աւետիսեանի խմբագրական եւ հրատարակչական ջանքերով լոյս տեսած այս 80 էջանի գողտրիկ գիրքին մէջ մէկտեղուած են «Հայ միտքի դպրոց» հայագիտական կեդրոնի արեւմտահայերէնի դասընթացքի սաներուն պատմուածքները: Անոնք նիւթ ունին 2020-ի արցախեան պատերազմին հերոսական, յուզիչ, յիշարժան ու նուիրական դրուագները:

Լիանա Գրիգորեանի, Անժելա Մկրտիչեանի, Ինգա Քալանթարեանի մտայղացումները խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է Լուսինէ Աւետիսեան:

«Նոր հերոսապատում» պատմուածքներու հաւաքածոյին կարեւոր յատկութիւնն է արեւմտահայերէնի դասական ուղղագրութեամբ մատուցումը: Անշուշտ այստեղ կ՛արժէ օգտագործել «գերդասական» եզրը, քանի որ ակնարկուած ուղղագրական կանոնը կը յաւակնի մեսրոպեան գրելաոճի կիրարկումին: Այս երեւոյթը բնականաբար աշխարհաբար եւ մանաւանդ ալ արեւելահայերէն ընթերցողին մօտ պիտի յառաջացնէ ընկալման որոշ դժուարութիւններ, որոնց համար էջատակերուն տրուած են լրացուցիչ բացատրութիւններ: Եւ` ոչ միայն այդքանը: Գիրքը մեզի կ՛առաջարկէ ծանօթանալ նոր բառերու կամ կրճատումներու: Օրինակ` կրնանք թուել «ՃԱԾ»-ը, որ կրճատումն է Ճեպ Արձագանգ Ծածկագիր բացատրութեան, ու կը համապատասխանէ QR code-ի դրութեան: Այդ միջոցով գիրքը կը դառնայ նաեւ ձայնաւոր:

Լուսինէ Աւետիսեան այս հրատարակութեան մէջ օգտագործած է, իր իսկ բացատրութեամբ,  «Առաջնորդող սահմանումներ, ի նպաստ դասական ուղղագրութեան կանոնարկման»: Այս մասին ան բովանդակալից կերպով անդրադարձած էր «Երբ յայտածուում է մաշտոցեան տրամաբանութիւնը» գրքին մէջ, 2018-ին: Այդ կանոնը կը մերժէ գիրերու գիւտէն դարեր անց մեր տառերուն աւելացուած «օ» եւ «ֆ» ձայները` նախապատուութիւն տալով գրաբարեան «աւ»-ին:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ափսո՜ս, Մեռելատուն Հայաստան

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?